Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծումի
28-րդ տարեդարձին առթիւ
Մայր տաճարին զանգակը յարատեւ աւետարանչութիւն, առաքելութիւն, մարգարէութիւն կը ղօղանջէ.
մին միաբանութեան կը զօդէ:
Աղօթական մաղթանքներ կը բխին սիրտերէ,
Աստուածաշունչին պատգամը կ՛արձագանգէ ամէնուր.
հովիւ եւ հօտ յիսուսաբոյր կ՛ագուցէ:
Անթիլիասը Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին հետ
հանապազորդ ընտիր ցորենահաց կը դնէ
հայ քրիստոնեայի հոգեսեղանին:
Մկրտութեան կոչումը եւ միւռոնին բոյրը կը յորդին,
հայ ինքնութեան կերտումի սանդուխը կ՛երկարաձգուի երկրէ երկինք եւ փրկութեան աւետիսը կ՛ալէլուի:
Ոսկեայ հորթէն հեռանալու աստուածադիր հրահանգը`
խոնարհութեան եւ տէրունի կամքի անդադրում կատարումի
ճանապարհը կը բանայ:
Սուրբ Հոգիի վերանորոգումը նոր գինիով կ՛արբեցնէ բոլորս.
հայրապետական գաւազանը կը ծաղկի`
լուսաթերթեր ցանելով…
2 յուլիս 2023
Անթիլիաս – Լիբանան



