Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բախտաւոր կը նկատուին այն անձերը, որոնք վերջին տարիներուն կը ճամբորդեն եւ տեղ կը հասնին… իրենց բոլոր պայուսակներով: Միջազգային շարք մը օդակայաններու մէջ պայուսակներու բաժինը ուղղակի լաբիւրինթոս է: Եթէ կարելի եղաւ ճամբորդական պայուսակներու կոյտին մէջէն ձեր պայուսակը «ողջ առողջ» դուրս բերել, իսկապէս բախտաւոր էք: Մանաւանդ այս քանի մը ամիսներուն տագնապը աւելի սուր բնոյթ ստացած է: Այս մասին անդրադարձած են միջազգային լրատու գործակալութիւններ:
Ն.

Ճեն Չոյ վախով կը պատրաստէր իր եւ իր ընտանիքին ճամբորդական պայուսակները: Օդանաւային ընկերութեան ստուգուած պայուսակներու անհետացման սարսափելի պատմութիւններ լսելէ ետք ան իր պայուսակներուն համար յատուկ սարքեր գնեց, որպէսզի ստիպուած չըլլայ յոյսը դնել օդանաւային ընկերութեան վրայ:
Ահաւասիկ բոլոր երեք պայուսակները, որոնք կը պարունակէին ամուսինին, իր եւ իրենց մէկ տարեկան երեխային ունեցուածքը, մնացեր էին գրեթէ 10 հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` Գերմանիոյ մէջ, երբ անոնք անցեալ շաբաթ ժամանեցին Մեքսիքայի Քանքուն քաղաքը:
«Մեր պայուսակները տակաւին չեն յայտնաբերուած, եւ մենք առանց անոնց պիտի մնանք առնուազն մէկ շաբաթ: Ես կը զգամ, որ այս օրերուն այս երեւոյթը ճամբորդութեան մէկ մասը դարձած է, քանի որ այնքան սովորական երեւոյթի վերածուած է: Շատերը այստեղ` Մեքսիքայի մէջ, արձակուրդի են առանց պայուսակներու: Այս մէկը խառնաշփոթ է, եւ ես երբեք նման բան չեմ տեսած», ըսաւ ան:
Բազմաթիւ ընտանիքներ այս ամառ կ՛անցընեն իրենց առաջին արձակուրդը` համաճարակին պատճառով երեք տարուան դադարէ մը ետք: Այդ ընթացքին օդանաւային ընկերութիւնները եւ օդակայանները ձեռնարկեցին ծախսերու կտրուկ կրճատումի, քանի որ պահանջը նուազած է:
Որքան ճամբորդներու թիւը աւելնայ, այնքա՛ն օդանաւային ընկերութիւններու կողմէ կորսուած պայուսակներու քանակը կը մեծնայ: Ապրիլ ամսուան ընթացքին ճամբորդներու 1000 պայուսակներէն գրեթէ վեցը ժամանակաւորապէս կորսուած է Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութիւններու կողմէ:
2021 թուականի նոյն ամսուան համեմատ այս երեւոյթը 67 առ հարիւրով աճած է այն բանէն ետք, երբ այս ամառ նոյնպէս չեղեալ յայտարարուած են գրեթէ 30 հազար թռիչքներ` Միացեալ Նահանգներէն դուրս եւ ներս:
Նոյնպէս բարձրացած է ամբողջ աշխարհի մէջ ուշ հասնող ճամբորդական պայուսակներու թիւը. անցեալ տարի աճած է 24 առ հարիւրով, 1000 միջազգային ճամբորդի հաշուով, 8,7 պայուսակ ժամանակին չէ հասած:
Ապահովագրող «Մաֆր» ընկերութեան տուեալներով, ուշացած ճամբորդական պայուսակներու համար բողոքները բարձրացած են 30 առ հարիւրով, եւ ուշացումի բարձր ցուցանիշներու խորապատկերին վրայ որոշ օդակայաններու մէջ, ըստ տեղեկութիւններու, սխալ թռիչքներով ժամանող պայուսակներու քանակի տասնապատիկ աճ տեղի կ՛ունենայ:
Ոմանք այս երեւոյթը կ՛անուանեն կորսուած պայուսակներու ամառ, եւ կան առօրեայ պատմութիւններ այն մասին, որ իրենց պայուսակները պահանջողներ թիւը կ՛աճի, որովհետեւ պայուսակները անխնամ ձգուած են իրենց ճակատագիրին:
Աճող համաշխարհային ճգնաժամը մեղմացումի ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ:
«Էմիրէյց» օդանաւային ընկերութիւնը կը մեղադրէ Լոնտոնի Հիթրօ օդակայանի քաոսային վիճակը` տրուած ըլլալով, որ ան սահմանափակած է առօրեայ ճամբորդներու թիւը եւ օդանաւային ընկերութիւններուն թելադրած է թռիչքներու սահմանափակ թիւով տոմսեր վաճառել:
Հիթրօ հակադարձեց օդակայանին մէջ տեղի ունեցած քաոսային վիճակին վերաբերեալ քննադատութիւններուն, այն իրողութենէն ետք, երբ հարիւրաւոր կորսուած պայուսակներ նետուեցան սրահ մը, որպէսզի հետագային անոնց հարցը լուծուի: Օդակայանը օդանաւային ընկերութիւնները կը մեղադրէ գետնի վրայ բաւարար անձնակազմ չունենալնուն համար, այն անհրաժեշտ անձնակազմը, որ պէտք է աշխատի ճամբորդները արձանագրելու եւ պայուսակներու փոխադրութիւնը կազմակերպելու համար, եւ նշած է, որ անոնք` «Շահը վեր կը դասեն ապահով եւ վստահելի ճամբորդութենէն»:
Կորսուած պայուսակներու նման «գերեզմանոցներ» կը գտնուին Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի, Տապլինի, Ամսթերտամի եւ այլ օդակայաններու մէջ:
Օդանաւային որոշ ընկերութիւններ ունին քաղաքականութիւն, որ կը փոխհատուցէ միայն հագուստի մը եւ կօշիկի մը ծախսերը, եթէ ճամբորդին պայուսակը վերադարձնելու համար կը պահանջուի աւելի քան երեք շաբաթ:
«Ոչ ոք կը պատասխանէ հեռաձայնին,- կ՛ըսէ Փասքալ, որուն երկու հանգրուանով ճամբորդութիւնը` Ցիւրիխէն Փորթլենտ, տեղի ունեցաւ ուշացումներով, որոնց պատճառով անոնք ստիպուած գիշերեցին Լոնտոնի մէջ: – Մենք եօթը շաբաթ տեւողութեամբ ճամբորդութեան ելած ենք Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկու եւ չորս տարեկան երեխաներու հետ, եւ չենք գիտեր, թէ արդեօք պէ՞տք է գնենք այն, որ մեզի անհրաժեշտ է: Այս խառնաշփոթը միայն ժամ առ ժամ աւելի կը վատանայ»:
Համակարգուած հարցերու պատճառով Փասքալ կը զգայ, որ օդանաւային ընկերութիւնները «որոշած են զոհաբերել պայուսակները, որպէսզի մարդիկ կատարեն իրենց ճամբորդութիւնները»: Բայց մարդոց պայուսակները կը ներառեն եզակի իրեր, որոնք ունին «ահռելի» զգացմունքային եւ տնտեսական արժէք, կ՛աւելցնէ ան:
Հեռաձայնային ինքնագործ գիծերը շատ քիչ պատասխաններ կու տան, իսկ տեսարժան վայրեր դիտելու համար ճամբորդող մարդիկ մնացած են քաֆքայական մղձաւանջներու մէջ, մինչ անոնց արձակուրդները կը խանգարուին:
Կը թուի, թէ համաշխարհային խայտառակութիւնը կարելի էր կանխել ամառնային օդային ճամբորդութիւններու նկատմամբ պահանջի աճի երկար կանխատեսումով: Բայց երբ ամբողջ աշխարհի մէջ տասնեակ հազարաւոր օդաչուներ, օդանաւերու անձնակազմի անդամներ եւ օդակայանի աշխատակիցներ աշխատանքէ արձակուեցան միջազգային ճամբորդութիւններու համաճարակի արգելքներու պատճառով, ընկերութիւնները դանդաղեցան նոր պաշտօնեաներ գործի առնելու:
Աւստրալիոյ մէջ յառաջատար օդանաւային «Քանթաս» ընկերութիւնը, ըստ տեղեկութիւններու, կը կորսնցնէ 10 պայուսակներէն մէկը: Ան կը տառապի բեռներ փոխադրողներու պակասէն, քանի որ համաճարակի ընթացքին այդ գործը վստահած էր 1700 աշխատաւոր հաշուող այլ ընկերութեան մը, սակայն այդ որոշումը ապագային ապօրինի ճանչցուեցաւ: Աշխատանքային պայմաններու եւ ցած վարձատրութեան պատճառով գործադուլներ կան նաեւ Եւրոպայի մէջ:
«Տելթա» օդանաւային ընկերութիւնը, որ անցեալ շաբաթ յայտնած էր 735 միլիոն տոլարի եռամսեակային շահին մասին, կատարեց «ստեղծագործական» քայլ մը եւ Բրիտանիայէն դէպի Տիթրոյթ իր կեդրոնը ուղարկեց 1000 կորսուած պայուսակներով օդանաւ մը: Սակայն հազարաւոր մարդիկ տակաւին չեն գտած իրենց թանկարժէք իրերը, առաջին անհրաժեշտութեան առարկաները` ընդհանուր խառնաշփոթի մէջ:
«Ես երեք ժամ սպասեցի պայուսակներու կարուսելին մօտ` մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, որպէսզի օդանաւային ընկերութեան անձնակազմի անդամը վերջապէս գայ եւ ինծի ըսէ, որ համակարգին մէջ նոյնիսկ իմ պայուսակիս արձանագրութիւնը չկայ,- կ՛ըսէ Տեպորա, որ ճամբորդած էր Մեքսիքայէն Լիմա` Քոփա օդանաւային ընկերութեան միջոցով: – Մենք կը փնտռենք քու պայուսակդ, եւ աւելի լաւ է` դուք մնաք այստեղ` Լիմա, քանի մը շաբաթ, որպէսզի մենք աւելի դիւրին ուղարկենք ձեզի, եթէ այն յայտնուի,- ըսաւ պաշտօնեան: – Բայց ես ատկէ ետք ոչինչ լսեցի իրենցմէ»:
Ան կ՛աւելցնէ, որ իր հսկայ պայուսակը կը պարունակէր 1500 տոլար արժողութեամբ իրեր, եւ ինք գրեթէ առանց դրամի մնացած է, երբ փոխհատուցում չէ ստացած եւ պէտք էր նորէն գնէր իր բոլոր հագուստները, առաւել` բազմաթիւ այլ իրեր: «Ես իմ ամբողջ կեանքովս կը ճամբորդէի», կ՛աւելցնէ ան:
Եու Թիւպի Քոնոր Քոլոքհուն եւ անոր խումբը 50 հազար տոլար վնասեցին, երբ յունիսին Հիթրոյի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ նկարահանման գործիքներ պարունակող երկու պայուսակներ անհետացան: «Երբ մենք էջք կատարեցինք, անոնք մեզի ոչինչ կ՛ըսէին,- կը հաստատէ ան: – Մենք գրեթէ ամէն օր քանի մը անգամ փորձած ենք կապուիլ օդանաւային ընկերութեան հետ, սակայն ոչ մէկ կապ կրցանք հաստատել: Անկարելի էր խօսիլ իրական մարդու հետ»:
Երբ պայուսակները ի վերջոյ կը յայտնուին, որոշ պարագաներու անոնք ճզմուած կ՛ըլլան, եւ հասարակական ցանցերու մէջ ուշադրութիւնը այս գծով կ՛օգնէ փոխհատուցումներ ստանալ` յաճախ անպատասխան օգնութեան գիծերէն: Այլոց պայուսակները կը վերադարձուին իրենց տուները, բայց` մտահոգութեամբ լեցուն օրերէ ետք:
Ամերիկացի զբօսաշրջիկ Տոննա Օ’Քոնոր, որ 30 յունիսին մեկնած էր Իրլանտա` իր հանգուցեալ ծնողներուն մոխիրը ընտանեկան արտին մէջ սփռելու համար, երկար սպասումէ ետք ստացաւ պայուսակը, ուր ծնողներուն մոխիրը կար:
Օ՛Քոնոր մէկ շաբթուան ընթացքին ամէն օր կ՛այցելէր Տապլինի օդակայան` յուսահատ փորձելով գտնել իր ծնողներու թանկարժէք մասունքները պարունակող պայուսակը: «Ես բառացիօրէն տեսայ աւելի քան հազար դէպք: Քանատական օդանաւային ընկերութիւնը ինծի տեղեկացուց, որ իրենք իմ պայուսակներս ետ ուղարկած են Շիքակոյի իմ տունս: Ես ուղղակի անհանգստացայ»», ըսաւ Օ՛Քոնոր:
Մասամբ արհեստագիտական յառաջընթացի շնորհիւ անհետացած պայուսակներու թիւը վերջին 10 տարիներու ընթացքին նուազած էր, սակայն 2019 թուականին անիկա բազմացած է պահանջի աճի խորապատկերին վրայ, եւ այդ տարուան յունիսին Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութիւններու կողմէ 1000 պայուսակներէն 7-ն սխալ ուղղութեամբ գացած են:
Պայուսակները «սխալ ուղղութեան» թիւը այս տարի ընդհանրապէս դեռ չէ գերազանցած մինչեւ համաճարակային ցուցանիշները` ըստ մինչեւ ապրիլ ամսուան տուեալներու: Բայց զբօսաշրջային գործակալութեան գործադիր Մարք Կասթոն կ՛ակնկալէ, որ ամրան ընթացքին տուեալները կ՛արտացոլացնեն իրավիճակի վատթարացումը:
«Զգալի թիւով մարդիկ չեն վերամիանար իրենց պայուսակներուն: Ասիկա շատ աւելի հաւանական է, քան` պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակ: Գործը կը բախի աւելի շատ մարտահրաւէրներու, քան` ասպարէզին մէջ իմ 25 տարիներու ընթացքին: Ճամբորդական ասպարէզի բոլոր հատուածները կը պայքարին աշխատաւորներու պակասի դէմ` դարպասներու գործակալներէն եւ պայուսակներու բեռնափոխադրողներէն մինչեւ օդաչուներ եւ անձնակազմ», կ՛ըսէ ան:
Միայն այն ժամանակ, երբ օդանաւային ընկերութիւնները եւ օդակայանները կը կայացնեն անձնակազմի աշխատանքի ընդունման եւ վերապատրաստման լայն գործընթաց, խնդիրները զգալիօրէն կը թեթեւնան:
«Ես անկեղծօրէն խորհուրդ կու տամ բոլոր ճամբորդներուն, հնարաւորութեան պարագային, խուսափիլ պայուսակները յանձնելէ», կը զգուշացնէ Կասթոն:
Այլ մասնագէտներ ճամբորդներուն կը յանձնարարեն գնել պայուսակներուն հետեւող սարքեր եւ լուսանկարել պայուսակին մէջ գտնուող թանկարժէք իրերը` ապահովագրական ընկերութիւններուն փաստեր ներկայացնելու պարագային:
«Մաֆր» ընկերութիւնը վերջերս յայտնեց նորութիւն մը, որ կրնայ հանգստացնել որոշ ճամբորդներ, նշելով, որ կորսուած պայուսակներուն մեծ մասը կը վերադարձուի իրենց տէրերուն` ըստ ցարդ ստացուած բողոքներու վերլուծութեան:
Չոյը տակաւին լաւ լուր պէտք էր ստանար օդանաւային ընկերութէնէն: Բայց ան պայուսակներուն վրայ դրած հետեւող սարքին շնորհիւ կրցաւ գիտնալ, որ տղուն պայուսակը հասած է Մեքսիքա:
«Մենք արդէն իսկ անհրաժեշտ իրերը գնեցինք: Եւ մենք տակաւին կրնանք մնալ առանց մեր պայուսակին, բայց մենք լի ենք սիրով եւ երախտագիտութեամբ այս արձակուրդին համար», կ՛ըսէ ան: