Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 39-Ամեակի Ոգեկոչման Օրուան Բանախօս Անի Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Օգոստոս 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անի Բագրատունի

39 տարիներ մեզ կը բաժնեն ձեզմէ, սիրելի՛ Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Արա եւ Սեդօ…

Տարիներ առաջ դո՛ւք ալ, մե՛նք ալ երիտասարդ էինք, բայց այսօր մենք հասած ենք հասուն տարիքի, իսկ դո՞ւք… Դուք յաւիտեան պիտի մնաք 19-21 տարեկան երիտասարդներ: Մենք ընտանիք կազմեցինք, զաւակներ ունեցանք, իսկ դուք միշտ պիտի մնաք երիտասարդ, ամուրի…

Բայց պիտի մնա՛ք: Պիտի մնաք եւ գոյատեւէք մեր մահէն ալ ետք, պիտի մնաք եւ հրահրէք տակաւին շա՛տ մը հայ երիտասարդներու հոգիներ, պիտի մնա՛ք ու օրինակ ծառայէք շա՜տ ու շա՛տ երիտասարդներու… Պիտի ապրի՛ք յաւիտեան:

Մարդ արարածը միշտ ալ փնտռած է անմահութեան գաղտնիքը, արդեօ՞ք դուք ալ նոյն փնտռտուքին մէջ էիք, երբ որոշեցիք ընդունիլ այդ արարքին գործադրութիւնը…

Միշտ ու միշտ մտածած եմ, թէ ո՞վ առաջարկեց ձեզի, ո՞վ ընտրեց ձեզ եւ ինչո՞ւ ձեզ…

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերն էին, բոլոր մեզի ծանօթ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները մարտական վիճակի մէջ էին, ինչպէ՞ս դուք ընտրուեցաք… եւ… ինչո՞ւ դուք…

Լուրը նոր հասած էր, ձեր անունները` գիտցուած: Սիմոնին անբաժան ընկերը` Գէորգը, «Նիկոլ Դուման» ակումբին դրան մէջ կանգնած, հեկեկալով կու լար: Երբ մօտեցայ մխիթարելու եւ յիշեցնելու, որ այսպիսի հերոսներու համար չեն լար… Գէորգը ընդվզած պատասխանեց. «Ես իրենց համար չեմ լար, ես նեղացած եմ, որովհետեւ ես եւ Սիմոնը ուխտած էինք ամէն բան միասին ընել, ինչո՞ւ մոռցաւ մեր ուխտը»:

Վստահ եմ` շատեր այդ զգացումը ապրեցան այդ օրերուն, ինչո՞ւ դուք եւ ո՛չ` մենք…

Սիմոնը հանդարտաբարոյ, բարի նայուածքով այդ համեստ ու լուռ տղան… Վարչական էր «Դրօշակ» մասնաճիւղի, ես` ներկայացուցիչ… Վարչութեան ընթացիկ գործերուն ըսելիք չունէր, իսկ վէճերուն չէր մասնակցեր, մինչեւ որ ընկերները լռէին ու բոլորին աչքերը իրեն դառնային, այն ատեն Սիմոնը կու տար վճիռը` կշռուած ու արդար վճիռը:

Սիրուած ու յարգուած բոլորէն, սիրելի՛ Սիմոն, ի՞նչ մտածեցիր վերջին վայրկեաններուդ, բայց ո՛չ… դուն նոյնիսկ այդ առիթը չունեցար, ինկած` պահակի մը գնդակով, բայց վստահ եմ` ժպիտը դէմքիդ եւ աչքերուն մէջ ընտանիքիդ բոլոր անդամները, որոնց սպասած էիր վերջին գիշերը, որպէսզի հրաժեշտ տայիր:

Վաչէն, օ՜ Վաչէն, կատակասէր, միշտ քմծիծաղ մը շրթունքին ծայրը, յաճախ կ՛այցելէր ԼԵՄ-ի կեդրոն, ինք «Րաֆֆի» մասնաճիւղի ատենապետն էր: Վերջին մէկ-երկու ամիսները կու գար մարզական լաւորակ տարազներով, օր մը, երբ կատակով հարցուցի այս մասին, ըսաւ. «Թենիս կը խաղամ, ընկերուհի, հարուստներու մարզանք է, որոշած եմ բարձր դասակարգին մաս կազմել…»:

