Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկներ Անդրանիկ Մանուկեան եւ Յովսէփ Ենիգոմշեան

Յուլիս 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ծնած է 27 յունուար 1910-ին, Խարբերդ, Կիւրին:

Ան զաւակն է Թուրքիոյ մէջ վարկ ու յարգանք վայելած հայ աւետարանական հովիւ ու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներէն կիւրինցի վեր. Սամուէլ Մանուկեանի: Անդրանիկ փոքր տարիքին որբ մնացած ըլլալով` կրած է իր սերունդին բոլոր տառապանքներն ու դառնութիւնները:

1915-ի ջարդերուն Անդրանիկ հասած է Մալաթիա եւ ընդունուած է որբանոց: Երեք տարի ետք, 1918-ին ան հասած է Պէյրութ եւ ընդունուած է Անթիլիասի որբանոցը:

Պէյրութի մէջ եղած է Հայ աւետ. քոլեճի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը, 1927-ին:

Աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը, 1935-ին: Ունեցած է  մասնաւոր հետաքրքրութիւն մտային հիւանդութիւններու մասին: Տակաւին ուսանող` ան կապ պահած է Լիբանանի Մտային հիւանդութիւններու հաստատութեան հետ եւ բարձր գնահատանքի  արժանացած` տնօրէնութեան կողմէ: Հազիւ շրջանաւարտ` ան հրաւէր ստացած է իբրեւ մնայուն բժիշկ ծառայելու նոյն հաստատութեան մէջ: 1937-ին հոն աշխատած է իբրեւ օգնական հոգեբուժ բժիշկ:

Առ ի գնահատանք իր ծառայութեան, բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ղրկուած է Անգլիա` մասնագիտանալու մտային հիւանդութեանց մէջ: 1939-ին աւարտած է  Էտինպարայի համալսարանի հոգեբուժութեան դասընթացքը:

1941-46 ան ծառայած է բրիտանական բանակի Միջին Արեւելքի բաժանմունքին մէջ`  հարիւրապետի ու ապա հազարապետի աստիճանով, իբրեւ հոգեբուժ:

1947-1980 բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան եղած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հոգեբուժութեան բաժանմունքի դասախօս, իսկ 1980-ի` պատուակալ փրոֆեսէօր: 1956-80 եղած է այդ բաժանմունքին պետը:

1956-82 ան վարած է Պէյրութի մտային եւ ջղային հիւանդութիւններու պետական հիւանդանոցի բժշկապետութիւնը եւ բժշկական տնօրէնութիւնը:

1960-ական տարիներուն ան եղած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ներկայացուցիչը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ:

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան անդամակցած է տեղական, արտասահմանեան, միջազգային հոգեբուժական եւ բժշկական պետական ու հասարակական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու: Ան դարձած է արաբական շատ մը երկիրներու մտային առողջապահութեան հարցերու խորհրդատու: Լիբանանը ներկայացուցած է միջազգային համաժողովներուն:

1992-ին ան ընտրուած է Լիբանանի հոգեբուժներու միութեան ցմահ պատուաւոր նախագահ:

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան եղած է Royal College of Psychiatry-ի հիմնադիր անդամը եւ Լիբանանի Հայկական բժշկական միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը: Եղած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ:

Ան ունի հոգեբուժական գիտական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ:

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններու մէջ:  Ծառայած է ՀԲԸՄ-ի մէջ եւ շուրջ 20 տարի եղած է վերին մարմինի անդամ, Լիբանանի յանձնաժողովի փոխատենապետ, աւետարանական համայնքի կարկառուն ղեկավարներէն մէկը, Հայկազեան համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի հոգաբարձութեան անդամ, Հայ անկարներու կեդրոններու խնամակալութեան ատենապետ:

1965-87 գործած է իբրեւ Հայ աւետարանական համայնքային ժողովի ատենապետը: 1973-ին իր ջանքերով հիմնուած է Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ   երիտասարդական միութիւնը:

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան պարգեւատրուած է Լիբանանի պետութեան «Արժանեաց» ոսկի շքանշանով` 1956-ին, Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի Բրիտանական «Կայսրութեան կարգի» շքանշանով` 1970-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Մետաղեայ պատուագրով»` 1993-ին, եւ «Մեծ գիտնական-ուսուցիչ», «Փենռոզ» շքանշանով` ՄՏԿԿ «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով` 2000-ին, Լիբանանի պետութեան «Արզ քոմանտոն» կարգի շքանշանով` 2003-ին (յետմահու):

1972-92 ան եղած է Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Այդ տարիներուն մաս կազմած է Հայ երեսփոխանական պլոքին, ուր ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:

Բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան ամուսնացած է Ալիս Խանթամուրի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով:

Ան մահացած է 10 մարտ 2003-ին, Պէյրութ: Թաղման արարողութիւնը կատարուած է Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, 13 մարտ 2003-ին: Թաղուած է Պէյրութի հայ աւետարանական գերեզմանատան մէջ:

Ուրբաթ, 31 մայիս 2013-ին Լիբանանի «Բժիշկի տուն» բժիշկներու  ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ կայացած մէկ համագումարի սկզբնաւորութեան Լիբանանի հոգեբուժութեան հսկաներէն բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեանի թոռը ստանձնած է  իր մեծ հօրը  յետմահու շնորհուած յուշատախտակ մը` որպէս երախտագիտութիւն Լիբանանի մէջ հոգեբուժութեան մարզէն ներս  անոր կատարած մեծ ծառայութիւններուն:

Մոնրէալ, 18 մարտ 2023

Աղբիւր`

  1. Պետրոս Մինասեան, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974:
  2. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, Հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Երեւան, 2020:
  3. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, անձնական ծանօթութիւն որպէս գործակից բժիշկ.
  4. Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան Յետմահու Ի Պատուի, «Ազդակ» օրաթերթ, Լիբանան, 1 յունիս 2013:
  5. Երիտասարդ Հայ, պարբերաթերթ, Հայկական հիւանդանոց-տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեան կը խօսի, Պէյրութ, Լիբանան, 30 սեպտեմբեր 1972:

————————————————–

Բժիշկ Յովսէփ Ենիգոմշեան

Բժիշկ Յովսէփ Ենիգոմշեան

Բժիշկ Յովսէփ Ենիգոմշեան ծնած է Քիլիս (Կիլիկիա), 1895-ին: Ան զաւակն է Քիլիսի ծանօթ ընտանիքներէն` մահտեսի Աղէկ աղա Ենիգոմշեանի, որ իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութ, 1928-ին:

Շրջանաւարտ է Այնթապի Կեդրոնական քոլեճէն, 1914-ին: Նոյն տարին կ՛ընդունուի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցը, վկայուած է 1918-ին` իբրեւ ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ: 1918-էն մինչեւ իր մահը  բժիշկ Ենիգոմշեան ծառայած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցի ներքին հիւանդութեանց բաժանմունքին մէջ:

1921-ին համալսարանին կողմէ ղրկուած է Եւրոպա` մասնաւոր ուսումնասիրութիւններու համար. վերադարձին նշանակուած է Adjunct Prof. of Internal Medicine-ի:

1929-ին Լոնտոնի համալսարանի բժշկական ճիւղին մէջ հետեւած է Tropical Medicine դասընթացքին, վերադարձին նշանակուած է Associate Professor:

1933-34 Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնաւոր ուսումնասիրութիւններ կատարած է ներքին հիւանդութեանց ճիւղին մէջ:

1948-1949 տարին պաշտօնավարած է Ամերիկայի Նիւ Օրլինզի «Թիւլէյն» համալսարանին մէջ` իբրեւ այցելու փրոֆեսէօր:  Վերադառնալով Պէյրութ` իր պաշտօնը վերստանձնած է Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ:

Ըրած է ուրոյն հետազօտութիւններ իր մասնագիտութեան մէջ եւ հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ` գիտական պարբերաթերթերու մէջ:

Լիբանանի մէջ երկար տարիներ, իբրեւ ուսուցիչ ու բժիշկ, կազմած է բարեկամներու լայն շրջանակ մը` հայերէ, տեղացիներէ եւ օտարներէ. Ան բարեկամութիւնները ի սպաս դրած է իր ազգին: Մասնաւոր կերպով օգտակար եղած է հայ-արաբ իրերահասկացողութեան կարեւոր գործին:

Ամուսնացած է Հելէն Գրաճեանի հետ: Բախտաւորուած են հինգ զաւակներով:

Բժիշկ Յ. Ենիգոմշեան ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն: Եղած է հանրածանօթ բժիշկ մը: Ան իր ծառայութիւնը մատուցած է բոլորին` առանց ազգի, կրօնի եւ դաւանանքի խտրութեան:

Կանուխէն անդամակցած է ՀԲԸՄ-ին, եղած է նպաստի յանձնախումբի անդամ եւ ապա` ատենապետ: Եղած է ՀԲԸՄ-ի Շրջանային Ա. յանձնաժողովին պատուակալ ատենապետ, ինչպէս նաեւ` վեթերան անդամ, 1961-ին:

Եղած է Լիբանանի Հայ Ազգային բուժարանի հիմնադիրներէն: 1931-1960 եղած է բուժարանին խնամակալ վարչութեան ատենապետ եւ ապա` պատուակալ նախագահ:

Ազգային Բուժարանի առաջին խնամակալութիւնը, բժիշկ Յ. Ենիգոմշեան ոտքի աջէն երկրորդը

Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Պէյրութի եւ Այնճարի «Գարակէօզեան մանկանց դարմանատուներու» հիմնադրութեան մէջ: Երկար տարիներ այս հիմնարկութեանց Պէյրութի կեդրոնական յանձնախումբին ատենապետը եղած է:

Ալեքսանտրեթի նահանգէն գաղթական դարձած հայերու Պէյրութ, Այնճար եւ Սուր տեղաւորման շրջանին կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է:

Եղած է ՄՏԿ կաթողիկոսութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ: Գործակցած է ՄՏԿԿ  հինգ կաթողիկոսներու հետ, սկսեալ` Սահակ Բ. կաթողիկոսէն:

Բժիշկ Յովսէփ Ենիգոմշեան մահացած է 1994-ին, Ուաշինկթըն:

1987-ին Գարեգին Բ. կաթողիկոս զայն յետմահու պարգեւատրած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով, Նիւ Եորքի մէջ, ձեռամբ Մեսրոպ արք. Աշճեանի:

Մոնրէալ,  3 յունուար  2023

Աղբիւրներ

  1. Ուիքիփետիա` տոքթ. Յովսէփ Ենիգոմշեան:
  2. «Հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», «Բժիշկին Զ. խօսքը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:
  3. Վարժապետեան, Սիսակ, «Հայերը Լիբանանի մէջ», Հանրագիտարան լիբանանահայ գաղութի, Պէյրութ, Լիբանան:
Նախորդը

Այո՛, Արհեստական Բանականութիւնը Կրնայ Խաթարել Կրթութիւնը, Բայց Անիկա Գէշ Բան Չէ

Յաջորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?