Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղասսան Թուէյնի (ԺԹ.) Հայրենիքը Նահատակներով Կ՛ապրի

Յունիս 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Ղասսան Թուէյնի

Պէյրութ, 1992, «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահ, ուշ աշուն:

Հեռաձայնը հնչեց.

– Մովսէ՛ս, Ղասսան Թուէյնիի կինը` Շատիա Նինին, կ՛ուզէ քեզ տեսնել կարեւոր հարցով մը, հիմա կարելի՞ է:

Ձախէն աջ՝ Ղասսան Թուէյնի, Սիլվա Աճէմեան, Շատիա Նինի եւ Մովսէս Հերկելիան

«Սըրսոք» թանգարանի տնօրէն Սիլվա Աճեմեանն էր: Անհամբեր էի հանդիպելու Թուէյնիի կնոջ: Ան չուշացաւ… Սուրճը առանց շաքարի պատուիրելէ ետք ժպտաց ու հին ծանօթի նման սկսաւ մտերմաբար խօսիլ.

– Քանի մը օր առաջ Ղասսանը «Սըրսոք» թանգարանին մէջ ցուցադրուած երգիծանկարիչ Սթաւրոյի (Caricaturist Stavro) դիմաքանդակի դիմաց  երկարօրէն կեցաւ ու հիացած դիտեց: Գիտես` շատ դժուարահաճ է, դիւրութեամբ բան չի հաւնիր, սակայն այս մէկը սիրեց ու հետաքրքրուեցաւ հեղինակով: Սիլվան ամէն ինչ ըսաւ քու մասիդ ու բացատրեց, թէ դուն ո՛վ ես, ի՛նչ կ՛ընես, եւ թէ` դուն ես Մազմանեանին կապը:

– Լա՛ւ, յետո՞յ:

– Ըսաւ նաեւ, որ դուն ես զինք հրաւիրողը` իբրեւ Հայաստանի լաւագոյն քանդակագործը ու կը գործակցիս հետը, ճի՞շդ է:

– Գործակցիլը ճիշդ է: Ճիշդ է նաեւ, որ իմ ճանչցածներուս մէջ Հայաստանի երիտասարդ  քանդակագործներէն լաւագոյնն է, սակայն պաշտօնապէս զինք հրաւիրողը Համազգայինի կրթամշակութային միութիւնն է:

– Լա՛ւ, ի՞նչ կը կարծես, Մազմանեանը կը համաձայնի՞ գալ մեր մօտ ու քանդակել զինք:

– Կը կարծեմ, որ կը համաձայնի, սակայն առանց իր կարծիքին` չեմ կրնար վերջնական պատասխան տալ:

Երբ Մկոյին բացատրեցի, թէ խօսքը ինչի՞ մասին է, ըսաւ.

– Սկզբունքով համաձայն եմ, սակայն պէտք է, որ ճանաչեմ մարդը:

– Կը ճանաչես անշուշտ, կը գնանք ու կը ծանօթանանք…

– Լա՛ւ, բայց մի քիչ խօսա իր մասին: Հետաքրքիր եւ արտայայտիչ դէմք ունի՞:

– Մկօ՛ ջան, այդ մէկը դու պիտի որոշես: Անձնապէս նրան չեմ ճանաչել, սակայն Ղասսան Թուէյնին Լիբանանի այն հազուագիւտ լրագրող եւ մշակոյթասէր մտաւորականներից է , որ յարգուած ու գնահատուած է նաեւ իբրեւ քաղաքական գործիչ:

– Որ էդպէս է, հարց չկայ… գնում ենք…

Քանի մը օր ետք, Այն Սաատէ, «Maison de Poete»:

Ձախէն աջ՝ Մ. Հերկելիան, Փոքրիկն Հերակ, Ղ. Թուէյնի եւ Շ. Նինի

Յաջորդ օրն իսկ  Շատիան հեռաձայնեց, եւ մենք որոշուած օրը եւ ճշդուած ժամուն գացինք Ղասսան Թուէնիի առանձնատունը: Թուէյնին առաջին հերթին պտտցուց մեզ տան կարգ մը սենեակներն ու յատկապէս գլխաւոր հիւրասրահը, որ իր շքեղութեամբն ու տարբեր տեսակի արուեստի գործերու հաւաքածոներով թանգարանի տպաւորութիւն կը ձգէր: Ապա առաջնորդեց իր գրադարանը, ուր նստանք  զրոյցի: «Հարցաքննելէ» եւ պէտք եղած տեղեկութիւնները ստանալէ ետք Մազմանեանէն, հերթը եկաւ ինծի.

– Սիլվան ըսաւ, որ դուք միայն հայեր «promote» կ՛ընէք, ինչո՞ւ, լիբանանեան արուեստը չի՞ հետաքրքրեր ձեզ:

– Նախ ըսեմ, որ ես միայն հայկական արուեստ չէ, որ կը ներկայացնեմ, այլ նաեւ` ռուսեր ու լիբանանցիներ: Իսկ  ձեր հարցումին պատասխանելէ առաջ կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ինչո՞ւ շեշտը դրած էք Մազմանեանի ստեղծագործութեան վրայ:

– Այո՛, Սթաւրոն բարեկամս է, շատ լաւ կը ճանչնամ: Այդ կիսանդրին բացառիկ գործ է, տպաւորիչ եւ իւրայատուկ, սակայն այս պարագային խօսքը «Portraitist»-ի մասին է, այլապէս մենք ալ ունինք մեծ արուեստագէտներ, ինչպէս` պասպուսները, Օմար Օնսին, Ժան Խալիֆէն, Արեֆ Ռէյիսը, մանաւ՛անդ Շաֆիք Ապպուտն ու Փոլ Կիրակոսեանը, որոնք  միջազգային դէմքեր են արդէն:

Վիճաբանութենէ խուսափելու համար ըսի.

– Փոլ Կիրակոսեանը շատ բարձր կարծիք ունի թէ՛ ձեր եւ թէ՛ ձեր առաջին կնոջ` բանաստեղծուհի Նատիա Համատէի մասին, որուն իր երփնագրած դիմանկարներէն քանի մը հատը շատ կը փափաքէր  հրատարակուած տեսնել իր երկրորդ պատկերագիրքին մէջ, սակայն ինծի անծանօթ պատճառներով այդ մէկը չիրականացաւ:

– Ճի՛շդ  է` այդ շարքը երեւոյթ է իր արուեստին մէջ: Փոլը իմ լաւ բարեկամս է եւ ամենանախընտրած արուեստագէտներէս մէկը: Իսկ դուն ի՞նչ կապ ունիս անոր հետ… ազգակա՞ն էք:

– Ո՛չ, մենք լաւ բարեկամներ ենք: Իր յանձնարարութեամբ ես գրեցի, խմբագրեցի ու հրատակեցի իր երկրորդ պատկերագիրքը, սակայն` առանց Նատիա Թուէյնիի դիմանկարներուն, որոնց բնօրինակները տեսնելու բախտը չեմ ունեցած… հակառակ բուռն ցանկութեանս:

Ապա ոտքի ելաւ, դարակներէն հանեց Կիրակոսեանի պատկերագիրքը, բերաւ, դրաւ սեղանին ու աւելցուց.

– Ա՞յս գիրքին մասին է խօսքը: Մովսէս Ծիրանին դո՞ւն ես:

– Այո՛:

– Հիմա կը հասկնամ… լա՛ւ… իրաւունք ունիս, կարծեմ ժամանակը եկած է զանոնք հրապարակաւ ցուցադրելու:

Այս բոլորէն ետք Թուէյնիին վերաբերմունքը այնքան ջերմացաւ իմ հանդէպ, որ հետագային մեր յարաբերութիւնները սկսան  նոյնիսկ ընտանեկան բնոյթ ստանալ:

Շաբաթ մը ետք, նոյն վայրը:

Մ.-Մազմանեանը-աշխատանքի-պահուն

Թուէյնիի ապարանքին արեւոտ սենեակներէն մէկը վերածուած էր արուեստանոցի: Երբ Մկոն սկսաւ ծեփակերտել անոր կիսանդրին, նախ թարգմանիչի դեր կատարեցի, ապա սկսայ խօսեցնել զինք, որովհետեւ Մազմանեանը կ՛ուզէր շարժման մէջ դնել անոր դէմքն ու ներաշխարհը: Ընթացքին ես համարձակեցայ հարցնել նոյնիսկ իր կնոջ մահուան պարագաներուն մասին: Պարզուեցաւ, որ ան իր կողակիցն ու պատերազմի ընթացքին մահացած երկու երեխաները (աղջիկն ու տղան) իր առանձնատան բակը թաղած է…   Իսկ առաւել զարմանալին այն էր, որ ան առանց յուզումի կը խօսէր անոնց մասին: Հետագային, երբ Շատիային հարցուցի այս մասին, ան ըսաւ.

– Ե՜ա Մովսէս, շատեր այդպէս կը կարծեն: Ճշմարտութիւնը հակառակն է: Ղասսանը շատ զգայուն է ու չափազանց կապուած` իր հարազատներուն: Անոր հոգեկան հանգստութիւնն ու ունեցած բարձր կորովը կը բխին իր ուժեղ անհատականութենէն ու մաքուր հաւատքէն: Ան կը հաւատայ հոգիի անմահութեան ու չի վախնար մահէն:

Իսկապէս այդպէս էր Թուէյնին, կարծէք թէ «մտերմացած» էր մահուան հետ: Երբ կիսանդրիին իրականացումը բարեյաջող աւարտեցաւ, շատ դժուար կը թուէր ըլլալ անոր  տեղադրելու վայրը որոշելը: Ամիսներ անց, երբ դարձեալ կ՛այցելէի իրեն, տեսայ, որ կիսանդրին տակաւին կը մնար նոյն տեղը` գրադարանի սեղանին: Մինչեւ որ առիթ գտնեմ ու հարց տամ կիսանդրիի մասին, յանկարծ պատահաբար Իսամ Ֆարեսը ներս մտաւ: Անոնք անմիջապէս առանձնացան կողքի սենեակը, եւ ես  առանձին մնացի կնոջը` Շատիային հետ, որ կարծես թէ միտքս կարդաց ու ըսաւ.

– Ի՞նչ կը կարծես, ո՞ւր պէտք է դնենք Ղասսանի դիմաքանդակը: Զարմանալիօրէն չի կրնար  որոշել… շուարած է… ո՛ւր որ առաջարկեմ իրեն, կտրուկ ձեւով կը մերժէ:

– Իրականութեան մէջ ինք որոշած է արդէն, միայն քու առաջարկիդ կը սպասէ:

– Որոշա՞ծ է, ո՞ւր…

– Նատիային եւ երեխաներուն դամբարանը…

Շատիան պահ մը լռեց, ապա զարմացած ըսաւ.

– Օ՜, դո՞ւրսը… պարտէզի՞ն մէջ: Իսկ ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես:

– Կարծելու հարց չկայ, երբ որ կիսանդրին տեղադրելու խօսքը բացուի, կ՛երթայ կը կենայ Նատիայի գերեզմանին դիմաց եւ կը լռէ… թերեւս կը զրուցէ հետը… գուցէ կ՛աղօթէ…

Այն Սաատէ, 1996, ձմեռ:

Թուէյնին ոչինչ կը խնայէր` իր ապարանքի հաւաքածոները համալրելու ու անոնց որակը բարելաւելու: Որոշած էր զայն նուիրել իր համայնքին, իր կնոջը` Նատիայի յիշատակին իբրեւ «Maison de Poet»: Մշակութային գետնի վրայ մեր ունեցած ընդհանուր հետաքրքրութիւնները պատճառ եղան, որ կարճ ժամանակի ընթացքին բարեկամանանք:

Ամիսներ ետք, երբ դարձեալ կ՛այցելէի զինք, ամէնէն առաջ տարաւ ու ցոյց տուաւ կիսանդրին, որ զետեղուած էր ճիշդ հոն, ուր յաճախ կը տեսնէի զինք` իր կնոջ դամբարանին դիմաց: Պահ մը լռելէ ետք, դարձաւ եւ առաջնորդեց զիս այն սենեակը, որուն պատերէն կախուած էին Նատիա Թուէյնիի դիմանկարները: Որոշ բացատրութիւններ տալէ ետք ըսաւ.

– Այսօր սուրճը պիտի խմենք այս «գլուխ-գործոց»-ներու հովանիին ներքոյ:

Այն Սաատէ, 1997, ամառ:

Նստած էինք իր առանձնատան բակը` լողաւազանի եզրին, Շատիայի եւ Իսամ Ֆարեսի  կնոջ` Հալայի հետ: Օրը կիրակի էր, ջերմ ու հաճելի: Հալան եկած էր Թուէյնին եւ զիս առաջնորդելու Պաապտեթի իրենց պալատը` ցոյց տալու համար իր նոր ձեռք բերած կարգ մը սրբանկարներն ու խճանկարները:

Յանկարծ անտառի միւս դարպասէն մօտեցան Ժըպրանն ու անոր նոր ընկերուհին` Տինա Ազարը, այդ օրերու Լիբանանի գեղեցկուհին: Ժըպրան իր նախկին կնոջմէն ` Միրնա Մըրրէն ունեցած երեխաները ողջունելէ եւ անոնց հետ ողջագուրուելէ ետք, ուզեց տեսնել նաեւ հայրը: Շատիան տեղեկացուց.

– Ղասսանը ներսը հանդիպման մէջ է Իսամին եւ քանի մը այլ ընկերներու հետ, որոնք  համայնքային հարց մը կը քննարկեն: Շատ չի տեւեր, քիչ ետք կը վերջացնեն, եւ կու գայ:

Ծանօթացման ընթացիկ զրոյցէ ետք Ժըպրան ըսաւ.

– Հայրս իր դիմաքանդակը դրած է մօրս գերեզմանին ճիշդ դիմացը: Կը հասկնամ… Կիսանդրին թէ՛ ինքնատիպ է, թէ՛ գեղեցիկ թէ՛ ալ արտայայտիչ…

Ֆարեսի կինը` Հալան, առաջարկեց.

– Չե՞ս ուզեր, որ քեզ ալ ծեփակերտէ… Ես շատ պիտի ուզէի, որ Իսամին ալ քանդակէր…

Շատիան աւելցուց.

– Լաւ պիտի ըլլար, Ժըպրա՛ն… մտածէ…

Իսկ Ժըպրանը կանխելու համար անոնց պնդումները` ըսաւ.

– Իմ դիմաքանդակը` չէ՛, բայց շատ պիտի ուզէի նոյն ոճով եւ արտայայտչականութեամբ ունենալ «Մալաք Ժպրայիլի» (Գաբրիէլ հրեշտակապետի) արձանը, որովհետեւ իմ «հոգեւոր հովանաւորն» է ու բազմաթիւ փորձանքներէ փրկած` զիս:

Իմ հաւատացեա՛լ ընթերցող, դժբախտաբար հետագային չկրցաւ փրկել զինք ու ինչպէս յայտնի է, զոհ գնաց դաւադիր ռումբի մը, 2005-ի դեկտեմբերին:

Այն Սաատէ, 1999, ձմեռ:

Թուէյնին` իբրեւ արուեստի գործերու հաւաքորդ, չափազանց բծախնդիր էր ու նրբաճաշակ… յատկապէս` սրբանկարչութեան (iconography) պարագային: Յատուկ սէր ունէր «Մելքիթ» եւ մասնաւորապէս յունական սրբանկարներու հանդէպ: Խստօրէն պատուիրած էր ինծի, որ եթէ ատոնցմէ ձեռքս անցնի, նախ եւ առաջ իրեն ներկայացնեմ: Պատահեցաւ, որ քովս բերեն Սեն Նիկոլայի մէկ յունական սրբանկարը (icon), որ տարօրինակ էր թէ՛ յղացքով, եւ թէ ձեւով: Յաջորդ օրն իսկ տարի եւ դրի զայն իր գրադարանի սեղանին, զարմացած երեսիս նայեցաւ ու ըսաւ.

– Ուրկէ՞ է այս icon-ը, Յունաստանէ՞ն թէ՞ Ռուսիայէն:

– Տէրը ըսաւ, որ Եգիպտոսէն բերած են… ժամանակին:

– Որքա՞ն կ՛ուզեն:

Տրուած ըլլալով, որ սրբանկարը կամ առհասարակ հոգեւոր սպասները առեւտուրի մէջ պէտք չէ չարաշահել, համաձայնած էինք, որ ես ճիշդը պիտի ըսեմ, եւ ինք պիտի որոշէ իմ բաժինս: Այդպէս ալ ըրի… Ան սրբանկարը երկու կողմէն լաւ մը դիտելէ եւ խոշորացոյցով սերտելէ ետք ըսաւ.

– Շա՛տ լաւ, icon-ը թող մնայ, Սիլվային կարծիքը կ՛առնեմ եւ յետոյ կը խօսինք:

Քանի մը օր ետք Շատիան հեռաձայնեց ու հրաւիրեց: Գացի, հոն էր նաեւ Սիլվա Աճեմեանը: Հետաքրքրական ու շահեկան զրոյց ունեցանք սրբանկարչութեան, յատկապէս «Մելքիթ» արուեստի շուրջ: Երբ Թուէյնին հարց տուաւ, թէ` «Ինչո՞ւ հայերը փայտի վրայ սրբանկարչութիւն չեն ունեցած», իմ հերթին յիշեցի սրբանկարիչ Օվսէն (Յովսէփ Աշգարեան), որ իր դոկտորայի աւարտաճառը գրած էր հայկական սրբանկարչութեան մասին ու` ապացուցած, որ հայերը եւս փայտի վրայ սրբանկարչութիւն (iconography) ունեցած են, թէեւ` շատ քիչ քանակութեամբ:

Երբ պիտի մեկնէի, Թուէյնին դուրս եկաւ հետս` ճանապարհելու, գրկեց զիս ու վերնաշապիկիս վերի գրպանը վճարագիր (check) մը զետեղեց ու ըսաւ.

– Հոս մի՛ ստուգեր, յետոյ կը նայիս, թէեւ վճարածս իր գինէն պակաս է, սակայն քու ակնկալածէդ շատ աւելին է:

Երբ ինկնաշարժ մտայ եւ ստուգեցի վճարագիրը, զարմանքով նկատեցի, որ իմ ակնկալածէս չափազանց շատ աւելին էր իր տուածը…

Իմ հաւատացեալ ու պարկեշտ ընթերցող,

Այդպէս էր Ղասսան Թուէյնին` աստուածավախ, պարկեշտ ու արդարամիտ:

Այն Սաատէ, 2006, ձմեռ:

Ժըպրանի ահաբեկումէն ետք ինծի համար չափազանց դժուար էր Թուէյնիին մօտ երթալը: Երկու երեխաներն ու կինը իր տան բակին մէջ թաղելէ ետք, կը կորսնցնէր նաեւ թուէյնիներու վերջին ժառանգորդը, որուն քանի մը անգամ հանդիպելու բախտը ունեցած էի: Ամիսներ ետք հեռաձայնեցի Շատիային եւ ցանկութիւն յայտնեցի այցելելու «Ըսթեզին»: Ան ըսաւ, որ խստիւ պատուիրուած է իրեն, որ ոեւէ հիւր չ՛ընդունիր: Թերացած էի… յանցաւոր զգացի ու տխրեցայ: Քիչ անց, սակայն, Շատիան ինք հեռաձայնեց եւ ըսաւ.

– Մովսէ՛ս, «Ըսթեզը» անհամբեր կը սպասէ քեզ:

Երեխայի պէս ուրախացայ: Ամիջապէս հնդիկ վարորդիս` Շանգարին, թելադրեցի, որ քանդակագործ Ալեք Քոչարի մարմարակերտ «Հրեշտակը»  ինքնաշարժին մէջ դնէ: Բարձրացանք Այն Սաատէ: Առաջին անգամն էր, որ գրկախառնութեամբ կ՛ընդունէր զիս…  Մխիթարանքի ոչ մէկ խօսք իմ կողմէս եւ յուզումի ոչ մէկ նշան` իր կողմէ: Նստանք…: Շանգարը «Հրեշտակ»-ի քանդակը բերաւ, դրաւ սեղանին ու անխօս հեռացաւ: Նախ լաւ մը ուսումնասիրեց քանդակը, ապա լռութիւնը խզելով` ըսաւ.

– Ինչո՞ւ հրեշտակ, եթէ ոչ` գրիչ կամ սուր մը…

– Ինք կը հաւատար, որ «Մալաք Ժըպրայիլը» իր պահապան հրեշտակն է եւ ցանկութիւն ունէր պատուիրելու զայն: Այս մէկը իբրեւ Գաբրիէլ հրեշտակապետ չէ յղացուած, սակայն կարելի է որեւէ անուն տալ անոր: Գիտե՞ս` երանի անձամբ ճանչած չըլլայի…

Ըսի ու չկրցայ շարունակել… բնազդաբար մեր աչքերը հանդիպեցան իրարու… ան ուղիղ աչքերուս նայեցաւ ու ըսաւ.

– Հերոսներու մահը չեն ողբար ես հպարտ եմ Ժըպրանով,  ե՛ս այդպէս դաստիարակած էի զինք, այս դժնդակ կացութեան մէջ ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ, հայրենիքը նահատակներով կ՛ապրի…

(Յապաւուած)

Երեւան, Ապրիլ 2023

Մ. Հերկելիան եւ Ղ. Թուէյնի
Փոնի վրայ կ’երեւին Նատիա Թուէյնիի դիմանկարները, Գործ՝ Փոլ Կիրակոսեանի
Ղասսան Թուէինի
Ձախէն աջ՝ Մ Հերկելեան, Ղ Թուէյնի եւ Հ. Տանձիկեան։
Նախորդը

Օրինաչափ Ուրուականը

Յաջորդը

Երբ Չենք Լսած Եւ Չենք Լսեր Հա՛յ Մտաւորականի Առաջնորդող Խօսքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?