Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը յուլիս 11-ին հաղորդեց, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ան շնորհաւորած է Թուրքիոյ ղեկավարը Ատհայի տօնին առթիւ, իսկ Էրտողան իր կարգին Փաշինեանը շնորհաւորած է յուլիս 24-ին նախատեսուած Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ:
Էրտողանի քայլը զաւեշտակա՞ն է, թէ՞ Վարդավառի տօնը հեգնելու կանխամտածուած քայլ: Արդեօ՞ք այդ օր շատ զբաղած պիտի ըլլայ, թէ՞ տեղեակ է, որ Փաշինեան այդ օր շատ զբաղած պիտի ըլլայ, ուստի կը շտապէ 13 օր առաջ իսկ շնորհաւորելու Հայաստանի վարչապետը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ անոնք իրենց հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ընդգծած են իրենց երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմանի հոլովոյթի կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Այս ծիրին մէջ անոնք յոյս յայտնած են, որ 1 յուլիսին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր ետք, ի պատասխան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցի եւ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող երկխօսութեան մասին «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին, յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ դրականօրէն պիտի անդրադառնայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ: Հայ-թրքական երկխօսութիւնը ներուժ ունի մեծցնելու շրջանային կայունութիւնը, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ յանգեցնելու աւելի մեծ տնտեսական զարգացման, որ շահաւէտ է բոլորին համար: Անիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր` հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ պատերազմը: Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են այս կարեւոր երկխօսութեան աջակցելու այնպէս, ինչպէս կողմերը պատշաճ կը համարեն»:
Առաջին հերթին յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած հարցումը ինքնաբուխ չէ, այլ` դասաւորուած, այն պարզ պատճառով, որ զայն յղողը «Ամերիկայի ձայն»-ն է` Միացեալ Նահանգներու պետական ձայնասփիւռի կայանը: Ըստ երեւոյթին, նախարարութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով նախընտրած է, փոխան պաշտօնական հաղորդագրութեան հրապարակման, այս ձեւով մեկնաբանել Փաշինեան-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:
Այն հաստատումը, որ` «Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման», նոր տեղեկութիւն մը չի փոխանցեր: Ուաշինկթըն միշտ ալ աջակցած է այդ հոլովոյթին: Այսօր ո՞վ չի յիշեր 10 հոկտեմբեր 2009-ի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ցիւրիխեան արձանագրութիւններու շուրջ համաձայնութեան գոյացման եւ ստորագրման մէջ ամերիկեան հովանաւորութիւնն ու օրին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի թափած ջանքերը: Այստեղ հետաքրքրականն ու նորութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւն-պատասխանին մէջ «Անիկա ( հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը) յատկապէս կարեւոր է այսօր` հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ պատերազմը» տողն է:
Ուաշինկթըն միշտ ալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնելու միջոց նկատած է: Այդ հոլովոյթը «այսօր», Ուքրանիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ, այդ նպատակի իրագործման համար աւելի «կարեւոր» միջոցի վերածուած է:
Ամերիկեան կողմի այս քաղաքականութեան ետին կը գտնուի այն տրամաբանութիւնը, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումով Գիւմրիի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանը պիտի կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը, ինչ որ պիտի յանգեցնէ Հայաստանի Հանրապետութենէն ռուսական ուժերու, հայկական իշխանութիւններու պահանջով, հեռացման եւ անոր զուգահեռ` ռուսական ազդեցութեան առնուազն նկատառելի նուազեցման: Այս նպատակը միայն Միացեալ Նահանգներունը չէ, այլ` ընդհանրապէս Արեւմուտքինը:
Ռուսական կողմը բնականաբար այս բոլորին քաջ կը գիտակցի: Այո՛, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը չի բխիր անոր շահերէն, սակայն Մոսկուան խուճապահար չէ:
Յուլիսի սկիզբը արդէն հայկական մամուլին մէջ սկսան շրջանառութեան մէջ դրուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ռուսական նոր ռազմակայանի մը կառուցման մասին լուրեր: Ըստ հաղորդուող տեղեկութիւններուն, անիկա պիտի տեղակայուի Տաւուշի մարզի մէջ` Նոյեմբերեան եւ Բերդ խոշորացուած համայնքներու վարչական սահմաններուն մէջ, մասնաւորաբար Այգեպար բնակավայրէն ոչ հեռու գտնուող հին, խորհրդային ժամանակներէն մնացած ու առայժմ չգործող օդակայանի եւ Ոսկեպար բնակավայրերու տարածքին մէջ: Ռազմակայանը իր գոյութեամբ իսկ պիտի ապահովէ Հայաստանի` Ազրպէյճանի հետ սահմանի անվտանգութիւնը: Անիկա նաեւ իր մէջ կը պարունակէ շրջանի բնակչութեան համար հնարաւոր նոր աշխատատեղիներու ստեղծման խոստումը:
Ռուսական նոր ռազմակայանի բացումը նաեւ իր մէջ կը պարունակէ բոլորին ուղղուած յստակ պատգամ մը. ռուսական արջը այստեղ է եւ հեռանալու որեւէ նպատակ չունի: Իրողութիւն մը, որմէ կը բխին երկու բեմագրութիւններ. առաջինը այն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը հաւանաբար դատապարտուած է ձախողութեան եւ քանի մը ցուցադրական քայլերէ անդին պիտի չերթայ: Մոսկուան պիտի ձախողեցնէ զայն: Երկրորդը Ճափոն-Չինաստան բնորդին մէկ տարբերակն է:
Ճափոնի համար Չինաստանն ու Հիւսիսային Քորէան անվտանգութեան սպառնալիք եղող երկիրներ են, ուստի Ճափոնի մէջ ամերիկեան ռազմակայան գոյութիւն ունի: Նոյն ատեն Թոքիոն Փեքինի հետ 29 սեպտեմբեր 1972-էն ի վեր հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի: Անոնք այս տարի նշեցին իրենց միջեւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 50-ամեակը: Ճափոնի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի գոյութիւնը արգելք չ՛ըլլար անոնց միջեւ դիւանագիտական, սերտ տնտեսական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ` ժողովրդային ու մշակութային փոխանակումներու գոյութեան:
Կը մնայ տեսնել, թէ Քրեմլին այս երկու բեմագրութիւններէն ո՞ր մէկը պիտի ընտրէ: Այստեղ շատ կարեւոր ազդակ պիտի ըլլայ այն, թէ Ռուսիան որքա՛ն ինքնավստահ է: Ուքրանիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ Քրեմլինի մէջ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ, ի տարբերութիւն Ճափոնի, Հայաստանի տնտեսապէս շատ տկար ու խոցելի ըլլալուն իրողութիւնը չի կրնար Ճափոն-Չինաստան բնորդի որդեգրման համար նպաստաւոր ըլլալ: Յամենայն դէպս երկու բեմագրութիւններու պարագային ալ ռուսական կողմը պիտի երաշխաւորէ Արեւմուտքի կողմէ «փայլուն արդիւնք»-ի արձանագրումը: