Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Նախագահին Այցելութեան Ուղերձները
«Հալէպը Սուրիոյ դէմ ծաւալած ահաբեկչական պատերազմի տարիներուն ամէնէն շատ տուժած նահանգն էր, որովհետեւ ահաբեկիչներուն նպատակը թէ՛ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքի` Հալէպի, արժէքը նսեմացնել, թէ նահանգի մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը նենգափոխել եւ թէ՛ Հալէպի բնակչութեան դիմագիծը քայքայել էր»: Սուրիոյ նախագահին Հալէպ այցելութեան առիթով արտասանած այս խօսքերը լոկ մարդասիրական ապրումներէ բխած արտայայտութիւններ չէին, այլ քողազերծումն էին բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք դաւադրաբար ի գործ կը...




















