Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձգեցէ՛ք, Որ Անոնք Քրիստոսի Երթան

Յուլիս 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Յաճախ նկատելի է, որ ծնողներ սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութեան, եկեղեցւոյ խորհուրդներուն եւ այլ հոգեպարար արարողութեանց ընթացքին իրենց մանուկներուն կ՛արգիլեն խօսիլ, ճչալ եւ անհանդարտ նստիլ եկեղեցւոյ մէջ: Շատեր իրենց մանուկները լռեցնելու միտումով կ՛ըսեն. «Ձայն մի՛ հաներ, հիմա Աստուած պապան կը պատժէ», կամ` «Հիմա քահանան կը պատժէ», իսկ ուրիշներ իրենց մանուկները դուրս կը բերեն եկեղեցիէն «կացութիւն փրկելու» միտումով: Աւելի՛ն. երբեմն, յոռեգոյն պարագային, ծնողներ յուսալքուելով, իրենց մանուկները առնելով` տուն կը վերադառնան:

Սոյն յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ հիմնական երեք անհրաժեշտ զգացական կարիքներու, որոնք կը նպաստեն մարդ անհատին մէջ մանկուց սէր, կապուածութիւն եւ պատկանելիութիւն կազմաւորելու իր եկեղեցի-տան հանդէպ:

Այդ զգացական կարիքներն են` ա) վստահութիւնը, բ) հանգստութիւնը եւ գ) ընդունուած ըլլալու զգացումը:

Վստահաբար վերեւ յիշուած երեւոյթը նոր չէ, սակայն նկատելի է, որ անիկա սկսած է ընդհանրանալ: Արդեօք Աստուածաշունչը ի՞նչ կ՛ըսէ այս ուղղութեամբ. Մատթէոսի Աւետարանին 19.13-15 համարներուն մէջ կը կարդանք, որ ծնողներ իրենց մանուկները Յիսուսի կը բերէին, որպէսզի Ան իր աստուածային ձեռքը անոնց վրայ դնելով` օրհնէ զանոնք: Առաքեալները, մեր այսօրուան ծնողներուն նման, կարծելով, որ մանուկներուն ներկայութիւնը զՔրիստոս կը նեղացնէ, կը սաստեն զանոնք ու անոնց ծնողները (Մատթէոս 19. 13)` կարծելով, որ այդպէս վերաբերելով`  Տիրոջ առաքելութեան «կ՛օժանդակեն»: Սակայն մեր բոլորին Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, կը յանդիմանէ առաքեալները` ըսելով. «Ձգեցէ՛ք, որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (Մատթէոս 19. 14): Աստուածորդին կը կատարէ ծնողներուն խնդրանքը եւ իր աստուածային  օրհնաբեր աջը կը դնէ մանուկներուն գլխուն (Մատթէոս 19. 15):

Ծնողներ պէտք է գիտակցին, թէ ինչպէս որ  եկեղեցին մեր բոլորին տունն է, այնպէս ալ անիկա մանուկներուն տունն է: Եթէ մանուկները տան մէջ կու լան, կը ճչան, կը վազեն եւ կը խօսին, ինչո՞ւ նաեւ թոյլ չտանք, որ այդ մէկը երբեմն ընեն իրենց եկեղեցի-տան շրջափակին մէջ: Մանուկները նոր կը ծանօթանան մեր աշխարհին եւ այդ իսկ պատճառով անոնք կ՛ուզեն ամէն ինչ շօշափելով սորվիլ ու փորձելով ծանօթանալ: Եթէ այդ մէկը արտօնելի է տան մէջ, ուրեմն նաեւ պէտք է թոյլատրելի ըլլայ երբեմն եկեղեցի-տան մէջ: Ճիշդ է, որ մանուկներուն պէտք է բացատրել եկեղեցւոյ վերաբերող վարուելակերպային պատշաճութիւնները, ուղղել զանոնք, զգաստացնել եւ խրատել, բայց այդ մէկը պէտք է կատարուի գուրգուրալից եւ մեղմ կերպով` առանց վախցնելու կամ սարսափ առթելու: Մանուկներուն իրաւունքն է ճանչնալ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր տարրը: Ուրեմն ձգեցէ՛ք, որ անոնք Քրիստոսի երթան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց:

Էրիք Էրիքսըն (1902-1994)` գերմանացի-ամերիկացի անուանի մանկավարժը, աշխարհին յայտնեց, որ մարդ արարածը, ի մասնաւորի` իր կեանքի 0-8 տարիներու ընթացքին, կ՛ունենայ զգացական հանգրուանային կարիքներ (emotional need), որոնք պէտք է բաւարարուին իր շրջապատին եւ մանաւանդ ծնողքին կողմէ: Ըստ Էրիքսընին, ծնողը իր 0-2 տարեկան մանուկին մէջ զինք շրջապատող աշխարհին նկատմամբ պէտք է վստահութեան հիմքը դնէ եւ ամրապնդէ: Ան կը բացատրէ, որ եթէ մանուկի մը ծնողը այդ տարիներուն անոր վստահութիւն ներշնչէ, ապա ան հետագային կրնայ ապահով զգալ ինքզինք` զինք շրջապատող աշխարհին մէջ: Զինք շրջապատող աշխարհը ըսելով` կը հասկնանք այն ամէն ինչը, որ անմիջական կապ ունի մանուկին հետ: Այս իմաստով, եկեղեցին ալ մանուկին անմիջական աշխարհին մաս կը կազմէ եւ պէտք է կազմէ: Եթէ ծնողներ կարենան իրենց զաւակներուն մէջ մանկուց եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութեան եւ անվախ հարազատութեան սերմը ցանել, այդ մէկը պիտի մնայ մանուկներուն մէջ իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: Գիտենք, որ մանուկը ոեւէ անձի քով երթալու համար նախ պէտք է վստահի անոր. նոյնպէս ալ, եթէ մանուկը այդ տարիներուն վստահութիւն գտնէ եկեղեցի-տան մէջ, ան կրնայ ամենայն հանգստութեամբ թէ՛ այսօր եւ թէ՛ ապագային Քրիստոսի երթալ: Թերեւս, մանկութենէն ի վեր, եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութեան պակասն ու անոր կապուած «պարտադրուած» վախն  է, որ այսօր մեր երիտասարդները հեռու կը պահէ իրենց հոգեւոր տունէն` եկեղեցիէն: Ինչպէս նշեցինք, ըստ Էրիքսընին, 0-2 տարեկան մանուկին մէջ վստահութեան զգացումի կազմաւորումը որոշիչ դեր կ՛ունենայ ապագային: Այսինքն, եթէ պատահի, որ մանուկը այդ տարիներուն եկեղեցւոյ նկատմամբ անվստահութիւն, վախ, շփոթ եւ անհանգստութիւն զգայ, ապագային վերապահ կեցուածք կ՛որդեգրէ եւ կը տատամսի եկեղեցի յաճախելու: Ուրեմն ձգեցէ՛ք, որ անոնք Քրիստոսի երթան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց` առանց ծայրայեղ վախի զգացում եւ չափազանցուած զգուշաւորութիւն ստեղծելու անոնց մէջ:

Վստահութեան կը հետեւի հանգստութիւնը:

Մանուկներուն պէտք է զգացնել, որ եկեղեցին հանգստութիւն պարգեւող վայր մըն է: Հանգստութիւն ներշնչելու համար, նախքան մանուկին եկեղեցի-տուն երթալը, ծնողներ պէտք չէ յարատեւօրէն կրկնեն. «Ձայն չհանես եկեղեցւոյ մէջ», «Բարի՛ կեցիր», «Աղօթքի ժամանակ բան մը չուզես ինձմէ, քանի որ Աստուած պապան կը նեղուի» եւ նման այլ սպառնալից խօսքեր: Այսպիսի խօսքերով մանուկներուն մէջ վախ կամ վանողական զգացում կը յառաջացնենք եկեղեցւոյ նկատմամբ, որովհետեւ անոնց յիշողութեան մէջ կ՛արձանագրուի, որ եկեղեցին վայր մըն է, ուր ամէն մարդ միա՛յն պէտք է կաշկանդուած վիճակի մէջ ըլլայ, քարացած մնայ, ինքզինք անձայն պահէ եւ այլն: Պահ մը մտածենք այս մասին: Արդեօք աւելի լաւ պիտի չըլլա՞յ, եթէ մանուկին եկեղեցի առաջնորդելէ առաջ դրական խօսքեր ըսուին անոր, օրինակ` «Այսօր Յիսուս պապային քով պիտի երթանք», «Յիսուս պապային հետ խօսէ՛ (աղօթէ՛) եւ քու ուզածներդ անոր ըսէ», «Երբ որ եկեղեցի մտնենք, բարի լոյս ըսէ Աստուած պապային»… Եթէ այդպիսի դրական խօսքերով մանուկները եկեղեցի տանինք, անոնք ուրախութեամբ պիտի երթան իրենց եկեղեցի-տունը եւ հանգիստ զգան հոն:

Հարկ է տան մէջ ալ նոյն մօտեցումները ունենալ Տիրոջ նկատմամբ: Եթէ տան մէջ մեր մանուկներուն աղօթքի, շարականներու եւ սրբութիւններու հանդէպ մօտիկութիւն-հանգստութիւն զգալ սորվեցնենք, անոնք երջանիկ պիտի ըլլան, երբ հաւաքական աղօթքներու եւ հոգեւոր երգերու մասնակցին: Եւս առաւել, մանուկները վստահաբար չեն կրնար չափահասներու նման երկար ժամերով եկեղեցի մնալ: Անոնք կրնան ծարաւնալ, անօթենալ եւ այլ կարիքներ ունենալ կամ նոյնիսկ ուզեն դուրս ելլել: Երբ այսպիսի կացութիւններու հանդիպինք, կարիքը չկայ մանուկին թելադրել, որ սպասէ մինչեւ արարողութիւնը աւարտի: Եթէ այդպէս ընենք, անոնց յիշողութեան մէջ պիտի արձանագրուի, որ եկեղեցին անհանգիստ վայր մըն է, ուր իրենց կարիքները նկատի չեն առնուիր, եւ դժուար պայմաններ կը պարտադրուին իրենց: Այսպիսի պարագաներու, պէտք է  մանուկներուն կարիքները հոգանք` քանի մը վայրկեան եկեղեցիէն դուրս բերելով: Եթէ կարենանք այս մէկը իրագործել, մանուկները այլեւս անհանգստութիւն պիտի չզգան, երբ եկեղեցի-տունը մտնեն, որովհետեւ պիտի անդրադառնան, որ անիկա հաճելի վայր մըն է, իրենց հարազատ տո՛ւնն է, եւ տնեցիի հոգեբանութեամբ ամենայն հանգստութեամբ պիտի մտնեն հոն: Ուրեմն ձգեցէ՛ք, որ անոնք Քրիստոսի երթան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց:

Վստահութեան եւ հանգստութեան կը միանայ ընդունուած ըլլալու զգացումը:

Մանուկները պէտք է զգան, որ իրենք եկեղեցի-տան մէջ ընդունուած են` առանց որեւէ խտրականութեան: Երբ մանուկը Քրիստոսի պատկերը տեսնելով` «Յիսո՛ւսը» բացագանչէ, ծնողներ պէտք չէ խստօրէն  յանդիմանեն զայն իր բարձր ձայնին համար: Երբ ուզէ իր մոմը մոմակալին մէջ դնել, պէտք է թոյլ տան, որ առանձին կատարէ այդ` առանց կտրուկ միջամտութեան: Ծնողներ պէտք է թոյլ տան, որ մանուկը վազէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ջուր խմէ եկեղեցւոյ շրջափակին ծորակէն կամ աղբիւրէն, ծանօթանայ շրջափակին մէջ գտնուող խաչքարին, յիշատակարաններուն կամ ազգային բնոյթ ունեցող կոթողներուն, որպէսզի ան առիթ ունենայ գեղեցիկ յիշատակներ կազմելու. մանուկը պէտք է զգայ, որ ինք «եկեղեցի» կոչուած վայրին անբաժանելի մէկ մասնիկն է, որ` ինք իր հարազատ տան մէջ է, որ` այդ վայրը նաեւ իրե՛ն կը պատկանի, եւ ինք այդ տան հարազատ մէկ անդամն է: Ուրեմն ձգեցէ՛ք, որ անոնք Քրիստոսի երթան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց:

Առ ի եզրակացութիւն, մանկավարժական սկզբունքներու համաձայն, մարդկային կեանքի 0-8 տարիներուն ընթացքին է, որ կը կազմաւորուին մարդուն նկարագիրին  առանցքային բաժինները եւ հոգեկան առողջութեան գրաւականները: Եթէ այս  շրջանին յաջողինք մեր զաւակներուն  եկեղեցւոյ նկատմամբ խոր վստահութեամբ օժտել, զիրենք հարազատութեան զգացումներով զինել, եկեղեցին իրենց իբրեւ հանգստութիւն պարգեւող վայր մը ներկայացնել եւ եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած ըլլալու իրականութիւնը ապրեցնել անոնց մէջ, մենք ապագային պիտի ունենանք այնպիսի՛ եկեղեցասէր սերունդ մը, որուն համար կիրակին եւ ազգային-եկեղեցական տօներուն նշման օրերը պիտի ըլլան Աստուծոյ հետ հանդիպելու օրեր, հոգեւոր խաղաղութիւն վայելելու օրեր եւ իրե՛ն պատկանող տեղը` եկեղեցի-տունը երթալու օրեր:

Ուրեմն ձգեցէ՛ք, որ անոնք Քրիստոսի երթան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց:

 

 

 

 

Նախորդը

Գէորգ Սրապեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Պետիկին Աշխարհը

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?