ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ
6-17 մարտ 2023-ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի` Կիներու բարձրագոյն մարմինի համաժողովի 67-րդ նստաշրջանը` UN CSW67:
Անցնող երեք տարիներուն ընթացքին ՄԱԿ-ի` Կիներու բարձրագոյն մարմինի համաժողովները գումարուեցան առցանց դրութեամբ` «Քորոնա» համաճարակին պատճառով: Սակայն այս տարի համաժողովը տեղի ունեցաւ հարիւրաւոր երկիրներու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:
Համաժողովին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել կիներու հանդէպ համատարած անհաւասարութիւնները, բռնութիւնն ու խտրականութիւնը, որոնք տակաւին կը շարունակուին շատ մը երկիրներու մէջ:
Այս աշխատանքը սկսած է 1946-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի անդրանիկ նիստին, որուն ներկայ էր Միացեալ Նահանգներու նախկին Ա. տիկին Էլիանորա Ռուզվելթ, կարդացուեցաւ բաց նամակ` ուղղուած աշխարհի կիներուն:
Նամակը կ՛անդրադառնար կիներու դէմ բռնութիւններուն եւ անհաւասարութեան: Նոյն նիստին ընթացքին փափաք յայտնուեցաւ հետապնդել այս հարցը, մինչեւ որ հաւասարութիւն եւ արդարութիւն տիրէ:
Լիբանան իր կարգին մասնակցեցաւ այս համաժողովին եւ ներկայացաւ Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներով, որոնք թիւով 5 էին` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աունի եւ մասնակցութեամբ գործադիր մարմինի անդամներու, որոնք են` Մայա Զըղրինի, Ռանտա Ապպուտ, Սօսի Փօլատեան եւ խորհուրդի գրասենեակի տնօրէնուհի Միշլին Մասաատ:
Համաժողովը իւրաքանչիւր տարուան համար կ՛ունենայ տարբեր թեմա մը, եւ այս տարուան թեման էր` «Նորարարութիւն, արհեստագիտական փոփոխութիւն եւ կրթութիւն` թուայնացած դարուն ընթացքին, կարենալ նուաճելու համար սեռերու միջեւ հաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ` կիներու ուժեղացում»: (Innovation and technological change, and education in the digital age for achieving gender equality and the empowerment of all women and girls):
Հետաքրքրական նիւթ մըն է, որուն ընդմէջէն ՄԱԿ կը շեշտէ, այրերու կողքին, կնոջ հաւասարապէս զարգացման կարեւորութիւնը, յատկապէս` թուայնացումի արհեստագիտութեան մէջ մասնագիտանալու իմաստով, որովհետեւ նշմարուած է, որ վերջերս կիները այս մարզին մէջ տակաւին որոշ յառաջդիմութիւն չեն արձանագրած:
Հետեւաբար այս հարցը կրնայ խորացնել սեռային անհաւասարութիւնները` մանաւանդ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ վերջին տարիներուն տնտեսական եւ քաղաքական անկումներու պատճառով կնոջ իրավիճակը վատթարացաւ` հետզհետէ արմատացած խտրականութեան ընդմէջէն:
Համաժողովին արտասանած իր բացման խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես անդրադարձաւ այս հարցին լրջութեան, տեղեկացուց, որ կարգ մը երկիրներու մէջ կիներու սեռային ու բեղմնաւորման իրաւունքները ջնջուած են, իսկ այլ վայրերու մէջ դպրոց յաճախող աղջիկները առեւանգումի եւ յարձակումի վտանգներուն ենթակայ են:
Ան իր զօրակցութիւնը յայտնեց կիներուն եւ աղջիկներուն պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ օժանդակելու տարբեր մարզերու մէջ կիներու ուժեղացման ջանքերուն, մասնաւորաբար` թուային արհեստագիտութեան մարզին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական, քաղաքական եւ ուսումնական անոնց կեանքի ուժեղացման մէջ:
Այս բոլորը պիտի մշակուին տարբեր ծրագիրներով` իւրաքանչիւր երկրի կառավարական եւ ոչ կառավարական մարմիններուն հետ միասնաբար:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի` Կիներու բարձրագոյն մարմինի գործադիր տնօրէնուհի դոկտ. Սիմա Պահհուս անդրադարձաւ թուային արհեստագիտութեան մարզին մէջ կնոջ արձանագրելիք յառաջդիմութեան կարեւորութեան` ապահովելու համար 2030-ի հաստատուելիք զարգացման նպատակը, որն է` կիներուն եւ այրերուն միջեւ հաւասարութիւնը (Sustainable Development goal- SDG):
