Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Սրբազան Հայրը Այցելելով ՍՕԽ-ի Ընկերաբժշկական Կեդրոն` Յանձնեց Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքին Կողմէ Առաքուած Դեղորայքի Օժանդակութիւնը
8 ապրիլին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան այցելեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն` յանձնելու անցնող 5 ապրիլին Դամասկոսի սահմանէն ստանձնած Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կողմէ կատարուած դեղորայք եւ բժշկական նիւթեր պարունակող օժանդակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ, Հայաստանի մէջ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի:
Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին` Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Եզրաս աբղ. Թէնէքէճեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Մարալ Գալայճեան:
Սրբազան հայրը ներկայանալով կեդրոն ՍՕ Խաչի առողջապահական յանձնախումբին` յանձնեց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:
ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրեզնոյի հայ համայնքին իրենց կատարած մարդասիրական օժանդակութեան համար: Ան երախտագիտական զգացումով անդրադարձաւ, որ երկրաշարժի աղէտալի օրէն սկսեալ անհատներու թէ բարսիրական հաստատութիւններու կողմէ ուղարկուած դեղորայքի օժանդակութիւնները անվճար կերպով կը տրամադրուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մինչեւ օրս աշխատանքը նոյն ձեւով կը շարունակուի:
Առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ բժշկհ. Թագուհի Թաշճեան-Գաբրիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին` բժշկական առաքելութեամբ իրենց կատարած արժէքաւոր եւ մասնագիտական դեղորայքի օժանդակութեան համար: Ան յայտնեց, որ ցանկագրումի աշխատանք տանելով` բոլոր դեղերը պիտի արձանագրուին եւ ըստ կարիքի պիտի տրամադրուին Հալէպի հիւանդանոցներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին եւ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոսին, որոնք նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ իրենց եղբայրասիրութիւնը արտայայտեցին յատկապէս հալէպահայութեան նկատմամբ` մեղմացնելով երկրաշարժի պատճառով անոնց կրած ցաւն ու դժուարութիւնները:
Միացեալ Նահանգներ
Իշխան Սաղաթէլեանի Հանդիպումները Լոս Անճելըսի Մէջ
* 7 ապրիլին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին ելոյթ ունեցան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ անդամ Յովիկ Սալիպա: Այնուհետեւ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Իշխան Սաղաթէլեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն շարունակելու իրենց պայքարը Հայաստանի ապագայի վերակերտման գործին մէջ:
* 8 ապրիլին Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց ՀՅԴ Զաւարեան կոմիտէութեան կեդրոնը, ուր Քրեսենթա Հովիտի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան երիտասարդական կեդրոն»-ի յարկին տակ համախմբուած էին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական և ուսանողական միութեան անդամները եւ պատանեկան միութեան ներկայացուցիչները: Երիտասարդներուն համար ոգեւորիչ էր մօտէն հանդիպիլ Հայաստանի ընդդիմադիր շարժման գործիչ Իշխան Սաղաթէլեանին հետն եւ մօտէն լսել անոր տեսակէտներն ու իրենց հարցումներուն պատասխանները ստանալ:
* 9 ապրիլին Իշխան Սաղաթէլեան ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեւոն Պարոնեանի եւ Լաուրա Յակոբեանի` այցելեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր Զատկուան արարողութեան կը նախագահէր թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան:
Իշխան Սաղաթելեանի յաջորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ 10 ապրիլին Պրպենքի «Պէշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնի մարզասրահին մէջ:
