Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յուլիս 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Նախորդ յօդուածով յիշատակուած եւ յաջորդական գրութիւններով  լուսարձակի տակ բերուելիք երգերուն հիմքը կը մնան` Հայ դատի պահանջատիրական նկարագիրը, ցեղասպան թուրք պետութեան դէմ կատարուած անոնց խիզախ սխրագործութիւնը, հայ մարտիկի նկարագիրը, հայ երիտասարդին կամքն ու պատգամը եւ անոնց հերոսական նահատակութիւնը, մէկ խօսքով` հայկական պահանջատիրութեան ուղիին կատարուած դիւցազնապատումի արտացոլացումն է:

Այս ուսումնասիրութիւնը թէեւ Լիզպոնի հինգ անձնազոհներուն կատարած գործողութեան առիթով հիւսուած երգերը լուսարձակի տակ առնել է, բայց եւ այնպէս խիստ կարեւոր է ներկայացնել նաեւ անոնց համառօտ կենսագրականներն ալ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ երգերը պարզաբանելու ընթացքին դէպքերու եւ իրադարձութիւններու պատմական հենքը պահել, թէկուզ իւրաքանչիւր երգի ներկայացման ընթացքին մանրամասն վերլուծումներ կամ պարզաբանումներ տրուած ըլլան:

Վերոնշեալ մեկնակէտով ծնունդ առին Լիզպոնի հինգ արիներուն նուիրուած երգերը: Իւրաքանչիւր հեղինակ, յօրինող, ստեղծագործող, ըստ իր գեղարուեստական կարողականութեան, կրցաւ ծնունդ տալ երգի մը: Բայց մէկ բան հաստատօրէն կարելի է ըսել, որ բոլորն ալ վառ զգացումներով եւ հայու տագնապալի ու պահանջատիրական ոգիէ մղուած ստեղծագործած են:

***

«Հայ յեղափոխական բանակ»-ի հինգ անձնազոհներուն նուիրուած երգերու մեկնաբանութեան ու վերլուծումներու շարքը կը սկսինք անոնց նուիրուած առաջին երգով:

Արդարեւ, Լիզպոնի գործողութեան յաջորդող ամսուան` 21-31 օգոստոս 1983-ին Աթէնքի (Յունաստան) մօտակայ գիւղաքաղաքներէն` Քալամոսի մէջ տեղի կ՛ունենար ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համագաղութային (Հայաստանի անկախութենէն ետք` համահայկական) առաջին բանակումը: Մասնակից 350 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եւ պատանի-պարմանուհիներ եկած էին հայկական բոլոր գաղութներէն (բացի Իրանի գաղութը), հոն ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ) շուրջ 35 անդամներ ալ:

Այդ բանակումի ընթացքին երկու ՍԵՄ-ականներու կողմէ ծնունդ պիտի առնէր «Լիզպոնի հինգին» նուիրուած հոգեհարազատ երգը:

Երգի խօսքերուն հեղինակն էր Հալէպէն բանակող Արփի Սանոսեանը, իսկ երաժշտութիւնը` գամիշլիցի Համօ Երէցեանը:

Արփին` երիտասարդ բանակող, ազգային եւ գաղափարական զգացումներով տոգորուած, պատասխանատուներու քաջալերանքով կը գրէ երգին բառերը: Ան, արեւելահայ գրականութենէ ազդուած, հեղինակած է արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն խառնուրդ երգին բառերը: Արփին աւարտած է Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը, այժմ կը դասաւանդէ Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկին մէջ:

Երաժշտութիւնը, ինչպէս ըսինք, կը պատկանի Համոյին: Համոյին հետ մեր զրոյցին ընթացքին մանրամասն տեղեկացանք երգի ծնունդին մասին: Օրին այս երգը 24 ժամուան ընթացքին ստեղծագործուած է: Երբ այսպիսի միտք մը առաջարկուած է, Համոն խնդրած է որեւէ մէկ նուագարան  յատկացնեն իրեն, յատկապէս` երգեհոն (ստեղնաշարային գործիք) մը, որպէսզի կարենայ անոր վրայ երաժշտութիւնը յօրինել: Իսկ ժամեր ետք, երբ երգը ծնունդ առած է, առաջին անգամ գիշերը, բանակումի խրախճանքին երգած է:

Այս կարեւոր իրադարձութեան մասին դժբախտաբար ոչ մէկ նշում կատարուած է «Կայծեր», հրատարակութիւն ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու պաշտօնաթերթի Ա. տարի, մարտ 1984, թիւ 2-ի, էջ 20-65-ի մէջ, որ ընդարձակ տեղ յատկացուած է վերոնշեալ բանակումին:

Համոն ծնած է 1965-ին, երաժշտական եւ երաժշտասէր ընտանիքի մէջ, հայրը գեղեցիկ ձայն ունեցած է, եղբայրները երաժիտներ են: 8 տարեկանէն սկսած է երգել: Ան ապրած է Գամիշլի, ապա հաստատուած` Շուէտ, ուր շարունակած է իր մշակութային գործունէութիւնը: Համոն տաղանդաւոր արուեստագէտ է եղած, փոքր տարիքէն իր մասնակցութիւնը բերած է միութենական երգահանդէսներուն, ճաշկերոյթներուն, խրախճանքներուն եւ պարահանդէսներուն:

Ան ելոյթներ ունեցած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ: Երգած է շուրջ 10 լեզուներով, երգի կողքին, կը նուագէ հարուածային գործիքներ, դաշնամուր եւ երգեհոն: Համոն սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ շատ մը բարեսիրական նախաձեռնութիւններու:

«Լիզպոնի հինգին» երգը մեծ ընդունելութիւն գտաւ, յատկապէս երբ հալէպահայ փոքրիկ աղջիկ մը` Քարէն Չիլինկիրեան, իր անուշ ու քաղցր ձայնով 1984-ի ամրան «Լիբանանի հայկական ձայն» ձայնասփիւռի սթիւտիոյին մէջ, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ, արձանագրեց այս երգը, որ օրին սփռուեցաւ նշեալ կայանէն:

Յաջորդ տարին` 1985-ին, Քարէն Չիլինկիրեանի մենակատարութեամբ հրապարակուած է ձայներիզ մը, որուն գեղարուեստական իրականացումը կատարած են Պարգեւ Մղշեանն ու Ժագ Թիւթիւնճեանը, վերջինիս սթիւտիոյէն ներս արձանագրուած:

Քարէնի երգացանկին մէջ կ՛ընդգրկուէր «Լիզպոնի հինգին» երգը: Սոյն երգը այդ օրէն ի վեր մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է, մինչեւ օրս կ՛երգուի, նոյնիսկ հայոց բանակի զինուորներ կ՛երգեն:

Փոքրիկ Քարէնը «Լիզպոնի հինգին» երգը երգած է մաքուր, հմայիչ հնչողութեամբ: Ձայնի որակը բնական է, հայկական երանգով հարուստ: Կշռոյթի առումով, երգեցողութիւնը ճկուն է եւ ճշգրիտ: Այդ իսկ պատճառով կրնանք ըսել, որ Լիզպոնի երգը փոքրիկի ձայնով մեկնաբանուած, խօսքի եւ երաժշտութեան համապատասխան եւ միաձուլուած` տարբեր ձեւաչափով ներկայացուած է, որուն համար հազարաւոր ունկնդիրներու սիրտերը կը գրաւէ:

 Լիզպոնի Հինգին

Արփի Սանոսեան Աւօ Գաթրճեանի հետ                                                                     Համօ Երէցեան

Խօսք` ԱՐՓԻ ՍԱՆՈՍԵԱՆԻ
Երաժշտ.` ՀԱՄՕ ԵՐԷՑԵԱՆԻ

Անոնք գացին անվերադարձ,
Գիտակցելով ճամբայ ելան:
Անոնք գացին անվերադարձ,
Հինգ ընկերներ գացին Լիզպոն.
Նոր գարուններ էին նրանք`
Հայրենիքի փայլուն տղաք:

Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն,
Խօսում էին փրկութիւն,
Հպարտ էին հայ ըլլալնուն,
Ուխտած էին զոհուելու:

Ձգտում էին այս իտէալին,
Ասում էին պահանջ ունին:
Ազատ խորանին վրայ
Մատաղ ըրին իրենց կեանքը:

Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն…
Սիրայօժար Լիզպոն գացին,
Արան, Սագոն` կայտառօրէն,
Սեդրակ, Սիմոն` խիզախ կամքով,
Իսկ Վաչէն ալ` վեհ իտէալով:

Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն…

Ե՛կ ընկերներ ուխտենք այստեղ,
Շարունակենք նրանց ճամբան,
Ազատութեան բագնին վրայ
Մենք ալ ըլլանք նահատակներ:

Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն…

(Շար. 2)

Նախորդը

«Քրիսմըսեան» Նուէրս

Յաջորդը

Քիշինեւի Հանդիպումէն Ետք` Ֆրանսայի Կեցուածքը Եւ Հայութեան Սպասելիքները

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?