Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պարտուողներու Խաղաղութիւն Է» Շեշտեց Վ. Եագուպեան

Յունիս 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Նահար Արապի»-ի «Ալաան ու պաատ փոտքեսթ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւանականութեան եւ այդ իմաստով տիրող նախապատրաստական հոլովոյթին, եւ ըսաւ, որ ասիկա պարտուողներու խաղաղութիւն է:

Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ այդ համաձայնագիրին մասին կատարուած հիմնաւորումները կու գան 2020-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն եւ անհաւասար այդ կռիւին ընթացքին Ազրպէյճանի արձանագրած յաղթանակէն, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի անձնատուական յայտարարութեամբ, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակէն, ռուս-ուքրանական տագնապին հետեւանքներէն:

Այս շրջագիծին մէջ Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ նաեւ Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ունեցած ռազմավարական դիրքին, յատկապէս` Ռուսիոյ եւ շրջանի ուժերուն համար: Ան աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան շրջապատուած է թշնամի երկիրներով, բացի Իրանէն, որուն հետ պատմական յարաբերութիւններ կան, եւ Ռուսիայէն, որուն հետ դաշնակից է:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց նաեւ, որ ինչպէս Արցախի դէմ պատերազմին ընթացքին թրքական զինուորական յստակ ու բացայայտ օժանդակութիւն կար, նոյնպէս այդ ծրագիրները կարելի է շօշափել այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւանականութեան իմաստով:

Շրջանին մէջ «փոփոխութիւն մը» բերելու մտադրութիւնը արդէն իսկ յստակ էր, երբ 2018-ին Նիկոլ Փաշինեան ստանձնեց Հայաստանի իշխանութիւնը: Ան սկսաւ խօսիլ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան հաստատումին մասին, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքին հետ մշակեց սերտ յարաբերութիւններ:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու իմաստով Հայաստանի վրայ հսկայական ճնշում կը բանեցուի մեծ թիւով պետութիւններու կողմէ:

Ան աւելցուց, որ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մանրամասնութիւնները կը մնան գաղտնի, հետեւաբար յստակ չէ, թէ խաղաղութեան ո՛ր տարբերակն է, որ պիտի ստորագրուի` ռուսակա՞նը, ամերիկեա՞նը, թէ՞ եւրոպականը, որոնք բոլորը ի միջի այլոց նոյն նպատակին համար ճնշում կը բանեցնեն Հայաստանի վրայ:

«Նոյնիսկ եթէ Արցախի հարցը «լուծուի», կայ շատ աւելի մեծ հարց, որ Զանգեզուրի միջանցքի հարցն է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կը պարտադրուի` ռուսական, ամերիկեան եւ եւրոպական օրհնութեամբ:

Զանգեզուրի միջանցքը պիտի վնասէ Հայաստանի շահերուն, մանաւանդ եթէ այդ միջանցքը հայկական իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ չըլլայ, որովհետեւ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը պահանջեն անոր հսկողութիւնը` հայկական հողերուն վրայ, նոյնիսկ եթէ Ռուսիա յայտարարած է, թէ ինք պիտի ստանձնէ այդ անցքին հսկողութիւնը:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ դերակատարութեան` Վ. Եագուպեան ըսաւ, որ «Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը փաստ է, որ այդ ուժերը ի՛նչ կրնան ընել Արցախի ապահովութեան համար: Աւելի՛ն. 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Արցախը Հայաստանի կապող միակ ճամբան` կեանքի ճամբան փակուած է Ազրպէյճանի կողմէ, եւ Արցախը կը մնայ շրջափակուած: Հետեւաբար ասիկա եւս ճնշամիջոց է Հայաստանի վրայ, որպէսզի ան ընդունի խաղաղութեան ազրպէյճանական տարբերակը», նշեց ան:

Պատասխանելով Իրանի կեցուածքին մասին հարցումի մը` Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Իրան իր կարգին հիմնական վնասուող կողմը պիտի ըլլայ Զանգեզուրի միջանցքին բացումով` յիշեցնելով, որ այդ միջանցքը կրնայ փակել Իրան-Հայաստան միակ ճամբան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստան տնտեսական շահեր պիտի իրականացնէ՞ Զանգեզուրի միջանցքէն եւ բարգաւաճում պիտի ապրի՞, Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ ոչ մէկ երաշխիք կայ այդ իմաստով` աւելցնելով, որ Հայաստանը կը կորսնցնէ իր գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը, ինչ որ պիտի սպառնայ անոր անվտանգութեան: «Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ո՛չ Ազրպէյճանը եւ ո՛չ ալ Թուրքիան կրնան երաշխաւորել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ չեն կրնար երաշխաւորել արցախահայութեան ազատութիւնն ու գոյութիւնը` իր հողերուն վրայ», հաստատեց ան:

Վ. Եագուպեան նշեց, որ յստակ չէ, թէ ներքին հայաստանեան իմաստով ի՛նչ փոփոխութիւններ կրնան արձանագրուիլ եւ թէ Փաշինեան որքա՛ն երկար կրնայ իշխանութեան վրայ մնալ: «Միակ իրականութիւնը այն է, որ այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը Հայաստանի համար վնասակար է, եւ Փաշինեանի անձնատուական կեցուածքով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը խստիւ մերժելի է», ընդգծեց Եագուպեան:

 

Նախորդը

Քֆարշուպայի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

Յաջորդը

Կալուզին. «Միացեալ Նահանգներ Նպատակ Ունին Ռուսիան Հեռացնել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթէն»

RelatedPosts

Հազարաւոր Արցախցիներ  Տեղահանուեցան Արցախ Աշխարհէն
Գլխաւոր լուրեր

Հազարաւոր Արցախցիներ Տեղահանուեցան Արցախ Աշխարհէն

Սեպտեմբեր 26, 2023
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Արցախի Եւ Անդրկովկասի Նիւթը
Գլխաւոր լուրեր

«Փաշինեան Խոստովանեցաւ, Որ Ամբողջ Ընթացքին Հայաստանը Միտումնաւոր Կը Պատրաստէին Ռուսիայէն Հեռանալու» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Սեպտեմբեր 26, 2023
Ազրպէյճան Յայտնած Է Արցախի Մէջ  Քանի Մը Հայ Բերման Ենթարկելու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճան Յայտնած Է Արցախի Մէջ Քանի Մը Հայ Բերման Ենթարկելու Մասին

Սեպտեմբեր 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In