Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահէ Արք. Փանոսեանի Ս. Զատկուան Պատգամը. Ես Եմ Աշխարհի Լոյսը

Ապրիլ 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ կ՛ընծայէ մեզի տօնական հոգեպարար մթնոլորտի մէջ նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնը:

Մեր ապրած տեսակաւոր հարցերուն ու տագնապներուն դիմաց, Ս. Յարութեան տօնը լուսաւոր տեսարան մը կը բանայ մեր դիմաց: Լայն բանանք մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի մեր կեանքը անորոշութեան տանող պայմաններուն դիմաց, մեր ներաշխարհին մէջ յարութեան կենդանարար լոյսը ընդունինք եւ այդ լոյսով պայծառութիւն բերենք մեր կեանքին:

Այսօր, մեր եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ յարութեան յաղթանակին աւետիսն ու խրախոյսը եւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ առանց Աստուծոյ պարգեւած լոյսին, աշխարհի փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց կը պարտուինք ու կը խորտակուինք: Հետեւաբար, կենդանի հաւատքով եւ ճշմարտութիւնը փնտռող աչքերով նայինք յարութեան հրաշալիքին, որպէսզի առողջարար ու կազդուրիչ գիտակցութիւն բերենք մեր կեանքին ու մեր շրջապատին:

Անկասկած, մեր ապրած տագնապներուն դիմաց, բոլորս ալ ճար ու դարման կ՛աղերսենք եւ զԱստուած օգնութեան կը կանչենք: Արդարեւ, ներկայ դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ, բոլորս ալ կարիքը ունինք փրկաւէտ միջոցի մը, որ կրնայ քակել մեր աչքին կապը եւ առիթ ընծայել, որ կենարար լոյս թափանցէ օր ըստ օրէ աւելի մթագնող մեր առօրեային մէջ:

Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ.

«Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի` խաւարի մէջ պիտի չքալէ‚ այլ` պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ՛առաջնորդէ»: (Յովհ. 8:12):

Այս բառերը, որոնք այնքան թելադրականութեամբ ու հեղինակութեամբ կ՛արտասանուին նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ, գարնան նորաբաց արեգակին քաղցր ջերմութիւնն ու լոյսը պէտք է բերեն մեր կեանքին:

Քրիստոսի Յարութեան տօնը յաղթանակն է լոյսին: Այդ պատճառով, եկեղեցին այսօր մեզ կը հրաւիրէ լոյսով դիտելու ամէն բան ու նոր արշալոյսի մը պարգեւած ջերմութեամբ կազդուրուելու եւ նոր կշռոյթ զետեղելու մեր ապրումներուն, եռանդին ու աշխատանքներուն մէջ:

 

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Առանց լոյսի ոչինչ որոշ է տիեզերքի մէջ: Առանց ներքին հոգեւոր լոյսի, նաեւ անյոյս է մեր վիճակը, որովհետեւ, Աստուծոյ բացակայութիւնը, ներքին խաւարի ու հոգիի անդամալուծութեան կը տանի մեր կեանքը: Արդարեւ, առանց երկնային լոյսի օժանդակութեան, խաւարի կը վերածուի մեր հոգեկան աշխարհը, անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքը, եւ մարդկային մեր ճիգն ու երազներն ալ ի վերջոյ կը փոշիանան ու կը սնանկանան:

Մարդուս կեանքը առաւելաբար կախեալ է իր բարոյական վիճակէն: Ներքին լոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհի մէջ ունենալ ամէնէն ապահով նեցուկը` զԱստուած, որ աղբիւրն է բոլոր ուղիղ սկզբունքներուն, բոլոր բարի խորհուրդներուն, բոլոր արդար մտածումներուն ու գործերուն, եւ երաշխիքը` անայլայլ նկարագիրին, անբիծ վարքին ու աներկիւղ քաջութեան:

«Ես եմ աշխարհի լոյսը….», կ՛ըսէ մեր Տէրը: Ուստի, ջանանք դարձեալ քալել Աւետարանի ուղիներէն, որպէսզի յարութեան լոյսով ողողուած, նոր լոյս բերենք մեր հոգիներուն եւ այդպիսով շարունակենք ի սպաս մեր եկեղեցւոյ ու մեր ազգին տարած մեր պարտականութիւնները` մեր շրջապատին մէջ քրիստոնէական յոյսը ցոլացնելով եւ լուսեղէնը պաշտպանելով:

Տօնական բարեբաստիկ այս առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, թեմիս հոգեւորականաց դասն ու ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու թաղականութիւններն ու յարակից մարմինները, լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար նուիրումով գործող մեր վարժարաններու, ազգային կառոյցներու ու մարմիններու բոլոր պատասխանատուները:

Նաեւ կ՛աղօթենք, որ  ամենաբարին Աստուած անորոշութեան խաւարը փարատէ Լիբանանի ու Հայաստանի հորիզոններէն եւ նոր ոգեկանութիւն հաստատէ հայութեան կեանքին մէջ:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:
Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

 

 

Նախորդը

Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Տիրոջ Ս. Զատկուան Պատգամը. Նորոգուելու Համար Մեղքի Հնութենէն

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Յարուցեալ Քրիստոս Մեզի Հետ` Մինչեւ Աշխարհի Վախճանը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?