Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը

Յուլիս 29, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 27 յուլիսի երեկոյեան, Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու մասնակիցները ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 39-ամեակը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը ուղղեց հայ քաղաքական նախկին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ Արթուր Մկրտչեան: Ան ոգեկոչեց Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակը եւ նշեց, որ Լիզպոնի անձնազոհները պահանջատէր հայութեան համար կը մնան յարատեւ պայքարի ուղեցոյց եւ գերագոյն զոհաբերութեան ուսանելի օրինակ: ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներ մեծցած եւ դաստիարակուած են այն բոլոր արժէքներով, որոնց համար իրենց սեփական կեանքը զոհեցին Արան, Սագոն, Վաչէն, Սիմոնը եւ Սեդրակը: Հայութիւնը Երեւանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը կը խոնարհի Լիզպոնի հինգին յիշատակին դիմաց եւ ամէն տարի 27 յուլիսին կը վերանորոգէ անոնց ուղին շարունակելու իր յանձնառութիւնը:

Իր կարգին, Համբիկ Սասունեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայ կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ հարստութիւն է: Ինք հպարտ է, որ պատանեկութեան ՀՄԸՄ-ական եղած է: ՀՄԸՄ-ը դպրոց մըն է, որմէ միշտ շատ բան ունին սորվելիք մեր պատանի-երիտասարդները:

Համբիկ Սասունեան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները եւ օրուան խորհուրդին մասին արտայայտուելով յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը երկար դարերու իր պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է շատերու տիրապետութեան, բայց շնորհիւ իր պայքարի ոգիին, ազգութիւնը պահած է հաւատքով, լեզուով, աղօթքով, մշակոյթով եւ զէնքով: Այսօր եւս մեր հայրենիքը կը գտնուի դժուար պայմաններու մէջ,- շարունակեց Համբիկ Սասունեան,- որովհետեւ հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին պատասխանատուներ, որոնց համար հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը անիմաստ բաներ են, անոնք պատրաստ են զիջելու եւ պարտուելու, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ է հայրենասիրութիւնը, ծառայութիւնը, քաջութիւնը եւ արժանապատուութիւնը:

Իր պատգամին աւարտին, Համբիկ Սասունեան հաստատեց, որ հայրենիքը եւ ազգը կը պահուին խիզախներով, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչները կը գտնուին այս սրահին մէջ` տղաք, որոնք իրենց պայքարի ներշնչումը առած են Լիզպոնի տղոց գերագոյն նուիրաբերումի օրինակէն: Անոնք ունին պայքարի բացառիկ կամք եւ զոհաբերութեան մեծ պատրաստակամութիւն: Լիզպոնը կը մնայ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պատուաբեր եւ հպարտաբեր մէկ դրուագը, որուն համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ Լիզպոն հերոսներ ծնած ժողովուրդին եւ անոր գաղափարական ու ՀՄԸՄ-ական զաւակներուն: Փա՛ռք Լիզպոնի հերոսներուն եւ խոնարհո՛ւմ անոնց անմոռանալի յիշատակին, շեշտեց Համբիկ Սասունեան:

Երեկոյին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան առաջարկով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մարզախաղերու ոսկիէ մետալներով պատուեց 19 «խիզախներ»` արցախեան վերջին պատերազմին մասնակից ՀՄԸՄ-ականներ Յարութ Դերիկլեան, Էտկար Մկրտչեան, Դաւիթ Յարութիւնեան, Կարին Աւագեան, Սարգիս Գայմագամեան, Սարմէն Սաֆարեան, Հայկ Յակոբեան, Եդուարդ Էլբակեան, Անդրանիկ Աբոյեան, Արտաշէս Յակոբեան, Արտակ Ռէյվազեան, Դաւիթ Իսրայէլեան, Անուշաւան Հայրապետեան, Էրիկ Նորոյեան, Գարիկ Միքայէլեան, Արման Գալստեան, Սահակ Յակոբեան, Արթուր Միրզախանեան եւ Գագիկ Այվազեան:

Երեկոն խանդավառեցին «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթը եւ յեղափոխական երգերու երգիչ Սուրէն Աճէմեան:

Նախորդը

Լիզպոնի 5 Հերոսներու Գործողութեան 39-Ամեակը Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?