Ճիշդ ես, Վաչէ՛, դուն մեր ազգին ամենաբարձր դասակարգին մաս կազմեցիր` հերոսներու դասակարգին: Բայց, Վաչէ՛, ի՞նչ մտածեցիր, երբ «Այո՛» ըսիր այս գործողութեան մասնակցելու առաջարկին, հպա՞րտ էիր, որ այդպիսի գործ մը քեզի կը վստահուէր: Պատրաստութեան ընթացքին տագնապեցա՞ր, ամէն բան, որ ըրիր, մտածեցի՞ր, թէ վերջին անգամն է, որ կ՛ընես, կասկածեցա՞ր կարողութեանդ, կամքդ… չենք գիտեր եւ պիտի չգիտնանք ալ: Մէկ բան գիտենք, որ ամբողջացուցիր գործողութիւնը, բայց վստահ եմ, որ նոյնիսկ «պայթած» ատենդ շրթունքիդ ծայրը քմծիծաղ մը կար… այս անգամ` ուղղուած թուրքին, եւ ո՜վ գիտէ, թերեւս` Աստուծոյ, որ արտօնած էր Ցեղասպանութիւնը:

«Չ՛ըլլար, ընկերուհի, ասանկ ընկերներու պէտք չունինք»: Տակաւին այս ձայնը եւ խօսքերը կը հնչեն ականջիս մէջ: Սագոն է` ուղղամիտ, կարգապահ, քաջ եւ տիպար ԼԵՄ-ականը, որ ոչ մէկ թերացում կ՛ընդունէր: Յաճախ, իբրեւ «Արաբօ»-ի ներկայացուցիչ, կը բացատրէի, որ ԼԵՄ-ը դաստիարակուելու տեղ է, կամաց-կամաց կը սորվին պատանի երիտասարդները. սակայն Սագոյին համար անօգուտ էր, ան կը հաւատար, որ մարդու մը նկարագիրը չի փոխուիր եւ տկարներու, խարդախներու, ծոյլերու տեղը չէր իր պաշտած կուսակցութիւնը:

Երբ լսեցի, որ ոտքին գաճը իր ձեռքերով հանած է, նոյնիսկ չզարմացայ, այդ կրակոտ ու անհանդարտ տղան չէր կրնար կաշկանդուիլ… Եւ արարքէն ետք ալ հասկցայ, թէ վախը, որ չկարենայ մասնակցիլ Լիզպոնի գործողութեան, որքա՜ն մեծ եղած էր: Բայց, Սագօ՛, սիրելի՛ Սագօ, վերջին վայրկեանին, վճռական վայրկեանին, ինչպէ՜ս հանդարտ մնացիր, ինչպէ՞ս, այն ի՞նչ ուժ էր, որ քեզ գամեց գետին, ի՞նչ մտածեցիր, արդեօք մա՞յրդ յիշեցիր, այն հերոս մայրդ, որ քեզ ծնած մեծցուցած էր…

«Մենք Ray Ben ակնոց դնողներ չենք միայն, թո՛ղ տեսնեն, ընկերուհի, մենք Րաֆֆի Էլպէքեանի նման հերոսներ ունինք»: Նախորդ ամսուան բանակումին «Հայաստան» մասնաճիւղի տղաքը Ray Ben ակնոցով բանակումի գացած էին եւ այդ պատճառով ալ բաւական ծաղրուած` Պուրճ Համուտի ԼԵՄ-ական ընկերներէն:

Արան շա՜տ ազդուած էր այդ խօսքերէն եւ Պելկրատի գործողութենէն ետք անդադար կը կրկնէր այդ խօսքերը եւ կը շարունակէր Ray Ben կրել:

Սիրելի՛ Արա, այն օրէն, որ «Աղբալեան» ոտք դրած էի, դուն հոն էիր: Պճլիկ մարմնովդ, սեւ գանգուր մազերովդ եւ պսպղուն աչքերովդ:

Չարուկ կրտսեր պատանի մը, յետոյ պատանի եւ վերջը` ԼԵՄ-ական… Քու պահակութեանդ գիշերներուն ինչե՜ր չէին քաշած ընկերներդ ձեռքէդ… Չարաճճի Արա… Եռանդուն ու խանդավառ Արա…

ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի 1983 մայիս 28-ին ակումբին մէջ ընկերական խրախճանք մը կազմակերպուած էր, դուն ալ թամատան էիր, Արա՛: Ինչպէս ամէն առիթի, այս խրախճանքի աւարտին ալ առաջարկուեցաւ հանգանակութիւն ընել քաղաքական բանտարկեալներուն համար: Ներկաները` բոլորը անգործ երիտասարդներ, քանի մը ոսկիով մասնակցեցան: Խրախճանքի աւարտին քիչ մնացած` եկար ըսելու, որ տուն կ՛ուզես երթալ-գալ:

Շա՜տ պնդեցիր, եւ ես տեղի տուի, եղբօրդ հետ գացիր ու 10 վայրկեանէն վերադարձար` թիթեղէ կաթի մեծ տուփով մը, որ գանձանակի վերածած էիր: Կոտրեցիր կափարիչը եւ տուփին պարունակութիւնը ամբողջութեամբ թափեցիր սեղանին` յայտարարելով, որ այդ գումարը քու եւ եղբօրդ տարուան մը խնայողութիւնն էր, եւ ամբողջութեամբ նուիրեցիր քաղաքական բանտարկեալներուն:

Ներողութիւն, Արա՛, ներողութիւն, որ այդ օրը մտածեցի. «Խե՛նթ Արա, դուք որքա՜ն նիւթական դժուարութեան մէջ էք, օր մը կ՛աշխատիք, ուրիշ օր մը չէք աշխատիր: Հայր չունիք, մայրդ եւ հիւանդ եղբայրդ ձեր երկուքին պատասխանատուութիւնն են, պէտք չունէիք նուիրելու այդ գումարը»:

Ի՜նչ գիտնայի, որ այդ թուականէն ճիշդ ամիս մը ետք ածխացած դիակ մը բնաւ պէտք չունէր դրամի…

Ակումբին մէջ գտած էիր փոքր ածու մը եւ ծառ մը ցանած` հոն, յիշատակներ կը ձգէիր, բայց մենք չէինք հասկնար: Այն ի՜նչ նկարագիր էր քուկդ, սիրելի՛ Արա, որ նոյնիսկ քու մահէդ 3 ամիս ետք նշանուելիք ընկերոջդ եւ ընկերուհիիդ համար նուէր մը պատրաստած էիր եւ յանձնած` ընկերոջ մը, որ քու կողմէդ նուիրէ իրենց…

Վերջին ժողովիդ (վարչական էիր) յայտարարեցիր Յունաստան այցելութեան երթալու որոշումիդ մասին: Ժողովէն ետք կանչեցի քեզ եւ իբրեւ մեծ քոյր` խօսեցայ հետդ, ըսիր. «Շատ յոգնած ու ճնշուած կը զգամ, փոփոխութեան եւ հանգիստի պէտք ունիմ»: Երբ հարցուցի նիւթականին մասին (մեծ քրոջ պէս էի իրեն), ըսաւ. «Կը յիշե՞ս ոսկիէ զինանշանով վզնոցս, ատի ծախեցի, վերջը նորէն կը շինեմ»: Արդեօք ծախե՞ց, չեմ գիտեր: Այդ վայրկեանին ընկեր մը մօտեցաւ եւ խնդրեց, որ զինք տեղ մը հասցնեմ, առաջարկեցի Արային ընկերանալ, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, կ՛ուզէի երկարել մեր հանդիպումը: Երբ առանձին մնացինք, խօսեցաւ մօրը մասին, թէ ինչպէ՛ս չի հասկնար իր բազմազբաղութիւնը եւ տունէն երկար բացակայութիւնները:

Քիչ մը պաշտպանեցի մայրը, նոյն ատեն զինք ալ քաջալերեցի… Մեր վերջին խօսակցութիւնը, սիրելի՛ Արա, որ բառ առ բառ դրոշմուած է մտքիս մէջ:

Դուն ի՞նչ մտածեցիր, որո՞ւ մասին, թերեւս ընկերուհիի՞դ, թերեւս մօ՞րդ եւ կամ հօ՞րդ մասին, որուն շուտով միացար:

«Վերջին ամիսը, երեկոյ մը, յոգնած` ակումբէն եւ պահակութենէն, որոշեցինք «Տորա» երթալ եւ օշարակ խմել,- կը պատմէ ընկեր մը` «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղէն. – Սեդոն ալ մեր հետն էր: Նոյն վայրին մէջ կը գտնուէին լիբանանեան կուսակցութեան մը զինեալներ, երբ չես գիտեր` ինչո՛ւ, հայհոյեցին հայերուն, գիրկընդխառն կռիւ մը ծայր տուաւ: Կռուեցանք… փախանք, քանի թիւով քիչ էինք: Նոյն ատեն անդրադարձած էինք, որ Սեդոն մեզի հետ չէր մնացած, այլ կռիւի առաջին իսկ վայրկեանէն մեզ լքած ու «փախած էր»: Ակումբ վերադարձին բարկացած իրմէ` ինչե՜ր ըսինք ու քէնցած` հեռացանք իրմէ»:

Սեդոն չէր պատասխանած իրենց. լուռ ընդունած էր ամէն բան, բայց վստահաբար միտքէն կրկնած էր. «Շուտով կը գիտնաք պատճառը, շուտո՛վ»:

Դուն ի՞նչ մտածեցիր, սիրելի՛ Սեդօ, ինչպէ՞ս բաժնուեցար այս կեանքէն ու սիրելիներէդ:

Այո՛, այս ի՜նչ ուժ էր, որ այդ տղաքը գամեց գետնին, այդ ուժ չէր, այդ ուժեղ տղոց յատուկ էր, հերոսներու ուժ էր:

Հապա՞ հաւատքը իրենց Դատին հանդէպ, որ զիրենք դարձուց հաւատարիմ` իրենց նախնիներուն, զոհուած նախնիներուն:

Իսկ կա՞մքը, օ՜, այդ մէկը չեմ կրնար բացատրել, այն ի՜նչ կամք է, որ ունէիք, սիրելիներ, ինչպէ՞ս կամաւոր կատարեցիք անձնասպանական գործողութիւնը:

Ո՛ւժ, հաւա՛տք եւ կա՛մք. երեք բառեր, որոնք շատեր մղած են սրբազան արարքներու: Դուք այսօր հայ երիտասարդներուն համար նոր էջ մը բացած էք, օրինակ էք անոնց:

Ձեր գործողութենէն միայն 5 տարիներ ետք պատահականութի՞ւն էր արդեօք, երբ մէկ միլիոնէ աւելի հայեր Երեւանը ողողեցին «Ղարաբաղը մերն է» կոչերով, եւ այսօր, այո՛, Ղարաբաղը, թէեւ` մասնատուած, տակաւին մե՛րն է…

Ձեր գործողութենէն 8 տարիներ ետք Հայաստանը անկախացաւ, եւ այսօր մեր սահմանները, մեր իրաւունքները, մեր կեանքը պաշտպանող քաջ եւ հզօր բանակ ունինք` ձեր նման երիտասարդներէ կազմուած: Ափսո՜ս, որ այդ երիտասարդներուն նուիրումին, զոհողութեան դիմաց այսօր կայ դաւաճան-հրէշ պատասխանատու մը, որ խաբելով` «Յաղթելու ենք» կը յայտարարէր եւ առանց վարանելու` 5000 երիտասարդի մահ կ՛որոշէր: Ղարաբաղն ու Հայաստանը մասնատելու որոշում կու տար…

Ֆութպոլային քաղաքականութեան իբրեւ շարունակութիւն` տօն շնորհաւորելու քաղաքականութիւն կ՛որդեգրէր եւ ի՜նչ տօն, կ՛ընտրէր Ատհայի տօնը (երբ Աբրահամ իր որդին պատրաստ էր զոհելու Աստուծոյ սիրոյն համար, եւ Աստուած գնահատեց զայն` փրկելով զաւակը` նոխազ մը ղրկելով անոր): Իսկ դո՞ւն, պրն. վարչապետ, ինչպէ՞ս շնորհաւորեցիր այս տօնը, մարդու մը, որուն նախահայրերը տակաւին 107 տարի առաջ 1,5 միլիոն զոհեր խլեցին մեզմէ եւ այսօր ալ կը շարունակեն Ազրպէյճանի օգնութեամբ նորանոր զոհեր խլել: Նոյն այդ մարդը եւ իր նախնիները խլեցին հազարաւոր քիլոմեթր տարածութեամբ հայաստանեան հողեր, այո՛, Հայաստանէն եւ ոչ թէ Արեւմտեան Հայաստանէն, ինչպէս դուք կը սիրէք կոչել` բաժնելով Հայաստանը, ժողովուրդը: Ո՞վ տուաւ այդ իրաւունքը ձեզի, ո՞վ էք դուք, որ մոռցած հայոց պատմութիւն` ձեռք կ՛երկարէք թուրքին, առանց բառ մը խօսելու իրենց կատարած նախ մարդկութեան, ապա հայութեան դէմ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին:

Որքա՜ն միամիտ էինք մենք` սփիւռքահայերս, երբ հազիւ Հայաստանը անկախացած` ամէն գնով ուզեցինք օգնել Հայաստանին, առանց փոխարէնը բան մը ուզելու, որքա՜ն կարօտ ունէինք հայրենիքի, որ չմտածեցինք, թէ իշխանութեան մէջ սփիւռքահայը իրաւունքներ պէտք է ունենայ, եւ այսօր ահաւասիկ, իբրեւ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչներ, ոչ միայն չեն խօսիր, Ցեղասպանութեան մասին, հողային պահանջի մասին, այլ օրն ի բուն կը փորձեն համոզել մեզ, որ նոյնիսկ Արցախը հայկական չէ եւ չէ եղած, եւ զարմանալիօրէն զայն կը համարեն ազերիական տարածք, երբ տակաւին մինչեւ 1918 թուական Ազրպէյճան գոյութիւն չունէր:

Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչներ, ժամանակն է, որ հրաժարիք խորհրդային օրերու պատմութեան գիրքերու մէջ ձեր սորվածներէն, խեղաթիւրուած պատմութիւն մը, որ կը ծառայէր խորհրդային շահերուն:

Սիրելի Սիմոն, Վաչէ, Սագօ, Արա եւ Սեդօ, այսօր ստեղծուած են համակարգիչի եւ բջիջային հերոսներ, որոնք փոխանակ այդ հարթակները օգտագործեն Հայ դատի տարածման կամ մեր իրաւունքներու պահանջին համար, զայն կ՛օգտագործեն սուտեր եւ յերիւրանքներ տարածելու` հաւատալով այդ պաստառներուն ետին իրենց գտած մէկ վայրկեանի հերոսութեան:

Տակաւին Նախիջեւանն ու Ջաւախքը բռնագրաւուած են:

Տակաւին բռնագրաւուած հայկական հողերը մեր զաւակներուն կը սպասեն…

Բարեբախտաբար վերջին քաղաքական բանտարկեալը ազատագրուած է:

Բայց այն ազգը, որ ձեզի նման հերոսներ ծնած է, նորերն ալ կը ծնի, եւ մեր ազգին ու կուսակցութեան գլխուն եկած փորձանքները կ՛անցնին:

Դուք ննջեցէք անդորր ու խաղաղ, դուք ձեր պարտքը լիուլի կատարեցիք եւ արժանացաք հերոս կոչուելու իրաւունքին:

Այժմ կարգը նոր սերունդին է…

Նախորդը

Լիզպոնի Գործողութեան 39-Ամեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Արամ Սոմունճեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Թանկագին Մեծ Մօրս Անթառամ Յիշատակին

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?