Անցեալ տարեվերջը մեծ անակնկալ մը վերապահած էր Հարաւային Ամերիկայի առանձգային երկիրներէն Չիլիի համար: Արդարեւ, կիրակի, դեկտեմբեր 19 թուականը նշանաւորուեցաւ ծանրակշիռ իրադարձութեամբ, երբ միաժամանակ կատարուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձախակողմեան լայնածաւալ դաշինքը մեծ յաղթանակ իրագործեց: Նախագահ ընտրուեցաւ 35-ամեայ երիտասարդ ձախակողմեան քաղաքական գործիչ Կապրիէլ Պորիք, խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ձախակողմեան դաշինքը կրցաւ ձեռք ձգել 85 աթոռ` 155 աթոռէն, իսկ 20 աթոռ ծերակոյտին մէջ` ընդամէնը 50 աթոռէն, այդտեղ աջերուն վայելած չնչին առաւելութեամբ մը, որուն պատճառը ծերակոյտի անդամներուն կէսէն աւելիին նշանակովի ըլլալն է:
Ո՞վ է Կապրիէլ Պորիք, ինչպէ՞ս ձախակողմեան ուժերու այս լայն դաշինքը կրցաւ այս իրապէս շռնդալից յաղթանակը ապահովել, որո՞նք էին այն հիմնական պատճառները, որոնք ճամբայ հարթեցին այս յաղթանակի կենսագործման: Ասոնք հիմնական հարցումներ են, որոնք պէտք է հարցուին` լաւապէս կարենալ վերլուծելու համար հարաւամերիկեան այս երկրին մէջ կատարուածը, որ բոլոր առումներով կը նկատուի երկրի նախկին բռնատէր Օկուսթօ Փինոշէի բացած արիւնոտ եւ հակաժողովրդավարական էջի վերջնական շրջումը:
Կապրիէլ Պորիք արմատական երիտասարդ օրէնսդիր մըն է, որ իր ուսանող եղած ժամանակ` 2011 թուականին, ղեկավարած է երկրին ուսանողական շարժումը, որ զանգուածային բողոքի շարժումներու միջոցով պահանջած է` բարեկարգեալ եւ աւելի աժան համալսարանական ուսում, հաւասար առիթներու տրամադրում բոլորին եւ կրթութեան մակարդակի վրայ առանձնաշնորհումներու վերացումը: Եղած է իրաւաբանութեան ուսանող, սակայն չէ ամբողջացուցած իր ուսումը, փոխարէնը նախընտրած է քաղաքական ասպարէզ մտնել եւ 2013-էն եղած է խորհրդարանի Ստորին պալատի անկախ անդամ: Իբրեւ արմատական քաղաքական գործիչ` Պորիք յատկանշուած եղած է իր արտասովոր արտաքին տեսքով` երկար մազ ու մօրուքով, մարմինը ծածկող դաջուածքներով, եւ հազուադէպօրէն տեսնուած է, թէ պաշտօնական հագուստ հագուած է կամ փողկապ կապած: Իր ամբողջ օրէնսդիր աշխատանքին ընթացքին ան իր ուշադրութեան կեդրոնը պահած է երիտասարդներուն, երկրի բնիկ ժողովուրդը, անտեսուածները, անիրաւուածները եւ ընկերութենէն մեկուսացուածները, ներառեալ սեռային փոքրամասնութիւնները:
2019-ի թուականի վերջաւորութեան Չիլիի մէջ տեղի ունեցան զանգուածային ժողովրդային ցոյցեր երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական խիստ բեւեռացուած դրութեան եւ աղքատութեան ու անգործութեան համեմատութեան աճին դէմ: Խորքին մէջ Չիլիի վկայած ընկերային այդ ըմբոստութիւնը ուղղուած էր երկրի նախկին նախագահ Սեպասթիան Փիներայի գլխաւորած կառավարութեան վարած ծայրայեղ աջակողմեան տնտեսական քաղաքականութիւններուն դէմ, որոնք երկրին մէջ խորացուցին վիհը աղքատներուն եւ հարուստներուն միջեւ: Զանգուածային այդ ցոյցերուն եւ ըմբոստացումին ընթացքին բարձրացուած էր հիմնական կարգախօս մը, որ հետագային պիտի դառնար նաեւ նորընտիր նախագահ Կապրիէլ Պորիքի որդեգրած կարգախօսը, որով ան կրցաւ իր պատմական յաղթանակը արձանագրել անցեալ տարեվերջին. «Չիլին եղած է նոր-ազատականութեան ծննդավայրը, եւ անիկա պէտք է դառնայ նաեւ անոր գերեզմանը»: Այս կարգախօսին մէջ բնականաբար խոր իմաստ կայ: Յայտնի է, որ Չիլիի մէջ աջակողմեան տնտեսական քաղաքականութիւնները եւ մանաւանդ նոր-ազատականութիւնը թափ ստացան եւ զարգացան բռնատէր Օկուսթօ Փինոշէի իշխանութեան ժամանակաշրջանին, անշուշտ` ամերիկեան վարչակազմերուն ուղղակի աջակցութեամբ: Ուրեմն այս կարգախօսը արձակելով` բողոքող ցուցարարները իրենց մերժումը կ՛արտայայտէին Փինոշէի ձգած քաղաքական ամբողջ ժառանգութեան նկատմամբ, բայց նաեւ` երկրին տնտեսական քաղաքականութեան ճշդման մէջ ամերիկեան ցայտուն միջամտութեան դէմ:
Ընկերային բնոյթ կրող ժողովրդային զանգուածային ըմբոստացման կողքին կար նաեւ երկրորդ հիմնական պատճառ մը, որ յանգեցուց անցեալ տարեվերջին Պորիքի արձանագրած յաղթանակին: 2019 թուականին տեղի ունեցած ժողովրդային այդ ցոյցերը զուգադիպեցան երկրին քաղաքական կեանքին մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող իրադարձութեան մը, որ երկրի հիմնական օրէնքին` սահմանադրութեան նոր տարբերակի մը պատրաստութեան եւ մշակման շուրջ հասարակական լայն քննարկումն էր: Յայտնի է, որ Չիլիի նախկին սահմանադրութիւնը որդեգրուած էր դեռ բռնատէր Օկուսթօ Փինոշէի իշխանութեան (1973-1990) օրով: Այս սահմանադրութեան հիման վրայ ալ, 1990-էն ետք երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգերու վերահաստատումէն ետք նախկին բռնատէրը պատասխանատուութեան չկանչուեցաւ, այլ անձեռնմխելիութիւն ստացաւ` ծերակոյտի ցմահ անդամ դառնալով: Նոր սահմանադրութեամբ ոչ միայն մաքրուած են բռնատիրական վարչակարգի բոլոր հետքերը, այլ նաեւ երկիրը նախագահական համակարգէն անցում կը կատարէ խորհրդարանական համակարգին: Եւ զարմանալի չէր կրնար ըլլալ երբեք, որ ե՛ւ համաժողովրդային ըմբոստութեան պարագային, ե՛ւ երկիրը նոր սահմանադրութեամբ օժտելու այդ խիստ կարեւոր աշխատանքներուն եւ անոնցմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցած յաղթական հանրաքուէի ընթացքին պայքարի առաջին գիծերուն վրայ էին Կապրիէլ Պորիքը եւ 2011-ի ուսանողական շարժումին ղեկավարները:
Վերադառնանք ընտրութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն: Ընտրութիւնները ընդհանուր էին, ինչպէս վերը ակնարկեցինք, այսինքն չէին սահմանափակուեր միայն նախագահի ընտրութեամբ, որովհետեւ նախագահի ընտրութեան հետ միաժամանակ ընտրուեցան նաեւ ծերակոյտի 27 անդամներ` պաշտօնավարման 8 տարուան ժամանակամիջոցի մը համար, Ներկայացուցիչներու տան բոլոր 155 անդամները` պաշտօնավարման 4 տարուան ժամանակամիջոցի համար եւ շրջանային խորհուրդներու 302 անդամները` պաշտօնավարման 3 տարուան ժամանակամիջոցի համար:
Տեղի ունեցաւ ընտրութիւններու երկու փուլ: Առաջին փուլը տեղի ունեցաւ 21 նոյեմբեր 2021-ին: Նախագահական ընտրութեան մակարդակի վրայ, հակառակ անոր որ ընտրական հոլովոյթին մասնակցեցան բազմաթիւ թեկնածուներ, բայց երկու հիմնական թեկնածուներ ձայներուն մեծամասնութիւնը ապահոված չըլլալու պատճառով անցան ընտրութեան երկրորդ փուլ, այդ թեկնածուները աջակողմեան պահպանողական քրիստոնեայ-ժողովրդավարական Խոսէ Անթոնիօ Քասթն ու ձախակողմեան Ափրուեպօ Տիկնիտատ (Apruebo Dignidad) դաշինքի թեկնածու Կապրիէլ Պորիքն էին: Հետաքրքրական է, որ առաջին փուլին Խոսէ Անթոնիօ Քասթը չնչին առաւելութիւն մը ունէր Կապրիէլ Պորիքի վրայ: Երկու հիմնական թեկնածուներն ալ չէին պատկաներ Չիլիի մէջ բռնատիրական վարչակարգի վերացումէն ետք երկրին մէջ տիրական նկատուած աջակողմեան եւ ձախակողմեան աւանդական, դասական ուժերուն կամ բաժանումներուն:
19 դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած երկրորդ փուլին է, որուն ընթացքին քուէարկողներու տրամադրութիւններուն մէջ հիմնական փոփոխութիւնը կատարուեցաւ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Կապրիէլ Պորիք իր հռետորաբանութեան մէջ փորձեց մօտենալ միջին դասակարգին եւ այդպիսով աւելի լայնցնել իր շուրջ ստեղծուած ընտրախաւը: Այս փուլին Պորիք ինքզինք սկսաւ ներկայացնել իբրեւ չափաւորական ընկերվարական: Եւ իրօք, Պորիքը իր օգտագործած հռետորաբանութեամբ, իր գործելակերպով ուղղակի ժառանգորդ կը նկատուի Չիլիի ընկերվարական եւ ձախակողմեան նախկին նախագահներ Միչել Պաչելեթին եւ Սալվատոր Ալենտէին: Ընտրութիւններուն արդիւնքները անսպասելի էին, ցնցիչ` ամէն իմաստով: Այս արդիւնքներուն հիման վրայ Կապրիէլ Պորիք ձայներուն 55,87 առ հարիւրով ընտրուեցաւ երկրի նախագահ, մինչ մրցակից Խոսէ Անթոնիօ Քասթը ապահովեց ձայներուն 44,13 առ հարիւրը: Յատկանշական է, որ նախքան նոյնիսկ վերջնական արդիւնքներու հրապարակումը, Խոսէ Անթոնիօ Քասթ հեռաձայնեց Պորիքին եւ շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը` համագործակցութեան ձեռք մեկնելով անոր:
Պորիք նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ մարտ ամսուն: Ան տարիքով ամէնէն փոքր անձն է, որ Չիլիի նախագահ կը դառնայ: Բռնատէր Փինոշէի զինուորական յեղաշրջումին պատճառով իշխանութիւնը կորսնցուցած ընկերվարական պատմական ղեկավար Սալվատոր Ալենտէի հոգին կը խայտայ` ի տես իր իսկ գաղափարներուն յաղթանակին…



