Գէորգ Տէր-Վարդանեանի Պայծառ Կերպարը…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ Մահը, ինչ խօսք, տխուր է ինքնին։ Նոյնիսկ անծանօթի մը մահուան լուրը ցաւ կը պատճառէ ակամայ, մարդկայնօրէն։ Այդ մէկէն անդին ալ, կարծես, կան հանգամանքներ, որոնք կը պայմանաւորեն մահուան նկատմամբ կամ տուեալ պարագայի հանդէպ վերաբերմունքը։ Մահը թէեւ ծնունդին չափ սովորական է ու բնական, սակայն, անոնց պատճառած հակազդեցութիւնը տրամագծօրէն հակառակ են իրարու։ Մահացողին ծանօթ կամ մօտիկ ըլլալը կը պայմանաւորէ անհատական վերաբերմունքը,...




















