Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Իմանային…» Պիտի Կրկնէին Իրենց Արարքը, Որովհետեւ Երազի Տղաք Էին (Լիզպոն 39-Ամեակ)

Յուլիս 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Քեզ անձնասպան կոչեցին, սակայն հերո՛ս ճշմարիտ`
Դուն չուզեցիր պարտըւիլ, ըլլալ ստրուկը կեանքին.
Եւ տուընջեան լոյսերու ծաղկումին մէջ առաջին`
Գացիր մահուան ընդառաջ, որ քու երազդ ապրի միշտ»:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
«Կեանք ու երազ»

Այս օրերուն պժգալի առօրեայէն դուրս գալու ամենանուրբ, ապահով ու վսեմ ճանապարհը դէպի սեփական գրադարան ուղղուելու պատեհ առիթն է, որով մարդ անհատ պիտի կարենայ շրջանցել ճնշիչ ժամանակները եւ արժանանալ գիրքերու սրբազան լոյսին ու հաւաստիացումներուն:

Իրօք, այս օրերուն, գիրքերը դարձեր են մէյ-մէկ «հայելի»-ներ, որոնք ծարաւը ունին թէ՛ ընթերցուելու, եւ թէ գուրգուրանքի արժանանալու:

Յետ քանի մը վայրկեանուան պրպտումին, ահա ձեռքիս էր Մուշեղ Իշխանի սա գողտրիկ գրքոյկը` «Կեանք ու երազ», 87 էջանի, հրատարակուած 1949-ին, Պէյրութ: Գիրքին մէջ կը տողանցէր բանաստեղծութիւններու շարք մը, ուր կը հանդիպինք նրբազգաց մտաւորականին եւ տաղանդաւոր բանաստեղծին ներաշխարհային փայլատակումներուն, յոյզերուն, տուայտանքին, ապրումներուն եւ այլն:

Ահա մեր դիմաց կը պարզուի «Անձնասպան տղու մը» նուիրուած քերթուածը, ուրկէ մէջբերեցինք վերոնշեալ տունը:

Զարմանալին այն է, որ գրուած տողերը այնքա՜ն հոգեհարազատ են, կարծես գրուած ըլլային ապագայի նախատեսութեամբ:

Արդ,

Սովոր է, հայ մամուլի էջերուն, ամեակներու, այսպէս ըսած, «կլոր» թիւերը նկատի ունենալ եւ լոյսին բերել տուեալ թուականի, դէմքի, դէպքի կամ արարքի մը յատկութիւնը, արժանիքն ու թելադրականութիւնը:

Այս պարագային, ըստ իս, երբ Լիզպոնի սրբազան արարքին կը վերաբերի, պահ մը մեր հոգեմտային աշխարհը կը սկսի տարբեր «բանիլ», բնոյթ կրել, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ անոնք` Լիզպոնի տղաները, օր մը մեր միջավայրին մաս կը կազմէին, մեր առօրեայ կեանքին մէջ իրենց ներկայութիւնը յոյս ու կորով կը ներշնչէր, երիտասարդութեան խանդ ու ժպիտ կը պարգեւէր,  հաւատարմութեան, կամքի ու  գաղափարայնութեան մթնոլորտ կը ստեղծէր:

Այո՛, մօտիկ անցեալի օրերը տարբեր «բոյր» ունէին, հակառակ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին գործած աւերին, սպանդին, ահ ու սարսափին:

Փաստօրէն, Լիզպոնի տղաքը, ինչպէս իրենց տարեկից տղաները, հայ իրականութեան պաշտպաններն էին, որոնք հազիւ 20 գարուններ բոլորած, արդէն իրենց ուսերուն կը կրէին հայաշունչ գաղութին տիրութիւն ընելու ազնիւ պարտքն ու պարտականութիւնը: Անոնք, բոլորին կողքին ըլլալու սկզբունքէն մեկնած, ոչ մէկ վայրկեան զլացած էին անսալ ժողովուրդի կանչին, խնդրանքին եւ օժանդակութեան հասնիլ անոր:

ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդականի շարքերուն անդամագրուած Լիզպոնի տղաները, դաստիարակուած էին ազգային ու յեղափոխաշունչ պատումներով, բայց մանաւանդ` գաղափարական ուժին ձգողութեամբ:

Լիզպոնի մեր տղաքը, շնորհիւ իրենց դաշնակցականի հաւատամքին, ուխտին ու գաղափարական աշխարհին, իրենց կեանքին ագուցած էին նաեւ Հայ դատի նուիրական աշխատանքներուն մաս կազմելու յանձնառութիւնը: Փաստօրէն, անոնց համար հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը արդար էր ու անյետաձգելի:

Մենք 39 տարիէ կը յիշենք մեր տղաները: Կը յիշենք անոնց ապրած կեանքին իւրաքանչիւր դրուագը, աւելի՛ն. լոյսին կը բերենք անոնց մարդկային ու ազգային պահուածքը, եզակի կազմաւորումը, նկարագրային առանձնայատկութիւնը, կորովը, խանդավառութիւնը, կեցուածքը, մօտեցումներն ու տեսակը:

Այո՛, անոնց տեսակը` որակային ու արժեհամակարգային առումով: Եւ այս բոլորի ընդգծումը կը կատարենք ոչ թէ անոր համար, որ զանոնք ճանչցած ենք մեր կեանքին մէջ, լսած ենք անոնց խօսքն ու ապրումներու խայծերը, այլ նաեւ անոր համար, որ անոնք իրաւ ու կենդանի գործով ապացուցեցին հայրենապաշտութիւնը:

Աւելի՛ն. յետ գործողութեան, երբ հայ թէ միջազգային հանրութիւնը իրազեկ կը դառնար, տեսերիզի արձանագրութեամբ, իրենց իսկ բերնով արտասանուած մտքերուն, արդէն միանգամընդմիշտ կը յստականար իւրայատուկ կոչումի տէր այս տղոց յատկութիւնը:

Վերջերս ցաւով ընթերցեցի Սիմոն Եահնիեանի եղբօր մէկ գրառումը, ուր ան, ինչպէս միշտ, խոր ցաւով կ՛ընդգծէր վերջին տարիներուն հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ արձանագրուած դժխեմ երեւոյթները, ներքին պայքարը, պառակտումները, երբ անդին բարբարոս թուրք-ազերին ամէն միջոցի կը դիմէ ծունկի բերելու հայութիւնը` իր պետականութեամբ եւ ժողովուրդով:

Զարեհը` Սիմոնի եղբայրը,  Լիզպոնի տղոց օրուան յիշատակին առիթով, «Եթէ իմանային» շարքով մը հանդէս կու գայ, եւ, իր կարգին, իբրեւ գաղափարական ու հայրենասէր տղամարդ, սուր կսկիծով եւ ամօթի ապրումներով լոյսին կը բերէ հայրենիքի մէջ պատահած ոչ հայավայել վերաբերումները, գործընթացները:

Ան, նահատակ եղբօր եւ ընկերներուն սխրանքը սրբացնելու առընթեր, կ՛ափսոսայ` ի տես հայ քաղաքական մտքին բոպիկութեան, դաւաճանութիւններու տեսականիին, հոգեւոր թէ մտաւորական դասու խեղճութեան, պատեհապաշտ եւ փտած այս կամ այն պատասխանատուին տխուր կեցուածքին, հայրենիքը ծախու հանած պետական այրերու հաճոյասիրութեան, բայց մանաւանդ` հայութեան ծոցին մէջ ապրող հայ զանգուածի մը թրքասիրութեան, կեղծ խաղաղասիրութեան:

Պէտք է յիշել, թէ առաջին անգամ չէ, որ Զարեհ նման երեւոյթներու մասին իր ձայնը կը բարձրացնէ, կը պոռթկայ ու կ՛ընդվզի: Այդուհանդերձ, ինչ որ մտահոգիչ է եւ անըմբռնելի, գէթ մեզի համար, որ սրբազան տղոց յիշատակին առիթով գրի առնուած մտածումները, սապէս «վիրաւոր»-ական կը թուին ըլլալ, նոյնինքն սրբազան տղոց ու անոնց գերազանց զոհողութեան արարքին հաշուոյն:

Զարեհ քաջ գիտէ, որ Լիզպոնի գործողութենէն տասնամեակներ առաջ, երբ հայութիւնը ազգային ազատագրական պայքարին մէջ իր ընտիր զաւակները կը զոհէր, հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունէին կեղծ հայրենասէրներ, ամիրաներ, բոշաներ, սուլթանի փառքը հիւսող լորձնաշուրթեր,  դահիճ թուրքին հաւատացողներ, դաւաճաններ, թշնամի պէյերու քղանցքին երկրպագուներ, պատեհապաշտներ եւ այլն:

Այո՛, այդ օրերուն կային նաեւ սրբազան «խենթ»-եր, հայդուկապետեր, ֆետայի տղաներ եւ անզուգական ղեկավարներ, որոնք ի գին անասելի զոհողութեան եւ անբացատրելի նուիրուածութեան կրցան հայրենիք ու պետութիւն կերտել:

Ցաւ ի սիրտ, օրին, Ռոստոմի, Արամի, Նժդեհի, Դրոյի, Նիկոլ Դումանի, Վանայ Իշխանի, Բաբգէն Սիւնիի ու բազում նուիրեալներու սուրբ աշխատանքն անգամ քննադատութեան թէ խծբծանքի առարկայ դարձաւ, անշուշտ, հայ տականքներու կողմէ: Այդուհանդերձ, հայ ազատագրական պայքարի վերոնշեալ տղաները մնացին իրերայաջորդ սերունդներու մտքին ու հոգիին լոյս ու կամք սփռող առաջնորդներ, վկայ` Լիզպոնի գործողութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարը:

Ի խորոց սրտի կը հասկնանք, ազնուասիրտ ու հայրենապաշտ իւրաքանչիւր հայու տառապանքը` ի տես վերջին տարիներու Հայաստանի թէ Արցախի հողին վրայ պատահածին: Լաւապէս կ՛ըմբռնենք որդեկորոյս ծնողներու անդարմանելի ցաւը, կը խոնարհինք հայոց ազատութեան բագինին ճրագը վառ պահող ազատամարտիկի թէ հայ զինուորի զոհողութեան առջեւ, աւելի՛ն. մեր լեռնացած ցասումն ու նախատինքը կը շպրտենք բոլոր այն  ղեկավարներու (հին թէ նոր) երեսին, որոնք իրենց ստապատիր խօսքերով, դաւաճանի պահուածքով եւ փտածութեամբ յագեցած գործով պատճառ դարձան Արցախի կորուստին, բազմահազար տղոց արեան հեղումին` պահել չկարենալով հայոց չքնաղ Շուշին անգամ:

Միւս կողմէ, մենք նաեւ ականատես ենք, մեր առօրեայ կեանքին մէջ, թէ հայու դիմագիծը որքա՜ն աղաւաղուած է, գաղափարականի շունչը որքա՜ն տկարացած, ամլացած է, իսկ մարտականի ոգին որքա՜ն աղքատացած, նուաստացած է: Ինչպէս այլ ժողովուրդներու մէջ, նաեւ հայ իրականութեան երիտասարդ շարքերը կլանուած են, այսպէս ըսած, դիմատետրեան ախտերով, ցուցամոլական երեւոյթներով եւ կեղծ հայրենասիրութեամբ: «Կենաց»-ներով հայրենիք չի պաշտպանուիր:

Ո՛չ, երիցս ո՛չ, մենք իրաւունքը չունինք, մեր աստուածացած տղոց յիշատակը խնդրոյ առարկայ դարձնել` պահ մը մոռացութեան տալով անոնց սրբազան արարքը:

Մեր սրբազան տղաները յուսալքուած ու խեղճացած հոգիով չգացին Լիզպոն: Անոնք, իրենց մարտականի ու գաղափարականի կոչումին հաւատարիմ` նետուեցան կռուի դաշտ, զարկին ու զարնուեցան, եւ ճակատագրական մէկ պահուն` արեամբ շաղախեցին իրենց սուրբ երազը:

Անոնք նախ իրենց հոգիին մէջ աշտարակած էին իրենց երազի ամրոցը: Չէին ուզած կեանքի ստրուկը դառնալ, այլ ապառաժեայ համոզումով արշաւեցին Լիզպոն եւ արարատասէրի ժպիտը դէմքին, պայթեցուցին յաւերժութեան ուժանակը:

Իսկ մեզի նման սովորական մահկանացուներ, որքան ալ փորձենք հասկնալ անոնց արարքին մեծութիւնը, հրաշափառ իմաստն ու գաղափարայնութիւնը, ըստ երեւոյթին, երկա՜ր, շատ երկար տարիներ պէտք են ըմբռնելու սրբազան տղոց նման  կազմաւորումին առանձնայատկութիւնը:

Կը հաւատանք, որ անոնք եթէ նոյնիսկ «իմանային…», դարձեալ պիտի նետուէին մարտի դաշտ, որովհետեւ անոնք տարբեր էին, երազի տղաք էին:

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Պատգամը` Այսօրուան Իշխանութեան

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերուն Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Սարդարապատ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?