Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալ Կատարեալ… Եւ Ներկայ Ժամանակ (Զ. Գիրէջեանի Յիշատակին)

Օգոստոս 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Տերեւաթափ եւ ամառ…

Այս անգամ տերեւաթափը իրեն հետ տարաւ իննսունամեայ Զօհրապ Գիրէջեանը: Հրաչ Քաջարենց բանաստեղծն ու խմբագիրը այսպէս ուզած էր, որ ստորագրէր Զօհրապ իր պատմուածքները «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ: Զօհրապ անսացած էր թելադրանքին մինչեւ վերջ: Այդպէս ալ շարունակած էր ստորագրել Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի», «Բագին»¬ի, «Շիրակ»¬ի եւ հուսկ` «Կամար»¬ի մէջ լոյս ընծայած գրութիւնները:

Վերջին տասնհինգ տարիներուն Զօհրապին պատմուածքներուն միակ հասցէն մնաց «Կամար»¬ը: Հազիւ վերջինը անոնցմէ լոյս տեսած` կը հասցէագրէր նոր մը, հոգ չէ, որ «Կամար»¬ի յաջորդ թիւին համար հարկ էր սպասել չորս ամիս եւ աւելի…

Այսպէս, տարիներու ընթացքին դիզուեցան անոնք եւ վերածուեցան հատորներու: Առաջինը, փոքր ծաւալով, «Ի՞նչ կ՛ուզեմ ես» խորագրուած, լոյսին եկաւ 1973¬ին: Կողքը պատրաստած էր երիտասարդ նկարիչ Պ. Ալեքսան (Ալեքսան Պէրէճիքլեան): Տասնեակ տարիներ անց, այս անգամ ստուարածաւալ հատոր մը` «Մեր տունը, մեր թաղը», արժանացաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին եւ լոյս տեսաւ 2006-ին: Յաջորդեց երրորդը` «Կեանքի բեկորներ», 2013, (Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան մրցանակ), իսկ չորրորդ մը պատրաստ է հրատարակութեան:

Պարզութիւնը գլխաւոր յատկանիշն էր Զօհրապին: Պատմուածքներուն նիւթերը պարզ, լեզուն` նոյնպէս, բարդ վիճակներէ միշտ խուսափող, նոյնիսկ` բարդ հոգեվիճակներու պարագային:

Երբ Լիբանանահայ գրողներու համախմբումը կեանքի կոչուեցաւ, առաջին անդամներէն եղաւ Զօհրապ: Երբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի ջանքերով սփիւռքահայ գրողներ իրաւունք ստացան մաս կազմելու համախմբումին, կրկին Զօհրապ եղաւ առաջիններէն:

Երբ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ լիբանանահայ մտաւորականներու հաւաքները սկսան կազմակերպուիլ, Զօհրապ հնարաւորին չափ ներկայ գտնուեցաւ անոնց, միշտ կնոջ` Ալիսին ընկերակցութեամբ:

Պէտք չէ մոռնալ գեղանկարիչ Զօհրապ Գիրէջեանը: Ինքզինք կերտեց որպէս գեղանկարիչ (ոչ արհեստավարժ իմաստով): Հոս անգամ իր ընտրած նիւթերը եղան պարզ, պաստառները ներկայացուեցան ներդաշնակ գոյներով:

Ունեցաւ անհատական իր առաջին ցուցահանդէսը` Զալքայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Անկեղծ խօսակից էր Զօհրապ: Նոյնիսկ երբ խօսելու դժուարութիւն ունեցաւ տարիներ շարունակ: Հաճելի սեղանակից էր նաեւ:

Նուրբ, հազիւ նշմարելի հիւմըր մը կարելի էր որսալ իր դէմքի արտայայտութեան մէջ:

Այժմ, երբ Զօհրապի մասին կը խօսիմ, կը գրեմ, կ՛անդրադառնամ, որ անցեալ կատարեալով կ՛արտայայտուիմ: Ճի՞շդ է արդեօք: Անշո՛ւշտ ոչ: Իր հարազատներուն ու զինք ճանչցողներուն համար իր պատմուածքներուն, գրականութեան ծանօթներուն համար, իր գեղանկարներէն իրենց տան պատերուն ամրացուցածներուն համար Զօհրապ կը շարունակէ, պիտի շարունակէ ներկայ ըլլալ, ներկայութիւն ըլլալ այժմ եւ բաւական երկա՜ր ժամանակ:

 

 

Նախորդը

Թանկագին Մեծ Մօրս Անթառամ Յիշատակին

Յաջորդը

Երկու Բեմագրութիւն

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?