Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Որոշ բաներ պէտք չէ խառնել
Թերեւս գիտէք, որ որոշ դեղատեսակներ միասին լաւ չեն աշխատիր: Բայց այն, ինչ որ դուք կ՛ուտէք եւ կը խմէք, կրնայ նաեւ ազդեցութիւն ունենալ որոշ դեղատեսակներու վրայ: Նախքան առաջին անգամ դեղ մը առնելը, խօսեցէք ձեր բժիշկին կամ դեղագործին հետ` տեսնելու, թէ արդեօ՞ք կայ որեւէ բան, որմէ պէտք է հեռու մնալ:
Կրիֆոն
Այս թթուազգի պտուղը կը փոխէ ձեր աղիքներու որոշ բջիջներու դեղերու ընդունելութիւնը եւ տեղափոխումը ձեր մարմնին մէջ: Այս մէկը կրնայ ազդել աւելի քան 50 դեղատեսակներու վրայ: Ան կրնայ կարգ մը դեղեր, օրինակ ֆեքսոֆենատինը` գերզգայնութեան պարագային, դարձնել աւելի քիչ արդիւնաւէտ, իսկ ուրիշներ` չափազանց ուժեղ, ներառեալ` այնպիսիները, որոնք կ՛իջեցնեն ձեր քոլեսթերոլը, ինչպիսին է աթորվասթաթինը (Լիփիթոր):
Կաթ
Կաթը կրնայ դժուարացնել ձեր օրկանիզմին մէջ որոշ հակակենսայիններու գործունէութիւնը: Կաթին մէջ գոյացող հանքանիւթերը, ինչպիսիք են կրածինը եւ մակնեզիոմը, պատճառին մէկ մասն են, ինչպէս նաեւ գազէին սպիտակուցը: Եթէ հակակենսայիններ պիտի սկսիք առնել, ստուգեցէք այն սննդամթերքները կամ խմիչքները, որոնցմէ պէտք է հեռու մնալ:
Մատուտակ (Liquorice)
Ոմանք ասիկա կ՛օգտագործեն որպէս բուսական միջոց` մարսողութիւնը խթանելու, իսկ ոմանք կ՛օգտագործեն ուտելիքներու համ ու հոտ տալու համար: Սակայն կլիսիրիզինը, որ քիմիական հիմնական նիւթն է մատուտակին մէջ, կրնայ տկարացնել որոշ դեղատեսակներու ազդեցութիւնը, որոնց կարգին` սայքլոսփորինի: Վերջինս կ՛օգտագործուի փոխպատուաստուած մարդոց կողմէ` անոնց նոր ստացած օրկանները մերժումի վտանգէն հեռու պահելու համար:
Տուրմ
Յատկապէս սեւ տուրմը կրնայ տկարացնել որոշ դեղերու ազդեցութիւնը, ինչպիսիք են այն դեղերը, որոնք նախատեսուած են ձեզ հանգստացնելու կամ քնացնելու, օրինակ` zolpidem tartrate (Ambien) դեղը: Ան կրնայ նաեւ զօրացնել որոշ խթանիչ դեղատեսակներու ազդեցութիւնը, ինչպիսին է մեթիլֆենիտաթը (Ռիթալին): Եւ եթէ դուք կ՛առնէք MAO էնզայմի կանխարգելիչ դեղեր, որոնք կ՛օգտագործուին ընկճուածութեան համար, այդ կրնայ վտանգաւոր կերպով բարձրացնել ձեր արեան ճնշումը:
Երկաթի յաւելումներու դեղեր
Ասիկա կրնայ նուազեցնել լեւոթիրոքսինի (Euthyrox) ազդեցութիւնը: Դեղատեսակ մը, որ ձեզի կու տայ վահանագեղձի հորմոն, երբ ձեր մարմինը բաւարար քանակով չ՛արտադրեր զայն: Եթէ դուք կ՛առնէք այս դեղը կենսանիւթային յաւելումներու (Vitamin supplement) հետ, ստուգեցէք` արդեօ՞ք այդ դեղահատը երկաթ կը պարունակէ: Եթէ երկաթի յաւելումներու պէտք ունիք, հարցուցէք ձեր բժիշկին այլ ժամանակներու զայն առնելու մասին:
Ալքոլ
Ասիկա որոշ դեղատեսակներ կը դարձնէ նուազ արդիւնաւէտ կամ նոյնիսկ անօգուտ, ներառեալ` արեան ճնշման եւ սրտի որոշ դեղատեսակներ: Անիկա նաեւ կրնայ ուրիշներ պէտք եղածէն աւելի ուժեղ դարձնել եւ նոյնիսկ վտանգաւոր կողմնակի բարդութիւններ յառաջացնել:
Սուրճ
Սուրճը կրնայ տկարացնել հոգեբուժական որոշ դեղատեսակներ, ինչպիսիք են լիթիումը եւ քլոզափինը, բայց եւ այնպէս կրնայ զօրացնել ուրիշներու ազդեցութիւնը եւ աւելցնել կողմնակի բարդութիւնները: Անոնց կարգին են ասփիրինը, էփինեֆրինը (նոյնինքն` ատրենալինը, որ կ՛օգտագործուի լուրջ գերզգայնութեան պարագաներու բուժման համար) եւ սալպութամոլը, որ կ՛օգտագործուի շնչառական խնդիրներու պարագային: Այս մէկը կրնայ նաեւ դժուարացնել ձեր օրկանիզմին համար երկաթի ընդունումն ու օգտագործումը:
Հակահիսթամիններ
Ասոնք կ՛օգնեն թեթեւցնելու գերզգայնութեան պատճառով յառաջացած փռնգտոցը եւ քիթի հոսքը, սակայն ասոնցմէ ոմանք կրնան աւելի քիչ արդիւնաւէտ դարձնել արեան գերճնշման դեղատեսակները եւ հետեւաբար` բարձրացնել ձեր սրտի տրոփման յաճախականութիւնը: Խօսեցէք ձեր բժիշկին հետ ձեր գերզգայնութիւնը կառավարելու այլ ձեւերու մասին, եթէ դուք արեան գերճնշման դեղատեսակ կ՛օգտագործէք:
Հակալուսնոտութեան դեղեր
Ասոնք կը կարգաւորեն լուսնոտութենէ տառապող մարդոց նոպաները, սակայն անոնք կրնան հակաբեղմնաւորիչ դեղահատերը դարձնել յղութիւնը կանխելու աւելի քիչ ունակ: Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք կրնան զօրացնել այլ դեղատեսակները եւ յառաջացնել լուրջ կողմնակի բարդութիւններ:
K կենսանիւթը
Եթէ կ՛առնէք Ուարֆարին դեղը, որ կ՛օգտագործուի արեան լերդացումը կանխարգիլելու համար, ապա տեղեակ եղէք, թէ միեւնոյն ատեն առօրեայ որքա՛ն K կենսանիւթ կ՛առնէք: Այդ մէկը կրնայ նուազեցնել արեան նօսրացումը եւ արեան լերդացման վտանգի ենթարկել ձեզ: Պրոքոլին, քէյլը, ազատքեղը եւ շոմինը K կենսանիւթով հարուստ ամենատարածուած բանջարեղէններէն են: Փորձեցէք ամէն օր սպառել այս ուտելիքներու նոյն քանակութիւնը, որպէսզի ձեր արեան մէջ ուարֆարինի մակարդակը մնայ նոյնը:
Ճինսենկ
Ասիկա կրնայ նաեւ նուազեցնել ուարֆարինի ազդեցութիւնը: Եւ վերջինս կրնայ մեծցնել ներքին արիւնահոսութեան հաւանականութիւնը, եթէ դուք կ՛առնէք արիւնը նօսրացնող դեղեր` հեփարին կամ ասփիրին, ինչպէս նաեւ` ոչ սթերոյիտային հակաբորբոքային դեղեր (NSAIDs), ինչպիսիք են իպուփրոֆենը կամ նափրոքսենը: Եթէ դուք կ՛առնէք MAO-ի կանխարգելիչներ, ճինսենկը կրնայ յառաջացնել գլխացաւեր, քունի խնդիրներ, գերաշխուժութիւն եւ ջղայնութիւն:
Սուրբ Յովհաննէսի խոտ (St. John’s wort)
Երբեմն կ’օգտագործուի ընկճուածութիւն ունեցող մարդոց ախտանիշները թեթեւցնելու համար, սակայն այս բուսական միջոցը ապացուցուած բուժում մը չէ այդ կամ որեւէ այլ առողջական վիճակի համար: Անիկա կրնայ ստիպել, որ ձեր լեարդը արտանետէ էնզայմներ (ասոնք կը խթանեն որոշակի քիմիական հակազդեցութիւններ ձեր մարմնին մէջ), որոնք կրնան տկարացնել որոշ դեղատեսակները: Անոնցմէ են քոլեսթերոլի դեղերը, ինչպիսիք են լովասթաթինը, սիլտենաֆիլը (վիակրա) եւ տիճոքսինը (լանոքսին), որոնք կ՛օգտագործուին սրտի որոշ հիւանդութիւններու բուժման համար:
Ճինքկօ Պիլոպա
Որոշ մարդիկ կ՛օգտագործեն այս դեղաբոյսը արեան գերճնշման, չորացումի, ականջներու զրնգոցի եւ այլ պայմաններու պարագային, բայց չկայ որեւէ հետազօտութիւն, որ ցոյց կու տայ, թէ ան կը բուժէ անոնցմէ որեւէ մէկը: Ան կրնայ տկարացնել նոպաները վերահսկելու համար օգտագործուող դեղերու ազդեցութիւնը, ներառեալ` `քարպամազեփինը (Carbatrol, Equetro եւ Tegretol) եւ valproic acid-ը (Depakene):
Առնել անոնք` ըստ առաջարկուածին
Դեղերու միայն մօտ 50 տոկոսը կ՛ընդունուի ըստ նշանակուածի: Մարդիկ յաճախ կ՛առնեն զանոնք աւելի քիչ, քան անհրաժեշտ է, կ՛առնեն պատահական ժամանակներու կամ մեծ բացեր կը ձգեն չափաբաժիններու միջեւ: Ասոնք բոլորը կրնան տկարացնել ազդեցութիւնը: Վստահ եղէք, որ հասկցած էք ձեր բուժման ծրագիրը եւ կը հետեւիք ձեր բժիշկին ցուցմունքներուն:
Աղբիւր` WebMD