* Յայտնենք, որ 7 ապրիլին Իշխան Սաղաթէլեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամներ` Քրիս Քէօսէեանի եւ Լեւոն Պարոնեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներ` Ճորճ Չորպաճեան, Գալուստ Յակոբեան եւ Սարգիս Թաթիկեան:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց, որ ընդգրկեց Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակը: Յոյս յայտնուեցաւ, որ հայութիւնը` ազգ ու հայրենիք, կը յաջողի յաղթահարել նաեւ այս ծանր հանգրուանը` յանուն հայոց բնօրրանի ու հայ ժողովուրդի ապահով կեցութեան եւ բնականոն կեանքով ապրելու ու բարգաւաճելու ամենանուիրական բաղձանքի իրականացման:
11 ապրիլին Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ս. Լեւոն մայր եկեղեցի ու հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովհան արք. Տէրտէրեանի հետ:
Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնն ու առկայ ճգնաժամի ծանրութիւնը: Սաղաթէլեան իր տեսակէտը փոխանցեց այս բոլորին գծով եւ անդրադարձաւ հաւանական լուծումներուն:
Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն տիրէ հայրենիքին մէջ` աղօթելով Արցախի եւ Սիւնիքի համար:
Հանդիպում Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Տնօրէնին Հետ
Նախաձեռնութեամբ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան վերջերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն, գրող Հերմինէ Աւագեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան ծանօթանալու Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գործունէութեան, «Համազգայինը Արցախի մանուկների կողքին» նախաձեռնութեան, դիտելու նախաձեռնութեան մասին տեսերիզ մը: Հանդիպման զուգահեռ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նկարչութեան խումբի մանուկներու քսան գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէս:
Այնուհետեւ կայացաւ Հերմինէ Աւագեանի «Օրացոյցից պոկուած օրեր» եւ «Վազում եմ, սպասիր» գիրքերուն շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեան ելոյթ ունենալով` նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Արցախի եւ Հայաստանի գրասենեակներուն աշխուժ գործունէութեան համար, ապա նշեց Կեդրոնական վարչութեան զանազան ծրագիրները` ընդգծելով, որ ծրագիրներու իրականացման համար անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր համայնքի մասնակցութիւնը:
Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Աբրահամեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, ապա Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան ներկաներուն ծանօթացուց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի կողմէ իրականացուող ծրագիրներն ու ձեռնարկները:
Անդրադառնալով մանուկներու աշխատանքներու ցուցահանդէսին` Աւագեան շեշտեց, որ սփիւռքը միշտ հայրենիքի, յատկապէս Արցախին թիկունք եղած է` իր ամբողջ ներուժը ծառայեցնելով հայրենիքի բարօրութեան, կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման, Արցախի միջազգային ճանաչման, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման: Համազգայինը նոյնպէս իր էական ներդրումը ունի այդ նուիրական աշխատանքներուն մէջ: 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Համազգայինը կեանքի կոչեց «Համազգայինը Արցախի մանուկներու կողքին» ծրագիրը, որուն որպէս արդիւնք` աւելի քան 400 արցախցի երեխաներ այսօր այդ ծրագրին մասնակից են եւ անոնք ցանկութիւն ունին իրենց ձեռքով գծած նկարներու վաճառքի համեստ հասոյթը տրամադրել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որպէսզի իրենք եւս իրենց ներդրումը ունենան Համազգայինի ծրագիրներու շարունակականութեան:
Գահիրէ
