«Ա՜խ, ե՞րբ պիտի լեռներիդ պէս
վեր բռնցքուեն ձեռքերն հայոց…»
Յ. ՇԻՐԱԶ
Արցախէն դէպի Գորիս ազերիական նորագոյն յառաջխաղացքն ու Հայաստանի ընկալեալ սահմաններէն ներս թափանցումը դարձեալ խռոված է հայութեան միտքն ու հոգին, հարուածի տակ դրած` ազգային արժանապատուութիւնը (մի՛ ըսէք, որ արժանապատուութեան մասին խօսիլը զգացականութիւն է): Ձեւով մը յետին բեմ ղրկած է Արցախի պաշարումն ու Բերձորի ճամբուն փակ մնալը:
30 մարտին արձանագրուած նորագոյն թշնամանքը առաջին օրը որոշ չափով քողարկեալ մնաց, մանաւանդ Երեւանի (եւ Ստեփանակերտի) իշխանականներուն` «մտահոգիչ բան չկայ, եղածը նախօրօք համաձայնուած բան էր» հաւաստիքներուն պատճառով: Ըսուեցաւ նաեւ, որ ազերիական թափանցումը «մեծ բան մը չէ», հազիւ 100-300 մեթր խորութիւն ունի: Հիմա, երկու օր ետք, մանրամասնութիւնները բաւական «աժանցած են», ինչպէս կը սիրէ ըսել մեր ժողովուրդը:
Բանից դուրս կու գայ, որ թշնամիները որոշ տեղեր մինչեւ հինգ քիլոմեթր խորացած են, թափանցման գօտին աւելի քան 15 քմ է: Նախապէս սահմանամերձ հայապատկան հողեր այժմ դարձած են ազերիական, հոն ալիեւեան ուժերը խրամատներ կը փորեն, դիրքեր կը հաստատեն առայժմ ձիւնածածկ դաշտերուն մէջ, գիւղացիներ զրկուած են օրապահիկի` վար ու ցան ընելու եւ հօտերը կերակրելու հնարաւորութիւններէն: Մարդիկ` խնդրոյ առարկայ գօտիին բնակիչները, ինչպէս նաեւ Երեւանէն այս բոլորը իշխանութենէն տարբեր աչքով դիտողներ մտահոգ են, որ սա կրնայ ճամբայ բանալ նորանոր թափանցումներու: Եւ այս բոլորը` շրջանի մը մէջ, ուր տեղական վերջին ընտրութիւններուն ժողովուրդը ինքզինք գտաւ քուէ տալու ի նպաստ իշխանական եւ գործակից ցանկերու (յստակ է, որ հոն հանելուկներ չկան…): Անդին` իշխանութեան սիրահարները կը յամառին կոյր ու խուլ ձեւանալ Արցախէն ու մայր Հայաստանէն օր աւուր փրցուող տարածքներուն դիմաց, ընդդիմադիրները, հայրենիքին տիրութիւն ընելու յանձնառու զանգուածները մատնուած կը մնան անզօրութեան…
Արձանագրուած նոր «պարբերութիւններուն» դիմաց կան ընթացիկ «ստորակէտներ». ազերիները կրակած են Արցախի այս կամ այն շրջանի բնակիչներուն ուղղութեամբ, կրակոցներ կան նաեւ Նախիջեւանէն: «Չվարժուեցա՞ք», պիտի ըսէին Փաշինեանն ու Արցախի Արայիկ Յարութիւնեանը:
***
Եթէ քիչ մը պրպտենք կուրութեան, խլութեան եւ ուղեղներու բթացման պատճառները, կրնանք կազմել երկա՜ր ցանկ մը, որուն մէջ պարտադրեալ անտարբերութիւնը, իշխանութեան հետեւողութեամբ անձնատուական հոգեբանութիւնը եւ մանաւանդ… իրականութեանց անհաղորդ ըլլալը կը կազմեն գլխաւոր գիծերը:
Խօսինք քանի մը փաստերով:
Երեւանի մէջ գործող եւ իշխանութեան մէկ շեփորահար-բանբերը նկատուող պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումները բարացուցական են: Վերջին երկու օրերուն նկատեցինք հետեւեալները:
Ուրբաթ, 31 մարտի երեկոյեան, ՕՐՈՒԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ կատարող ընդարձակ հաղորդումին, Գորիսի մօտակայ Տեղ գիւղի սահմանային գօտիէն ներս ազերիական թափանցումը տեղ գտաւ… զերօ բառով: Հակիրճ տեղեկութիւններ տրուեցան արցախցի տուժածներու տրամադրուող օժանդակութեանց մասին (իսկ արցախցիք ինչո՞ւ պէտք էր դրուէին նպաստընկալի կօշիկներուն մէջ), լուսարձակի տակ առնուեցան Իսրայէլ-Ազրպէյճան մերձեցումին ստեղծած մտահոգիչ ալիքները, յետոյ երկար տեղեկագրութիւն մը` Դուինի շրջանէն թանգարանային գտածոներու մասին, եւ անշուշտ` խորհրդարանական յանձնաժողովի մը նիստին տեղի ունեցած անախորժ միջադէպը, որ ներկայացուեցաւ «որոշ դիտանկիւնէ»: Այլ տեղեկութիւններ ալ կային, հետաքրքրական եւ իմանալու արժանի, սակայն ազերիական թափանցումը յայտնապէս անկարեւոր բան էր (մեզի ծանօթ չէ, թէ արդեօք նախընթաց հաղորդումներուն բան մը ըսուա՞ծ էր): Այսպէս կոչուած` ընդդիմադիր հաղորդումներն ու մեկնաբանութիւնները ուժեղ եւ տեղի՛ն ահազանգեր հնչեցուցին:
Շաբաթ, 1 ապրիլին իշխանամերձ աղբիւրին հաղորդումը մանր բարեփոխում ունէր: Քանի մը բառով ըսուեցաւ, որ ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Կոռնիձոր-Տեղ շրջանին վիճակը խաղաղած է, որովհետեւ հայկական եւ ազերիական կողմերը հաղորդակցութիւն ունեցած են: Ազերիական յառաջխաղացքը 100-300 մեթր խորութեամբ է, աշխատանք կը տարուի, որ «քարտէսներու ստեղծած թիւրիմացութիւնը սրբագրուի» (ի՞նչ քարտէս, ո՞վ պիտի սրբագրէ…): Քանի մը բառ` Արցախի մէջ ազերիական նոր կրակոցներու եւ անոնց նախիջեւանեան նմանակին մասին: Յետոյ երկար տեղեկագիրներ` դասագիրքերու պատրաստութեան ու դժուարութիւններուն, բժշկական կեդրոնի մը աշխատանքներուն, նմանապէս գոհացուցիչ տեղեկութիւններ` Համազգայինի 95-ամեակին առիթով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութեան մասին, ապա` այլ հետաքրքրական տեղեկութիւններ, ներառեալ` Իրան-Ազրպէյճան լարուածութեան ծանրացման եւ հայ մարզիկներու մետալներ շահելուն մասին:
Այս բոլորը քիչ մը մանրամասն եւ ձանձրացուցիչ ձեւով արձանագրելով` ըսել չենք ուզեր, որ տրուած տեղեկութիւնները աւելորդ են, մարդիկ չեն ուզեր տեղեակ ըլլալ օրուան այլազան լուրերուն, այլ կ՛ուզենք շեշտել, որ հայրենիքի հողերը վտանգի տակ դնող զարգացումները կը կարօտին աւելի ուժեղ լուսարձակներու, որպէսզի զանգուածը լսէ, տեսնէ եւ ԶԳԱՅ, թէ հայրենիքը ո՛ւր կը տարուի այս իշխանաւորներուն ձեռքով:
***
Այս իմաստով դիպուկ էր իշխանամերձ աղբիւրի լուրերուն մէջ տեղ գտած լուր մը: Ծանօթ է, որ քանի մը օրէ ի վեր Հայաստան կը գտնուի Ֆրանսայի Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանի կառավարիչը, որ այցելած էր Սիւնիք եւ ապա Երեւանի մէջ տեսակցութիւններ ունեցած` իշխանական պատասխանատուներու հետ: Հաղորդուեցաւ, որ վարչապետ Փաշինեան ընդունելով ֆրանսացի հիւրը` անոր հետ խօսած է տնտեսական գործակցութեան եւ գործակցային այլ ոլորտներու մասին, իսկ հիւրը շատ աւելի յանդուգն եղած է` խօսելով Բերձորի անցքին ազերիներուն կողմէ փակուած ըլլալուն մասին, ըսած է, որ պատուիրակութեամբ մը կ՛ուզէ Գորիսէն Ստեփանակերտ երթալ օժանդակութիւն հասցնելու համար, ու եթէ ազերիները անցքի արտօնութիւն չտան, աշխարհին ներկայացուելու ապացոյց մը պիտի ըլլայ, որ ճամբան փակ է (յայտնապէս այս մարդը Թովմաս առաքեալի մէկ ժառանգորդն է…):
Այս բոլորէն ետք դժուար չէ հետեւցնել, թէ Արցախի կորուստը, Բերձորի անցքին մօտաւորապէս երեք ու կէս ամիս փակ մնալն ու ազերիական նոր թափանցումները ինչո՛ւ ժողովուրդի մէկ մասին շուրջբոլորը կրաւորականութեան եւ անտարբերութեան այսպիսի պատուար մը քաշած են:
***
Հիմա պահ մըն ալ գրգռենք յիշողութիւնները, որպէսզի խճապատկերը տեսնենք աւելի յստակ գոյներով: Հետեւեալները չենք արձանագրեր ժամանակագրական կարգով:
Երբ ազերիական ուժերը գրաւեցին Շուշին եւ արցախեան այլ տարածքներ, իշխանութեան գլուխին կանգնած մարդուկը յայտարարեց` Շուշին դժբախտ էր ու տժգոյն, մեզի պէ՞տք էր: Մոռցած էր, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»:
Երբ ազերիական առաջին թափանցումներ տեղի ունեցան նոյնինքն Հայաստանի սահմաններէն ներս, նոյն արարածը օր մը հայկական տեղանուններ կոչեց ազերիաբար, յետոյ ինքնապաշտպանութեան դիմեց` ըսելով, որ Սեւ լիճի անմարդաբնակ տարածքներուն համար չ՛արժեր կռիւ մղել, ուրիշ օր մը թոյլ տուաւ, որ ազերի «քարտէսագէտներ» որոշեն, որ Գորիս-Կապան մայր ճամբան պէտք է գրաւուի ազերիներուն կողմէ, եւ որովհետեւ իմաստո՜ւն եւ ամենագէ՜տ մարդուկը ծանօթ չէր Հայաստանի սահմաններուն, չվարանեցաւ ՄԱԿ-ի բեմէն խնդրելու Ալիեւէն, որ իրեն ըսէ, թէ ո՞ւր են Հայաստանի սահմանները: Համբակութիւնը փաստագրող գիւտե՜ր ըրաւ, եւ օր մը Հայաստանը հռչակեց 29.800 քառ. քմ տարածքով երկիր, այսինքն վերջնականապէս հրաժարեցաւ հայապատկան-հայաստանապատկան Արցախէն, ամբո՛ղջ Արցախէն, այլեւս չի խօսիր արցախցիներու ամրագրած` ինքնորոշման իրաւունքին մասին ու կը կրկնէ ազերիներու եւ օտարներու բառամթերքը, թէ` արցախցիք պէտք է վայելեն մարդկային եւ մշակութային իրաւունքներ, կոյր կը ձեւանայ գրաւեալ շրջաններուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան փոշիացման դիմաց: Յետոյ, չես գիտեր` ո՞ր դարակներու փոշիներէն դուրս բերաւ եւ Ազրպէյճանի նուիրեց Ալմա Աթայի հռչակագիրին մանրամասնութիւնները (չմոռնանք նախընթաց նուէրներու ցանկը, ներառեալ` Քարվաճառը, Բերձոր-Աղաւնոն…):
Նոյն իշխանաւորն էր, որ անձամբ եւ ձայնակիցներու բերնով քանիցս յայտարարեց, որ ժողովուրդը իրենց մանտաթ տուած է, ուրեմն կ՛ընեն այն, ինչ որ կ՛ուզեն, այնպէ՛ս` ինչպէս որ կ՛ուզեն: (Մանր նմուշ մըն ալ արձանագրուեցաւ 31 մարտին, երբ յանձնաժողով մը ՔՊ-ական նախագահը բացագանչեր է, որ ձայնը կրնայ բարձրացնել ուզածին չափ): Ան եւ իր գործակիցները բեմերէն եւ պատկերասփիւռի պաստառներէն քանիցս յայտարարեցին, որ ժողովուրդէն գաղտնի եւ առանց անոր համաձայնութիւնը ստանալու որեւէ քայլ պիտի չառնեն (չէ՞ որ Հայաստանը հռչակած են «ժողովրդավարութեան պասթիոն»), սակայն մենք ունեցանք ժողովուրդէն գաղտնի եւ առանց անոր կարծիքը առնելու` 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը, բանաւոր ու գաղտնի համաձայնութիւններու ճամբով` ընդարձակ տարածքներու ազերիներուն նուիրաբերումը, հիմա նաեւ Տեղի մօտակայ տարածքներու յանձնումը` յայտնապէս նորագոյն գաղտնի համաձայնութեամբ մը: Ապացո՞յց կը փնտռէք. խնդրոյ առարկայ շրջանէն գիւղացի մը կ՛ըսէ, թէ ազերիական յառաջխաղացքէն ՀԻՆԳ ՕՐ առաջ ԱԱԾ ուժերը եկած եւ հաստատուած են «ընկալեալ սահմանէն բաւական հեռու» դիրքերու վրայ, գիւղացիներուն ոչինչ ըսած են, թէ իրենց հողերը քանի մը օրէն նուէր պիտի տրուին ազերիներուն (որոնք յայտնապէս կը բանին «ախորժակը ուտելով կը բացուի» բնաբանով…): Մարդը կը գանգատի, թէ իշխանութիւնները ոչի՛նչ կ՛ընեն հող ու իրաւունք պաշտպանելու համար: «Գոնէ զէնք տան, ու մենք պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր տունն ու զաւակները: Ա՞յս է ապագայ կայ խոստումը», ցասումով կը բացագանչէ դառնացած ալեհերը… Եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի կատակել, որ իշխանաւորները կը սիրեն ապրիլմէկեան կատակներով անակնկալներ ստեղծել եւ «սըրփրա՜յս» պոռալ սահմանամերձ բնակիչներուն երեսին, չեն ուզեր անոնց սրդողում պատճառել կանխահասօրէն` մօտալուտ կորուստները «աւետելով»:
…Մոռցա՞ծ ենք, թէ չարիքներու եւ կորուստներու այս շարքը ե՛րբ սկսաւ, եւ ո՛ւր էր անոր արմատը: Յիշեցում մը անտեղի չէ: Փաշինեան օր մը Ազգ. ժողովի բեմէն յայտարարեց. «Կա՛մ ես կ՛ըլլամ Հայաստանի վարչապետը, կամ Հայաստան վարչապետ չ՛ունենար»: Այս յայտարարութիւնը, սիրելի ընթերցողս, ունի (եղեր) խորք մը, ծալք մը, որ ընդհանուր առմամբ աննշմար մնացած է: Անոր միտք բանին այն է (եղեր), որ Փաշինեանի վարչապետութեան էջին փակումով պիտի փակուի նաեւ Հայաստանի՛ էջը:
«Լաօ»-ն արթննալու համար քանի՞ ահազանգի պէտք ունի: Չե՞նք լսեր, որ Ալիեւ Շուշին հռչակած է Շուշա, Սիւնիքը կը նկատէ Զանգեզուր եւ Ազրպէյճանի արեւմտեան մէկ հատուածը, կը սպառնայ գրաւել նաեւ «պատմականօրէն ազերիական Էրիվան»-ը, մոռցած է մինչեւ իսկ միասնաբար մուղամ լսելու հրաւէրները: Ե՞րբ է այն օրը, երբ պիտի հասկնանք եւ մեր կամքին մէջ վերականգնենք, թէ տէրն ենք մեր հայրենիքին, կը մերժենք նորանոր կորուստներու մատնուիլ, պիտի տեսնենք, որ այս իշխանութիւնը տալէ, նահանջելէ եւ «խաղաղութիւն պիտի բերենք» սուտերով հայրենիք կորսնցնելէ բացի` այլ ճամբայ չի գիտեր:
Ե՞րբ պիտի հասնի այն օրը, երբ Հայաստանի շուրջ սարքուող շրջանային եւ միջազգային դաւերուն դէմ հայը պիտի շտկէ իր կռնակն ու բարձրացնէ ճակատը, դարձեալ պիտի կասեցնէ համաթուրանականութեան երթը:
1 ապրիլ 2023