Յօդուածներ

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԲ. Հայկական Լեռնաշխարհի Կին Մարտիկները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի հնադարեան կին զինուորներուն մասին այս երկրորդ յայտնութիւնն է: Առաջինը ներկայացուեցաւ Ժ. մասին մէջ, ուր Լոռի մարզի Բովեր գիւղին մէջ թաղուած երկաթէ դարու (ՔԱ 12- 6 դարեր) ռազմուհիին մասին անդրադարձ կատարուեցաւ (1): Այս անգամ Հայաստանի Շիրակի մարզին մէջ է, ուր թաղուած են այս երկու ռազմուհիները: Ջրափի գիւղի դամբարաններու պեղումներուն մասին 14 դեկտեմբեր 2021-ին Ուայլի (Wiley) հրատարակչատան գրադարանին կայքէջը...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ներածական Հայոց ցեղասպանութեան վաթսունամեակը կը յատկանշուի Հայ դատի հետապնդման նոր փուլով մը` 1975-1987, ազգային-ազատագրական զինեալ պայքար: 1975-1987 ժամանակահատուածին կատարուած իրերայաջորդող գործողութիւնները ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, ճեղքեցին հայ ժողովուրդի դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի մեծագոյն ու ահաւոր ոճիրներու շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը եւ ազդանշան տուին Հայ դատի ուժական պայքարի նորագոյն շղթայազերծման: Այդ ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած գործողութիւններու, արարքներու...

«Պատմութեան Հետ Պիտի Հաշտուիս, Որպէսզի Կեանքը Յառաջ Երթայ»

«Պատմութեան Հետ Պիտի Հաշտուիս, Որպէսզի Կեանքը Յառաջ Երթայ»

 ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ 26 յունիսէն 2 յուլիս 2023,  Իրլանտայի Հանրապետութիւն: Երկիր մը, որ օժտուած է Աստուծոյ ստեղծած գեղեցիկ բնութեամբ: Հոն, ուր կանաչ գոյնը կը տեսնես ամէն տեղ: Անձրեւոտ կլիման երկիրը եւ անոր բնութիւնը վերածած է գեղեցիկ կանաչի: Բայց երկրին բնութեան հետ կայ ժողովուրդին ժպիտը եւ անոր բարեկամական ու հաղորդակցութեան ջերմ հոգին: Իրլանտան այնպիսի երկիր մըն է, ուր շատ յաճախ անծանօթը...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

«Ախպեր, Հունցը՞ս» – «Հունց Լոխ»

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Թէ ի՛նչ է նշանակում Արցախի բարբառով գրուած եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտում, հանրապետութեան միւս բնակավայրերում սովորաբար հնչող այս առօրէական երկխօսութիւնը, համբերէք, կը ստուգաբանեմ վերջում: Իսկ մինչ այդ խօսքս սկսեմ Արցախի ամբողջական շրջափակման էական բաղադրիչ հանդիսացող եւ բոլորիս արդէն յայտնի իրադարձութեան արձանագրմամբ: Եւ այսպէս, յուլիսի 8-ի երեկոյեան Ազրպէյճանը վերստին բացեց իր իսկ պայթեցրած կազատար խողովակի վրայ տեղադրած փականը, եւ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինելիութեան Փորձութիւնը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինելիութեան Փորձութիւնը

Սոյն թուականի յունիսի 13-ին հայկական լրատուամիջոցներով տարածուեց ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութիւնը, որը նա արել էր Եւրոպական խորհրդարանում «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղում ու Լաչինի միջանցքում տիրող իրավիճակը» թեմայով քննարկման ժամանակ: Ժոզեփ Պորելը մասնաւորապէս ասել է. «Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, որն ընդունել է Արցախը որպէս Ազրպէյճանի բաղկացուցիչ մաս»: Այնուհետեւ եւրոպական գլխաւոր քաղաքական կառոյցի ղեկավարը...

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Վեցերորդ Թիւը

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Վեցերորդ Թիւը

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի յունիսեան թիւը, որուն մէջ կրկին կը գերակշռէ Հայաստան-Արցախի նիւթը: Հեղինակները տարբեր դիտանկիւններէն կը քննեն Հայաստանի իշխանութիւններուն իրականացուցած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, որ թելադրուած չէ ազգային շահերէն ու մտահոգութիւններէն եւ կործանարար է Արցախի ու Հայաստանի համար: Վարդան Յակոբեանի «Կլոպալիզմի գաղափարաբանութիւնը եւ նէոլիպերալների յեղափոխականութիւնը» յօդուածը կը ներկայացնէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն այդ քաղաքականութիւնը ի՛նչ հիմքեր ունի եւ ի՛նչ վերազգային նպատակներ...

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ.  Պայծառակերպութիւն Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ. Պայծառակերպութիւն Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հոգեգալուստէն եօթը շաբաթ ետք հանդիպող կիրակին հայ եկեղեցին կը տօնէ տաղաւար տօներէն երրորդը` Վարդավառը, Քրիստոսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը: Յիսուս, Իրեն հետ առնելով Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, անոնց հետ Թափոր լեռ բարձրացաւ եւ անոնց առջեւ կերպարանափոխուեցաւ: Անոր դէմքը փայլեցաւ ինչպէս արեգակը, իսկ զգեստները դարձան սպիտակ, ինչպէս լոյսը: Նոյն պահուն Յիսուսի երկու կողմերը` երկնային լոյսի մէջ պարուրուած, յայտնուեցան Մովսէս...

Կեանքով Ու Ապա Մահով Դարձար Ներշնչումի Աղբիւր  (Նարինէ Պուլղուրճեանի Մահուան Յիշատակին)

Կեանքով Ու Ապա Մահով Դարձար Ներշնչումի Աղբիւր (Նարինէ Պուլղուրճեանի Մահուան Յիշատակին)

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Կեանքի ամէնէն դժուար իրականութիւնը, որուն հետ պէտք է հաշտուիլ, մահն է: Այո՛, ամէնէն դժուարն է եւ անտանելի ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ կորուստ կ՛ապրինք` մեզի սիրելի եւ հոգեհարազատ մարդոց առյաւէտ բաժանումին պատճառով: Քառասուն օրեր առաջ ահաւոր տխուր լուր մը հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն: Ամէնէն սիրելի ընկերուհիներէս Նարինէ Պուլղուրճեանը մահացած էր: Մտքիս մէջ կեանքն ու բժշկութիւնը մեղադրելու տարափ մը կը...

Բարի Ընկերուհիիս` Ժպտերես  Եւ Իւրայատուկ Նարինէին

Բարի Ընկերուհիիս` Ժպտերես Եւ Իւրայատուկ Նարինէին

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Մէկը թող փորձէ համոզել զիս, թէ ինչո՞ւ հիմա` առանձին նստած, բազում յուշերս եւ խռոված միտքերս կը փորձեմ հաւաքել` գրելու համար սիրելի ընկերուհիի մը մասին, փոխանակ ուղղակի իրեն գրելու եւ մեր գրաւոր զրոյցին ընթացքին մեր ապրած կեանքէն դրուագներ յիշելով անվերջ ժպտալու, երբեմն յուզուելու, բայց միշտ բարձր տրամադրութեամբ փակելու զրոյցը... Մէկը թող փորձէ բացատրել ինծի, թէ ինչո՞ւ ահաւոր լռութեան մէջ`...

Օր. Յասմիկին Յիշատակին

Լուսաւոր Աստղը` Նարինէն

ՄԱՐԱԼ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Նարինէին հետ մտերմութիւնս սկսաւ, երբ ան միացաւ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հոգաբարձական կազմին, մօտաւորապէս տասը տարիներ առաջ: Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին` իր գաղափարները եւ առաջարկները խոհեմ, արդար եւ գործնական էին:  Կը զմայլէի անոր պայծառ մտքին եւ հեռատեսութեան վրայ:  Ան յարատեւօրէն պաշտպան կը կանգնէր ուսուցիչներու իրաւունքներուն եւ իր խօսքերը միշտ համոզիչ էին ու արդար:...

Ոսկի Սրտով Եւ Հիացմունք Պատճառող Լաւատեսութեամբ Լի Նարինէին*

Ոսկի Սրտով Եւ Հիացմունք Պատճառող Լաւատեսութեամբ Լի Նարինէին*

Սիրելի՛ Նարինէ, Բառերը չեն կրնար արտայայտել այն ցաւն ու կսկիծը, զորս մենք` ընտանիքդ, հարազատներդ, ընկերներդ, գործընկերներդ ու պաշտօնակիցներդ կը զգանք այսօր: Քու ապաքինման ճամբորդութեանդ ընթացքին դուն իսկական պայքարող մըն էիր: Հանդիպեցար բազմաթիւ բժիշկներու, մասնագէտներու, հիւանդապահներու, բայց ինծի համար դուն այս բոլորն էիր: Կը զարմանայի եւ կը շարունակեմ զարմանալ այն հսկայական ժամանակին համար, զոր տրամադրեցիր քու հիւանդութեանդ վերաբերող ուսումնասիրութիւններ կատարելու, որպէսզի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Խափանե՛նք Նոր Նահանջը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, զգալիօէն նուազած է թիւը այն հայորդիներուն, որոնք ատակ են մեր հայրենիքին ուղղուած ահազանգերուն ձայնը լսելու, իսկ լսողներէն մաս մըն ալ ինքզինք պատսպարած է անտարբերութեան՝ «բան չենք կրնար ընել»ի ինքնահամոզումի պատմուճանին մէջ: Նորագոյն ահազանգը հնչեց Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին, երբ հաստատուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան երկու օր ետք, 15 Յուլիսին Պրիւքսէլ պիտի վազէ (դարձեալ),...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. ՀՅԴ Երիտասարդականը միշտ պատնէշի վրայ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 90-ամեակ

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. ՀՅԴ Երիտասարդականը միշտ պատնէշի վրայ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 90-ամեակ

«Հիմնականը հայ երիտասարդութեան ազգայնացումն ու հայրենացումն է, անոր ազգային, քաղաքական, յեղափոխական եւ ընկերային մտածողութեան զարգացումը ու հաւաքական կամքի դարբնումը».   Սարգիս Զէյթլեան 90 տարի առաջ, Յուլիս 16-ին, Պոսթընի մէջ կը կայանար Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) առաջին խորհրդակցական պատմական ժողովը, որ պիտի հանդիսանար սկիզբը Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցի սաղմնաւորման ու հետագայ զարգացման։ Միացեալ Նահանգներ գործուղուած Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ արագընթաց թափ կը ստանան ՀԵԴ...

Յիշելով Բազմերախտ Գիտնականը  (Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Յիշատակին)

Յիշելով Բազմերախտ Գիտնականը (Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Յիշատակին)

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ես ծանօթացայ իրեն, երբ ինք եւ Արման Քէոսեանը այդ տարի յայտնուեցան Նշան Փալանճեան ճեմարանի դասարաններէն ներս իբրեւ ամերիկահայ գիշերօթիկներ: Անցեալ դարու յիսունական թուականներու սկիզբն էր, եւ Պէյրութը կ՛ապրէր իր թաղերու հրաշալի մտերմութեամբ, իր արեւով, երկինքով, կապտակապոյտ Միջերկրականի ամէնօրեայ տեսիլքով: Իսկ ճեմարանէն ներս համատարած ոգեւորութիւն էր: Մենք մեր ետին թողեր էինք դպրոցի հին ու խարխլած շէնքը Ուատի Ապու Ժեմիլ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Վերակազմակերպումը` Էական

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Վերակազմակերպումը` Էական

Ինչպէս սուրիահայ, այնպէս ալ շարք մը սփիւռքահայ համայնքներու համար այս շրջանին կարեւոր նշանակութիւն ունի վերակազմակերպումը: Վերակազմակերպումը իմաստ պիտի ունենայ,  յատկապէս երբ կառոյցներ վերանորոգելու եւ համայնքի զաւակներուն դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստելու կողքին, սերտողութիւն  կատարուի, թէ համայնքը դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուի, վերակազմակերպուելու եւ ինքնութեան որակը պահելու համար ի՞նչ բաներու կարիք պիտի ունենայ յառաջիկայ գէթ 25 տարիներու ընթացքին, եւ ինչպիսի՞ ծրագիր հարկ է...

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը  (Ս. Ծնունդ)

Երբ Մեր Ընդհանրական Շահերը Գերադաս Համարենք

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Եկեղեցական կամ ազգային բնոյթ ունեցող որեւէ հանրային ծառայութիւն կենսական տուեալ մըն է մեր գոյութիւնը պահպանելու համար: Մեր եկեղեցիները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները չեն կրնար գոյատեւել առանց ծառայութեան լծուած նուիրեալներու: Սակայն ծառայութեան լծուած պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող մարդոց միջեւ փոխյարաբերութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է հանրային գործը լաւագոյն կերպով յառաջ տանելու: Հանրային ծառայութեան նուիրեալներ, որքան ալ խելացի...

Յարգել Գիտելիքի Ձգտումը, Պաշտպանել Անցեալը Եւ Ձգել Ժառանգ, Որ Կը Գերազանցէ Նիւթական Հարստութիւնը

Յարգել Գիտելիքի Ձգտումը, Պաշտպանել Անցեալը Եւ Ձգել Ժառանգ, Որ Կը Գերազանցէ Նիւթական Հարստութիւնը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մշակները, հողագործները իրենց տարերքին մէջ կ՛ըլլան, երբ կը հերկեն, կը ցանեն, կը քաղեն: Միայն անոնք կը զգան հողին բազկերակը, քմահաճոյքը, երբեմն` պահած գաղտնիքը, զոր գիտեն արժեւորել եւ պահպանել, փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն: «Թիփս էնտ թրիքս» կայքը կ՛անդրադառնայ  արժանթինցի հողագործի մը յայտնաբերումին: Ն. Հողագործը Կը Յայտնաբերէ Հոյամողէզի (Տինոսոր) Հսկայ Հաւկիթ Մը, Որուն Մէջինը... Հանդարտ վայրի մը մէջ կար հողագործ մը,...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաք. Մուկ Կը Փնտռուի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քրիստոսէ առաջ չորրորդ դարուն Յունաստանի մէջ ապրած է փիլիսոփայ մը, որուն անուան կապուած է լապտերի մը պատմութիւնը: Տակառ մը իբրեւ բնակարան ընտրած փիլիսոփան օր ցերեկով շրջած է Աթէնքի փողոցներուն մէջ եւ ձեռքի լապտերը մարդոց երեսին բռնած` յայտարարած է. «Պատուաւոր մարդ կը փնտռեմ»: *** Երկու օր առաջ Դիոգինէսի կորսուած լապտերը գտնուած է Հայաստանի մէջ: Գտնողը ճամբայ ելած է ո՛չ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Համբար Քելիքեան (Համբարձում Քեքլիքեան)

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Համբար Քելիքեան (Համբարձում Քեքլիքեան)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Համբար Քելիքեան Բժիշկ Համբար  Քելիքեան (Համբարձում Քեքլիքեան) ծնած է Հաճըն, 17 յունուար 1899-ին: 1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան առաջին շրջանին, Համբարին ծնողքը կը տարագրուի եւ ի վերջոյ կը հասնի Հալէպ: Տարագրութեան օրերուն Համբարին երեք քոյրերը կը սպաննուին թուրքերու ձեռքով: Պատանի Համբարը կը յաջողի փախուստ տալ թրքական հետապնդումներէն, չի միանար ծնողքին եւ կը հասնի Պոլիս ուրկէ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Միջազգային Երաշխիքներու Վրայ Դրուած Գրաւը Եւ «Սան Սթեֆանոյէն Պերլին» Պատմութեան Թելադրանքը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հայաստանի դիւանագիտութեան և Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու քաղաքական աշխուժացումը ի դէմս Միջազգային Դատարանի որոշումին որով կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին ապաշրջափակել Արցախը, Եւրոպական Խորհրդարանի շրջանակներուն մէջ Արցախի ի նպաստ կեցուածքներու բազմացման և Ուաշինկթընի մէջ Պետական Քարտուղարութեան մօտ Երևանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի անպատասխանատու և նախընթաց ստեղծող յայտարարութեան դէմ բողոքի նախաձեռնութիւններուն, ստացած են յստակ հնչեղութիւն: Բայց «հնչեղութիւնը» պէտք չէ շփոթել արդիւնքի հետ: Արցախը...

Page 251 of 1111 1 … 250 251 252 … 1,111

Արխիւներ