Հայ Դատի Յանձնախումբի Իֆթարի Աւանդական Հաւաքը
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով 3 ապրիլին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ, հանրապետութեան նախագահի «Վերակենդանացնելով արմատները» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, ներգաղթի եւ արտերկրի եգիպտացիներու գործերու պետական նախարար, դեսպան Սոհա Կենտի ներկայ գտնուեցաւ Ռամատանի իֆթարի սեղանին, որուն շուրջ խմբուեցան եգիպտացի եւ եգիպտահայ հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը աւանդական էր, որուն շարքը անցած երկու տարիներուն պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ընդհատուած էր:
Երեկոյի ընթացքին դեսպան Սոհա Կենտի շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայնքին` հաստատելով, որ հայերը հազարամեայ պատմութիւն ունին Եգիպտոսի մէջ եւ հետք ձգած են բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Ներգաղթի նախարարը ողջունելով բոլոր ներկաները` ուրախութիւն յայտնեց Գահիրէի հայ համայնքի սիրալիր հրաւէրով այս իֆթարին իր մասնակցութեան առթիւ եւ հաստատեց, որ եգիպտահայերը երկրի ազգային հիւսուածքի անբաժանելի մասն են ու կարեւոր դեր խաղացած են ժամանակակից Եգիպտոսի պատմութեան մէջ եւ ցարդ կը շարունակեն կարեւոր ներդրում ունենալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամրապնդման մէջ: Ան նաեւ անկեղծ շնորհակալութիւն եւ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանին եւ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ բժիշկ Արմէն Մազլումեանին ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար, աւելցնելով, որ ինք մանկապարտէզէն երկրորդական ուսումը ստացած է Հելիոպոլսոյ Հայ կաթողիկէ քոյրերու (Անարատ յղութեան) վարժարանը, որ կը շարունակէ ընկերութիւնը պահպանել դպրոցական հայ քանի մը ընկերներու հետ, որոնց հետ գեղեցիկ յիշատակներ ունի: Նախարարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր վերջին այցելութեան ընթացքին հանդիպած է Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի եգիպտական ծագումով շարք մը անդամներու` հաստատելով, որ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ խոր արմատներ ունին, որ` զիրենք հրաւիրած է Եգիպտոս 2017-ին հանրապետութեան նախագահի «Վերակենդանացնելով արմատները» նախաձեռնութեան յարատեւութեան լոյսին տակ, որով նախագահը կոչ ուղղած էր աշխուժացնել ժողովուրդներու մերձեցման եւ եգիպտական պետութեան քաղաքակիրթ դէմքն ու հարազատ պատկերը ցոյց տալու ջանքերը:
Ան ըսաւ, որ հայերը երկար ու արմատացած պատմութիւն ունեցած են Եգիպտոսի մէջ եւ հետք ձգած են ամէն բնագաւառի մէջ, իսկ հայ եգիպտացիները կարեւոր դիրքերու հասած են` ճարտարագէտներ են, ձեռնարկատէրեր, ներդրողներ եւ արուեստագէտներ: Անոնց հետ յատուկ պատմական կապերը մեզ կը միաւորեն, եւ վստահ ենք երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու այս միասնական ջանքերու ունակութեան:
Խօսքի աւարտին նախարարը մաղթեց, որ եկող հանգրուանը իսկական սկիզբ դառնայ տարբեր բնագաւառներէ ներս եգիպտա-հայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար, ինչպէս նաեւ ամենայն բարիք, յառաջընթաց եւ բարգաւաճում մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր բարեկամ ժողովուրդին:
Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, բժիշկ Արմէն Մազլումեան իր հերթին ողջունելով ներկաները` հաւաստեց, որ իֆթարի սեղանը կը մարմնաւորէ մնացած աշխարհէն տարբերող Եգիպտոսի ներքին միասնութիւնը, աւելցնելով, որ սրբազան այս ամսուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի հանդիսադրելու հանդուրժողականութեան, ողորմածութեան, խաղաղ գոյակցութեան, երկխօսութեան արժէքները եւ դրսեւորելու միասնութիւն եւ համերաշխութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մարդիկը բաժնող եւ ազգի մարմինը բզկտող խռովայոյզ երկպառակութիւնը: Ան աւելցուց, որ եգիպտահայերը Ռամատան ամիսը կը համարեն լաւագոյն առիթը` ցոյց տալու իրենց միաձուլումն ու հաւատարմութիւնը հայրենիքին եւ եգիպտական պետութեան, աւելցնելով, որ հայերը եգիպտական հիւսուածքի անբաժան մասն են, եւ բաժնեկցումը անոնց տօներուն` կը համարեն ուրախութիւն եւ հնարաւորութիւն` ընդգծելու միասնութեան եւ համերաշխութեան արժէքները:
