Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Պատգամը` Այսօրուան Իշխանութեան

July 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ծնած, հասակ նետած, ազգային վարժարաններուն մէջ հայեցի, ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն ստացած, իրենց թաղի դպրոցներուն, ակումբներուն մէջ կոփուած, իրենց ժողովուրդին ծառայութեան լծուած տղաք էին Լիզպոնի հինգը:

Ամէն տարի ապրիլ 24 ապրած, մայիս 28 փառաբանած, իրենց ազգին ցաւով ապրած Արային, Սագոյին, Սեդրակին, Սիմոնին եւ Վաչէին զոհողութեան մէջ կար պատգամ` ճակատագիրին դէմ պայքարելու, անարդարութեան դէմ կենալու, իրաւունք պահանջելու եւ մանաւանդ` մահուան գնով աշխարհին պատգամ փոխանցելու, որ Ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Թուրքիան անպայման պէտք էր հաշուետուութեան կանչել:

Լիզպոնի հինգին խորհուրդը, անձնազոհութիւնը այսօրուան երիտասարդութեան` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր մէկ անկիւնը, իր ինքնուրոյն պատգամը ունի: Հայրենիք չտեսած, բայց հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած այս տղոց յիշատակը ինքն իր մէջ կարեւոր իմաստ մը ունի, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ պարտութեան, տկարութեան, յանձնուած ըլլալու երեւոյթը կը տեսնենք: Երբ անկարող, շուարած վիճակ ունինք, ամէն օր նոր անակնկալներու, նոր զիջումներու ականջալուր ըլլալու դէմ յանդիման ենք, բնականաբար, այս բոլորին լոյսին տակ, ազգովին մտահոգ ենք եւ յուսախաբ:

39 տարիներ առաջ Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը ոչ թէ յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան քայլ էր, այլ վճռական, ինքնավստահ եւ խիզախ պատգամ էր` ամբողջ աշխարհին ըսելու սփիւռքահայութեան «Ո՛չ»-ը` սփիւռքահայութեան ձայնը բարձր լսելի դարձնելու, սփիւռքահայութեան իրաւունքները յիշեցնելու, սփիւռքահայ երիտասարդութեան պոռթկումը արտայայտելու:

Լիզպոնի հինգը կառուցողական, դաստիարակիչ եւ պատգամաբեր խորհուրդ փոխանցեցին:

Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, այդ խորհուրդին դասը պէտք է լաւապէս հասկնալ:

Ո՛չ ըսելու քաջութիւնը պէտք է գիտնանք:

Դէմ կենալու խիզախութիւնը ունենանք:

Անանձնական եւ նուիրաբերութեամբ առաւելագոյնը տալու համարձակութիւնը վերապահենք մենք մեզի:

Այսօր Լիզպոնի պատգամը ուղղուած է հայրենիքի ընտրութիւններուն չմասնակցած յիսուն առ հարիւր կազմող ժողովուրդին` գիտնալու, հասկնալու, համոզուելու, որ հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է, եւ ոչ ոք գիտէ` ի՛նչ կը պատրաստուի եւ ի՛նչ պիտի հրամցուի մեզի, բացի` իշխանաւորներէն, որոնք ոչ միայն գիտեն, այլ ծրագրողներն են այս բոլորին:

Կասկած, մտահոգութիւն, վախ, ապագային հանդէպ անհեռանկար վիճակ® Այս բոլորը կ՛ապրինք, Լիզպոնի տղաքն ալ սփիւռքի իրենց անհեռանկար կեանքին, անարդարութեան եւ աշխարհին լուռ մնալով` մեղսակից ըլլալու հանգամանքին դիմաց իրենց ընդվզումը արտայայտեցին:

Ընդդիմութիւն, դիմադրութիւն, անհնազանդութիւն, բողոք, ընդվզում® բոլորն ալ կը նպաստեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց բանակցութիւններուն աւելի լաւ պայմաններ ձեռք բերեն, պայմանաւ որ լաւ գիտնան, թէ հայրենիք եւ պետութեան շահերը իրենց անձնական աթոռներէն ու շահերէն գերիվեր են:

Լիզպոնը մնայուն, արդիական, ապրող եւ շնչող պատգամ է: Անմար պահենք անձնազոհ նուիրեալ տղոց յիշատակը:

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Ողջակէզներուն Նորօրեայ Պատգամը

Յաջորդը

«Եթէ Իմանային…» Պիտի Կրկնէին Իրենց Արարքը, Որովհետեւ Երազի Տղաք Էին (Լիզպոն 39-Ամեակ)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.