ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Անցնող տարին` 2022-ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հօր կողմէ հռչակուեցաւ «Սփիւռքի տարի», որուն յաջորդեց կաթողիկոսին կողմէ կազմակերպուած խորհրդակցական բնոյթ ունեցող հանդիպում մը` ստուար թիւով սփիւռքահայ մտաւորականներուն հետ:
Լրատուական բազմատեսակ միջոցներու ճամբով իրազեկ հանդիսացանք հռչակագրին մանրամասնութիւններուն, անոր տուն տուող պատճառներուն, ապա եւ մտաւորականներու խորհրդաժողովին ու անոր առնչուած մանրամասնութիւններուն:
Վերոյիշեալ տարուան աւարտին Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որուն կը նախագահէր վեհափառ հայրը, ուր անոր արտասանած պատգամ-խօսքը արդէն կը յստակացնէր ժողովին նախատեսուած օրակարգի կէտերուն մեծագոյն մասը, նախատեսուած նիւթերն ու մտահոգութիւնները, իսկ ժողովի աւարտէն ետք, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ մատուցուած ս. պատարագի ընթացքին վեհափառ հօր քարոզ-պատգամը` եզրափակիչ խօսքը, ընթացիկ տարին` 2023-ը հռչակելով «Սփիւռքի տարի Բ.», եկաւ ամրագրելու, որ մէկ տարի առաջ սկսած երթը կանգ պիտի չառնէ, պիտի շարունակուի, քանի որ այդ հռչակագիրին տուն տուող պատճառները չեն վերացած ու կը յամենան:
Այժմէն կարելի չէ նախատեսել, թէ մեր` սփիւռքահայութեան, այս երթը որքանո՞վ յաջողութեամբ պիտի պսակուի եւ ի՞նչ պատուարներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի…
Այս երթը յաջողցնելու կամքը ակներեւ է ոմանց, մանաւանդ մտաւորականութեան մօտ, եւ հարկաւոր է զայն դարձնել ժողովրդական երթ… եւ այլն:
Վերոյիշեալ երկար յառաջաբանէն ետք գրութեամբս կ՛ուզեմ ակնարկ մը նետել, թէ ինչպէ՛ս գործնականօրէն փորձուեցաւ «Սփիւռքի տարի»-ի կարգ մը գաղափարները իրագործել բնակավայրիս` Քեսապի մէջ:
Անձս այն տպաւորութեան տակ է, որ վեհափառ հօր տեսադաշտին մէջ աւելի վաղուց, պարզօրէն ու յստակօրէն ընդգծուած էին մեր ազգին գլխուն վերեւ կուտակուած սեւ ամպերը. գուցէ 2018-ի իշխանափոխութեան մեղրամիսի աւարտէն անմիջապէս ետք զգացած էր դամոկլեան սուրին ճօճումը մեր գլուխներուն վերեւ, մանաւանդ` Արցախի 44-օրեայ պատերազմի անձնատուական պարտութենէն ետք, երբ անմիջապէս քողազերծուեցան իշխանութիւններուն խարխափումները:
Արդ, 21 մարտ 2014-ին, Քեսապի տեղահանութիւն-վերադարձ ու աւերածութիւններ ապրած աւանը, իբրեւ սփիւռքի մասնիկ, հզօրացնելու, վերակազմակերպելու… առաջին քայլերը նկատեցինք, երբ վեհափառ հօր տնօրինումով երեք երիտասարդ ու հոգեմտաւոր հարուստ ներուժ ունեցող միաբաններ (վարդապետ թէ աբեղայ) առաքուեցան Սուրիա, ճակատագրակակից երեք շրջաններ` Գամիշլի, Հալէպ եւ Քեսապ:
Քեսապ, որ անցեալին բազմաթիւ աշխարհական թէ կրօնական մարդուժ տուած էր հայաշխարհ սփիւռքին` վարժարաններու ուսուցիչներ, տնօրէններ, վարդապետներ, արքեպիսկոպոսներ ու նոյնիսկ կաթողիկոս, սակայն յաճախ իր մայր եկեղեցին մերթ ընդ մերթ թափուր կը մնար հոգեւոր հովիւէ:
Կը հաւատանք, որ այդ իրավիճակէն նաեւ դրդուած ու վերոյիշեալ նպատակներով Քեսապ առաքուեցաւ նորօծեալ աբեղայ մը` որպէս հոգեւոր տեսուչ, յանձինս Անդրանիկ վրդ. (այժմ) Գիւրիւմլեանին:
Մեր այս տողերը ներբող թող չթուին ընթերցողին, հայր սուրբին, նաեւ չեն վիրաւորեր իր համեստութիւնը, ու հայր սուրբը ծարաւը չունի անոր. վկայ` իր երկուքուկէս տարուան գործունէութիւնը. սակայն կ՛ուզենք նշել ու ընդգծել կարգ մը աշխատանքներ, զորս ան իրագործեց Քեսապի մէջ, կը վկայեն, որ սփիւռքեան այս փոքր մասնիկը վերակազմակերպելու, հզօրացնելու կը միտէին ու այդ առաքելութեան կը ծառայէին:
Բոլորին ծանօթ է, որ Քեսապն ալ անմասն չմնաց սուրիական տագնապին հարուածներէն, ռազմական թէ այս օրերուն թէժացող տնտեսական հարուածներէն:
Կարծես բնութեան հարուածն էր պակաս, զոր թագադրեց 2023 փետրուար 6-ի ծանօթ երկրաշարժը:
Որակական թէ թուական նահանջ արձանագրած Քեսապի միութիւնները թէեւ վերակազմուած էին ու յամառօրէն կը գործէին, սակայն ունէին 21-րդ դարու ամէն տեսակի դժուարութիւններ:
Անգործութեան, արտագաղթի եւ համաշխարհայնացման գործօնները ժխտականօրէն կ՛անդրադառնային Քեսապի հոգեմտաւոր, ազգային ու մշակութային կեանքին վրայ: Քեսապի հայկական ինքնութեան կը մօտենային բազմապիսի սպառնալիքներ:
Իսկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի չգոյութիւնը վերոյիշեալ պայմաններուն մէջ աւելի քան աւերիչ կը դառնար:
Հոգեւոր տեսուչի, հովիւի առաքելութեամբ Քեսապ եկած երիտասարդ միաբանին փորձաքար ու դարբնոց պիտի ըլլար Քեսապը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր երեսը բարեկարգումի կարիք ունէր:
Եկեղեցական կեանքի անխախտ յարատեւութիւն, հոգեւոր կեանքի անարատ շարունակութիւն, ս. պատարագի ու զանազան շարականներու ճիշդ երգեցողութիւն, սարկաւագներու ու դպիրներու պատրաստութիւն… եւ այսպիսի բազմաթիւ կարիքներ, որոնց սպեղանին կար հայր սուրբին մօտ:
Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանը վաղուց կարիքն ունէր կրօնի եւ հայոց լեզուի հմուտ դասատուի մը: Նախապէս եղած փորձերը` լուծում գտնելու, պարզապէս կարկտաններ եղած էին ու թերօգուտ:
Հայր սուրբը յանձնառու եղաւ այդ մէկն ալ կատարելու:
Ազգային, միութենական կեանքին մէջ բազմաթիւ էին բացթողումներն ու կարիքները: Ուստի հայր սուրբի երաժշտագիտութեան մարզին մէջ ունեցած հմտութիւնը եկաւ փակելու այդ մարզին մէկ կարեւոր պակասը: Այդպէս, Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի անցեալի երաժշտական գործունէութիւնը, որ կասած էր, մասնաճիւղին ու հայր սուրբին աշխատանքին շնորհիւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, երբ կարելի եղաւ իրագործել երկու ելոյթներ` վերակենդանացնելով «Կիլիկիա» երգչախումբը:
Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ 12 յունիս 2022-ին, 28 կատարողներով, հայրենաշունչ երգերու փունջով: Ու քիչ անց` 2022 դեկտեմբեր 28-ին, բեմ առաջնորդեց 53 կատարողներով Ամանորին ու Ս. Ծնունդին նուիրուած երգացանկով երգչախումբը:
Այս առիթով Քեսապ ժամանեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանը` իր անդրանիկ այցելութեամբ ու հովանաւորեց երգահանդէսը:
Քեսապի «Սարդարապատ» սրահը կը յորդէր ներկաներով. անոնց սրտերն ու հոգիները վերացած էին` ի տես երգչախումբի հոգեպարար ելոյթին:
Հայր Անդրանիկ «Գանձասար» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին ընդմէջէն բացայայտեց, որ ի տես հայ ազգին ապրած թախծոտ օրերու իրավիճակին, ի հայրենիք ու սփիւռք, յարմար ու տեղին գտաւ, որ իր իրագործած երգացանկը ըլլայ աղօթքներով ու շարականներով շաղախուած:
Վերի տողերուն մէջ նշուած բազմաթիւ իրագործումները եկան իսկապէս հայօրէն գունաւորելու հայկական մեր ինքնութեան ամրապնդող ու գօտեպնդող ընթացքը:
Հոգեմշակութային մթնոլորտը տիրական դարձաւ Քեսապի մէջ:
Անշուշտ այս բոլորը հեռու են բաւարար ըլլալէ, սակայն պէտք եղած տեղաշարժը կատարուած է Քեսապի ու քեսապահայութեան կեանքին մէջ: Գէթ յանդգնութիւնը չունինք հաստատելու, որ ամէն ինչ կարգին է, ու «Սփիւռքի տարուան» հռչակագիրին մէջ մատնանշուած մտահոգութիւնները փարատած են:
Փոքր շեղում մը կատարելով` անդրադառնանք նաեւ 6 փետրուար 2023-ի աւերիչ երկրաշարժին, որ նախախնամութեան հովանիով շատ աւելի նուազ վնաս պատճառեց, քան այլուր` սուրիական այլ բնակավայրերու մէջ, ինչպէս` Հալէպ, Լաթաքիա, Ժապլէ… ու այլուր: Նոյնիսկ Քեսապէն խլուած Կասիոս լերան հիւսիսը գտնուող Մուսա լերան միակ հայկական մնացած Վագըֆ գիւղին մէջ անվնաս կառոյց չէ մնացած:
Քեսապի տուժած կառոյցներուն ամենածանրը` Քեսապի Ս. Աստուածածին բազմադարեայ (գուցէ 3 դարու) եկեղեցին է, որուն հաստանիստ պատերուն վրայ յառաջացած ճեղքերը կը սպառնան անոր գոյատեւման:
Սիրելի ընթերցողը աւելորդաբանութիւն չսեպէ նշելիք իրողութիւն մը. թուրքերը մէկ դարու ընթացքին երիցս փորձած են հրկիզել եկեղեցին, որ անվնաս դուրս եկած է այդ փորձերէն. առաջինը` 1909-ի Ատանայի կոտորածներուն ժամանակ, երկրորդը` 1915-ի Մեծ եղեռնին, երբ Քեսապ ամբողջովին պարպուեցաւ իր 7000 զաւակներէն, իսկ երրորդը` 2014-ի մարտ 21-ի քեսապահայութեան տեղահանութեան ժամանակ: Անցեալին եկեղեցին քանիցս ենթարկուած է վերանորոգման աշխատանքներու:
Այսօր Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուի հոգեւոր տեսուչին ու Թաղական խորհուրդի ուշադրութեան կիզակէտին, ինչպէս նաեւ` Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան ու առաջնորդ հօր, փրկելու համար զայն յառաջիկայի հաւանական որեւէ շարժէ ու փլուզումէ:
Աւելի վերը նշեցինք արդէն, որ հոգեւոր տեսուչին Քեսապ հասնելէն ի վեր կատարուած նախաձեռնութիւնները` քեսապահայութեան ինքնութիւնը պահպանելու ու ամրապնդելու, շատ հեռու են բաւարար ըլլալէ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Սուրիոյ տագնապալի իրողութիւնը, Արցախի աւելի քան 100-օրեայ շրջափակումի իրավիճակը, Հայաստանի իշխանութիւններու խարխափող ընթացքը եւ սփիւռքի անդադար մաշող ու հիւծող իրավիճակը:
Մենք մեր մտքերուն մէջ կը կատարենք կարեւոր այն հարցադրումը թէ քեսապահայութիւնը, սուրիահայութիւնը ու ի սփիւռս աշխարհի հայութիւնը ի՞նչ հանգրուանի հասած են «Սփիւռքի տարի»-ի գործընթացի ճանապարհին վրայ:
Հայութեան վերնախաւերէն անկախ` որքան ժողովրդականացած է այդ գաղափարախօսութիւնը:
Անկասկած որ որպէս կուսակրօն կղերական` հայր սուրբը ուշ կամ կանուխ կրնայ մեկնիլ Քեսապէն, ուղղուիլ հոն, ուր անհրաժեշտ պիտի սեպուի վեհափառ հօր կողմէ ու անոր տնօրինումով շարունակելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը` պայծառացնելու եկեղեցին ու հայ ազգը:
Կը թուի, թէ «Սփիւռքի տարի» գաղափարախօսութեան գործընթացի ճամբուն վրայ մեզի կը սպասէ յամառ, դժուար ու երկար երթ` Քեսապէն սկսելով, մինչեւ սփիւռքի յետին վայրը, ուր կայ հայութիւն:
Ազգովին ուժերու գերլարում կը սպասուի մեզմէ:
Քեսապ, 30 մարտ 2023