Յունաստան
Շքեղ Ելոյթներով Քսանթիի Գաղութը Նշեց Իր 100-Ամեակը
Քսանթիի հայ գաղութը իր 100-ամեայ պատմութեամբ եւ նշանակալից պատմական արձանագրութիւններով կը լեցնէ յունահայ մատեանը: Արդարեւ, գաղութի 100-ամեակի պատմութիւնը վերջերս նշուեցաւ երկու հրապարակային ելոյթներով, որոնք հաճելի տպաւորութիւն ստեղծեցին հայ եւ յոյն հանրութեան մէջ, եւ պատմական յիշողութիւններուն մէջէն լուսարձակի տակ առին Քսանթիի հայութեան ներդրումը յունահայ կեանքին եւ տեղական իրականութեան մէջ:
24 մարտին յոյն հանրածանօթ երաժիշտ Մանոս Խածիտաքիսի տուն-մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական արխիւներու եւ լուսանկարներու ցուցադրութեան բացումը: Բացման խօսքը արտասանեց Քրիստինէ Աւետեան, ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Թագւոր Գարաօղլանեան անդրադարձաւ ամբողջ արխիւի պատմական կարեւորութեան, որ կարելի եղաւ թուայնացնել եւ պահպանել` շնորհիւ մասնագէտ դոկտ. Ղարուֆալիա Թէոտորիտուի:
Ելեկտրոնային ձեւաչափի վրայ պահպանուած արխիւը պատմական ժառանգ մը պիտի ըլլայ ապագայ սերունդներուն համար` պահպանած ըլլալով 100-ամեայ պատմութեան մը արժէքաւոր գանձարանը: Ան նաեւ նշեց, որ այս աշխատանքը յիշատակի տուրք մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք արմատախիլ եղան Օսմանեան կայսրութեան իրենց պապենական հողերէն եւ, հազարաւոր յոյներու կողքին, տեղ գտան հիւրընկալ Քսանթիի մէջ: Այդ սերունդներն են, որոնք իրենց կարեւոր նպաստը բերին քաղաքի կեանքին, միաժամանակ վառ պահեցին անմոռանալի հայրենիքի ճրագը` պահելով լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ:
Երեկոյի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երաժիշտ Յակոբ Ղազարեան:
25 մարտին քաղաքապետական ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Քսանթիի հայկական գաղութի ստեղծման 100-ամեակի յոբելենական ելոյթը: Շրջանի հայութեան նոր սերունդին անունով ելոյթի բացումը կատարեց Արթին Քիւրքճեան, որ յանուն հայ երիտասարդութեան` խոստում տուաւ շարունակելու հայութեան պայքարը եւ ամէն գնով պահպանելու իրաւունքները, պատմական աւանդը, մշակոյթն ու բարքերը յաջորդ սերունդներուն համար: Ելոյթի գլխաւոր մասը կը պարունակէր երկու դասախօսական ներկայացումներ: Առաջին հերթին, բանասէր Կիւլա Գասապեան հանդէս եկաւ «Հայ գաղթականներու հաստատումը Յունաստանի մէջ` 1922-ին» նիւթով, ապա ազգագրական գիտութեան մասնագէտ դոկտ. Ղարուֆալիա Թէոտորիտու ներկայացուց «Քսանթի. այլ հայրենիքը» նիւթը: Երկու բանախօսները պատմական տուեալներով եւ գիտական մօտեցումով տուին հայութեան հաստատման եւ հետագայ կեանքի կարեւոր ծալքերը, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին Քսանթիի մէջ գաղթականներու նոր կեանքի մեկնարկը եւ համարկումը տարբեր իրականութեան մը մէջ:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Քոմոթինիի մշակութային միութեան «Նայիրեան մեղեդի» երգչախումբը, նաեւ` «Ուրարտու» պարախումբը:
Հայ համայնքին անունով Թագւոր Գարաօղլանեան յիշատակի նուէրներ յանձնեց Քսանթիի փոխմարզպետին եւ քաղաքապետին` իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ` Քսանթիի մետրոպոլիտին եւ օրուան բանախօսներուն:
26 մարտին Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ, որ մատուցեց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: