ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ինծի կը մնար միայն շնորհակալութիւն յայտնել եւ, աւելի՛ն, երախտապարտ մնալ: Ուրիշ ոչինչ: Այդ օր երկու մանչերս, տարեդարձիս առթիւ մեր նստասենեակի պատերէն մէկը ծածկող, ապակիէ վեց փեղկերով զարդարուած գրադարան մը գնած ու ինծի նուիրած էին: Ամբողջ օրը այսպէս պոռալով, կանչելով, բարկանալով եւ քրտնելով` երկուքը միասին աշխատած, անոր կտորները միացուցած եւ վերջապէս գրադարանը տեղաւորած էին իր ճշդուած վայրը: Հիմա կարգը իմս էր:
Տարիներով, մեր «կարաժ»-ին մէկ անկիւնը, տասը համրանքը անցնող տուփերու մէջ, իրարու վրայ թխմուած ու սեղմուած հայերէն գիրքերս ու դասագրքերս վերջապէս դէպի լոյս աշխարհ պիտի բերէի իրենց ակամայ «բանտէն», փոխարէնը` չոր պատերով մեր սենեակը տարբեր գոյն պիտի ստանար, իսկ սիրտս ալ` հպարտութիւն ներշնչող բան մը:
Արագօրէն սկսայ աշխատանքիս: Նախ «կարաժ»-էն, տուփ առ տուփ շալկելով գիրքերս սենեակ բերի: Կինս ալ, իր կարգին, մէկ առ մէկ անոնց փոշիները առնելով զբաղուեցաւ:
Հիմա իմ պարտականութիւնս էր զանոնք շարել եւ կարգով դասաւորել:
– Նայէ՛, կանոնաւո՛ր դիր, պատմականները քով-քովի, միւսները` այդպէս, չխառնե՛ս, անկանոն չշարե՛ս, սխալ չտեղաւորե՛ս.- տեղատարափ անձրեւի նման կնոջս ցուցմունքները երկվայրկեանի մը մէջ կը թրջէին ուղեղս: Ինծի համար այս «խրատականները» եւ մանաւանդ թելադրանքները նորութիւններ չէին: Վերջին հաշուով, ամէն բանէ առաջ ինծի ընթերցումն էր էականը եւ ուրիշ ոչ մէկ բան:
«Կիները այդպէս են», քմծիծաղով մը միտքէս ինքնիրենս կ՛ըսէի,- կը կարծեն, որ իրենցմէ զատ ուրիշ ոչ ոք կոկիկ ու կանոնաւոր կրնայ ըլլալ: Ատոր համար առատօրէն խելք կու տան, ցուցմունք ու խրատականներ կը կատարեն ու էրիկ մարդու նկարագիրի թելերէդ մէկը նշանակէտ դարձնելով` կը փորձեն զայն անխնայ հարուածել»: Բայց եւ այնպէս, առանց պատասխանելու, հնազանդ աշակերտի մը նման կամ, աւելի ճիշդ, իր մօրը խօսքը մտիկ ընող տղու մը պէս անցայ գործիս, այդ «սրբազան» աշխատանքիս ու մէկիկ-մէկիկ փոշիներէն ձերբազատուած գիրքերն ու ամսագրերը սկսայ շարել:
Ի՜նչ մեղքս պահեմ` «մուխս մարեցաւ» եւ «արիւն քրտինք» մտայ, բայց եւ այնպէս, առանց ձայնի ու աղմուկի, գործս ամբողջացուցի: Չեմ գիտեր, թէ այս ամբողջը ինձմէ որքա՛ն ժամանակ խլած էր: Միայն այն գիտեմ, որ կինս բաւական ատեն ետք յանկարծ «շնորհաւոր ըլլայ» մը ըսելով` գաւաթ մը սուրճ հրամցուց:
Նստայ բազկաթոռիս վրայ ու աչքիս ծայրովը սկսայ դիտելու կարգի շարուած ու կեցած Վարուժանն ու Չարենցը, Րաֆֆին ու Մալխասը, Համաստեղն ու Ահարոնեանը: Դասագիրքերուս կողքին զգուշաւոր տեղաւորած էի «Դար մը գրականութիւն»-ը, իսկ քիչ մը անդին` «Հայրենիք» ամսագիրներու եւ «Ամէնուն տարեգիրք»-երուն շարանը: Բոլորը անխտիր, նորագրեալ զինուորի մը հնազանդութեամբ, զիս կը դիտէին ու անզգալաբար դէմքիս տարբեր փայլ մը կու տային, ծանօթ ու անծանօթ փայլ մը, որ միաժամանակ կը յուզէր զիս: Իւրաքանչիւր գիրքի տեղադրման` բացած էի անոնց առաջին էջը եւ արագ մը` աչք նետած: Էջեր, որոնք իրենց հապճեպ այս տողանցումին մէջ ինծի կը հրամցնէին անուշ յուշեր եւ սիրտիս ալ` անօրինակ զարկեր: Այս էր գանձս: Հալէպէն, մէկ առ մէկ, խնայած դրամներովս գնած, կամ վկայականներուս առթիւ ազգականներէս նուէր ստացած, երբեմն ալ թերթօն առ թերթօն հաւաքած եւ ապա ամբողջութեան մը վերածած այս հարստութիւնս թափառական կեանքիս ընկերակիցը դարձուցած էի: Այսպէս, ծննդավայրէս մինչեւ Պէյրութ եւ անկէ ետք` Ամերիկա-Տիթրոյիթ, Միշիկըն եւ վերջապէս հոս` Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա: Խե՜ղճ գիրքեր, կարծես չէր բաւեր իրենց էջերուն անկիւնները ծածկող անխնայ մատներուս հետքերը, տարիներով հետեւած էին կեանքիս բոլոր քայլերուն ու ամէն անգամ` կամաւոր եւ արագօրէն իմ կարիքներուս օգնութեան հասած:
Կը դիտեմ զանոնք: Իրենք ալ` զիս: Վանդակէն դուրս փախչող թռչուններու նման, հիմա անոնք իրենց բանտուած տուփերէն դուրս գալով` պիտի վայելէին ազատութիւնն ու հիւրերուս գնահատական խօսքերը: Սուրճի անգիտակից բարձրաձայն ումպերուս հետ, երիտասարդ սիրահարի մը հիացմունքով, դարձեալ անկուշտօրէն զիրենք կը փորձեմ դիտել, եւ ուղեղիս մէջ հազար բաներ կը սկսին պտտելու: «Ահա՛ քեզի գրադարան», կ՛ըսէր դարձեալ յոգնած միտքս, «Գնա՛, վայելէ՛ ու յարգը գիտցի՛ր»: Գրադարան: Արդեօք ո՞վ էր զայն մեր տուն հրաւիրողը: Կէս դար առաջ էր, երբ բազմամարդ եւ մեծ բակի մը ամէնէն մեծ սենեակներէն մէկուն մէջ, ծնողքիս հետ, երեք եղբայրներով կը մեծնայինք: Այդ օրերուն մեր մանուկ միտքերուն մէջ գրադարան բառը իր իսկական իմաստն ու կերպարը տակաւին չէր հագած: Ու չէինք բողոքած: Մէկ սենեակի մէջ կ՛ապրէինք: Աւելորդ տեղ չունէինք: Անոր համար մայրս մեր տան բոլոր գիրքերը, հօրեղբայրներէս եւ քահանայ մեծ հօրմէս մեզի ժառանգ մնացած ամսագիրներն ու թերթերը, աղօթագիրքերն ու «Նարեկ»-ը տեղաւորած էր տախտակէ մեծ սնտուկի մը մէջ ու զայն պահած` մահճակալին տակը: Այս էր մեր «գրադարանը»: Փակուած: Անխօս եւ անտեսանելի: Հայրս «Արեւելք»-ի բաժանորդ էր եւ մանաւանդ` գիրքի «խենթ»: Նոյնիսկ անոր հաւաքած թերթօնները կ՛արժանանային գիրքերուն ճակատագիրին եւ տարուէ տարի աւելնալով` անխօս ու լուռ կը շատցնէին սնտուկէ գրադարանին պարունակութիւնը:
Գրադարան: Նախակրթարանի հայոց լեզուի ուսուցիչս էր, որ առաջին անգամ զիս անուղղակիօրէն դէպի գրադարան առաջնորդած էր: «Մէկ շաբաթէն անպայման պէտք է կարդացած ըլլաս Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին»-ը, յանձնարարած էր ուսուցիչս` պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը: Ո՞վ կրնար չհնազանդիլ: Ու նոյն երեկոյեան, առաջին իսկ հերթին, հօրս արտօնութեամբ, դիմած էի մեր տան «գրադարան»-ին ու զայն պեղած` այն յոյսով, որ թերեւս այդ գիրքը հոն պիտի գտնէի: Չկար: Չունէինք: Ստիպուած, կիրակի առաւօտ մը, եկեղեցիէն ետք, մեծ եղբօրս ընկերանալով` կ՛ուղղուէի մեր քաղաքի ակումբը, որ հարիւրաւոր գիրքերով հարուստ գրադարան մը ունէր: Լայն ու մեծ այդ բակին ձախ կողմը, քարաշէն երեք հսկայ պատուհաններով սենեակին ճակատին, փոքր տախտակի մը վրայ գրուած էր «Քրիստափոր» գրադարան: Ի՜նչ անմեղ էր կեանքը այդ օրերուն: Այդպէս ալ մեծցանք: Մեզ այդպէս դաստիարակեցին մեր ծնողքն ու դպրոցը, ու մանաւանդ` մեր ակումբը: Կը պատահէր, որ յաճախ «Քրիստափոր» գրադարանը չունենար մեր նախընտրած գիրքը, մեզի կը ղրկէին Նոր Գիւղ, տեղւոյն «Վարանդեան» գրադարանը:
Տուն եւ դպրոց միասնաբար, գրեթէ ամէն ամառ կամ ամէն արձակուրդի օր զիս մղեցին դէպի անհատնում ընթերցման գիրկը: Կարդալ ու միայն կարդալ: Կարդալ մեր սենեակին մէջ, երբ հիւր չունէինք, իսկ հակառակ պարագային` տանիքը եւ կամ ալ հանրային պարտէզը: Կարդալ ու մեր ազատ ժամերը կարդալով հալեցնել:
Յանկարծ անդրադարձայ, որ երկար ատենէ ի վեր շշմած, նստած տեղս աչքերս յառած եւ գամած էի գրադարանիս վրայ: Մատներուս մէջ ամրօրէն բանտարկուած մնացած էր սուրճիս գաւաթը: Իսկ հեղուկը` շատոնց պաղած: Նորածին մը ունենալու չափ, առաջին զաւակի մը աշխարհ գալու զգացումով խանդավառուած նայուածք մըն էր կարծես. խորունկ ու երկար: Դիտած էի բոլորը: Ու չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս միտքիս խորէն ծնած վախ մը զիս տարբեր մթնոլորտի մը մէջ նետած էր: Մտահոգութիւն մը, որ հետզհետէ սարսափազդու դառնալու սկսած էր: Կը կրծէր միտքս ու հոգիս: Պարզ խօսքով, սարսափի նմանող բան մըն էր այս մէկը, որ կամաց-կամաց կը քանդէր բոլոր տրամադրութիւններս:
Սարսափ եւ մտատանջութիւն… Ո՞վ պիտի մղէ մեր երիտասարդներուն հայերէն գիրք կարդալու եւ, աւելի՛ն, ո՞վ պիտի առաջնորդէ զիրենք դէպի հայկական գրադարան:
Եւ աւելի՛ն. գրադարանիս գիրքերը վերջին հաշուով որո՞ւ համար էին: Գիրքերս, որոնցմէ շատերը քանի մը անգամներ կարդացած ըլլալու հպարտանքը միշտ ունեցած եմ, այսուհետեւ մեր տան մէջ ո՞վ պիտի կարդար: Պատասխան չունէի: Թերեւս ալ երբե՛ք պատասխան չունենամ: Ուրեմն` ինչո՞ւ այս գրադարանը: Արդեօք սենեակիս պատը ծածկող պարզ զա՞րդ մը պիտի մնայ: Արդեօք իսկապէս ինծի մակերեսային գոհացում տուող լոկ առարկա՞յ մը պիտի դառնայ: Ահա` նոր, կրծող, չարչրկող ցաւով միասին մտմտուքս:
Ու հիմա իսկապէս յուսահատ էի:


