Ս. Զատիկը, որ նաեւ Ս. Յարութեան տօն կը կոչուի, քրիստոնէական եկեղեցիներու մեծագոյն տօնն է: Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալու իրողութիւնը ուժեղ հաւաստիք է անմահութեան եւ յաւիտենական կեանքի, ինչպէս նաեւ ապացոյցը` Քրիստոսի բերած յաղթական կեանքին:
Ս. Յարութեան նշանակութիւնը այն է, թէ Քրիստոս վճռական յաղթանակ մը տարած է մեղքի, խաւարի եւ մահուան ուժերուն դէմ, եւ հաստատած է իր Փրկիչ, Մեսիա եւ Տէր ըլլալու իրողութիւնը:
Երբ Յիսուսի յարութեան մասին կը խօսինք, երեք յատկանշական նշմարներ կը պարզուին մեր մտքերուն մէջ.
Առաջին. Յիսուսի յարութիւնը պատմական անուրանալի իրականութիւն մըն է: Անտարակոյս, մարդկօրէն Յիսուսի մեռելներէն յարութիւնը կրնայ անհաւատալի թուիլ: Ինչպէ՞ս մեռած մարդ մը կրնայ ողջննալ, մարդկօրէն դժուար է ասոր հաւատալ: Բայց Ամենակարող եւ հրաշագործ Աստուծոյ համար ոչինչ անկարելի է: Եթէ Ան տիեզերքը ոչինչէն ստեղծեց` միթէ կարող չէ՞ր, որ իր Միածին Որդին մեռելներէն յարուցանէր:
Արդարեւ, Աստուծոյ փրկագործութիւնը անկատար պիտի մնար, եթէ մարդկութեան փրկութեան համար մեռնող Յիսուս Քրիստոս գերեզմանին մէջ մնար: Յիսուսի Յարութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն էր: Քրիստոս պէտք էր յաղթանակէր մեղքի եւ մահուան վրայ` մարդոց փրկութեան գործը լիովին կատարելու համար: Եւ ան, ինչպէս յայտարարած էր իր աշակերտներուն` իր մահէն երեք օր ետք յարութիւն առաւ: Այո՛, Քրիստոսի յարութիւնը պատմական անուրանալի իրականութիւն մըն է:
Երկրորդ. այն հրաշալի եւ անբացատրելի կեանքի ու կենցաղի փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցաւ իր առաջին հետեւորդներուն մէջ, ապացոյց մըն էր, որ անոնք դէմ յանդիման գտնուեցան յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի: Յիսուսի յարութեան նախորդող շրջանին եւ Յիսուսի յարութեան յաջորդող շրջանին պատկերը դիտեցէ՛ք: Յարութեան նախօրեակին Յիսուսի հետեւորդները մեղկ, վախկոտ, անողնայար մարդիկ էին: Անոնք իրենց շուքէն իսկ վախցող երկչոտ արարածներ էին: Իսկ Յիսուսի յարութենէն ետք Անոր հետեւորդները դարձան անվախ, արի եւ աննկուն էակներ: Անոնց պարտուողապաշտ դիրքը փոխուեցաւ ինքնավստահ քաջութեան, վիշտը փոխուեցաւ ուրախութեան, մահուան հանդէպ կասկածը փոխուեցաւ մարտահրաւէրի: Այս հիմնական շրջադարձութիւնը պատահական երեւոյթ մը չէ եւ ոչ ալ շինծու փոփոխութիւն մը` կեղծիք մը յաւերժացնելու համար: Անոնք յօժարեցան իրենց կեանքը զոհելու յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի համար:
Արդարեւ, յետխաչելութեան եւ յետյարութեան այս զոյգ երեւոյթները պերճախօս վկայութիւնները կը դառնան այն չնաշխարհիկ իրականութեան, որ խաչեալը հիմա յարուցեալ Տէր էր, եւ Անոր աշակերտներն ու հետեւորդները զգացած էին Անոր «յարութեան զօրութիւնը» իրենց կեանքին մէջ: Անոնք ականատես եղած էին Յարուցեալին առանձնապէս եւ հաւաքաբար, ինչպէս թափուր գերեզմանին քով, Էմմաւուսի ճամբուն վրայ, Գալիլիոյ ծովափին եւ Համբարձման լերան վրայ:
Երրորդ, այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուսի աշակերտներու կեանքին մէջ, պիտի կրկնուէր շարունակաբար ամէն դարու ընթացքին Քրիստոսի նոր հետեւորդներու կեանքերուն մէջ: Այս մասին պերճախօս վկայութիւններ հայթայթած են մեզի տարբեր դարերու մէջ ապրող եւ ծառայող քրիստոնեաներ: Ասոր մեծագոյն եւ պերճախօս ապացոյցը կը տեսնենք Պօղոս առաքեալի կեանքին մէջ: Հալածիչ տարսոնցի Սօղոսը պիտի դառնար Քրիստոսի համար հալածուող սուրբ Պօղոսը: Եւ նոյնինքն Պօղոսը պիտի յայտարարէր. «Ո՛չ թէ ես կենդանի եմ, այլ Քրիստոս Յիսուս իմ մէջս կենդանի է» (Գաղ. 2.30):
Թէեւ Պօղոս, Յիսուսի աշակերտներուն նման, չտեսաւ յարուցեալ Քրիստոսը իր երկրաւոր կեանքի օրերուն, սակայն Անոր յարութեան զօրութիւնը զգաց իր կեանքին մէջ: Այդ պատճառով էր, որ ան վկայեց, «Ամէն բանի կարող եմ Անով (Քրիստոսով), որ զիս զօրացուց»:
Նմանօրինակ փորձառութիւն կ՛ունենան բոլոր անոնք, որոնք ճաշակած են Քրիստոսի բերած նոր կեանքը, զգացած են Անոր յարութեան զօրութիւնը իրենց կեանքին մէջ եւ բանիւ եւ գործով, կեանքով ու կենցաղով կրնան վկայել` «յիրաւի, Ան յարութիւն առած է»: Յարութեան զօրութիւնը զիրենք ներշնչած է քրիստոնէական յոյսով եւ ամրապնդած է իրենց հաւատքը, թէ այս կեանքի առօրեայ պայքարին մէջ` իրենց մթագնած ձմրան օրերուն պիտի յաջորդեն կենսատու գարնան օրեր, որովհետեւ Գողգոթայէն անդին կայ հրաշափառ յարութիւն, Աւագ ուրբաթին կը յաջորդէ յաղթական յարութեան կիրակի առաւօտը:
Անցնող քանի մը ամիսներու ժամանակաշրջանը հայ ժողովուրդին համար եղաւ տագնապալի եւ խռովայոյզ շրջան մը` ի տես 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Արցախը կապող միակ ճանապարհին (Լաչինի միջանցքի) փակման հարցին, ինչպէս նաեւ 6 փետրուար 2023-ին հարաւային Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով մեր հայրենակիցներու կրած կորուստներուն:
Արդարեւ, այս երկու տագնապներն ալ կը շարունակեն մտահոգել մեզ` հակառակ զանոնք լուծելու մեր անխոնջ եւ սրտցաւ ջանքերուն: Գուցէ յաճախ կը մտածենք, թէ անյոյս են մեր ջանքերը: Սակայն, Ս. Զատկուան մեզի հաղորդած պատգամը բոլորովին տարբեր է: Իր յաղթական յարութեամբ Քրիստոս կը պատգամէ մեզի, որ յուսահատելու եւ վհատելու չենք, եթէ երբեք իրօք կը հաւատանք Անոր յարութեան զօրութեան: Հայոց պատմութիւնն ալ վկայ է ասոր, քանի որ ամէնէն դաժան ու դժխեմ պարագաներուն մէջ իսկ հայ ազգը չէ յուսալքուած:
Արդ, այս հաւատքով զինուած, մեր աշխատանքը շարունակելու ենք, մեր օգնութեան ձեռքերը երկարելու ենք ուր որ կարիք կայ, եւ երբեք վհատելու չենք` գիտնալով, որ հզօր Աստուած Իր գահին վրայ նստած` կը շարունակէ գահակալել եւ տնօրինել ամէն բան:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