ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Վերջին Ընթրիք` Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի Հաստատում Եւ Ոտնլուայ
– Խաւարման Գիշեր
– Յիշատակ Չարչարանաց, Խաչելութեան Եւ Թաղման Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Եւ Հրաշափառ Յարութիւն
Աւագ շաբթուան մէջ իր խորհրդաւորութեամբ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ Հինգշաբթին, որ պատկերն է արարչութեան հինգերորդ օրուան, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերն ու թռչունները:
Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն մատուցուող Սուրբ եւ անմահ պատարագը յիշատակն է Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման:
Զատիկէն առաջ` Բաղարջակերաց տօնին, Յիսուս առաքեալներուն հետ սեղան նստաւ Վերնատան մէջ: Ատիկա Յիսուսի Վերջին ընթրիքն էր խաչելութենէն առաջ: Խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ Յիսուս առաւ հացը, օրհնեց եւ կիսելով աշակերտներուն տուաւ` ըսելով. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա Իմ մարմինս է»: Ապա գինիի բաժակը առնելով գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ իր աշակերտներուն տուաւ` ըսելով. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ, որովհետեւ ասիկա է Նոր Ուխտի Իմ արիւնը, որ կը թափուի շատերու համար, իրենց մեղքերու թողութեան համար»:
Յիսուս կենդանի գառնուկի զոհաբերութիւնը փոխարինեց բանական զոհաբերութեամբ` Պատարագով, այդպէսով հաստատելով Հաղորդութեան խորհուրդը:
Սուրբ Պատարագի ժամանակ հացն ու գինին սրբագործուելով կը վերածուին Քրիստոսի Մարմնին ու Արեան:
Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կը կատարուի Կարգ Ապաշխարողաց, ապա կը մատուցուի Սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին հաւատացեալներ, քառասնօրեայ պահքը պահողներ զղջումով եւ իրենց գործած մեղքերու համար ապաշխարութեամբ Սուրբ Հաղորդութիւն կը ստանան, ճաշակելով Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը: «Ով կ՛ուտէ Իմ Մարմինը եւ կ՛ըմպէ Իմ Արիւնը, յաւիտենական կեանք ունի»:
* * *
Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւն:
Վերջին ընթրիքէն ետք Յիսուս վրայէն հանեց զգեստները, մէջքին ղենջակ կապեց, կոնքին մէջ ջուր լեցուց, ծունկի եկաւ Իր աշակերտներուն առջեւ եւ լուաց անոնց ոտքերը` սրբելով մէջքին կապուած ղենջակով:
Յիսուս սիրոյ, հեզութեան ու խոնարհութեան գերագոյն օրինակը տուաւ. «Եթէ Ես` Տէրս եւ Վարդապետս, լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ, որովհետեւ օրինակ մը տուի ձեզի, որ ինչպէս Ես ձեզի ըրի, դուք ալ նոյն ձեւով ընէք»:
Հոգեւորականը տասներկու մանուկներու կամ դպիրներու հետ կը բարձրանայ խորան, խաչով ու Աւետարանով եւ «Թող օրհնուին եւ սրբագործուին այս իւղն ու ջուրը» խօսքերով կ՛օրհնէ ջուրն ու իւղը, ծունկի կու գայ եւ կը լուայ տասներկուքին ոտքերը եւ իւղով կ՛օծէ:
Յիսուս աշակերտներուն ոտքերը միայն ջուրով լուաց. իսկ իւղի օգտագործումը կը խորհրդանշէ Յիսուսի ոտքերուն մեղաւոր կնոջ թափած անուշահոտ իւղը:
Ոտնլուայի արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն օրհնուած իւղ կը բաժնուի:
* * *
Աւագ հինգշաբթի գիշեր կը կատարուի Խաւարման կարգ, որ կը վերաբերի Աւագ ուրբաթի խորհուրդին: Խաւարման կը կոչուի, որովհետեւ Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ արեւը կէսօրին խաւարեցաւ մինչեւ ժամը երեք, երբ Յիսուս հոգին աւանդեց:
Աւագ ուրբաթը կը խորհրդանշէ արարչութեան վեցերորդ օրը, երբ Աստուած հողէն արարեց Ադամը եւ յետոյ անոր կողէն ստեղծեց Եւան: Ուրբաթ օր Ադամ ու Եւա արգիլուած պտուղը կերան եւ արտաքսուեցան դրախտէն:
Խաւարման կամ Լացի Գիշերը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ հրեայ կրօնաւորներուն ընդմէջէն, սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց իր Արարիչը եւ աշխարհի Լոյսը:
Խաւարման արարողութեան սկիզբը, վարագոյրով ծածկուած խորանին կեդրոնը, Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց տասներկու հաւասարաչափ մոմեր եւ անոնց միջեւ մէկ մեծ մոմ կը վառեն` խորհրդանշելով Յիսուսն ու Անոր տասներկու առաքեալները: Կը կարդացուին աւետարաններէն եօթը հատուածներ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի` Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի` ամբոխին ձեռքը յանձնուիլը, Աննայի եւ Կայիափայի առջեւ տարուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը եւ Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը: Աւետարանական ընթերցումները կ՛ընդմիջուին սաղմոսներու ընթերցանութեամբ եւ շարականներով:
Աւետարանական ամէն ընթերցումէ ետք իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն: Վերջին ընթերցուածքի աւարտին կը մնայ միայն մէջտեղի մեծ մոմը, որ կը խորհրդանշէ Տիրոջ լքուիլը: Եւս մէկ շարական, եւ կը մարեն բոլոր լոյսերը ու եկեղեցին կը մնայ մթութեան մէջ:
Մթութեան մէջ կը հնչէ զղջման եւ ապաշխարութեան «Տէր ողորմեա»-ն, որմէ ետք` խաչին վրայ գամուած Քրիստոսի ապրումները` «Ո՞ւր ես, Մայր իմ» յուզախառն մեղեդին:
«Ո՞ւր ես, Մայր իմ, քաղցր ու անոյշ,
Սէր ծնողիդ զիս այրէ:
Լցան աչք իմ դառն արտասւօք,
Ոչ ոք ունիմ, որ սրբէ:
Ջուր խնդրեցի, քացախ արբի
Անօրինաց ձեռանէ:
Ազդ արարէք մօրն իմոյ,
Որ գայ կարօտն իւր առնէ.
