Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լճացումէն Ետք Զարթօնքի Յոյսը Կենդանի Կը Մնայ

Փետրուար 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքը վերջին շաբաթներուն յանգած է լճացման փուլի մը: 2018-ի իշխանափոխութեան նպատակները բացայայտուած են արդէն. լուծարումը արցախեան գոյապայքարին: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը ընթացքի մէջ է եւ թափով առաջ կը տարուի: Պարտուողական այս գործընթացը մկրտուած է խաղաղութեան դարաշրջան բանալու շողշողուն լոզունգով: Պարտուած, հսկայական կորուստներ տուած, վեհերոտ դարձած հանրութեան մը համար յուսատու լոզունգ է խաղաղութեան դարաշրջանի խոստումը: Կորուստները անցեալին կը պատկանին ու նոր կորուստներու նախատեսութիւններն ալ չնչին բաներ են գալիք երջանկաբեր ապագային դիմաց:

Ազգակործան այս վարքագիծը առաջ տանելու համար, իշխանութիւնը կը շարունակէ արդէն դասական դարձած իր մեթոտաբանութիւնը: Այդ մեթոտաբանութիւնը կ՛ենթադրէ երկրի անվտանգութեան, նոյնիսկ ազատ ու անկախ գոյութեան սպառնացող հարցերէն շեղում ներքին շինծու վտանգներու ուղղութեամբ: Տեղի կ՛ունենան անհասկնալի ձերբակալութիւններ, անվերջանալի դատավարութիւններ, ապօրինի հարստացողներու հետապնդումներ, վերջերս ալ` լրտեսութեան կասկածանքով ձերբակալութիւններ: Անկարելի է իմանալ այս պղտոր կասկածանքներուն մէջ ճիշդին ու սխալին յարաբերակցութիւնը: Դատական որեւէ գործընթաց երեք տարիէ ի վեր աւարտին չէ հասած: Միւս կողմէ, նորեր կ՛աւելնան հիներուն վրայ, հասնելով մինչեւ դատաւորի արգելափակման` սխալ դատավճիռ արձակած ըլլալու ամբաստանութեամբ:

Ընդդիմութիւնը բնականաբար կը բողոքէ կատարուածին դէմ: Մամուլը կ՛արձագանգէ ու կը դատապարտէ: Ազգային ժողովի նիստերը կը շարունակուին բուռն բանավէճերով, որոնք յաճախ դուրս կու գան բանական քննարկումներու մթնոլորտէն: Ընդդիմութեան կողմէ տրուած հարցերուն տեղեկացնող պատասխանի փոխարէն կ՛արձակուին մեղադրական բղաւոցներ, միշտ հաւատարիմ մնալով հարցերը շեշտելու մեթոտաբանութեան:

Իշխանութեան համոզումի զինանոցը շատոնց սպառած է: Նոր իրողութիւն, նոր պայքար ստեղծելու անկարողութիւնը զայն կը մղէ իրականութենէն փախուստի` յառաջանալով աւելի ու աւելի մխրճուելով սխալներու ճահիճին մէջ:

Ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ հայրենի պետութիւնը մղձաւանջային այս վիճակէն: Մեր յոյսը պէտք է դնենք ժողովուրդի առողջ դատողութեան վրայ: Արդարեւ, ընդարմացած վիճակէն արթնցող հասարակութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի ըմբոստանայ անկումի առաջնորդող վիճակին դէմ ու վերջ տայ հայոց պատմութեան ընթացքը խոտորող ընթացքին: Արագացնենք ազգային զարթօնքին գալուստը մեր խօսքով ու գործով:

Այս փուլին չենք կրնար անտեսել նաեւ տառապակոծ Լիբանանի հայութեան, ամբողջ բնակչութեան ապրած մղձաւանջը: Պետական սպասարկութիւններու դանդաղ աշխատանքը, տնտեսական վիճակի մակերեսային բարելաւումները թեթեւ յոյս կը ներշնչեն այստեղ եւս խաղաղութեան դարաշրջանի մը գոյառման: Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական բարդ ու խճճուած հարցերու ոստայնի մը մէջ բանտարկուած է: Ստեղծուած կացութեան պատասխանատու քաղաքական վերնախաւը չ՛ուզեր զիջիլ, շահաբեր դիրքերէն նահանջել եւ նոր սկիզբի մը ծնունդ տալ:

Յոյսը յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ է: Եթէ 15 մայիսին Լիբանանի ժողովուրդը յաջողի վերանորոգել ու փոխել իշխող վերնախաւը, յոյսը իրականութիւն կը դառնայ: Բայց Լիբանան ընտրութիւն կատարելու աւանդական ձեւեր ունի, որոնց գործադրութեան պարագային կրնայ ո՛չ միայն ցանկալի փոփոխութիւնը չիրագործուիլ, այլ աւելի վատը յառաջանալ: Այստեղ եւս պէտք է յոյսը դնել ժողովուրդի, ընտրողներու առողջ դատողութեան վրայ ու համբերութեամբ սպասել: Ի վերջոյ, ամէն տագնապ վերջ մը պիտի ունենայ:

 

 

 

Նախորդը

Նոր Սիս Թաղամասին Մէջ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանանալով` «Հայ Ըլլալը Կը Նշանակէ Մեր Հաւաքական Կեանքին Մասնակից Դառնալ» Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին. «Դէպի Յաւելեալ Կայունութիւն Պէտք Է Առաջնորդուիլ» Շեշտեց Տել Քոլ

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?