ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Մոմեր դողդոջ բարձր ու ցած
մոմեր հանգած
մոմեր յենած պատին գորշ
գոլ գոլորշի
Դէմքեր տարտամ
աչքեր յառած սալին սեւ
աչքեր անկամ
Տէր, յիշեա՛ ծառան քո
Խոյակներ բեկոր, խաչեր ցիրուցան
աւազան կիսատ
հոգի ենթադրեալ, աղօթք անագան
Տէր, յիշեա՛ քո ծառան անձեւ
Թափօր հանդերձեալ
շուրջառներ բոսոր, խաչվառներ խռիւ
ամբոխ գորշազգեստ
ամբոխ ցաւահար
Ո՞վ է Տէրը մեր
Ո՞վ է Տէրը մեր


