Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ

June 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօն Սրբոց Կուսանացն Հռիփսիմեանց Եւ
Գայեանեանց Յիշատակ Սրբոյ Հօրն Մերոյ
Գրիգորի Լուսաւորչին Ելանելոյն Ի Վիրապէն

 Տօն Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Հոգեգալստեան տօնէն մէկ շաբաթ ետք, երկուշաբթի օր` Սրբոց Հռիփսիմեանց, երեքշաբթի օր` Սրբոց Գայեանեանց, իսկ շաբաթ օր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապի յիշատակը կը տօնէ: Իսկ Հոգեգալստեան յաջորդող երկրորդ կիրակին Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնն է:

***

Հռիփսիմեանց երեսունեօթը կոյսերը առաքինազարդ վանական կեանք կը վարէին Հռոմի մօտակայ Սուրբ Պօղոս վանքին մէջ, իրենց մայրապետ Գայեանէ կոյսի առաջնորդութեամբ:

Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսր (284-305) ցանկութիւն յայտնեց ամուսնանալ իր կայսրութեան ամենագեղեցիկ կոյսին հետ: Երկրին չորս կողմերը ուղարկուած խուզարկուներ, յանձինս Հռիփսիմէ կոյսի, գտան գեղեցկագոյն հարսնցուն:

Կոյսերը, իմանալով կայսեր մտադրութեան մասին, գիշերով գաղտնի հեռացան Հռոմէն: Նաւ նստելով, անոնք նախ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը ցամաք ելան, ուրկէ գացին Երուսաղէմ եւ ապա Եդեսիա անցնելով հասան Վան:

Վարագայ լերան լանջին անոնք աղօթեցին, եւ Հռիփսիմէ իր պարանոցէն կախուած Քրիստոսի խաչափայտի մասունքը հանեց եւ հոն ամփոփեց:

Կոյսերը իրենց ճանապարհը շարունակեցին եւ հասան մայրաքաղաք Վաղարշապատի Հնձանք կոչուած վայրը:

Դիոկղետիանոս կայսր լուր ղրկեց հայոց Տրդատ Գ. թագաւորին, որպէսզի գտնէ Հայաստան ապաստան գտած կոյսերը եւ վերադարձնէ Հռոմ:

Տրդատ Գ.-ի մարդիկ գտան Հռիփսիմէն եւ տարին թագաւորին մօտ: Տրդատ, հմայուելով Հռիփսիմէի գեղեցկութեամբ, ինք ուզեց տիրանալ անոր: Հռիփսիմէ մերժեց: Թագաւորը կանչել տուաւ Գայեանէն եւ անոր յանձնարարեց համոզել իր սանուհին, որպէսզի ընդունի արքայական առաջարկը: Գայեանէ, ընդհակառակը, քաջալերեց իր սանուհին, որպէսզի հաստատ մնայ իր մերժումին մէջ եւ երկինքի երջանկութիւնը չփոխարինէ երկրաւոր փառքի եւ վայելքներու հետ:

Արքայական հրամանին չենթարկուելուն համար Գայեանէ ծանր չարչարանքներու ենթարկուեցաւ եւ իր երկու ընկերուհիներուն հետ արքունի բանտը նետուեցաւ:

Հռիփսիմէ, հոգեպէս զօրանալով, ի վերջոյ փախաւ եւ իր ընկերուհիներուն միացաւ:

Տրդատ թագաւոր, զայրացած, դահիճներ ուղարկեց եւ հրամայեց սպաննել Հռիփսիմէն:

Դահիճները Հռիփսիմէն ձեռքերէն եւ ոտքերէն գետնին ամրացուած ցիցերու վրայ պրկեցին եւ ջահերով այրեցին մարմինը: Տեսնելով որ ան տակաւին կենդանի է, աչքերը հանեցին եւ անդամ առ անդամ մասնատելով մարմինը նահատակեցին գեղուհի վկայուհին:

Երբ միւս ընկերուհիները մօտեցան, որպէսզի հաւաքեն մարմինը եւ պատուով թաղեն, անոնցմէ ալ երեսուներկու հոգի սրախողխող ինկան նահատակ:

Ապա դահիճները ներխուժեցին անոնց բնակարանը եւ գտնելով հիւանդութեան պատճառով պառկած եւ ողջ մնացած միակ կոյսը` զայն եւս սրախողխող ըրին:

Յաջորդ օր Տրդատ հրաման արձակեց սպաննել կոյսերուն գլխաւորը` մայրապետ Գայեանէն եւ անոր երկու ընկերուհիները:

Դահիճները նախ Գայեանէի լեզուն կտրեցին, որովհետեւ համարձակած էր գօտեպնդել եւ խրախուսել Հռիփսիմէն, որ ընդդիմանայ թագաւորին, ապա զանոնք ալ ոտքերէն եւ ձեռքերէն պրկեցին գետնի վրայ, մորթազերծ ըրին եւ սուրի քաշելով` նահատակեցին:

Սրբուհիներուն մարմինները ինը օր անթաղ մնացին: Ոչ մէկ գազան կամ գիշակեր թռչուն մօտեցաւ անոնց:

***

Առաքինազարդ կոյսերը սպաննելու հրաման տալէն ետք Տրդատ թագաւոր խոր տխրութեան մէջ ինկաւ եւ հիւանդացաւ անբուժելի հիւանդութեամբ: Հռիփսիմէի լուսափայլ գեղեցկութիւնը կը տանջէր իր խիղճը: Եւ օր մըն ալ որսորդութեան ժամանակ մոլեգնեցաւ եւ խոզի կերպարանք առաւ:

Թագաւորին քոյրը` Խոսրովիդուխտ երազ տեսաւ, որուն համաձայն Տրդատը կրնայ բուժել միայն Խոր Վիրապ նետուած Գրիգորը: Խոսրովիդուխտ իր երազը պալատականներուն պատմեց: Բայց ոչ ոք կը հաւատար որ Գրիգոր տակաւին կենդանի է: Երազը հինգ անգամ կրկնուեցաւ:

Ի վերջոյ Խոսրովիդուխտի խնամակալ Օտա Ամատունին Արտաշատ ղրկեցին, որ Խոր Վիրապը բանալով տեսաւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ կենդանի է:

Խոր Վիրապէն դուրս գալէն ետք Գրիգոր Լուսաւորիչ ինը օր անթաղ մնացած նահատակ սրբուհիներուն մասունքները առանձին-առանձին տապաններու մէջ հաւաքեց եւ իրենց նահատակուած վայրերուն մէջ թաղեց: Հռիփսիմէն` իրեն հետ նահատակուած երեսուներկու ընկերուհիներուն հետ, Գայեանէն` իրեն հետ նահատակուած երկու ընկերուհիներուն հետ, իսկ հիւանդութեան պատճառով Հնձանք մնացած եւ հոն նահատակուած վկայուհին` առանձին:

Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկեց Տրդատ թագաւորը, վաթսունվեց օր Աւետարանը եւ քրիստոնէութեան լոյսը քարոզեց եւ հնգօրեայ պահքով նախապատրաստեց ժողովուրդը քրիստոնէութիւն ընդունելու: Տրդատ Գ. թագաւոր եւ ամբողջ արքունիքը քրիստոնեայ դարձան եւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուեցաւ:

Գրիգոր Լուսաւորիչ Կեսարիոյ մէջ կաթողիկոս օծուեցաւ եւ Արածանիի ափին մկրտեց Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին, Խոսրովիդուխտը եւ մեծաթիւ ժողովուրդ:

***

Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսիլք ունեցաւ: Աստուծոյ Միածին Որդին հրաշափառ լոյսով ողողուած իջաւ երկինքէն եւ ոսկիէ մուրճով զարկաւ գետին` ցոյց տալով այն վայրը, ուր պիտի կառուցուէր հայոց սուրբ հաւատքի տաճարը: Այսպիսով կառուցուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը:

Սուրբ Էջմիածին աշխարհի ամենահին տաճարն է, հայոց հաւատքի օրրանը եւ սրբութիւն սրբոցը, եւ աստուածային անգին պարգեւ` աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Անուանի Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Յունաստանի Մէջ Միջազգային Կիթառի Կազմակերպութեան Մրցոյթին Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը Եւ Լիբանանը

Յաջորդը

«Ատամնաբուժի Օգնականներու Ծրագիր»-ի Մասնակիցներ Ստացան Իրենց Վկայականները

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.