Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջին տարիներուն առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով բազմաթիւ անձերու ճամբորդութիւնները մեծապէս սահմանափակուեցան, իսկ ազատ ճամբորդողներէն ոմանք դժուարութիւններու հանդիպեցան: Որոշ ատեն կարգ մը երկիրներ ճամբորդել գրեթէ անկարելի եղաւ: Այդուհանդերձ հաճելի է ճամբորդութիւնը եւ դժուարութիւնները շուտ կը մոռցուին, իսկ սխալնե՞րը… «Ռիտըրզ Տայճեսթ» կայքի յօդուածագիր Ուենտի Ռոզ Կուլտ թելադրութիւններ ունի ճամբորդողներուն:
Ն.
Ճամբորդական Սխալներ,
Զորս Բնաւ Պիտի Չկրկնեմ
Դժուար ճամբով քաղուած դասեր
Միացեալ Նահանգներէն դէպի արտաքին աշխարհ ճամբորդեցի միայն երբ համալսարանի ուսանողուհի էի: Երկշաբաթեայ ուսումնական ճամբորդութիւն կատարեցի Եգիպտոս` իբրեւ իմ համալսարանի յունուարեան կիսամեակի մէկ մասը:
Այդ ճամբորդութիւնը ինծի համար ամէն բան փոխեց: Այդ ժամանակէն ի վեր ես որոշած են տեսնել աշխարհի բազմաթիւ անկիւններ: Ցարդ այցելած եմ աւելի քան 30 երկիր, հինգ ցամաքամաս եւ նոյնիսկ տարի մը ապրած եմ Հարաւային Քորէայի մէջ:
Թերագնահատում կ՛ըլլայ ըսելը, որ ես որոշ սխալ քայլեր ըրած եմ ճամբուն վրայ, բայց ատիկա առիթ դարձած է, որ ես սորվիմ սխալներէս:
Յուսամ դուք կրնաք դիւրաւ սորվիլ որոշ սխալներէս, զորս անձամբ այլեւս երբեք չեմ ըներ:
Ճամբորդական պայուսակի ծանրութիւն եւ չափ
Օդանաւային ընկերութիւնները այս ասպարէզին մէջ կ՛աշխատին դրամ շահելու համար, եւ մեծ չափերով կամ աւելորդ կշիռքով պայուսակի համար վճարումէն խուսափելու հաւանականութիւնը փոքր է: Այս յատկապէս ճիշդ է, երբ դուք արտասահմանի մէջ էք եւ օդանաւային խնայողական թռիչքներ կը կատարէք (Միացեալ Նահանգներ ատով գրեթէ անտարբեր է):
Պայուսակներու պատասխանատու պաշտօնեան ինձմէ գանձեց 200 տոլար, պայուսակիս համար, որ քանի մը քիլօ աւելի կը կշռէր:
Ես տեսած եմ, որ պաշտօնեաները չափելու գործիքներով եկած են, համոզուելու համար, որ բոլորին պայուսակները կը համապատասխանեն օդանաւային ընկերութեան կանոններուն:
Ոչ միայն աւելի սուղ է վճարել յաւելեալ ծանրութեան համար, այլ նաեւ վերջին վայրկեանի այդ վճարումը կը յառաջացնէ անտեղի ճնշում եւ մտահոգութիւն, մինչեւ ստուգումը աւարտի, եւ օդանաւ մտնէք:
Կարդացէ՛ք օդանաւային ընկերութիւններու պայուսակներու եւ այլ բեռներու մասին տուեալները, ստուգելու համար, որ ճշդուած կշիռքը չէք անցած, իսկ անցնելու պարագային պարզապէս ժամանակէն կանուխ վճարեցէ՛ք:
Դադարներու միջեւ բաւարար ժամանակ չբաշխելը
Կան քիչ բաներ, որոնք աւելի մտավախութիւն կու տան, քան յետաձգուած թռիչքը ձեր արդէն իսկ կարճ ժամանակի ընթացքին: Այդ վախը արագօրէն կը վերածուի խուճապի, երբ դուք օդակայանին մէջ կը վազէք հասնելու համար ձեր թռիչքին, եւ խուճապը կը վերածուի արցունքներու, երբ դարպասէն կը դիտէք, թէ ինչպէս ձեր բարձրանալիք օդանաւը դէպի Իրլանտա կ՛ուղղուի:
Աւելի վատ բաներ կրնան պատահիլ, բայց դուք կրնաք խուսափիլ այս խառնաշփոթէն` համոզուելով, որ ձեր թռիչքին տակաւին երկուքէն չորս ժամ կայ:
Մեկնելու ժամանակներն ալ աւելի կարեւոր կը դառնան, երբ ոչ թէ ներքին, այլ միջազգային ճամբորդութիւն կը կատարէք, քանի որ կրկին պիտի ենթարկուիք անցագիրի, մաքսային եւ անվտանգութեան ստուգման: Իսկ եթէ ձեր պայուսակը նախապէս ստուգած էք, աւելի հեզասահ կ՛ընթանայ:
Ես խորհուրդ կու տամ լաւ ուսումնասիրել օդակայանին մէջ ձեր ընելիքը, թռիչքի ժամը, որպէսզի ծանօթանաք դասաւորումին եւ զգաք, թէ ինչպիսին է սպասման ժամանակը:
Օրինակ, Իրլանտան ձեզի կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի գրասենեակ ներկայանալ նախքան երկիր մեկնիլը («նախնական մաքսազերծում»), որ օդակայանին մէջ աւելի շատ ժամանակ կը պահանջէ:
Այդ լրացուցիչ ժամանակը օդակայանին մէջ նոյնպէս կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ:
Ահաւասիկ բաներ, որոնք պէտք է ընէք օդակայանի յաջորդ կանգառի ժամանակ.
Գիտնալ կորսուած պայուսակներու օդանաւային ընկերութեան փոխհատուցման քաղաքականութիւնը
Երբեմն դուք այլ ելք չունիք, քան ստուգել ձեր պայուսակները: Հաւանաբար դուք կորսնցուցած ըլլաք պայուսակ մը, բան մը, որ ինծի պատահած է ե՛ւ ներքին, ե՛ւ միջազգային թռիչքներու ատեն: Երբ այդպիսի բան մը առաջին անգամ պատահեցաւ ինծի, ընկերացող բարեկամս օգնեց տեղեակ ըլլալու գաղտնիքներուն եւ դիմումնագիրը լեցնելու:
Օդանաւային ընկերութիւններէն շատեր յատուկ պիւտճէ մը ունին իրենց ճամբորդներուն յետաձգուած, կորսուած կամ վնասուած պայուսակներու կամ բեռներու փոխհատուցման համար:
Եթէ ձեր պայուսակը չկայ, անմիջապէ՛ս դիմում ներկայացուցէք օդակայանին մէջ եւ հարցուցէ՛ք ատոնց արձանագրութեան մասին: Սովորաբար, փոխհատուցումը ամբողջութեամբ կորսնցուցած կամ վնասուած պայուսակներուն համար է, բայց եթէ առանց պայուսակներու մնաք 24 ժամ, կարգ մը ընկերութիններ կ՛առաջարկեն երաշխիքներ, որպէսզի կարողանաք գնել անհրաժեշտ իրեր եւ հագուստեղէն:
Երթալիք վայրէդ հրաժարիլը, ընկերային ցանցերու պատմութիւններու պատճառով
Ճամբորդելիք վայրիդ անվտանգութեան ուսումնասիրութիւնը, անկասկած, առաջին խնդիրն է, երբ կ՛որոշես, թէ ո՛ւր պիտի երթաս: Ինծի համար այդ սովորաբար կ՛ենթադրէ յղում դէպի արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբորդական խորհրդատուութիւններու էջը` տեսնելու, թէ արդեօք կա՞յ ճամբորդական որեւէ նշանակալի զգուշացում:
Ես նոյնպէս կը կարդամ նորութիւններ` ուսումնասիրելու իմ ճամորդելիք երկրիս քաղաքական եւ հասարակական մթնոլորտը, որպէսզի կարենամ նախապատրաստուած երթալ: Պլոկներու, ընկերային լրատուամիջոցներու եւ առցանց ճամբորդական խումբերու մէջ կը կարդամ նաեւ փորձառութիւնները անոնց, որոնք վերջերս ճամբորդած են այնտեղ:
Այդ վերջին քայլը կարեւոր է, քանի որ որոշ նորութիւններ երբեմն ակամայ կ՛անտեսուին:
Իրականութեան մէջ պէտք է խոստովանիմ, որ անցեալ տարի ծայր առած «Քորոնա» ժահրին իբրեւ հետեւանք, ես գրեթէ առիթը պիտի կորսնցնէի այցելելու Տոմինիկեան հանրապետութիւն, ուղղութիւն մը, որ եղած է իմ ցանկիս վրայ երկրորդական վարժարանի տարիներէս:
Պարզուեցաւ, որ ատիկա հիանալի ճամբորդութիւն էր` հարուստ մշակոյթով (գիտէի՞ք, որ անոնց ազգային պարը` մերենկէն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ կը դասուի որպէս նիւթական մշակութային ժառանգութիւն), համեղ ուտելիքով (ծովամթերքի սիրահարները յուսախաբ չեն ըլլար) եւ գեղեցիկ տեսարաններով` դէպի ովկիանոս: Ես շատ ուրախ եմ, որ չեմ հրաժարած այդ ճամբորդութենէն:
Ըսել ուզածս այն է, տրամաբանեցէ՛ք եւ անշուշտ ապահով եղէք, մի ձգէ՛ք, որ խուճապային լուրերու շղթաները խանգարեն ձեզ տեսնել աշխարհը:
Չափազանց շատ ժամանակ անցընել խոշոր քաղաքներու մէջ
Արտասահմանեան ուղեւորութեան ծրագրելը բարդ է, եւ երբեմն ամէնէն պարզ բանը, որ կարելի է ընել, կատարելն է ձեր նպատակը:
48-էն 72 ժամ անցընել այնպիսի խոշոր քաղաքներու մէջ, ինչպիսին է Փարիզը, Լոնտոնը, Սան Փաոլոն կամ Թոքիոն, հիանալի է, բայց ես նոյնպէս խորհուրդ կու տամ ձեզի դուրս գալ եւ այցելել փոքր քաղաքները:
Ճամբորդութեանս ամէնէն մեծ ցաւերէն մէկն այն է, որ այցելած եմ Պանքոք եւ երկու շաբաթ մնացած եմ քաղաքին մէջ: Հիանալի քաղաք է, բայց Թայլանտը շատ աւելին է, քան անոր մայրաքաղաքը:
Ուրեմն ուսումնասիրեցէ՛ք ձեր այցելելիք վայրը շրջապատող փոքր քաղաքները, օգտուեցէ՛ք հասարակական փոխադրամիջոցէն, ինքնաշարժ վարձեցէ՛ք եւ անցէ՛ք գիւղերուն մէջէն կամ օդանաւով այցելեցէ՛ք երկրի այլ վայր մը:
Ամէնէն յիշարժան ճամբորդութիւններէս մէկը դէպի Պրազիլ էր, եւ այդ պայմանաւորուած էր անով, թէ որքան կրնայի տեսնել: Երեք շաբթուան ընթացքին ես այցելեցի Սալվատոր Պահիա, Մանաուս, Ամազոնի անձրեւային անտառներ, Ռիօ տը Ժանէյրօ եւ Ֆոզ տու Իկուաչու:
Ասոնք աշխարհի 50 ամէնէն գնահատուած զբօսաշրջային վայրերն են:
Ուտել հռչակաւոր զբօսաշրջային վայրերու մօտ
Անշուշտ, յարմար է ուտել` Վատիկանէն կամ Լուվրէն դուրս, բայց եթէ կ՛ուզէք հիանալի ուտելիք գերազանց գինով, առանց հերթերու կամ յուսախաբ եղած սպասողներու, աւելի լաւ է քալել քանի մը թաղ այն կողմ` ձեր ուզածը գտնելու համար:
Ես իմ կեանքիս ամէնէն անհամ փիցցաներէն մէկը կերած եմ, փաստօրէն, ճիշդ Վատիկանէն դուրս:
Ընդհակառակը, իմ կերած ամէնէն լաւ ուտելիքներէս մէկը եղած է Փարիզի հանդարտ փողոցի մը մէջ, Champ de Mars-էն քալելով միայն 10 վայրկեան հեռու, ուրկէ տակաւին կ՛երեւի Էյֆելի աշտարակը` ծառերու եւ շէնքերու մէջէն:
Այս կանոնէն քանի մը բացառութիւններ կան, բնականաբար: Օրինակ, երբեմն պարզապէս կ՛ուզէք խոշոր գաւաթով գարեջուր խմել եւ քաղաքի կեդրոնին մէջ բան մը ուտել, ըսենք, Միւնիխի հին քաղաքի հրապարակին մէջ:
Պարզապէս նկատի ունեցէք այն փաստը, որ զբօսաշրջային բազմաթիւ վայրեր շրջապատուած չեն ամէնէն բարձր որակի ճաշարաններով, եւ դուք յաճախ աւելի շատ կը վճարէք նուազ որակաւոր ուտելիքի համար:
Տեղական խարդախութիւններուն անծանօթ ըլլալը
Ձեր յառաջիկայ ուղեւորութիւնը ուսումնասիրելու ատեն կարդացէ՛ք այդ շրջանին մէջ տարածուած խարդախութիւններու մասին: Այս յատկապէս կարեւոր է աւելի խոշոր քաղաքներու մէջ, որոնք փոքր յանցագործութիւններու աւելի բարձր մակարդակ ունին:
Իմ առաջին ճամբորդութեանս օրերուն ես աւելի շատ յուզուած էի տեղական խարդախութիւններէն, քան կ՛ուզէի խոստովանիլ, եւ ամէն անգամ, երբ խարդախութիւնը արդէն պատահած էր, հաստատուած, կը զգայի, որ կարելի էր խուսափիլ անկէ:
Օրինակ, ինծի ըսին, որ Ոսկեայ Տաճարը փակուած է Պանքոքի մէջ (անիկա երբեք չի փակուիր), եւ զիս տարին տեղական մետաքսի խանութ, գնումներ ընելու: Այլ առիթով զիս նստեցուցին ուղտի մը վրայ Կիզայի բուրգերուն մօտ եւ թոյլ չտուին իջնել մինչեւ որ յաւելեալ գումար վճարեմ:
Վերջերս ընկերուհիս փորձառութիւն մը ունեցաւ Պուտափեշտի մէջ, ուր ենթադրեալ փոխադրամիջոցային ծառայութեան պաշտօնեան անոր ըսաւ, որ ճիշդ տոմսը չէ գնած եւ անկէ պահանջեց աւելի վճարել: Ան աւելի ուշ հասկցաւ, որ «Հանրակառքի խաբեբայութիւնը» բաւական տարածուած էր, նոյնպէս` իմ նշածներս:
Պարզապէս տեղեակ ըլլալը ձեր ճամբորդելիք երկրին մէջ տարածուած խարդախութիւններու մասին, կրնայ օգնել ձեզի` խուսափիլ ատոնցմէ:
Անշուշտ խաբեբայութիւններ ամէն տեղ կան:
Դուք նաեւ պէտք է տեղեակ ըլլաք ամառնային ճամբորդութեան այս խաբեբայութիւններու մասին եւ լրջօրէն վերաբերիք ատոնց:
Վախնալով առանձին ճամբորդութենէն (յատկապէս որպէս կին)
Թէեւ ճիշդ է, որ կիներ պէտք է յաւելեալ զգուշութիւն ցուցաբերեն առանձին ճամբորդելու ատեն, եւ որ որոշ երկիրներ, անշուշտ, աւելի ապահով են, քան միւսները, սակայն առանձին ճամբորդութենէն ամբողջովին խուսափիլը մեծ առիթ կորսնցնել է:
12 տարուան իմ ընկերոջմէս (որ ճամբորդական ուղեկիցս էր) բաժնուելէ ետք, ես կը յիշեմ, որ ինծի կը թուէր, թէ իմ ճամբորդութիւնս կրնայ կանգ առնել:
Այդուհանդերձ, ծրագիրներէս հրաժարելու եւ իմ նպատակակէտերուս ցուցակը մոռնալու փոխարէն, ես սկսայ ուսումնասիրել առանձին կիներու ճամբորդութիւնը եւ հասկցայ, որ կայ ամբողջ խումբ մը հզօր կիներու, որոնք կ՛ուզեն առանձին ճամբորդել եւ ճանչնալ աշխարհը:
Եթէ դուք կը վարանիք առանձին, ճամբորդել, ստուգեցէ՛ք զբօսաշրջային խումբերը, որոնք թոյլ կու տան ճամբորդել առանձին բայց` միասին: Ես կամաց-կամաց մտայ առանձին ճամբորդութիւններու աշխարհ: Համալսարանի ընկերուհիիս հետ ծրագրած էի ճամբորդութիւն Իսլանտա եւ հիանալի ժամանակ անցուցի, իսկ մօտ տարի մը ետք ես առանձին շաբաթ մը անցուցի այլ երկրի մը մէջ:
Այդ ատենէն ես սորվեցայ հաճոյք ստանալ առանձին ճամբորդութիւններէն: Ասիկա հնարաւորութիւն է ընելու այն, որ կ՛ուզես, եւ չընելու այն, որ չես ուզեր:
Նոյնպէս առիթ է աւելին գիտնալու քու մասիդ, հաղորդակցելու անծանօթներու հետ: