Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատացեալ Եւ Բարեսէր Բարեկամուհիիս` Ռոզիկ Սրապեանի Յիշատակին

Յուլիս 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր, քոյր-եղբայր, ձեր անձնական բնակարանը նուիրած էիք Ազգային Ծերանոցին, իսկ դուք` հոն փոխադրուած:

Ամէն անգամ որ տուն գայիր, կը հեռաձայնէիր, որ անմիջապէս քովդ գամ: Կը պատմէիր հանգստաւէտութեանդ մասին` նշելով, որ վերջին շրջանին արդէն կարողութիւն չունէիր ալ դուն քեզի եւ եղբօրդ հոգ տանելու:

Վերջին հեռաձայնդ հիւանդանոցէն էր, խնդրեցիր, որ անմիջապէս քովդ գամ: Երբ եկայ, տակաւին քեզ նոր հանած էին վերակենդանացման բաժանմունքէն, երեսներդ կը ճառագայթէին, չգիտցայ, որ ատիկա պիտի ըլլայ մեր վերջին հանդիպումը: Մեկնեցայ` դարձեալ հանդիպելու խոստումով, սակայն չկրցայ կրկին քեզի այցելել որոշ պատճառներով:

Եւ ահա դարձեալ հեռաձայն մը, որ կը գուժէր քու եւ եղբօրդ մահը` օր մը տարբերութեամբ, ան քեզմէ օր մը ետք աւանդած էր հոգին: Եղբօրդ մահը ակնկալելի էր, ան բաւական անհանգիստ էր, սակայն քուկդ անսպասելի էր:

Սիրելի՛ Ռոզիկ,

Վերջին տարիներուն միշտ կը գանգատէիր, որ 25-30 քիլօ նիհարցած էիր եւ որոշ ցաւերէ կը տառապիս, Ռիթան եւ ես կը թելադրէինք, որ անպայման մասնագէտ մը տեսնես, սակայն դուն կարեւորութիւն չէիր տար: Ուրեմն այդ անողոք հիւանդութիւնը իր աւերը գործած էր եւ զգետնած քեզ` հազիւ 68 տարեկանիդ, մեղք եղաւ:

Սիրելի՛ Ռոզիկ,

Դուն ամբողջ հոգուովդ բարեպաշտ եւ մարդասէր էիր, ուխտի կ՛երթայիր զանազան ուխտատեղիներ` աղերսելով սուրբերուն օգնութիւնը բոլոր ծանօթներուդ առողջութեան համար:

Եղար հնարամիտ եւ ճաշակաւոր կարուհի` գործակցելով նշանաւոր դերձակներու եւ ձեւագէտներու հետ, ինչպէս` Էլի Սաապի եւ ուրիշներու:

Ամբողջ կեանքդ եւ նիւթականդ նուիրեցիր ընտանիքիդ անդամներուն, առանց ակնկալութեան, սակայն դուն դառնացած հեռացար այդ աշխարհէն:

Մեծ նուիրումով եւ ուրախութեամբ աշխատեցար Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրին վրայի հայկական խաչը, գահակալին եւ յարակից մասերուն խաչերը, որոնց ուլունքները եւ երիզները գացիր Դամասկոսէն բերիր, որպէսզի ամէնէն ընտիրը ըլլայ: Այս բոլորը մեծ հիացում պատճառեցին մեզի: Վարձքդ կատա՛ր:

Շրջան մը եղար Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետ, իսկ տարբեր տարիներ` Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետ: Անսակարկ նուիրումով եւ մեծ սիրով ծառայեցիր զոյգ եկեղեցիներուն:

Սիրելի՛ս, բարեսէր հաւատացեալի անունդ յաւերժ պիտի յիշուի քեզ անկեղծ սիրողներուն կողմէ:

Հողը թեթեւ գայ վրանիդ` քու եւ եղբօրդ, երկու նուիրեալներ:

Քեզ միշտ յարգող եւ սիրող բարեկամուհիդ`
ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ 

 

 

 

Նախորդը

Ա՜յ, Կը Խայթէ՛

Յաջորդը

Գէորգ Սրապեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?