Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Խենթերն Են Գտնում Հնար»…
ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Հայ ըլլալ` կը նշանակէ դառնալ հայրենիքին ու հայութեան բարօրութեան եւ ազատութեան ռահվիրան, իսկ յանձնառու հայ ըլլալ` կը նշանակէ գործել սուրբ գաղափարի համար, եթէ պէտք ըլլայ, հասնելու համար մինչեւ կամաւոր նահատակութիւն: Քանի մը օր առաջ, երբ կ՛ընթերցէի Արցախի լուրերը, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, անմիջապէս Լիզպոնի «ԽԵՆԹԵՐԸ» եկան միտքս, եւ ես ինծի ըսի. «Ո՞ւր էք, հայրենի Արցախը պէտք ունի ձեր նմաններուն,...

















