Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան ճանապարհին կը հանդիպինք բազմաթիւ ներշնչող պատկերներու, որոնցմէ մին Խաչեալ Յիսուսի գերեզմանի մուտքի ծաւալուն քարի տապալումն է: Կան Ծաղկազարդի գունագեղ փունջերն ու ովսաննաները, կայ Յիսուսի օծման անուշահոտը, կայ աշակերտներուն հետ Գեթսեմանիի աղօթքի մտերմութիւնը, եւ նամանաւանդ վերջին ընթրիքի յուզական պահն ու պատգամը: Միւս կողմէ, կան խիստ ծանրակշիռ պահեր:
Տաճարի մաքրագործումը, Յուդայի մատնումը, Պետրոսի ուրացումը, խաչի առանձնութեան ճգնաժամը:
Իսկ այդ որոշիչ մէկշաբթի օրուան արեւածագին, երբ կիները գացած էին գերեզման Տէր Յիսուսի մարմինը օծելու, մտահոգ թէ գերեզմանի դրան հսկայ քարը ո՞վ պիտի գլորէր, անակնկալով գտան, թէ արդէն քարը գլորուած էր եւ հրեշտակ մը բացած էր ընթացքը իրենց հաւատքի եւ անկեղծ նուիրումի առաքելութեան առջեւ:
Մարդկային կեանքի կեդրոնական հարցերէն եւ մարդը անդամալուծող պարագաներէն մէկը այն է, թէ մեր ճանապարհին արգելք հանդիսացող խոչընդոտներու լուծումը ո՞վ պիտի տայ: Մտահոգ արգելիչ քարերով, մարդ մերթ կը մնայ անշարժ իր յուսահատութեան մէջ, մերթ դառն` շրջապատին նկատմամբ, մերթ հաշիւներու եւ չափազանցուած մտածողութեանց գերի, եւ ընդհանրապէս գործօն հաւատքէ զուրկ:
2023 տարին իրեն հետ բերած է արդէն արգելափակիչ քարերու, դաւադրութիւններու, դաժան շրջապատումներու եւ անկարելիութեան պատկեր ներկայացնող գործօններ: Ո՞վ պիտի գլորէ միջինարեւելեան տնտեսական ու քաղաքական անկումներու քարը: Ո՞վ պիտի փշրէ Արցախի ազատազրկման քարը: Ո՞վ պիտի խաղաղեցնէ անձկութեան գերի դարձած եւ առանձնութեան ու շփոթի մատնուած սերունդները: Ո՞վ պիտի տեսնէ զրկուած ժողովուրդներու դատը: Ո՞վ պիտի վստահեցնէ մարդը, թէ մահէն անդին ի՛նչ պիտի գտնէ:
Քարը չէ յանցաւորը: Արդարութիւնն ու կեանքը խափանող քարի ետին կայ անարդար ու մեղաւոր գործող մը: Թերզարգացած ընկերութիւններու եւ երկիրներու ետին կան թերի գործեր, թերի հաւատք, թերի կամք, թերի համակարգ: Այո՛, բնութիւնը ունի իր աւերումները, որոնք սահմանափակող են:
Սակայն բուն թերութիւնը մարդոց ու անոնց սրտին մեղքն է: Տեղ մը անհոգութեան մեղք, այլ տեղ հպարտութեան մեղք, կամ տգէտ եսասիրութեան մեղք, իսկ աւելի ծանրը` գիտակ չարութեան մեղք: Ամէն պարագայի մէջ Աստուծմէ հեռացումէ մեղք:
Ահաւասիկ պատգամը հրաշափառ Յարութեան ի պատասխան անոնց, որոնք մտահոգ էին, թէ քարը ո՛վ պիտի գլորէր: Քրիստոս Յարեաւ մեռելներէն, ի՛ր մահէն, ի՛մ մահէս, բոլորի՛ն մահէն: Մեղքը իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, երբ կ՛ապրի Քրիստոս Օծեալը մեր սրտին մէջ: Մահը վերջաւորութիւն չի կրնար ըլլալ Քրիստոսով յաւիտենական շնորհք ստանալէ ետք:
Յարուցեալ Տէրը Փրկիչ է այսօր ալ, եւ միշտ: Քարը չէ տէրը: Քարը կրնայ գլորուիլ իսկապէս: Բայց երբ քարը գլորուի, մենք պատրաստ պիտի ըլլա՞նք ներս մտնելու եւ վկայութիւն տալու, որ Տէրը յարուցեալ է, եւ թէ Անոր սէրը գերակայող է, եւ թէ Անոր փրկութիւնը մեր քարերը իր խաչի սիրովը պիտի վերցնէ: Մենք ալ մեր կերպերով կարող պիտի ըլլա՞նք վկաները դառնալու Քրիստոսի յարութեան, պարպուած գերեզմանին, մեղքերու թողութեան:
Քրիստոնէական հաւատքը անտարբեր ու սպասողական կեցուածք չէ: Երբ հաւատքով, յոյսով, անձնուրացութեամբ ու նուիրումով շարժինք, պիտի տեսնենք, թէ արդէն իսկ քարերէն մաս մը գլորուած են մեր առաջ: Սակայն, մինչ կը վստահինք Քրիստոսի հրեշտակի հրաշքին, մենք ալ ունինք քարեր, որոնք պէտք է անձնապէս, ազգովին, կամ ընդհանրապէս շարժենք ու փշրենք` Քրիստոսի սիրոյն, խոնարհ քայլերով, եւ արդարութեան փափաքով: Այս բոլորը կատարելու համար չգործածենք քարի պատրուակը, այլ նայինք, թէ այդ քարէն անդին ո՛ւր է Յարուցեալ Քրիստոսը, ո՛ւր է Անոր արդարութիւնը, Անոր փրկարար շունչը մեր ներսիդին, եւ ամէն բանէ աւելի` փնտռենք Անոր թագաւորութիւնը:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