Անկեղծութեան պահու մը, ազգ եւ հայրենիք վերականգնելու համար, եթէ այդ ցանկութիւնը կայ եւ շաբաթավերջի հայր-զաւակի ընտանեկան ու դուռ-դրացիական զուարճութիւններու փուչիկի խօսափողի խաղ չէ, պէտք է խոստովանիլ, որ մեծ ու պզտիկ փքուած եսերու ճահիճին մէջ ենք եւ չենք լսեր, չենք ուզած լսել անհանգստացնող ճշմարտութիւնները, կամ աթոռ-աթոռակի խաղերուն անձնատուր ըլլալով` ապազգայնացումը դարձուցած ենք առօրէական, եւ հայ կեանքը շարունակուած է իր (ան)բնական ընթացքով: Գեղեցիկ համարուած խօսքեր թութակաբար կրկնուած են, ծուարած ենք կարգախօսներու աղմուկին մէջ, զանոնք գործածելով որպէս միջոց` «էսթեպլիշմընթ»-ային հայրենասիրական-բարեսիրական աղմկարարութեան եւ նոր հաւատարմութիւններու անձնատուր եղած ենք, որպէսզի շարունակենք պատշաճելով ապրիլ: Եթէ միայն գիտնայինք, թէ ի՛նչ ըսած է Ի. դարու այլեւս չյիշուող հայ գրող Վիգէն Խեչումեան: Ան մեծ իմաստութեամբ գրած է. «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Այսպէս է մերկ ճշմարտութիւնը ազգային լեզուի, մշակոյթի, քաղաքականութեան եւ արուեստներու պարագային: Ուրիշի դրանը հիւր ենք մինչեւ այն օրը, երբ կը դադրինք հիւր ըլլալէ եւ ազգին իրապէս չառնչուող ինքնագոհական աղմկարարութիւններով կը բաւարուինք:
Բեմերէ կը հնչէ սովորական դարձած «պիտի պայքարինք»-ը, բայց ոչ ոք կ՛ըսէ` ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով, ո՞ր հետեւորդներով եւ մանաւանդ` ո՞ր դաշնակիցներով: Ամբոխ յուզել` պայքարի ծաղրանկար է:
Կ՛ըսեն, որ այս տեսակ միտքեր կը խանգարեն:
Եթէ չըսենք, պէտք է ընդունիլ հագած ըլլալ «հիւրընկալ»-ին հագուստը եւ վերջ:
Ի տես եւ ի լուր աճող փառատենչիկներու յառաջացուցած ճահճացումներուն` հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն գտնելու համար կ՛ապաստանիմ զինուորներու պէս կարգով կանգնած գիրքերու աշխարհին մէջ: Նոր եւ հին գիրքեր, հայերէն մոռցուած գիրքեր: Հայատառ այլեւս անտէր գիրքեր: Մեր նորանուաճ ինքնահաստատումները կը թելադրեն հայերէն եւ հայատառ գիրքերը համարել ներկային մէջ չշնչող յուշամատեաններ: Այդքա՛ն:
Այսօր կրկին անոնց այցելուն էի: Յաճախ չէ, որ անոնք իրենց ճամբան կորսնցուցած այցելուներ կ՛ունենան: Մարդոց անուններ, գիրքերու անուններ: Մեր պատմութեան կրկնուող ճակատագրական այս օրերուն երեւելիական ախտէ տառապողներ ասդին-անդին կը պոռչտան քաղաքական պայքարի մասին, երբ ազգի ինքնութեան լեզուն դարձուցած են «ոջիլի շուկայ»-ի ապրանք-աղմուկ` կրկնելով, թէ «պիտի պայքարինք», որպէս թիրախ ընտրելով «թշնամիներ»-ը, երբ ոչինչ ըրած ենք, չենք պայքարած «ինքնութիւն հայերէն»-ը պաշտպանելու համար` մե՜ծ (չ)իմաստութեամբ յայտարարելով, որ այդ աշխատանքը «սուրի հարուած է տրուած ջուրի մակերեսին»…
Շարքէն հանեցի գիրք մը, որ այդքան ալ հին չէ, լոյս տեսած է 1989-ին, Փարիզ: Անունը` «Անկատար ալպոմ ֆրանսահայ գրական եւ մտաւորական դէմքերու»:
Կը տողանցեն` Վազգէն Շուշանեան, Արշակ Չօպանեան, Շաւարշ Միսաքեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Զարեհ Որբունի, Հրաչ Զարդարեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Շահան Շահնուր, Կարապետ Փոլատեան, Գրիգոր Ճիզմէճեան, Արտակ Դարբինեան, Հրանդ Թորոսեան, Գեղամ Ֆէնէրճեան, Լեւոն Չորմիսեան, Մկրտիչ Երիցանց, Արաքսի եւ Հայկանուշ Թորոսեան քոյրեր, տոքթ. Հայկ Գալճեան, Մարգարիտ Բաբայեան, Գեղամ Քերեսթէճեան, Լեւոն Մոզեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Հայկ Պէրպէրեան, Լեւոն Մեսրոպ, Բիւզանդ Վաղինակ, Միսաք Մանուշեան, Յարութ Կոստանդեան եւ «Փունջ մը «նոր» գրողներէն` Գրիգոր Պըլտեան, Զուլալ Գազանճեան, Նազարէթ Թօփալեան, Եղիշէ Այվազեան… Ի հարկէ այս յիշուած անունները պէտք է լրացնել ուրիշ անուններով ալ, ինչպէս` Շաւարշ Նարդունիով, Սեմայով, Մարի Աթմաճեանով, Կարօ Մեհեանով…
Ֆրանսա ապրած, բայց հայերէնով շնչած եւ ներիմացական խոր ըմբռնումով բարձրամակարդակ ազգ եւ ինքնութիւն պահած մարդիկ:
Ֆրանսայի հայկական հրապարակի աղմուկին մէջ հազիւ քանի մը անուններ կը յիշուին, այդ յիշատակութիւնն ալ ոչ մէկ առնչութիւն ունի գրականութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հետ, ընդհանրապէս «քաղաքական» շահագործում է, որ կ՛անցնի այդ անուններու կեանքի կողքէն: «Քաղաքական» ցուցադրութիւններու» (շաու) մէջ անոնք տեղ չունին, լեզուն պահելու պայքար չենք մղած, ոչ ոք խօսափողի առջեւ կը կանգնի պոռալու, որ այլ կարեւոր «հարց»-երու կողքին, նոյն կարեւորութեամբ պաշտպանենք հայերէնը, այս անգամ` պայքարելով մեր իսկ կողմէ կազմակերպուած նահանջին դէմ:
Գիրքին հեղինա՞կը. մոռցուած անուն մը: Գիրքը` վկայութիւններ` երէկի մեր առօրեայէն հեռացուած դէմքերու եւ անոնց իմաստութեան մասին: Գացէ՛ք եկեղեցի եւ բակին մէջ հարցուցէ՛ք, թէ «Սոփոկլեան» անունով հայ հեղինակ մը գոյութիւն ունեցա՞ծ է Լոյսերու քաղաքին մէջ… Ցոյցերու ընթացքին նոյն հարցումը ուղղեցէ՛ք ձեր կողքէն գալողներուն:
Գարնան արեւին տակ նստած` կը դարձնեմ գիրքին էջերը, ուր հայեր կան, անուններ, երբ դեռ ՄԵՆՔ էինք: Յաճախ կը մտածեմ, որ այսօր այդ անուններու շարունակութի՞ւն ենք: Եթէ չենք, ի՞նչ բանի եւ բաներու շարունակութիւն ենք:
Ճիշդ է, որ այսօր հայեր, յանձնառու ըլլան թէ ոչ, կրկին ընկճուածի եւ պարտուածի հոգեվիճակի մէջ են, կրկին իրաւունք կորսնցնելու օրուան հասած ենք: Երազներ փայփայած հայեր, կամայ թէ ակամայ, անզօր հանդիսատես են Արցախ-հայրենիքի «յանձնում»-ին, որ ազգի պարտութիւնն է:
Քանի մը օրէ ի վեր ինքզինքիս կը պարտադրեմ չբանալ համացանցի լրատուական էջերը, որպէսզի չտեղեկանամ… Ամէն օր ազգ եւ հայրենիք հարուածող լուրերը չեմ ուզեր լսել, Արցախի վերջին բեկորի շրջափակում, հայու հայրենիք Արցախի վերջնական կորուստ, Հայաստանով անցնող միջանցք, որ հայապատկան պիտի չըլլայ, Ազգային ժողովին մէջ բանակռիւ, որ կը յանգի կռիւի, հայ զինուոր կը զոհուի կամ կ՛առեւանգուի… իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ կը ճանչնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը` ըստ խորհրդային քարտէսներու, որ կը նշանակէ` ըստ ստալինեան կամայականութեան: Ո՞ւր կը մնայ պատմական ճշմարտութիւնը տիրութեան իրաւունք հաստատելու համար, ո՞ւր կը մնայ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ եւ ԱԶԳԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔը:
Մեր տխուր եւ տխրեցնող ներկան:
Ընթերցումս կասեցուցի հեղինակին` Շաւարշ Միսաքեանի յատկացուած էջերուն վրայ: Գլխագիր Շաւարշ Միսաքեանի ազգային-քաղաքական խօսքի մէջբերում մը կայ, զոր կ՛արտագրեմ ի պէտս ամէն գոյնի հայերէնը թանգարան դրած «քաղաքագէտ»-ներուն եւ, պայքարողներուն, օդին մէջ նիզակ ճօճողներուն:
Հեղինակը` Լեւոն Սոփոկլեան կ՛ըսէ, որ Շաւարշ Միսաքեան ընդվզեցաւ նոյնիսկ անոնց դէմ, որոնք հայրենիք ներգաղթելէ ետք օտարութիւն երազելով դասալիք դարձան: Կը մէջբերէ Շաւարշ Միսաքեանի միշտ հզօր միտքը, զոր հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ) բաւարար չափով չկրկնեցինք եւ այսօր ալ չենք բարձրաձայներ.
«ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՋԵՒԱ՞Ն Է, ԿԱՄ ՊԱՆԴՈԿ, ՈՐ ՁԵՐ ՍԻՐՏԸ ՆԵՂԱՑԱԾ ԱՏԵՆ ՀԵՌԱՆԱՔ ԱՏԼԱՆՏԵԱՆԻ ԱՅՍ ԿԱՄ ԱՅՆ ԱՓԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: Ի՜ՆՉ ՇՈՒՏ ՄՈՌՑԱՔ ԱՅՆ ՕՐԵՐԸ, ԵՐԲ ՀԷՅՊԷՅՈՎ ԵՒ ՋՈՐԻՈՎ ՃԱՄԲԱՅ Կ՛ԵԼԼԷԻՔ ԽԱՐԲԵՐԴԷՆ, ՄԱԼԱԹԻԱՅԷՆ, ԿԱՄ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԷՆ, ԱՄԵՐԻԿԱ ԳԱՂԹԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԵՐԲ ԱՅԴ ՕՏԱՐ ԱՓԵՐԸ ՀԱՍԱՔ, ԻՒՂ ՈՒ ՄԵ՞ՂՐ ԿԸ ՀՈՍԷՐ ՁԵՐ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ: ՏՈԼԱ՞Ր ԿԸ ԺՈՂՎԷԻՔ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ, ԹԷ ՁԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՐԵՒԸ ՎԱՐՁՈՒ ԿՈՒ ՏԱՅԻՔ»…
Եթէ Շաւարշ Միսաքեան ողջ ըլլար, ի՞նչ պիտի ըսէր մերօրեայ ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄ-ԱՐՏԱԳԱՂԹի, եւրոպական այս կամ այն երկրի մէջ նոր յայտնուած «համայնքներ»-ու մասին, որոնք հայրենասիրական-քաղաքական յայտարարութիւններով հրապապարկ կու գան, Երկրի մասին, որմէ կամովին հեռացած են: Այս քաղաքագէտ-հայրենասէրները Ցեղասպանութենէ ճողոպրածներ չեն, հայրենահանուածներ չեն, Ցեղասպանութենէ ճողոպրածի կամ հայրենահանուածի թոռ կամ ծոռ չեն, մեծաւ մասամբ արտագաղթողներ են, հայրենիք լքողներ, «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի եւ «յաջողելու» համար ոչ թէ իրենց «երիտասարդական արեւը վարձու» կու տան, այլ կը վաճառեն, հայրենիքը կը լքեն: Ազգի հոգեբարոյական նահանջի այլ մէկ արտայայտութիւնն է մեր նորօրեայ պատմութիւնը, երբ «սփիւռքացած» հայեր, ասդիէն-անդիէն, վասն ապահովութեան հայրենիք վերադարձէ ետք, իրենց ձեռք բերած հայկական-քաղաքացիական անցագրով կը հեռանան հայրենիքէն: Ի՞նչ պիտի ըսէր Շաւարշ Միսաքեան այս նորատեսակ պատեհապաշտութեան մասին:
Ի հարկէ հայրենալքում-արտագաղթի մասին խօսիլ` բառերը չարչրկելու խաղ պիտի ըլլար, եթէ միաժամանակ չխօսէինք հայրենադարձութիւն-բնակեցման մասին, որ իսկական ազգային քաղաքականութիւն պէտք էր ըլլար գերաճող սփւռքներու եւ հանրապետութեան ղեկավարութիւններուն համար, որ չեղաւ, չկայ, առանց որուն` կրնանք հայրենիք ու հայրենասիրութիւն թմբկահարել եւ աղմկել, պարտականութիւն կատարածի ինքնարդարացում ցուցաբարել բարեսիրութեամբ, որ ո՛չ ազգային քաղաքականութիւն է, ո՛չ ալ հայրենատիրութիւն: Վերադարձի եւ վերադարձողի նկատմամբ կառուցողական իսկական հայրենասիրական եւ հարազատի վերաբերում չեղաւ, յաճախակի եղան վհատեցնող բացասականութիւնները, որոնք կը շարունակուին, ինչպէս սիրայօժար օգնութեան գացող բժշիկներու պարագան է, երբ մաքսային սպասարկութիւնը անոնց տարած դեղորայքի եւ սարքաւորումներու ճամպրուկները վար կը դնէ, չի վերադարձներ, որոնք անհետ կը կորսուին: Այնքա՜ն բազմաթիւ են ճիշդ կամ սխալ ասէկոսէները բարի կամեցողութեամբ «Հայաստան գործարարութիւն» ընելու նպատակով գացողերու եւ յուսախաբ վերադարձողներու:
Ամպագոռգոռ ժողովներու օրակարգ չեղաւ բնակեցումը` ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ Արցախ, ե՛ւ սփիւռք: Արձանագրութիւն պահուա՞ծ է տեղ մը, թէ երեսուն տարուան ընթացքին քանի՞ հոգի եւ ընտանիք գացին Արցախ հաստատուելու, եթէ եղան, Արցախի բնակեցման ծրագրում-քաղաքականութիւն ունեցա՞ն հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի բազմանուն ղեկավարութիւները, որոնք այսօր կ՛աղմկեն Արցախի կորուստին եւ անոր ժողովուրդի դժբախտութեան մասին: Մի՞թէ պարզ չէ, որ հողը տէր-բնակիչ կ՛ուզէ: Կ՛ուզէ նաեւ այսօր: Պէտք է իրատեսութեամբ մտածել ներկայի մասին, երբ Հայաստանը կը դառնայ գրեթէ միաքաղաք երկիր, այսինքն կայ Երեւանը` տեւաբար կառուցապատուող եւ բաղդատել… հանրապետութեան միւս տարածքներուն հետ: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս տիրութիւն պիտի ընէ ցանցառ բնակչութեամբ եւ կենցաղային անբաղձալի պայմաններու մէջ գտնուող շրջաններուն: Հանրապետութեան եւ Արցախի աւագանիի անդամներէն քանինե՞ր իրենց ընտանիքով Երեւանէն դուրս կը բնակին: Եթէ վիճակագրութիւն մը կարելի ըլլար իրականացնել, կը լուսաբանուէինք եւ թերեւս ըստ այնմ կը գործէինք:
Յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ եղաւ այն համեստ երիտասարդը, որ իր համեստ խնայողութեամբ Իշխանաձորէն չեմ գիտեր քանի «տէօնիւմ» հող գնած էր հոն ապրելու համար, առանց ճառ խօսելու եւ բանաստեղծելու հոն իր կեանքը շարունակելու համար… Բնազդական հայրենասիրութեան վառ օրինակ մը: Ան չէր ընտրած` Փարիզը կամ Մարսէյը, Չեխիան, Նետերլենտը, Շուէտը, Քանատան, Աւստրալիան, Գերմանիան: Հայրենատիրութիւնը չէր շփոթած բանակավայրի մը կամ բնակավայրի հետ, ուր կը գտնուինք որպէս վարձուոր:
Ինչպէ՞ս կրկին եւ կրկին չմտածել ազգի առաջնորդներէն անգիտացուող գրող Վիգէն Խեչումեանի հետեւութեամբ, որ «ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Անհատական եւ ազգային արժանապատուութեան հարց` ժաքուզիէն եւ գերմանական մակնիշով ինքնաշարժներէն գերիվեր:
Ինչո՞ւ ներսի եւ դուրսի «ղեկավարներ» Վիգէն Խեչումեանի իրաւութեամբ չեն խօսիր զիրենք լսողներուն, եթէ կան, որպէսզի հայրենիք պահենք, պահած ըլլայինք, ըլլայինք հայրենատէր, չըլլայինք յաւերժի վարձուոր:
Ինչպէս կ՛ըսէր Ռաֆայէլ Իշխանեան` «առանց լեզուի ի՞նչ ազգ», այսօր պարտք պէտք է համարենք ըսել` առանց հող-հայրենիքի ի՞նչ ազգ:
Այսօր եթէ խօսափողներէն չհնչեցնենք արժանապատիւ մարդու յատուկ այս իրաւութիւնները, վստահօրէն վաղը ուշ պիտի ըլլայ, լսող ալ պիտի չըլլայ:
Ինչո՞ւ մոռցուած Լեւոն Սոփկոկլեանի «Անկատար ալպոմ»-ի էջերը` որպէս անշպար ճշմարտութիւն, չյիշեցել ո՛չ միայն ֆրանսա, այլ նաեւ` ամէնուրեք, ուր հայեր կան…
Ի հարկէ 1989-ին լոյս տեսած համեստ մարդու համեստ գործը արդիականութիւն չի բուրեր, ցնցող չէ, բայց մեր անմիջական ներկայի տխրութիւններու անհիւրընկալ թատրոնին անձայն յուշարարն է, եթէ բեմին վրայ եւ «յանպատրաստից»-ի, իմպրովիցիայի, աղմուկին մէջ յուշարարի ձայնը լսող ըլլայ:
4 Յունիս 2023, Նուազի-լը-Կրան