Լիզպոնի Հինգին
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յեղափոխութեան ծիածանն է սա, լուռ ժայթքումէն ետք` երաշտի երկար ժամանակէն ետք, ծիածանն է` գոյնով արեւի, գոյնով արիւնի, գոյնով աչքերուն երիտասարդ տղոց: Անձնուրացութեան խորհուրդն է սա` բոսոր բառերով, խօսուն լռութեամբ, եւ մարդոց մտքերն ցնցող արարքով: Եւ ով կը խօսի լեզուով թիւերու` չի կրնար ապրիլ խոյանքը անոնց: Ասիկա, գիտենք, ըմբոստ մերժումի աշխարհն է, ուր խոչընդոտները արհամարհուած են, եւ սէր մը...




