Գուցէ երբեք յետոյ եկեալ
Եւ զիս մեռեալ գտանէ.
Ո՛վ Մարիամ Մագդաղինէ
Եւ ազգակից Սողոմէ.
Վա՛յ ինձ, Յիսուս Միածին
Որդի Արեգակն կորուսի.
Ո՞ւր ես, առաջ լոյս իմ
Որդեակ Հոգւոյս հոգի իմ Զաւակ.
Վայ իմ որդեակ, անոյշ գառնուկ,
Առանց քեզի մնացի որբուկ.
Ո՛վ Մարիամ, եւ դուք, կանա՛յք,
Ինձ հետ լացէք, ողբացէք»:
Ապա կ՛երգուի «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» շարականը, որուն աւարտին կը հնչէ «Ծագեա»-ն, եւ կրկին լոյսերը կը վառեն:
Եկեղեցին լուսաւորելը կը խորհրդանշէ որ մեր Տիրոջ չարչարանքներն ու խաչելութիւնը մեր փրկութեան եւ լուսաւորութեան համար էին:
* * *
Աւագ ուրբաթ առաւօտեան կը կատարուի Խաչելութեան կարգ, որուն ընթացքին կը կարդացուին Յիսուսի` Պիղատոսի մօտ տարուելու, Գողգոթայի վրայ խաչուելու, մահուան եւ արեւու խաւարման աւետարանական հատուածները:
Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, նախատօնակի արարողութեան ընթացքին կը կատարուի Թաղման կարգ: Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական դագաղին կամ գերեզմանին վրայ կը զետեղուի սպիտակ պատանքով խաչ: Ծնրադիր կ՛երգուի «Խաչի քո Քրիստոս» շարականը:
Խաչեալ Յիսուսը խաչէն իջեցուցին եւ` պատանքի մէջ փաթթելով, վիմափոր գերեզմանի մէջ դրին եւ վէմ քարով փակեցին:
* * *
Աւագ շաբաթ օրը պատկերն ու օրինակն է արարչութեան եօթներորդ օրուան, երբ Աստուած հանգստացաւ Իր բոլոր գործերէն:
Քրիստոս Իր մահէն ետք դժոխք իջաւ եւ աւերեց զայն` փրկութիւն շնորհելով արդարներու հոգիներուն:
Երեկոյեան մատուցուող Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագով կը սկսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը: Քրիստոս իր մահով յաղթեց մահուան, մեզի` մարդոց փրկութեան համար: Յընթացս Սուրբ Պատարագի կը տրուի Յիսուսի Յարութեան աւետիսը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», եւ Քրիստոսի Յարութեան ականատես հաւատացեալներ կը պատասխանեն. «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:
* * *
Յիսուսի մահէն երեք օր ետք իւղաբեր կանայք` Մարիամ Մագդաղենացի, Յակոբի մայր Մարիամ եւ Սողոմէ գերեզման գացին` անուշաբոյր իւղերով օծելու Քրիստոսի մարմինը, սակայն զարմանքով տեսան, որ քարայրի մուտքի քարը հեռացուած է, իսկ գերեզմանը` թափուր:
Մինչ անոնք տարակուսանքի մէջ էին, երկու հրեշտակներ երեւացին եւ ըսին. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներու մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛, այլ յարութիւն առաւ»:
Յարութեան լուրը կանայք աւետեցին առաքեալներուն, ապա Յիսուս երեւցաւ անոնց:
Քրիստոսի Յարութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքն է:
Սուրբ Յարութիւնը հայոց մէջ կոչուած է նաեւ Զատիկ, որ կ՛ենթադրուի եկած ըլլալ զատել կամ ազատել բառէն: Մարդկութիւնը Քրիստոսի շնորհիւ զատուեցաւ, ազատեցաւ մեղքի գերութենէն, ստանալով յաւիտենական կեանքը:
Սուրբ Զատիկը հայ եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն մէկն է եւ կը նշուի գարնան գիշերահաւասարի յաջորդող լուսնի լրման առաջին կիրակի օրը, մարտ 22-էն ապրիլ 25: Տաղաւար տօներուն յաջորդող օրը Մեռելոց է:
Սուրբ Զատկուան տօնին կը ներկեն հաւկիթ, որ կը նկատուի յարութեան եւ նոր կեանքի սկզբնաւորման խորհրդանիշ: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Քրիստոսի կենդանարար արիւնը, որ թափեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար: