Յօդուածներ

Մինակ Չես

Ձգեցէ՛ք, Որ Անոնք Քրիստոսի Երթան

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Յաճախ նկատելի է, որ ծնողներ սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութեան, եկեղեցւոյ խորհուրդներուն եւ այլ հոգեպարար արարողութեանց ընթացքին իրենց մանուկներուն կ՛արգիլեն խօսիլ, ճչալ եւ անհանդարտ նստիլ եկեղեցւոյ մէջ: Շատեր իրենց մանուկները լռեցնելու միտումով կ՛ըսեն. «Ձայն մի՛ հաներ, հիմա Աստուած պապան կը պատժէ», կամ` «Հիմա քահանան կը պատժէ», իսկ ուրիշներ իրենց մանուկները դուրս կը բերեն եկեղեցիէն «կացութիւն փրկելու» միտումով:...

Գէորգ Սրապեանի Յիշատակին

Գէորգ Սրապեանի Յիշատակին

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ Արդէն 40 օրեր անցան այն թուականէն, երբ հողին յանձնեցինք մեր շատ սիրելի հաւատաւոր մեծ եղբայրը` Գէորգ Սրապեանը: Ան ծնած է Հալէպ, հայ ընտանիքի մը յարկին տակ, ուր ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած է իր ծնողքէն, որոնք եղած էին հաւատացեալ եւ չափազանց հայրենասէր: Նախնական ուսումը Հալէպի մէջ ստանալէ ետք, ան փոքր տարիքին նետուած է կեանքի ասպարէզ, ուր սորված էր...

Հաւատացեալ Եւ Բարեսէր Բարեկամուհիիս` Ռոզիկ Սրապեանի Յիշատակին

Հաւատացեալ Եւ Բարեսէր Բարեկամուհիիս` Ռոզիկ Սրապեանի Յիշատակին

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, քոյր-եղբայր, ձեր անձնական բնակարանը նուիրած էիք Ազգային Ծերանոցին, իսկ դուք` հոն փոխադրուած: Ամէն անգամ որ տուն գայիր, կը հեռաձայնէիր, որ անմիջապէս քովդ գամ: Կը պատմէիր հանգստաւէտութեանդ մասին` նշելով, որ վերջին շրջանին արդէն կարողութիւն չունէիր ալ դուն քեզի եւ եղբօրդ հոգ տանելու: Վերջին հեռաձայնդ հիւանդանոցէն էր, խնդրեցիր, որ անմիջապէս քովդ գամ: Երբ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիս` Երեւանի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիս` Երեւանի Մէջ

Հինգշաբթի, 20 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Ֆետի Խաժակ Գազանճեան եւ Թալին Օրտողլեան: Մամլոյ ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան: Դաւիթ Յակոբեան ողջունեց ներկայ լրագրողները եւ ծանօթացուց մամլոյ ասուլիսին մասնակից պատասխանատուները:...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ 1984-ին, երկուշաբթի, 23 յուլիսէն կիրակի 29 յուլիս երկարող շաբաթը, Պէյրութի մէջ  ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, «Մերօրեայ հերոսներուն» խորագիրով զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան: Մերօրեայ հերոսներուն նուիրուած շաբաթը վերջ գտաւ կիրակի, 29 յուլիս 1984-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ կատարուած ժողովրդային հանրահաւաքով մը: Սոյն հանրահաւաքին, բանախօսութիւններու կողքին, գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: Արդարեւ, երգացանկին մէջ վերը նշուած Լիզպոնի...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկներ Անդրանիկ Մանուկեան եւ Յովսէփ Ենիգոմշեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկներ Անդրանիկ Մանուկեան եւ Յովսէփ Ենիգոմշեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ծնած է 27 յունուար 1910-ին, Խարբերդ, Կիւրին: Ան զաւակն է Թուրքիոյ մէջ վարկ ու յարգանք վայելած հայ աւետարանական հովիւ ու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներէն կիւրինցի վեր. Սամուէլ Մանուկեանի: Անդրանիկ փոքր տարիքին որբ մնացած ըլլալով` կրած է իր սերունդին բոլոր տառապանքներն ու դառնութիւնները: 1915-ի ջարդերուն Անդրանիկ հասած է Մալաթիա...

Այո՛, Արհեստական Բանականութիւնը Կրնայ Խաթարել Կրթութիւնը, Բայց Անիկա Գէշ Բան Չէ

Այո՛, Արհեստական Բանականութիւնը Կրնայ Խաթարել Կրթութիւնը, Բայց Անիկա Գէշ Բան Չէ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Նոր արհեստագիտութիւնները օգտակար կ՛ըլլան, եթէ մարդիկ դրական նպատակներու համար գործածեն այդ նորութիւնները: Անշուշտ միշտ պէտք է մտածել, որ գերագոյն արժէքը մարդն է, եւ արհեստագիտութիւնները պէտք է ծառայեն անոր: Կրթական հաստատութիւններ սկսած են արհեստական բանականութեան հանդէպ նոր մօտեցում ցուցաբերել: «Կարտիըն» եւ «ափինվենթիւ» կայքերը այս մասին վերջերս հրապարակած են հետաքրքրական յօդուածներ: Ն. Մարդիկ պէտք է գերազանցեն այն բաները, որոնք արհեստական...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Յաջորդ երգը կը կրէ «Ռմբակէզներ» խորագիրը: Այս երգը առաջին անգամ հնչած է ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, 15, 16 եւ 17 յունիս 1984-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Յեղափոխական մշակոյթի օր» խորագիրով քաղաքական բանտարկեալներուն նուիրուած իրերայաջորդ ձեռնարկներուն ընթացքին: «Ռմբակէզներ» երգին խօսքերու հեղինակն է Մհեր (Մեհրէ) Գարագաշեանը, իսկ երաժշտութիւնը` Վարդան Աշգարեանի (այժմ` Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեան): Ներդաշնակութիւնը...

Կղիոպատրա` Եգիպտոսի Թագուհին. Ծայրայեղութեանց Փափուկ Ուժին Եւ Ճշմարտութեան Պատերազմը

Երուսաղէմի «Հայկական Պարտէզ»-ը Կ՛օտարացուի – Ա. – Ի՞նչ Է Տեղի Ունեցածը

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Վերջերս բոլորս լսեցինք Պաղեստինի Երուսաղէմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին: Ոմանք ցնցուեցան այդտեղէն եկող լուրերէն, շատեր ալ բնաւ չհետաքրքրուեցան անոնցմով: Առաջին բանը, որ անձամբ ես մտածեցի. «Նորէ՜ն, նորէ՞ն մեր արիւնով եւ քրտինքով վաստակածը երկու կաթիլ մելանով ուրիշին պիտի տանք»: Եթէ համառօտակի պատմենք տեղի ունեցածին մասին, ապա Պաղեստինի Երուսաղէմ քաղաքին պարսպապատ բաժինը, որ նաեւ կը կոչուի «Հին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հադրութի Շրջանին Մէջ Գտնուող Կաւաքավանքի Եկեղեցին Կորսնցուցած Է Իր Նախնական Տեսքը Ազրպէյճանցի օգտատէրերէն մէկուն կողմէ համացանցի վրայ տեղադրուած տեսանիւթերէն երեւաց, որ բռնագրաւուած Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող Կաւաքավանք վանքային համալիրի տարածքին շինարարական աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Վանքը կը գտնուի Տողէն Վարանդա (Ֆիզուլի) տանող ճանապարհին ձախ` հարթավայրէն առանձնացող բլուրի մը վրայ: Այս մասին յայտնեց Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը: 2020...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Կրթական Եւ Մշակութային Գործունէութեան Ծաւալում Արցախի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Կրթական Եւ Մշակութային Գործունէութեան Ծաւալում Արցախի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ   Ռուսական կառավարութիւնը, պետութեան սահմաններէն ներս, իսլամ հպատակներու մէջ քրիստոնէութիւնը տարածելու մտադրութեամբ, Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքի աւետարանական քարոզչական ընկերութեան 1822-ին արտօնութիւն տուած էր Կովկասի մէջ կեդրոններ, դպրոցներ եւ տպարաններ հիմնելու: Քարոզչական ընկերութիւնը կը գլխաւորէին Աւկուսթ Տիթրիխ եւ Ֆելիցիան Զարեմպա: Զուիցերիացի քարոզիչները ցարական կառավարութեան հաւանութեամբ 1823-ին հաստատուեցան Շուշիի մէջ: Սկզբնական շրջանին անոնք կրթական գործունէութիւն ծաւալեցին եւ արցախցի մտաւորական ու հոգեւոր...

Քանատայի Մէջ. Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ.ին՝ Պատուեգիր

Քանատայի Մէջ. Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ.ին՝ Պատուեգիր

Քանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Ֆէյսպուքի էջէն կ՛իմանանք, Հոգեշ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի, «Էլիզապէթ Բ. Թագուհի»-ի յոբելինական շքանշան-պատուագրին արժանանալուն լուրին մասին։ Ստորեւ լուրը՝ «Երկուշաբթի, 10 Յուլիս 2023-ին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Քանատայի Խորհրդարանի անդամ Տիար Պրայն Մէյ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը արժանացուց Մեծն Բրիտանիոյ «Էլիզապէթ Բ. Թագուհի»-ի յոբելինական շքանշան-պատուագրին։ Քանատայի Հայոց Թեմի արխիւներուն մէջ, Հայր Սուրբը դարձաւ...

Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական  12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

Այս շաբաթավերջին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին բացումը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի շրջաններէն 750 սկաուտներու: Բանակումին հիւրաբար կը մասնակցին Իրանի «Արարատ, «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու սկաուտական պատուիրակութիւնները: Համա-ՀՄԸՄ-ական բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման, սկաուտական բանակումը եւս տարիով մը յետաձգուեցաւ Քորոնայի համաճարակին պատճառով: Համա-ՀՄԸՄ-ական վերջին բանակումը կատարուած էր միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, յուլիս 2018-ին: Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը...

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը  Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

7 յուլիս 2023-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով շարունակեց իր աշխատանքները: Արդարեւ, 10 յուլիսին, ընկերակցութեամբ  Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի, ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան (ԵՊՀ) այցելութեամբ: Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի հետազօտութիւններու փոխտնօրէն Ալիք Ղարիպեան առաջնորդեց ֆորումականները ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր հակիրճ ձեւով ներկայացուց այնտեղ գտնուող մեր հարստութիւնները: Ղարիպեան նաեւ...

Ո՞վ Պիտի Տայ Զգուշացման Ապտակը…

Ո՞վ Պիտի Տայ Զգուշացման Ապտակը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան, կոչեցեալն` վարչապետ, Պրիւքսելի մէջ, «կնքահայր Միշէլ»-ի մասնակցութեամբ, Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումներէն վերադարձաւ դատարկաձեռն, այսինքն` այն արդիւնքներով, որոնք շաբաթ մը առաջ բաժին հանուած էին իր արտաքին գործոց կամակատար նախարարին, որ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի նոյն յանկերգով Ուաշինկթըն գացեր էր եւ տեսակցած` իր ազերի եւ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն հետ: Հայրենի մամուլը բացաւ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու նոր տոպրակներ: Լրագրողի մը...

Քիշինեւի Հանդիպումէն Ետք` Ֆրանսայի Կեցուածքը Եւ Հայութեան Սպասելիքները

Քիշինեւի Հանդիպումէն Ետք` Ֆրանսայի Կեցուածքը Եւ Հայութեան Սպասելիքները

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Յունիս 1-ին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հրաւէրով եւ ուղղակի միջնորդութեամբ, Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ, Եւրոպական քաղաքական համայնքի Բ. վեհաժողովի ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հերթական հանդիպումը` հիմնական նիւթ ունենալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնը: Երկու երկիրներու ղեկավարներէն եւ Միշէլէն զատ` այս հանդիպումին կը...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Նախորդ յօդուածով յիշատակուած եւ յաջորդական գրութիւններով  լուսարձակի տակ բերուելիք երգերուն հիմքը կը մնան` Հայ դատի պահանջատիրական նկարագիրը, ցեղասպան թուրք պետութեան դէմ կատարուած անոնց խիզախ սխրագործութիւնը, հայ մարտիկի նկարագիրը, հայ երիտասարդին կամքն ու պատգամը եւ անոնց հերոսական նահատակութիւնը, մէկ խօսքով` հայկական պահանջատիրութեան ուղիին կատարուած դիւցազնապատումի արտացոլացումն է: Այս ուսումնասիրութիւնը թէեւ Լիզպոնի հինգ անձնազոհներուն կատարած գործողութեան առիթով հիւսուած երգերը լուսարձակի...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

«Քրիսմըսեան» Նուէրս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամերիկեան ծննդեան նախատօնակ` «Քրիսմըս-իվ»-ն  էր: Ուշ երեկոյեան այր եւ կին, երբ թոռնիկ Վանային «պէյպի սիթ» էինք եղած, յանկարծ տան դուռը զարնուեցաւ: Աւելի քան ութսունն անց, թաղի դրացիներէս թէ՛ իր հասակով եւ թէ՛ իր մարմնով հուժկու իրլանտացի Ճիմին էր, որ մեզմէ քանի դուռ վար կ՛ապրէր: Այս մէկը աննախընթաց անակնկալ մըն էր, մեծ եւ հաճելի: Ներս հրաւիրեցի: Մերժեց: Ձեռքը դեղին...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Ծառայական Տիրութիւն

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծումի 28-րդ տարեդարձին առթիւ Մայր տաճարին զանգակը յարատեւ աւետարանչութիւն, առաքելութիւն, մարգարէութիւն կը ղօղանջէ. մին միաբանութեան կը զօդէ: Աղօթական մաղթանքներ կը բխին սիրտերէ, Աստուածաշունչին պատգամը կ՛արձագանգէ ամէնուր. հովիւ եւ հօտ յիսուսաբոյր կ՛ագուցէ: Անթիլիասը Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին հետ հանապազորդ ընտիր ցորենահաց կը դնէ հայ քրիստոնեայի հոգեսեղանին: Մկրտութեան կոչումը եւ միւռոնին բոյրը կը յորդին,...

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատին Սառնարանը Եւ Ուրիշ Բաներ…

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատին Սառնարանը Եւ Ուրիշ Բաներ…

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Սառնարանը կ՛աշխատի ջերմութեան փոխանցման սկզբունքով եւ կ՛օգտագործէ մեքանիքական եւ թերմոտինամիքական գործընթացներու համադրութիւն մը` իր ներսը սառեցնելու եւ ընդգրկուած սննդամթերքը պահպանելու համար: Սովորական սառնարանի հիմնական բաղադրիչներն են` 1.- Ճնշակը (compressor)- Ճնշակը սառնարանի սիրտն է: Ճնշակը ելեկտրական շարժիչով կ՛աշխատի եւ կը սեղմէ պաղեցնող կազը, սովորաբար` հիտրոֆլորածխածինը (HFC), կամ` հիտրոքլորֆլորածխածինը (HCFC): Ճնշակը կ՛աւելցնէ պաղեցնող կազին ճնշումը եւ ջերմաստիճանը: 2.- Խտարան (condenser)- Սեղմուած...

Page 250 of 1111 1 … 249 250 251 … 1,111

Արխիւներ