Կեանքի դաժան իրականութիւնը` մահը, կը թակէ մեր, հարազատի մը կամ սիրելիի մը դուռը, վաղ թէ ուշ… Լոյս աշխարհ գալով` կը նմանինք վառուող մոմի մը, որուն կայծ կու տանք ու հալուող կաթիլներով կը կարճնան մեր կեանքի օրերը: Ոմանց կ՛ընծայուի աւարտել զայն, իսկ ոմանք կը մնան անաւարտ…
Եւ այդպէս, քառասուն օրեր առաջ մեծ մօրս` Սիմա Տիւքէնճեան-Քիւսպէկեանին մոմը շիջեցաւ ու հասաւ իր աւարտին: Ան իր աչքերը յաւերժ փակեց 21 յունիս 2022-ին, Այնճարի իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած սիրելիներով: 98 տարիներ, տոկալով կեանքի ուժգին քամիներուն, յանդգնութեամբ մարեցաւ… կայծ տալով ութ զաւակներու ու բազմապատկուելով` ունեցաւ քսանվեց թոռներ եւ քսանմէկ ծոռներ: Ան առ յաւէտ հեռացաւ մեզմէ` ձգելով անջնջելի քաղցր յիշողութիւններ ու լաւ տպաւորութիւններ:
Բարի, հեզ, զոհուող, ներող ու միաժամանակ անկոտրում կամքով եւ պայքարելու ուժգին նկարագրով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր մեծ մայրս: Անոր կեանքը մանկուց եղած էր քարքարոտ, սակայն իր իւրայատուկ բնաւորութեան շնորհիւ` ան կարողացած էր պայքարիլ ու յաղթահարել կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Փոքր հասակէն որբացած էր` կորսնցնելով մայր եւ հայր, ապա դառնալով երեք որբերու եւ երկու ծերերու հոգատար` արտագաղթած էր Մուսա Լեռէն Այնճար: 1946-ին կազմած էր իր ընտանեկան ջերմ բոյնը: Զոհաբերուող մօր ու առաքինի կնոջ նկարագրով կրցած էր դաստիարակել տիպար զաւակներ, որոնք նաեւ իրենց ծնողքին լաւ օրինակին հետեւելով` կազմած են իրենց տաքուկ ընտանիքները: Հազիւ չորս թոռ տեսած` մեծ մայրս կորսնցուց իր կեանքի ընկերը` մեծ հայրս, որմէ ետք քառասունմէկ տարիներ ան կատարեց մեծ հօր ու մեծ մօր պարտականութիւններն ու զոհաբերութիւնները լի ու լի` գուրգուրալով եւ ուրախանալով բոլորիս հետ: Սակայն զաւկի կորուստը եղաւ անոր ամէնէն ծանր հարուածը, ան դարձեալ իր հաւատքի զօրութեամբ շարունակեց մխիթարել իր զաւակներն ու թոռները` միշտ փառաբանելով զԱստուած: Իր զբաղ կեանքի ընթացքին ան նաեւ ազգասիրութեան ոգին թրծեց իր զաւակներուն մէջ, որուն շնորհիւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նետուեցաւ ու ծառայեց ազգին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենավայրագ օրերուն մեծ մօրս դուռը միշտ բաց էր գաղթականներուն դիմաց, եւ մեծ սիրով կը հոգար բոլորին պէտքերը:
Կեանքի պայմանները առիթը չէին ընծայած իրեն ստանալու նոյնիսկ ամէնէն տարրական ուսումը, բայց անոր կեանքը ինքնին եղած էր ուսումնարան մը, իսկ ինք դարձաւ կենդանի արխիւ մը` ծնունդէն մինչեւ մահը: Եզակի ապրումներով կը պատմէր իր յուշերը: Տուած խրատներն ու պատմած դրուագներուն ընդմէջէն մեր քաղած դասերը կը շարունակեն առաջնորդել մեզ եւ ընտանեկան սիրով լեցնել մեր սրտերը` հետեւելով իր մաքրամաքուր անձի օրինակին:
Ամբողջ կեանքի ընթացքին անոր սիրտը բաբախեց ընտանիքին համար` գեղեցկօրէն զարդարելով շուրջիններուն կեանքը: Խաղաղասէր էր, աստուածավախ, մարդասէր, բարի եւ հիւրասէր: Մօրենական գերդաստանիս հիմնաքարն էր մեծ մայրս, ու այդ քարին վրայ հիմնուած սիւները այնքան ամուր են, որ պիտի շարունակեն մնալ հաստատ:
Մնացին իր խօսքերն ու յիշատակները, եւ ինք մնաց յարգուած ու սիրուած յաւիտեան…
Թանկագի՛ն մեծ մայրս, մահուանդ գոյժը ցնցեց մեզ, սգացինք ու լացինք տարբեր երկիրներու մէջ, երանի կարենայինք բոլորս քովդ կանգնած` մեր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցել քեզի… յիշելով ժպիտդ, ձայնդ եւ գուրգուրոտ նայուածքդ. երախտապարտ զգացումներով գրուած այս քանի մը տողերը, ընդունէ որպէս ափ մը հող իմ կողմէս, անշնչացած մարմնիդ վրայ…
Խաղաղութեամբ ճախրէ երկինքի լուսաւոր կամարներու ներքեւ, սիրելի մեծ մայր, ու շարունակէ հրեշտակային թեւերդ մեր վրայ դրած` առաջնորդել եւ հսկել մեզ: Յիշատակդ անթառամ պահելով` կը խոնարհինք շիրիմիդ…
Թոռնուհիդ`
ՑՈԼԵՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Յուլիս 2022, Քանատա