Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի – 2022 Բ. Ահազանգային Է Հայաստանէն Ամերիկա Գաղթել Դիմողներուն Թիւը

Փետրուար 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

19 յունուար 2022-ի 168.am լրատուական եւ վերլուծական կայքէջին մէջ (1) կը կարդանք ահազանգի համազօր հետեւեալ լուրը: Անցնող տարուան 2021-ի համար 160 հազար 965 Հայաստանի քաղաքացիներ դիմած են կանաչ քարտ (green card) ստանալու համար, այսինքն` հայրենիքը լքելու եւ Ամերիկա հաստատուելու համար: Իսկ նոյն օրը «Փանորամա. ամ» կը գրէ. «Երեւանում անցկացւում է բողոքի ակցիա` ԱՄՆ մեկնելու համար» (2), (3):

1.- Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան առջեւ ցոյց` ի նպաստ դէպի Ամերիկա արտագաղթելու. գլխաւոր պաստառը կ՛ըսէ` «Մենք մեր զաւակներուն պայծառ ապագայ կ՛ուզենք»: 2.- Ձախին` ցոյցէն այլ պաստառ մը կ՛ըսէ` «Մեր հաւատքը ձեր ձեռքերուն մէջ է», գլխաւորը կ՛ըսէ` «Կը խնդրենք` մեզի մտիկ ըրէք, մեզի առիթ տուէք» (3):

Ցուցարարները մերժած են խօսիլ թղթակիցներուն հետ:

«Սփութնիք Արմենիա»-ի խորագիրն է. «Ինչո՞ւ չեն կանչում: «Կրին քարտի» շահառուները բողոքի ցոյց են կազմակերպել դեսպանատան մօտ» (4): Ցոյցի մասնակիցները մտավախութիւն ունին, որ կը կորսնցնեն Ամերիկա գաղթելու հնարաւորութիւնը:

«Սկիզբը ցուցարարները տասնեակ պաստառներով, ամերիկեան դրօշներով հաւաքուած էին Ծովակալ Իսակովի արձանին մօտ, այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի դեսպանատուն: Ցուցարարները կը նշեն, որ 2021 թուականի մայիսէն «Կրին քարտ» շահած են, սակայն դիւանակալական քաշքշուկներու մէջ են, կ՛ուզեն հասկնալ, որ  դեսպանատունը ինչո՞ւ իրենց հարցազրոյցի չի հրաւիրեր:

«Բողոքի ցոյցի մասնակիցները մտավախութիւն ունին, որ եթէ մինչեւ սեպտեմբերի 30-ը չմասնակցին հարցազրոյցի փուլին, կը կորսնցնեն Ամերիկա գաղթելու հնարաւորութիւնը:

«2066 քաղաքացի «Կրին քարտ» շահած է, սակայն հարցազրոյցի կանչած են միայն 4 անձ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Իրանի քաղաքացիներուն հարցազրոյցի կը կանչեն, իսկ մեզ` ոչ, ի՞նչ է պատճառը»:

Ահաւասիկ հայկական սփիւռքի յարատեւ աճող թիւին փաստը: Մէկ տարուան ընթացքին գրեթէ 161 հազար Հայաստանի քաղաքացիներ որոշած եւ դիմած են Ամերիկա գաղթելու` «իրենց զաւակներուն պայծառ ապագայ» ապահովելու համար…

Փոխանակ հայրենի՛քը սփիւռքի երկիրներէն հայահաւաք կատարելու` իր քաղաքացիներն են, որ կը հեռանան, քանի որ այսպիսիները Հայաստանի մէջ «իրենց զաւակներուն պայծառ ապագայ չեն տեսներ»:

Կ՛արժէ հետեւեալ թուաբանական հաշիւը կատարել` ըստ համացանցի տուեալներուն. չեմ գիտեր, թէ Հայաստանի պարագային, ամերիկեան դեսպանատունը կանաչ քարտի դիմումնագիրի այլ սակ ճշդա՞ծ է, թէ՞ ոչ.

2021-ին իւրաքանչիւր «Կանան՞չ քարտ»-ի դիմումը կ՛արժէր $325 տոլար անվերադարձ, իսկ ընդունուելու պարագային, քարտին գինը յաւելեալ $1140 տոլար էր: Ուրեմն 160965 դիմողներ իւրաքանչիւրը 325 տոլար վճարած է` 160965 x 325 = $52,313,625 յիսուն երկու միլիոն երեք հարիւր հազար տոլարէ աւելի գումար վճարուած է դեսպանատան… Եթէ այս դիմողները հաւաքաբար այս հսկայ գումարով բաժնետոմսով արտադրողական ընկերութիւն մը հիմնէին, իրենց եւ զաւակներուն պայծառ ապագայ չէի՞ն ապահովեր: Ահաւասիկ` վատնուած ու կորսուած դրամագլուխ մը:

Հեգնօրէն, այստեղ կ՛արժէ նշել, որ 1975-1985 տարիներուն, խորհրդային օրերուն, մի՛այն Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ 14 (ըստ ոմանց 17) հազար Հայաստանէն արտագաղթած հայ բանտարկեալներ կային: Կ՛ըսուի, որ այժմ Ամերիկայի մէջ Հայաստանէն գաղթած քանի մը միլիոնատէրեր կան:

19 յունուար 2022-ի վերոնշեալ ցոյցէն հետեւեալ եզրակացութիւններուն կարելի է յանգիլ.

1.- Ցոյցը լաւ կազմակերպուածի բնոյթ ունի` դատելով միօրինակ եւ ամերիկեան դրօշի գոյներով զարդարուած նիւթական որոշ մակարդակի ներդրում պահանջող տեսակաւոր պաստառներէն:

2.- Հաւանաբար տարեկան 25-50 մնայուն արտագաղթող զանազան պատճառներով բնական կրնայ թուիլ, սակայն 160.965 դիմող, որ կ՛ուզէ վերջնականապէս իր հայրենիքէն հեռանալ եւ Ամերիկա հաստատուիլ, ախտանշան մըն է, որ առաջին հերթին պէտք է մտահոգէ Հայաստանի կառավարութիւնը:

3.- Ըստ երեւոյթին, այժմու իշխանութեան ստապատիր խոստումներուն, որոնցմէ` «պայծառ ապագայ»-ին, ա՛լ հաւատացող չկայ:

4.- Հայաստանի այժմու իշխանութիւններէն կարելի չէ յուսալ, որ հայրենադարձութիւն կազմակերպեն, երբ բնիկ հայն իսկ արժանապատիւ ապրուստի միջոցներէ զուրկ է: Ըստ միջազգային դրամատան, 2020-ին Հայաստանի բնակչութեան 51 տոկոսը աղքատ կը նկատուէր (5):

5.- Արդէն այժմու իշխանութիւնը առաջին օրէն իսկ ջնջեց սփիւռքի նախարարութիւնը` աւելորդ գտնելով զայն (ինչպէս նաեւ` գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները):

6.- Հայաստան բնակող հայն ալ այլասերումի ուղին բռնած է, եւ սխալ է այն կարծիքը, որ հայաստանցի հայը ազգային դաստիարակութեան պէտք չունի, եւ թէ` հայը Հայաստանի մէջ չայլասերիր:

7.- Մինչ մտահոգ ենք` սփիւռքահայութիւնը հայ պահելու միջոցներ որոնելով, որոնցմէ է սփիւռքահայը դէպի Հայաստան ուղղորդել, ահա կը պատահի հակառակը, սփիւռքի հայութեան թիւը կը բարձրանայ, անսպասելի ու անտրամաբանական` Հայաստանէն դուրս զանգուածային թիւով գաղթել փափաքողներով:

Այս յօդուածը  յանձնելէս ետք, 25 յունուար 2022-ին «Երկիր.ամ»-ը «Փախուստ (դէպի) ԱՄՆ` Մեքսիքայի անտառներով. Նիկոլի Հայաստանում ապագայ չկայ» խորագիրով թղթակցութիւն մը հրապարակեց (6), որ կը պատմէ աւելի ողբերգական` փախստական միջոցներով, մեքսիքացի մաքսանենգներուն 10-25 հազար տոլար վճարելով Հայաստանի քաղաքացիներ` կիներ եւ տղամարդիկ գաղտագողի կերպով Ամերիկա կը մտնեն…

Հայաստանի մէջ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները ամրապնդելով, բանակը եւ տնտեսութիւնը, ի մասնաւորի երկրագործութիւնը եւ անասնաբուծութիւնը արդիական կերպով հզօրացնելով հայը կապուած կը մնայ իր հողին` պայծառ ապագայ խոստանալով իր եւ սփիւռքի զաւակներուն:

25 յունուար 2022
(Շար. 2) 

haroutchekijian.wordpress.com

(1) https://168.am/2022/01/19/1639195.html

(2) https://www.panorama.am/am/news/2022/01/19/%D4%B5%D6%80%D6%87%D5%A1%D5%B6-%D4%B1%D5%84%D5%86/2628644?fbclid=IwAR3xM8lftbU9LNfp2U–irV2pGHNtWSRnYc65Lo-Cj58RFR-DKC9Ad_ZRvw

(3) https://www.panorama.am/am/photos/Երևանում-անցկացվում-է-բողոքի-ակցիա-ԱՄՆ-մեկնելու-համար/6297

(4) https://armeniasputnik.am/20220119/inchu-chen-kanchum-grin-qarti-shaharunery-bvoghvoqi-akcia-en-kazmakerpel-despanatan-mvot-37720943.html

(5) http://arka.am/en/news/society/world_bank_poverty_rate_in_armenia_jumped_to_over_51_percent_in_2020/

(6) https://yerkir.am/news/view/259804

 

Նախորդը

Ժողովրդավարութեան Մասին. Կամ` Կը Լինի՞ Հայկական Ռեֆորմացիա

Յաջորդը

Աշխարհը Եւ Մենք – Ա. (*) Ուքրանիա, Մարգարտածաղիկ Եւ Ճատրակ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?