Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Օրերու Բարի Սամարացիներ

Փետրուար 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Բարի սամարացիի առակը ծանօթ է բոլորիս (Ղկ 10.30-35): Մեր յիշողութիւնը թարմացնելու համար դարձեալ կարդանք Քրիստոսի պատմած առակը: Ճամբուն մէկ անկիւնը լքուած ու վիրաւոր մարդուն առջեւէն զանազան հանգամանքի տէր ուղեւորներ կ՛անցնին` անտարբերութեամբ դիտելով վիրաւոր մարդը: Վերջապէս, սամարացի մը կը մօտենայ, վիրաւորը կը տանի պանդոկ մը ու կը դարմանէ զայն:

Մեր կեանքին մէջ եւս յաճախ կը պարզուի անտեսուած ու լքուած կարիքաւոր ու վիրաւոր մարդու պատկերը: Ոմանք, հսկայ գումարներու տէր մարդուկներ, չեն ուզեր տեսնել կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ գտնուող իրենց ազգակիցները. չեն ուզեր նաեւ լսել ահաւոր դժուարութիւններու մէջ ընկճուած ընտանիքներուն մասին: Անոնք անտարբերութեամբ կը դիտեն ցաւերու մէջ տառապող հիւանդները:

Անտարբերութիւն…

Անտարբերութիւնը գուցէ պէտք է դառնայ մարդկային կեանքի ամէնէն ահաւոր մեղքերէն ու չարիքներէն մէկը: Անտարբերութիւն` Աստուծոյ նկատմամբ, անտարբերութիւն` ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ, անտարբերութիւն` աղքատին, անտէրին ու հիւանդին նկատմամբ:

Նայի՛նք Քրիստոսի կեանքին: Քրիստոս եղաւ աղքատին ու զրկեալին հետ, բժշկեց հիւանդները, պաշտպանեց անտէրը եւ իրեն հետեւողներուն թելադրեց նո՛յնը կատարել:

Մեր կեանքին մէջ անտարբերութեան մեղքին մէջ խրած ունեւոր ազգայիններու կողքին, հազա՜ր փառք Աստուծոյ, ունինք նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք կը տագնապին ի տես հիւանդին ու կարիքաւորին, եւ աւելի՛ն, գործնապէս կ՛օժանդակեն` անոնց ցաւը ամոքելով, տառապանքը բաժնելով եւ դարմանումի ու օժանդակութեան միջոցներ որոնելով:

Զիս այս խորհրդածութեան մղողը ազնուական զոյգ մըն է, որ ամբողջական նուիրումով, անմնացորդ ծառայութեամբ ու յօժարակամ սիրով կ՛օժանդակէ լիբանանահայ կարիքաւորներուն: Լիբանանահայ արմատներով զոյգ մը, որ Զուիցերիոյ մէկ հեռաւոր քաղաքին մէջ կը տագնապի Լիբանանի հայութեան տագնապով, գործնապէս վշտակից կը դառնայ անոր ցաւին ու մասնակից` անոր տառապանքին: Խօսքը կը վերաբերի տէր եւ տիկին Ալլեքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն: Արդարեւ, այս ամոլը ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմաթիւ ծրագիրներուն օժանդակած է ու արժանացած` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին բարձր գնահատանքին, այլեւ կը շարունակէ իր կարելին ի գործ դնել ու առաւելագոյնը տալ Լիբանանի հայութեան` վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ ու քաջալերանքով:

Շուրջ երկու տարի առաջ զանազան փուլերով կարիքաւոր ընտանիքներու սննդամթերքի ճամբով օժանդակելէ ետք, տարիէ մը ի վեր այս ազնուական զոյգին ուշադրութեան կեդրոնը դարձած է ծանր հիւանդութիւններէ տառապող պարագաներու օժանդակութիւնը: Ցարդ բազմաթիւ պարագաներ օգտուած են ու կը շարունակեն օգտուիլ այս ծրագրէն` Լիբանանի մէջ գործող յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով:

Հարց կու տամ.

– Ո՞վ իր հանգիստը ձգած` հիւանդ պարագայի մը բժշկական քննութիւնն ու դարմանումը կը հետապնդէ ո՛չ միայն նիւթական անմիջական օժանդակութիւն հայթայթելով, այլեւ հիւանդանոցներուն ու բժիշկներուն հետ ուղղակի կապ հաստատելով:

– Ո՞վ վայրկեան առ վայրկեան կը հետեւի մէկ կողմէն ծանր գործողութեան ենթարկուող հիւանդին առողջական վիճակին, եւ միւս կողմէն` կը մխիթարէ հիւանդին ընտանիքը:

– Ո՞վ անդադար կապ կը պահէ հիւանդանոցներուն ու բժիշկներուն հետ, նո՛յնիսկ յաւելեալ գումարներ կը խոստանայ, որպէսզի յատուկ ուշադրութիւն ընծայեն խնդրոյ առարկայ հիւանդին:

Ոմանց համար թերեւս անհաւատալի թուին այս երեւոյթները ու դէպքերը: Զբաղում ու հանգիստ ձգած` պարոն Ալլեքոն ու տիկին Անին ամէն գիշեր արժեւորումը կը կատարեն իրենց կատարած օժանդակութեան ու աշխատանքին, կը քննեն պարագաները ու կը ծրագրեն յաջորդ օրուան իրենց ընելիքը: Յաճախակի առիթներով անոնք իրենց կատարած աշխատանքին ուրախութիւնը կը բաժնեն վեհափառ հայրապետին հետ` առանց հրապարակային գնահատանք սպասելու: Տակաւին վերջերս, երբ ծանր հիւանդութեան մը թաթին բռնուած պարագայ մը բուժուեցաւ, ուրախութեան արցունքները իրենց աչքերուն` անոնք հեռաձայնեցին նորին սրբութեան եւ տիկին Անին ըսաւ. «Ես այսքան պիտի չուրախանայի, երբ ես ըլլայի հիւանդութենէ բուժուողը, որքա՜ն ուրախացայ այսօր, երբ այս երիտասարդը բուժուեցաւ անբուժելի հիւանդութենէն…»:

Ականջ ունեցողը թող լսէ (Մտ 13.9):

Այսօր, երբ Լիբանանը խոր տագնապի մէջ կը տուայտի, անկասկած բարեսիրութեան ու բարեգործութեան պերճախօս տիպարը կը հանդիսանայ Ալլեքօ եւ Անի Պէզիքեան զոյգը: Այո՛, մեր կեանքին մէջ կան նման աստուածահաճոյ գործ կատարող անձեր, սակայն դժբախտաբար անոնք հազուագիւտ են…

Ալլեքօն եւ Անին ուրախ են իրենց կատարած աստուածահաճոյ ծառայութեամբ, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը  հպարտ է, որ նման զոյգ մը ամբողջական նուիրումով գործնապէս կ՛արժեւորէ իր հաւատքը` Աստուծոյ, հաւատարմութիւնը` մեր Սուրբ Աթոռին ու սէրը` մեր ժողովուրդին նկատմամբ:

Վեհափառ հայրապետին բնութագրումով, Ալլեքօն եւ Անին նոր օրերու բարի սամարացիներն են: Պատի՛ւ ու յարգանք իրենց:

Անթիլիաս, 10 փետրուար 2022

Նախորդը

Տէր Մովսէս Ա. Քհնյ. Ղազարեան՜ Քրիստոնէական Հաւատքի Ազգային Ժառանգութեան Ճշմարիտ Հետեւորդը

Յաջորդը

Սուրբ Սարգիսի՞ Տօն, Թէ՞ Վալենթինի Օր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?