Այս յաջողութիւնը եւ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութեան նուաճումները կրնան խթանել աղքատութեան կրճատումը եւ հաստատել առողջութեան բարելաւումը:
Այս նուաճումը հաստատելով` կարելի պիտի ըլլայ ծաւալել նոր աշխատանքի մարզերու ստեղծում, կլիմայի փոփոխութեան մեղմացում, մարդկային տագնապներու լուծում, ինչպէս նաեւ` ընդհանուր հաւասարութեան հաստատումին ընդմէջէն բարելաւել ընդհանուր քաղաքական շրջանակներուն գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կայուն կերպով ապահովել կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները:
8 մարտին տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան պաշտօնական տօնակատարութիւնը, որմէ ետք իւրաքանչիւր երկիր իր խօսքը արտասանեց:
Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Լիբանան կարող է ճգնաժամային այս դժուարութիւններէն դուրս գալ, եթէ լիբանանցի կնոջ առիթը տրուի, եւ ան իր իրաւունքները ստանայ:
5 տարիներ առաջ այս մարզին մէջ միայն 2 առ հարիւր համեմատութեամբ կիներ կը գործէին, սակայն ներկայիս` Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար օրերուն եւ կացութեան ընթացքին, Լիբանան առաջնակարգ երկիրներէն մէկը կը նկատուի, նկատի ունենալով, որ կիներ ներգրաւուած են թուային արհեստագիտութեան մարզին մէջ եւ ունին այդ զարգացումը:
Այս իրականութիւնը կարելի է բացատրել նաեւ այն առումով, որ իգական սեռի ներկայացուցիչ ուսանողներ թուային արհեստագիտութեան մարզը կ՛ընտրեն իբրեւ իրենց մասնագիտութիւնը եւ կը հմտանան անոր մէջ, մինչդեռ առաջ անոնք իրենց համար կ՛ընտրէին միայն առողջապահական եւ ընկերային գիտութիւններու մարզերը:
Աուն անդրադարձաւ, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ Կիներու ազգային խորհուրդը իր նոր ծրագիրներուն մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատէ մնայուն ուսումնական ծրագիրներ մշակել` թուային արհեստագիտութեան մարզին մէջ անգրագիտութիւնը վերացնելու նպատակով:
Այս բոլորը կը կատարուին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան հետ գործակցաբար` նպատակ ունենալով թափ տալ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն վերաորակաւորման, ինչպէս նաեւ` զանոնք զարգացնելու գիտական տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ, այնպիսի մասնագիտութիւններ, որոնք այրերու պատկանող ուսումնական ճիւղերը ըլլալու պիտակին տակ կը թուարկուին:
Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդի ծրագիրները կը միտին նաեւ զարգացնել ու զօրացնել կիներու անհատականութիւնը եւ զանոնք մղել կեանքի հմտութիւններ ձեռք բերելու: Այս բոլորը կը միտին անշուշտ բարելաւել կիներուն աշխատանքային պայմանները եւ ապահովել այրերուն հետ անոնց հաւասար մասնակցութիւնը:
Ք. Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդը կը փորձէ պաշտպանել կիներն ու աղջիկները ելեկտրոնային սեռային բռնութիւններէ եւ ելեկտրոնային բռնածաղրի (bullying) ենթարկուելէ: Այս բոլորը կը կատարուին յատուկ օրէնքներ մշակելով, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային թէժ գիծեր հաստատելով` ներքին գործոց նախարարութեան եւ ապահովութեան ուժերուն հետ համագործակցաբար:
Հոս պէտք է յիշել, որ այս նիւթին շուրջ Լիբանանի Կիներու ազգային խորհուրդին պատրաստած տեսերիզը արժանացաւ «Իրազեկման լաւագոյն տեսերիզ» մրցանակին` Արաբական ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան հրամանատարներուն 45-րդ համաժողովին:
Նոյն համաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը յաջորդող օրերուն միացեալ ձեռնարկ մը ունեցաւ նաեւ Արաբ կիներու կազմակերպութեան հետ, նկատի ունենալով, որ Լիբանանը անդամ է նաեւ այդ կազմակերպութեան: Կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչն է Ուաֆա Համզէ:
Միացեալ ձեռնարկի աւարտին որդեգրուեցան զանազան բանաձեւեր, որոնց մէջ կը յիշուին հետեւեալ կէտերը.
– Արաբական աշխարհին մէջ կիներն ու աղջիկները տակաւին չօգտագործուած հարստութիւն են` իրենց ունեցած կարողութիւններով, ուսումով եւ գիտութեամբ:
– Հիմնուելով այս կարողութիւններուն վրայ` պէտք է զարգացնել անոնց մէջ հաղորդակցութեան եւ թուային արհեստագիտութեան հզօրացման կէտերը, որոնք պիտի օժանդակեն յաջող քաղաքականութեան մշակման` բարեփոխելով օրէնսդրական զանազան կէտեր:
– Արաբական երկիրները պարտին փոխանակել իրենց ունեցած մասնագիտութիւնները` ի շահ կնոջ զարգացման:
Լիբանանի պատգամաւորները դարձեալ իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր երկիրներու կազմակերպած ժողովներուն, որոնց բոլորին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել կնոջ հանդէպ արձանագրուած խտրականութիւնը, որ տակաւին առկայ է իր բազմաթիւ մարտահրաւէրներով:
Կնոջ իրաւունքները մարդկային իրաւունքներ են, եւ այդ մասին Լիբանան ստորագրած է միջազգային ուխտեր, որոնցմէ` 1945-ին ՄԱԿ-ի ուխտը, 1948-ին մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրը, 1952-ին քաղաքական կեանքին մէջ կիներուն մասնակցութեան վերաբերող համաձայնութիւնը, 1979-ին CEDAW-ի համաձայնութիւնը եւ, վերջապէս, 1995-ին Փեքինի վեհաժողովի բանաձեւերը:
Այս բոլոր ուխտերը կը պահանջեն այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը, ինչպէս նաեւ կնոջ ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը` որոշում տալու սեղաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` անոնց պատասխանատու պաշտօններ տրամադրելու իրաւունքը:
Այսօր դարձեալ պայքարը կը շարունակուի ոչ թէ միայն կնոջ իրաւունքները պաշտպանելու, այլեւ տղամարդոց հետ հաւասարութիւն կը պահանջուի, որպէսզի աշխարհը նոր ռազմավարութեամբ առաջնորդուի:
Եւ այդ պատճառով ալ այս տարուան թեման կ՛ընդգրկէ հետեւեալ նշանաբանը «Embrace Equity», որ կը նշանակէ «Գրկէ՛ հաւասարութիւնը»:
Այդ հաւասարութիւնը` որ պիտի ձգտի կերտել նոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհ մը, որուն ընդգրկած բոլոր մարզերուն մէջ պիտի տիրապետէ հաւասարութիւնը` ըլլայ ան առողջապահական, կրթական, տնտեսական թէ քաղաքական:
Յատկապէս Լիբանանի մէջ հարցերը կարելի է լուծել, երբ, այր մարդուն կողքին, նաեւ կինը հաւասարապէս գործէ, եւ երկուքին համագործակցութեամբ է միայն, որ աշխատանքը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ:
Նպատակը մրցակցութիւնը չէ, այլ աւելի ապահով, խաղաղ եւ առողջ ընկերութեան մը ստեղծումը` մեր ապագայ սերունդներուն համար: