Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Օժանդակութիւնը Յանձնուեցաւ Հալէպահայութեան
Հինգշաբթի, 30 մարտ 2023-ի միջօրէին Ֆրեզնոյի հայութեան բժշկական առաքելութեան օժանդակութիւնը հասաւ Սուրիոյ սահման` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի:
Օժանդակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր դեղորայք, ինչպէս նաեւ` նիւթական օժանդակութիւն, Սուրիա-Լիբանան սահմանին յանձնուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի ազգային պատուիրակութեան, թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային առաջնորդարանի Յարաբերական մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան եւ Դամասկոսի «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան:
Ֆրեզնոյէն այս առիթով ժամանած Պերճ Աբգարեան ըսաւ. «Յուզումնախառն ապրումներով լեցուած եմ այսօր: Անհաւատալի պատկեր մը կը ստեղծուի այսօր մեր պատմութեան էջերէն մէկուն մէջ: Մենք ցոյց կու տանք ամբողջ աշխարհին, որ սուրիահայութիւնը, հալէպահայութիւնը առանձին չեն: Այսօր հազարաւոր մղոններ անդիէն` Ֆրեզնոյէն, կու գանք պատուիրակութեամբ մը ըսելու, որ մենք ձեր կողքին ենք այսօր եւ միշտ, ուրախ թէ դժուար պահերու մէջ»:
Մակար եպս. Աշգարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան եւ Ֆրեզնոյի մեր սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք մինակ չձգեցին սուրիահայութիւնը Սուրիան ցնցած երկրաշարժին պատճառով ստեղծուած աղէտալի կացութեան մէջ:
«Ձեր ներկայութիւնը խրախուսիչ է, մեր միասնական ճիգերով պիտի շարունակենք յաղթահարել մեր ազգին դիմաց ցցուող տարբեր դժուարութիւններն ու շարունակել մեր գոյերթը», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Սուրիա-Լիբանան սահմանին օժանդակութեան յանձնումին ներկայ էին նաեւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան անդամներ` տոքթ. Վաչէ Վասիլեան, տոքթ. Կարօ Խաչիկեան, Ֆրեզնոյի հայ բարերար Սերժ Հայթայեան, Արփի Աբգարեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վեքիլեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. էլի Թաշճեան, ՀՅԴ Այնճարի կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեան, տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներ:
Միացեալ Նահանգներ
Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ Առաջնորդներու Հանդիպում
30 մարտին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդները` Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ եւ հիւրընկալ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ներս ունեցան խորհրդակցական միօրեայ հանդիպում:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ երեք առաջնորդները միատեղ ու միասին խորհրդածեն հայ ժողովուրդի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ թեմերն ու ազգային կեանքը յուզող հետեւեալ կէտերուն մասին.
Ա.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմեր: Այս ծիրէն ներս, թեմակալ առաջնորդները իրենց նախնական պատկերացումները ներկայացուցին իրարու, կատարեցին ամբողջացումներ եւ պատրաստեցին կուռ ծրագիր, որպէսզի ե՛ւ որպէս թեմեր ե՛ւ ընդհանրապէս գաղութներ, կարելի ըլլայ ամէնէն պատշաճ ու պատուական մթնոլորտի մէջ հիւրընկալել կաթողիկոսը, որուն Հիւսիսային Ամերիկա այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ երեք շրջաններու հայութեան հաւատքի նորոգութեան, ազգային ինքնութեան նորօրեայ արժեւորման եւ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի յաւելեալ ծաղկումին:
Բ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի հռչակումով «Սփիւռքի տարի Բ.»-ի տարին ըլլալով, ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում ընթանալու լուսաւոր ապագայի ակնկալութեամբ, առաջնորդները շօշափեցին կարելիութիւնները աւելի կազմակերպուած ու աւելի ծաւալուն ծառայութիւն մատուցելու հայ ժողովուրդին ու գաղութներու զաւակներուն, թեմերու, ծուխերու եւ ազգային վարժարաններու ընդմէջէն:
Գ.- Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` երիտասարդ նոր սերունդներու մօտ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է քրիստոնէական արժէքները աւելի դիւրահաղորդ ու ընկալելի դարձնել մեր շուրջ հասակ առնող տղոց ու աղջիկներուն համար: Առ այս, առաջնորդները անգամ մը եւս վերահաստատեցին, որ պիտի շարունակեն վերանորոգ թափով իրենց ծրագրաւորումը ի կատար ածել:
Դ.- Ծիսական բարեկարգութեան վերաբերեալ սրբազանները իրենց Կրօնական ժողովներէն եկած հարցերը քննարկեցին եւ, համադրելէ ետք զանոնք, որոշեցին փոխանցել Կեդրոնական Կրօնական ժողովին, որպէսզի վեհափառ հօր նախագահութեամբ անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարէ, եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու հաստատումով աւելի յստակ կերպով եւ միաձեւութեամբ ի կատար ածուին բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:
Յայտնենք նաեւ, որ առաջնորդները առցանց հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ եւ լսեցին անոր առաջնորդող մտածումները, որոնք իբրեւ ուղեցոյց ընկալուեցան իրենց կողմէ եւ իրենց կարգին զանոնք պիտի փոխանցեն իրենց շրջաններու Ազգային վարչութեանց եւ Կրօնական ժողովներուն, որպէսզի միասնական ջանքերով գործադրուին` յանուն թեմերու առողջ գործունէութեան, եկեղեցական կեանքի յաւելեալ շէնացման, հայ ազգի զաւակներու հոգեւոր ու ազգային կեանքի առաւել պայծառացման:
Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Չորեքշաբթի, 29 մարտ 2023-ի յետմիջօրէին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը շարժապատկերի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Գեւիկ Պաղտասարեանի եւ «Արցախ արուեստի եւ մշակոյթի հիմնադրամ»-ի (Artsakh Arts and Cultural Foundation) ատենապետ Կարօ Մատէնլեանի: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Ջ. Աւետիսեան եկած էր առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու եւ զայն տեղեակ պահելու Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած իր նոր` «Revival» տեսերիզի նկարահանման աշխատանքներուն մասին:
Թորգոմ եպիսկոպոս բարձր գնահատեց շարժապատկերի ասպարէզին մէջ բեմադրիչ Աւետիսեանին ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յանուն Ազգային առաջնորդարանի` նշանակալի նիւթական զօրակցութիւն ցոյց տուաւ անոր` ի նպաստ նշեալ ծրագրի իրագործման:
Հանդիպման աւարտին առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց Արեւմտեան թեմի զաւակներուն, որ անսակարկ աջակցութիւն ցուցաբերեն արուեստագէտ Աւետիսեանի հայրենանուէր աշխատանքին եւ ազգօգուտ առաքելութեան:
Քանատա
Նուիրատուներու Գնահատանքի Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին, 16 մարտին կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նուիրատուներու գնահատանքի երեկոյ»: Օրուան հանդիսավար Նայիրի Շարապխանեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ սոյն սրահին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անհատի իրարու միացնողը անցնող տարիներու ընթացքին Հայ կեդրոնին նիւթապէս սատարած ըլլալն է, աւելցնելով, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը միշտ հանդէս եկած է նոր եւ նորարար ծրագիրներով` ի նպաստ թորոնթոհայ համայնքին, եւ բոլոր ծրագիրները միշտ ալ հասած են իրենց լրումին ու պսակուած են յաջողութեամբ` շնորհիւ ներկայ նուիրատու գործընկերներու նշանակալից ներդրումին: Շարապխանեան Հայ կեդրոնի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ներկայ նուիրատուներուն, որոնց անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ կեդրոնը կրցաւ դիմակայել իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ամրապնդեց իր կենսունակ մնալու դիմակայութիւնը` քանատահայ յաջորդ սերունդներուն համար:
Այնուհետեւ Յակոբ Թորոսեան ներկայացուց կեդրոնի Արագ բնակարանային նախաձեռնութիւնը եւ Երկարատեւ խնամքի ծրագիրը, Արփի Թիթիզեան ներկայացուց Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրը, Գարինա Հասըրճեան ներկայացուց Սառա Քորնինկ ցեղասպանութեան կրթութեան կեդրոնի (Sara Corning Centre for Genocide Education) նորութիւնները, իսկ Ռոզալի Ուաննէս նորութիւններ յայտնեց Թորոնթոյի հանրային մէկ տարածքին մէջ զետեղուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի ծրագրին մասին:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչ Վահան Աճեմեան, որ նկատել տուաւ, թէ ներկայիս գաղութը ունի տարիներ առաջ գաղթած անդամներ, այստեղ նոր գաղթած անդամներ եւ հոս ծնած ու հոս մեծցած անդամներ, աւելցնելով, որ կեդրոնին մէջ դաստիարակուած սերունդ մը ջահը վերցուցած է եւ կը շարունակէ պայքարը մեր նպատակները իրականացնելու համար: Ան վստահեցուց, որ նուիրատուներու շարունակական աջակցութեամբ տակաւին շատ յաջողութիւններ պիտի տեսնեն ու միայն պիտի զօրացնեն գաղութը եւ հայրենիքը:
Թորոնթոյի Միջյարանուանական Մարմինին Ժողովը
21 մարտին Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինը գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւներ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի եւ Հայարի Ա. քհնյ. Թանաշեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Եղիա ծ. վ. Գիրէջեանի, Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւներ` Վարդան ծ.վ. Թաշճեանի եւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի, ինչպէս նաեւ` Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինի երկար տարիներու ատենապետ Յակոբ Ճանպազեանի: Կամքէ անկախ պատճառներով ժողովէն կը բացակայէր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը: Ժողովին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ վերջերս Թորոնթօ ժամանած Պոլսոյ պատրիարքութեան միաբաններէն Յարութիւն վրդ. Տամատեանը:
Ժողովը մշակեց եւ ծրագրեց իր միամեայ գործունէութեան աշխատանքները:
Ժողովի աւարտին, հովիւներու առաջնորդութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` նորոգ վախճանեալ վերապատուելի Եսայի Սարմազեանի եւ տիրամայր Թերեսա Թաշճեանի հոգիներու խաղաղութեան համար:
Եկեղեցիներու հովիւներն ու անոնց ընկերակցող հիւր հոգեւորականը ապա այցելեցին ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը: Միջյարանուանական մարմինի անդամները դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանին կողմէ եւ ծանօթացան վարժարանի կառոյցին, կրթական ծրագիրին եւ անոր ազգանուէր աշխատանքներուն:
Հիւրերը յաջողութեան ջերմագին մաղթանքներ յայտնեցին` ՀՕՄ-ի վարժարանի տնօրէնութեան, կրթական մարմինին, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն, նուիրատուներուն եւ բարերարներուն:
Իրան
«Արարատ» Պարախումբի Տարեկան Ելոյթ
Վերջերս, «Կոմիտաս» սրահին մէջ ՀՄԱԿ-ի Արուեստից միութեան «Արարատ» պարախումբի գործունէութեան 30-ամեակի սեմին, տեղի ունեցաւ պարախումբի տարեկան ելոյթը: Ձեռնարկը միաժամանակ նուիրուած էր պարախումբի երկար տարիներու գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Անահիտ Աւետեանին` իր քսանամեայ աշխատանքի եւ մասնագիտական ուսուցման համար:
Մեղեդի Նազարեան իր բացման խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց պարախումբի 30-ամեայ գործունէութեան ընթացքին Հայաստանի անուանի պարուսոյցներու եւ պարարուեստի մեծագոյն վարպետներու հետ շարունակական համագործակցութիւնը:
Ելոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` պարախումբի գործունէութեան եւ իրականացուցած կալա համերգներու մասին: Երգային կատարումներով ելոյթ ունեցաւ նաեւ երգչուհի Անի Արզումանեան:
Աւարտին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հենրիկ Խալոյեան դրական համարեց պարախումբին ելոյթը վաստակաշատ պարուսոյցին նուիրելու գաղափարը եւ Անահիտ Աւետեանին յանձնեց կազմակերպութեան պատրաստած յուշանուէրը: Արուեստից միութեան անունով Քրիստինէ Արզումանեան եւս Անահիտ Աւետեանի յանձնեց յատուկ գնահատագիր:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան բարձր գնահատեց պարախումբին գործունէութիւնը` երիտասարդ սերունդը մշակութային մարզով կրթելու եւ արուեստի լեզուին ծանօթացնելու առումով, աւելցնելով, որ սփիւռքը կ՛ապրի իր կերտած հոգեւոր հայրենիքին մէջ, իսկ արուեստն ու մշակոյթը այն ասպարէզներն են, ուր պէտք է կրթուի մատաղ սերունդը` միաժամանակ իր միտքին մէջ պահելով հայկականութիւնը եւ ազգային ոգին:
Եզրափակելով իր խօսքը, սրբազան հայրը անդրադառնալով Սումկայիթի ջարդերու տարելիցին` նշեց, որ անոնք նահատակուելով անմահացան եւ դարձան համայն հայութեան զարթօնքի մէկ մասը, եւ յիշելով Ցեղասպանութեան նահատակները` շեշտեց, որ հայը միշտ պէտք է յիշէ իր պայքարի եւ կեանքի իրաւունքի կարեւորութիւնը:
Կիպրոս
Մշակութային Երեկոյ` Նուիրուած Հայկական Պարին
4 մարտին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն` ներկայութեամբ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան բացատրեց, որ սոյն երեկոն կազմակերպուած էր` օգտուելով հայրենի պարուսոյց Գրիգոր Կարապետեանի ներկայութենէն, որպէսզի առիթ ընծայուի ներկայացնելու հայկական պարի ծագումը, զարգացումը եւ ներկան:
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Սիփան» պարախումբի անդամ Էլեն Անդրէասեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ հայկական պարերու զարգացումին` կեդրոնանալով արցախեան պարերու ներկայացման վրայ, որմէ ետք Նանօր Քէլէշեան, Էլեն Խաչատրեան եւ Էլեն Անդրէասեան ներկայացուցին «Տաւիղ» պարը:
Գրիգոր Կարապետեան իր խօսքը սկսաւ բացատրելով, որ հայկական ազգային պարը սկիզբ առած է նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն եւ դարերու ընդմէջէն հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութեան ու գեղագիտական մտածողութեան ամենավառ արտայայտութիւններէն մէկը: Ապա ան նշեց, որ մեր ազգային պարերը կը բաժնուին չորս խումբերու` ծիսական, սիրային, ռազմական ու ժողովրդական եւ մէկ առ մէկ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր խումբի աւանդութիւններուն եւ առանձնայատկութիւններուն:
Համազգայինի Կիպրոսի կազմի պարախումբերուն պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեան ներկայացուց հայկական պարարուեստի մեծանուն վարպետներ Ազատ Ղարիպեանի եւ Վանուշ Խանամիրեանի, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Խաչիկեանի վաստակը` պատգամելով, որ դժուարին պայմաններու մէջ ապրած այս մեծերուն ստեղծագործութիւնները պարարուեստի գոհարներ են, որոնք պէտք է պահպանուին եւ անփոփոխ փոխանցուին նոր սերունդներուն:
Ապա Սերինէ Պաղտասարեան ներկայացուց «Տարտս տուի հովերին» մենապարը:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ հայրենի պարարուեստի վաստակաւոր գործիչներ` Գագիկ Կարապետեան, Ֆլորա Ասոյեան, Ալպերթ Կիզիրեան, Ժասմինա Աւետիսեան, Ռաշիտ Կարապետեան, Սուրէն Խաչատրեան, Ասատուր Կարապետեան եւ Վարդան Գէորգեան, որոնք ծանօթ ըլլալով «Սիփան» պարախումբի եւ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի աշխատանքին, շնորհաւորեցին եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին անոր եւ Համազգայինին: