Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեր Կարիքը Ունինք Այսօր

July 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

27 յուլիս 1983-ին Հայ յեղափոխական բանակի հինգ «խենթեր»` Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճէմեան, Վաչէ Տաղլեան, Արա Գըրճլեան եւ Սիմոն Եահնիեան Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը մտան, բախում ունեցան դեսպանատան պահակներուն հետ` դրան շեմին, ուր ինկաւ «խենթերէն» 21 տարեկան Սիմոն Եահնիեանը, իսկ միւս 4-ը շարունակեցին խուժել, եւ երկու պայթում տեղի ունեցաւ:

Կը վերյիշենք մեր 5 տղոց խօսքերը, զորս անոնք արտասանեցին դէպի Լիզպոն ճամբայ ելլելէ առաջ, երբ արդէն ընտրած էին քալել այդ ճամբէն, որ եղաւ անվերադարձ:

ՍԱՐԳԻՍ – Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին:

ՍԵԴՐԱԿ – Մեզմէ առաջ շատեր քալած են, եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան:

ՎԱՉԷ – Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ: Ես Հայ դատի զինուոր եմ: Կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ:

ԱՐԱ – Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողի` ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ:

ՍԻՄՈՆ – Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ:

Լիզպոնի 5 տղոց որոշումը պարզապէս ահաբեկչութիւն չէր, այլ` Հայ դատի պաշտպանութիւն: Այս համարձակ քայլով անոնք աշխարհին ապացուցեցին, որ Ցեղասպանութիւնը անմոռանալի դատ է: Նախքան իրենց մեկնիլը`  միասնաբար ըսին. «Թող համաշխարհային կարծիքը մեզ ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ կոչեն, մեր հոգը չէ, անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ` խելագարութիւն, այլ` մեր զոհողութիւնը ազատութեան բագինին, կեցցէ՛ ազատատենչ  հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ հայկական յեղափոխութիւնը»: Այս տողերը եղան իրենց վերջին խօսքերը:

Անոնց ծնողները հպարտ էին իրենցմով:

Սիրելի՛ թանկագին տղաք,

Դուք ինկաք, որպէսզի մենք ապրինք եւ ունենանք հզօր հայրենիք: Սակայն, դժբախտաբար, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին կորսնցուցինք մեր սիրելի Արցախէն բաժին մը: Բայց ՏՂԱՔԸ  յանցանք չունին, անոնք չպարտուեցան, այլ դաւաճան վարչապետի որոշումներով կորսնցուցինք  Արցախ հայրենիքի կարգ մը հողերը, անհայրենիքը ծախեց հողերը թշնամի ազերիին, այն հողերը, որոնց պաշտպանութեան համար տուինք բազմաթիւ նահատակներ:

Ո՞ւր են թեհլիրեանները, շիրակեանները, երկանեանները…

Սիրելի՛  նահատակներ եւ «խենթեր»,

Այսօր հայրենի Արցախը ձեզի պէտք ունի, ձեզ կը կանչէ: Վստահ եմ, որ դուք եւ ձեզի նման նահատակ հերոսներ` «խենթեր», եթէ հոս ըլլային, կացութիւնը այլ պիտի ըլլար անպայման:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Հինգին

Յաջորդը

Լիզպոնի Ողջակէզներուն Նորօրեայ Պատգամը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.