Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ի՞նչ Բան Մեզ Պիտի Միացնէ»

Փետրուար 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Բաժնէ՛ տիրելու համար, խորիմաստ խօսք: Միացո՛ւր կառավարելու համար, աւելի լաւ ապահովութեան»:

Եոհան Վոլֆկանկ  վոն Կէօթէ (1749-1832)

 

Հայաստանի «Սփիւռք» լրատուական անգլերէն էջին վրայ կարդացի հարցումը. «Ի՞նչ բան մեզ պիտի միացնէ»:

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարց տալ, թէ` «Ի՞նչ բան եւ բաներ մեզ պիտի միացնեն», եւ շարունակելով հարցնել, թէ` «Ի՞նչ բաներ մեզ կը բաժնեն, եւ ցարդ ի՞նչ ըրած ենք մեզ իրարմէ բաժնող բաները վերացնելու համար»: Եթէ բաժնողը մէկ ըլլար, աւելի դիւրին կ՛ըլլար գտնել մոգական լուծումը:

Փորձեմ առանձնացնել քանի մը խնդիրներ:

ա.- Հայրենաբնակի եւ ոչ հայրենաբնակի տարբերութիւն. պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու առանց ճապկումներու ճշդում եւ նոյնացում, որոնք միացման նախապայման են:

բ.- Համահայկական նշանակութեամբ հարցերու նոյնացում, հասարակաց ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան մշակում եւ ընդունում:

գ.- Համահայկական ժառանգութեան տիրութիւն. անցեալի, ներկայի, հայաստանեան եւ սփիւռքեան:

դ.- Զոյգ աշխարհաբարներու միաժամանակ ընդունում` որպէս պետական եւ ազգային լեզու, իմաստութեամբ իրականացնել կարելի մերձեցումներ:

ե.- Հայաստանի ապաքաղաքական լքումը գնահատել որպէս ազգային աղէտ, աղէտ` նաեւ սփիւռքի համար, անոր հոգեբարոյական բացասականութեամբ, եւ զայն մեքենաբար չգումարել հայրենահանուածներու սփիւռքին վրայ:

Նախ որպէս ազգապաշտպաններ եւ հայրենապաշտպաններ, առանց գերակայութեան եւ ստորակայութեան վերաբերումներու, առանց երէցի եւ կրտսերի, առանց յաւելեալ իրաւունքի եւ պարտքի` պէտք է խօսիլ այս հարցերուն մասին: Դիւրին պիտի չըլլայ քարացած եւ արմատացած բարքերը եւ մտայնութիւնները յաղթահարել: Բայց եթէ այսօր չխօսինք այս մասին, ժամանակը իր աւերը պիտի գործէ ե՛ւ երկրին մէջ ե՛ւ երկրէն դուրս` որպէս հոգեբարոյական եւ մշակութային հեռացումներ: Այդ ընկերութիւններու անզսպելի ընթացքն է, որուն համար արդէն կայ ընդունուած եւ գաղթականի պատեան դարձած տարազը. ըլլալ այս կամ այն, բայց` «ծագումով հայ»:

Տուրիստական արշաւանքները եւ բարեսիրական խիղճ հանդարտեցնող անվաղորդայն դարմանները (բժիշկներ հիւանդը հանդարտեցնելու համար կը թելադրեն դատարկ դեղ, որ կը կոչուի փլասեպօ) միացումը կենսագործող քաղաքական իրաւ ազդակներ չեն:

Յաւակնութիւն պէտք չէ ունենալ յօդուածի մը էջերով, այս կամ ժողովին մէջ, կամ սովորութիւն դարձած բեմական կամ բաժակի շուրջ արտասանուած ճառով մը, ո՛վ որ ալ ըլլայ խօսողը, գտնել ՄԻԱՑՄԱՆ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ, որ այդ ձեւով կրնայ ըլլալ միայն յիշուած փլասեպոն:

Պետական համապատասխան կառոյցներ, սփիւռքեան մեծ փորձ ունեցող կազմակերպութիւններ, այս հարցով տագնապող մտաւորականններ եւ քաղաքական գործիչներ նախ պէտք է խօսին թեր եւ ի հարկին` դէմ, միտքերը բիւրեղացնելու համար եւ զանգուածները լուսաբանելու համար:

Զուգահեռաբար պէտք է կազմակերպել խորհրդաժողովներ` ներսը եւ դուրսը, ներսի եւ դուրսի մտաւորականներու մասնակցութեամբ, առանց էսթեպլիշմընթային տուրքեր տալու, բազմակողմանի եղանակով քննելու համար հարցերը մշակութային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ գաղափարախօսական տեսանկիւններէ:

Այս խնդիրը էապէս քաղաքական է ազգի ապագայի տեսանկիւնէ եւ զայն պէտք է զերծ պահել ընթացիկ քաղաքական շահախնդրութիւններէ եւ հռետորաբանութենէ: Կեանքի մէջ գիտենք, որ երբ երիկամներու ցաւ ունինք, սափրիչի մօտ չենք փնտռեր դարմանը: Այս ըմբռնումով պէտք է գիտնալ` խմբուիլ, խօսիլ, հետազօտութիւն կատարել եւ փորձել հասնիլ կարելի լուծումներու: Միշտ յաւելեալ պարտաւորութեան գիտակցութեամբ եւ ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի, որ յաճախ չեղած բանի իրաւունք կ՛ըլլայ:

Ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները`  ել-նամակներ, մամուլի առցանց ընթերցումները եւ առցանց հանդիպումները, կրնան մեծապէս նպաստել քննելի օրակարգերու ներկայացման, քննութեան եւ բիւրեղացման: Կեդրոնական մարմին մը կը մէկտեղէ եւ կը համադրէ աշխատանքը, ապա կը մտածուի մասնագիտական խմբակի մը մասին, որ կը բանաձեւէ լուծման առաջարկներ:

Այս խնդիրը ազգային-քաղաքական է, բայց` ոչ ընթացիկ եւ սովորական առօրէական քաղաքական:

Ինչպէ՞ս միացնել հայութիւնը:

Ո՛չ թէ միացնել ասոր կամ անոր ծառայելու համար:

Պետութիւն, ներսի եւ դուրսի կուսակցութիւններ, զանազան կազմակերպութիւններ ազգին համար հեռանկարային վերաբերումով այս միացման ընթացքին եւ պայմաններուն պէտք է նպաստեն:

Այլապէս, ինչպէս երկնային մարմինները տեւաբար կը հեռանան իրարմէ, ազգի անդամներն ալ պիտի հեռանան իրարմէ, անկարելի պիտի ըլլայ զիրար տեսնել, իրարու հանդիպիլ:

Այս սիրողական աշխատանք չէ: Ո՞վ եւ որո՞նք պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի ըսուածները չըլլան սրահներ եւ ցոյցեր զուարճացնող փուչիկներ:

Այս պէտք է իրականացնել ուժ ըլլալու, տոկալու եւ տեւելու համար: Ափսոս կ՛ըլլայ, եթէ ազգովին չհասկնանք միացման հրամայականը եւ չանսանք անոր:

Բայց ուժ ըլլալու, տոկալու եւ տեւելու համար ղեկավարում պէտք է: Այդ ղեկավարումը գտնել դժուար է, եւ այդ գտնելու դժուարութեան յուսահատութիւնը սահմանած է մեծ գիտնական Ժան Ռոսթան, եւ իր մտածումը մեզ մեր կարգին պէտք է մղէ մտածելու առաքինութեամբ առաջնորդուելու:

Ան ըսած է. «Պիտի ազատենք հիւլէի ուժը, պիտի ճամբորդենք աստղերու մէջ, պիտի երկարենք կեանքը,պիտի դարմանենք թոքախտը եւ խլիրդը, բայց պիտի չգտնենք գաղտնիքը նուազ անարժաններով կառավարուելու» *:

25 յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան

* On libérera l’énergie de l’atome, on voyagera dans les astres, on prolongera la vie, on guérira la tuberculose et le cancer, mais on ne trouvera pas le secret de se faire gouverner par les moins indignes. Jean Rostand (1894-1977), « Pensées d’un biologiste».

 

Նախորդը

Սուրբ Սարգիսի՞ Տօն, Թէ՞ Վալենթինի Օր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?