(135)
Հիւսիսային Ամերիկայի մեր քահանայ հայրերէն մէկն է պատմողը. «Հանգստեան կոչուած ծխական մը ունիմ, որ յաճախ օրուան ընթացքին եկեղեցիի գրասենեակը կու գայ եւ ի միջի այլոց կ՛ըսէ. «Տէ՛ր հայր, երբ որ մեռնիմ, դո՛ւն զիս պիտի թաղես եւ աղուոր դամբանական մըն ալ պիտի խօսիս: Ուիլիս (կտակ) մէջ գրած եմ եւ մեծ գումար մըն ալ ձգած եմ ասոր համար»: Գիտես` Ամերիկայի մէջ ամէն բան դրամով կ՛ըլլայ, մարդը կարանթիի կը կապէ կոր: Այնքան գլուխս կ՛արդուկէ` մեռնիմ-դամբանական, դամբանական-մեռնիմ, օր մըն ալ այլեւս կ՛ըսեմ իրեն. «Եթէ ես քեզմէ առաջ մեռնիմ, ի՞նչ պիտի ըլլայ: Եկո՛ւր` ասանկ ընենք: Հաշուէ, որ մեռեր ես. եկեղեցի կը մտնենք, մեռելի սնտուկի սեղանին վրայ կը պառկիս, թաղումի կարգը կը կատարեմ, ուզածիդ պէս դամբանական ալ կը խօսիմ եւ փարան ալ ինծի քեշ (կանխիկ) կը վճարես»: Երկուքս ալ կուշտ ու կուռ կը խնդանք եւ մեր բարեկամը անգամ մըն ալ այս նիւթը չ՛արծարծեր…
(136)
1986-ի օգոստոսին, երբ որպէս հոգեւոր հովիւ եւ համալսարանական ուսանող` Վանքուվըր կը հասնիմ, Հայ յեղափոխական բանակի տղոց կողմէ 1985-ի Օթթաուայի թրքական դեսպանատունի գրաւումէն տակաւին միայն մէկուկէս տարի անցած էր, եւ այս պատմելիք դէպքս ժամադրութիւն յարգելու օգտակար դաս մը կը սորվեցնէ ինծի:
1987-ի մարտին հեռաձայն մը կը ստանամ Օթթաուայի կեդրոնական կառավարութեան ապահովական գրասենեակէն, որ կը յայտնէ, թէ իր բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մին ինծի յարմար օրը ու ժամուն յատուկ ժամադրութեամբ Օթթաուայէն Վանքուվըր պիտի գայ եւ հետս տեսնուի, որպէսզի իմանայ, թէ Վանքուվըրի հայ համայնքը 24 ապրիլը ինչպէս պիտի նշէ: Հեռախօսողին թիւը կ՛առնեմ եւ կը խոստանամ քանի մը օրէն պատասխանել:
Անմիջապէս կապ կը պահեմ մեր եկեղեցիի հոգաբարձութեան ատենապետին հետ եւ հարց կու տամ, թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ: Պէտք եղած լուսաբանութիւնը ստանալէ ետք, երկու օրէն կը կապուիմ Օթթաուային հետ եւ շաբթուան մէջ օր մը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին եկեղեցիի գրասենեակս կը ժամադրուինք: Ճշդուած օրէն ու ժամէն 15 վայրկեան առաջ կը հասնիմ եւ 10 վայրկեան հիւրս կը սպասեմ, ապա կը մեկնիմ: Ծուխը փոքր է եւ քարտուղարուհի չունիմ. ես ալ երկու օրը անգամը եկեղեցի կը հանդիպիմ, նամակները կ՛առնեմ եւ հեռախօսային պատգամները կը ստուգեմ ու կը պատասխանեմ: Նամակատուփին մէջ այցեքարտ մը կը գտնեմ, որուն վրայ արձանագրուած է պետական բարձրաստիճան պաշտօնեային անուն-մականունը եւ ետեւը հետեւեալը. «Ներողամիտ կ՛ըլլաք, որ երէկ 15 վայրկեան ուշացայ մեր ժամադրութեան: Եթէ պէտք զգամ, նորէն կը ժամադրուիմ ձեզի հետ»: Իմ ենթադրութիւնս այն է, որ մարդը ճիշդ ժամուն եկած է եւ եկեղեցիին դիմացը գտնուող սրճարանէն հետեւած, որ ես յարգած եմ ժամադրութիւնս եւ իր հետ հանդիպելու վերապահութիւն չունիմ. առաւել` ինք ալ իր հերթին կարիք չէ զգացած այլեւս զիս հարցաքննելու: Երբ այս մանրամասնութիւնները կը յայտնեմ մեր պատասխանատու ազգայիններուն, կը հաստատեն ենթադրութիւնս:
(137)
Սուրէն արք. Գաթարոյեան Մոնրէալէն Պէյրութ պիտի վերադառնայ եւ յաջորդ օր Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի պաշտօնական ինքնաշարժով Հալէպ պիտի երթայ: Մինչ այդ կաթողիկոսարանի հիւրընկալ Վարդան արք. Տեմիրճեան Անթիլիասի պաշտօնական ինքնաշարժով Պէյրութի օդակայան պիտի երթայ Սուրէն սրբազանը դիմաւորելու եւ մայրավանք բերելու: Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի պաշտօնական ինքնաշարժին շարժավարը կը մօտենայ Վարդան սրբազանին եւ ինք եւս կը փափաքի օդակայան երթալ: Վարդան սրբազան կը պատասխանէ. «Փրոթոգոլը չ՛արտօներ քու գալդ»: Շարժավարը փրոթոգոլին ի՛նչ ըլլալը չիմանալով` կը կարծէ, որ իր փոխարէն ուրիշի մը նախապատուութիւն կը տրուի Անթիլիասի պաշտօնական ինքնաշարժին մէջ եւ Սուրէն սրբազանէն ներողամտութիւն կը խնդրէ, որ օդակայան չէր եկած զինք դիմաւորելու համար…
(138)
Ասորի ուղղափառներու Հալէպի առաջնորդն է պատմողը. «Ընդհանրապէս սուրբ պսակի օրհնութեան յաջորդող խրախճանքին չեմ երթար, որովհետեւ եթէ մէկուն երթաս եւ միւսին չերթաս, անյարմար կ՛ըլլայ. առաւել` այս խրախճանքները մեր մօտ շատ ուշ կը սկսին, գոնէ կէս գիշերին եւ երբեմն նոյնիսկ` առաւօտեան ժամը 1-ին, եւ մեզի` հոգեւորականներուս համար ժամավաճառութիւն է անոնց ներկայ գտնուիլը, սակայն մարդ ենք եւ կը սխալինք, այդպէս ալ եղաւ ինծի: Անցեալ շաբաթ շատ մօտիկ բարեկամի մը տղուն պսակը օրհնեցի եւ թէ՛ ծնողքը, թէ՛ նորապսակ զոյգը խնդրելով խնդրեցին, որ իրենց խրախճանքին գոնէ կէս ժամ ներկայ գտնուիմ, եւ ըսին, որ խրախճանքը ճիշդ ժամը 11-ին պիտի սկսի եւ անշուշտ ամէնէն առաջ զիս պիտի հրաւիրեն, որ սեղանը օրհնեմ: Լաւ գիտնալով տեղական սովորութիւնը` երկու քահանայի ընկերակցութեամբ ժամը 11:30-ին խրախճանքի ճաշարանը գացի եւ ի՜նչ տեսնեմ. դեռ նոր աթոռ-սեղան կը շարեն կոր: Ես գիտէի արդէն գլխուս գալիքը, բայց ուշ էր, մէյ մը այո ըսած էի. սակայն ամէնէն վիրաւորականը այն էր, որ ճաշարանը յարդարող սպասեակները իրարու կը փսփսային. «Կ՛երեւի սրբազանը այնքա՜ն անօթի է, որ կանուխ եկեր է…»:
(139)
Եփրեմ արք. Թապագեանն է պատմողը. «Առաւօտ կանուխ տունէս դուրս կ՛ելլեմ ամէնօրեայ մարզանքիս համար եւ կը նշմարեմ, որ դիմացէս Պէյրութի Ս. Նշանի լուսարար Հայրապետին քալուածքն ու տարիքը ունեցող մարդ մը կու գայ իմ կողմս: Որքան կը մօտենայ ան, աւելի յստակ կը դառնայ պատմական տիպար Հայրապետին ուրուագիծը: Կայ-չկայ մեր Հայրապետն է, կը մտածեմ: Առանց «Բարի լոյս» ըսելու` կ՛անցնինք իրարու քովէն: Է՜հ, Ամերիկայի մէջ անծանօթներ իրար բարեւելու բարի սովորութիւնը չունին Միջին Արեւելքի պէս: Հազիւ տասը քայլ հեռացած ենք իրարմէ, ուժեղ ներքին մղում մը կ՛ունենամ ետ դառնալու եւ «Հայրապետ» պոռալու: Մարդը կը կենայ, խոցող աչքերով ինծի կը նայի եւ կ՛ըսէ. «Հայրապետը Ս. Նշան մնաց»: Պահ մը կը շշմիմ: Կամաց-կամաց քայլերս յուշերուս հետ կը քակուին…
(Շար. 15)