Յօդուածներ

Երուսաղէմի Հայկական Պարտէզը Կ՛օտարացուի – Բ. –    Յորդոր` Երուսաղէմի Կարգ Մը Մեր Կղերիկոսներուն

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Հոգիս Ի Քեսապ

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շաբաթավերջին` 11 օգոստոսի ուշ երեկոյեան, լիբանանահայ սրտակից անձ մը տեսանիւթ մը ղրկեց իմ հայրենի Քեսապէն: «Օ,՜ Աստուածամօր Վերափոխման տօնն է արդէ՜ն» (ես ինծի): Յիշեցի, որ նոյն օրը առաւօտուն ուրիշ սիրելի անձ մը ինծի ըսած էր «Շնֆուր Զէտէյիդ» (Շնորհաւոր Զատիկդ) եւ ուշադրութիւնս հրաւիրած` մեր տնեցիներուն կողմէ կրկնուող մաղթանքին, բայց սովորաբար անիկա կ՛արտայայտուէր ոչ թէ Տիրամօր Վերափոխման, այլ Ս....

Գետ-Գիտութեան. Էնիկման Եւ Պատմական-Պատերազմական Իր Դերը

Գետ-Գիտութեան. Էնիկման Եւ Պատմական-Պատերազմական Իր Դերը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Էնիկմա մեքենան հաղորդագրութիւններ ծածկագրող սարք մըն է, որ կ՛օգտագործուէր Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գաղտնի հաղորդակցութիւններ գրելու համար: Զայն հնարած է գերմանացի ճարտարագէտ Արթիւր Շերպիոս 20-րդ դարու սկիզբը, եւ այդ մէկը մեծապէս օգտագործուած է գերմանական ուժերու, յատկապէս ռազմածովային (Kriegsmarine), բանակի (Heer) եւ օդային ուժերու (Luftwaffe) կողմէ: Որոշ ժամանակ այս գաղտնագրերը կը թուէին, թէ անկոտրում էին, սակայն Պլեչլի Փարքի մէջ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. «Ինչպէ՞ս Փոքր Երկրի Մը Միացեալ Նահանգներուն Նեցուկը Վայելող Ղեկավարին Փառամոլութիւնը Սկիզբը Դրաւ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Ճակատումին»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը «Ռաշա Թուտէյ»-ի առաջնորդող յօդուածին, որ ազգայնական նկատուող ռուս պատմաբան Եւկենի Նորին (Evgeny Norin) նախ գրած է 13 օգոստոս 2022-ին, որ 8 օգոստոս 2023-ին վերստին կը հրատարակուի (1)՝ դէպքին 15 ամեակին առթիւ, որ կը բացայայտէ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսական բանակին «խեղճ» վիճակը: Պէտք է նկատել զուգահեռները Խրիմի, Տոնպասի եւ Արցախի հետ եւ այս մասին...

«Այս Վարուելակերպը Հայրենի Իշխանութիւններուն Կողմէ Ձախող Քայլ Մըն Է, Իսկ Հայրենիքս Սուրբ Է»  Կը Յայտնէ Արենի Մարկոսեան

«Այս Վարուելակերպը Հայրենի Իշխանութիւններուն Կողմէ Ձախող Քայլ Մըն Է, Իսկ Հայրենիքս Սուրբ Է» Կը Յայտնէ Արենի Մարկոսեան

ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արենի Մարկոսեանը Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն զրկելու որոշումին լոյսին տակ «Հայրենիք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Արենի Մարկոսեանին հետ` լուսաբանելու համար անոր հետ պատահածը, իմանալու այն դրդապատճառները, որոնք մղած են զայն հայրենիք մուտք գործելէ զրկելու որոշումին, ինչպէս նաեւ` իր զգացումներն ու մտածումները այդ կացութեան դիմաց ու ապագային ծաւալելիք գործունէութեան մասին: Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ...

Դրական Տեղաշարժի Յոյսի Նշոյլներ

Դրական Տեղաշարժի Յոյսի Նշոյլներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայկական կողմին համար արտաքին քաղաքականութեան մէջ գլխաւոր ժխտական ազդակներն են ռուս-թրքական մերձեցումն ու Ուքրանիոյ պատերազմը. երկուքն ալ առնչուած են մեր ռազմավարական դաշնակիցին: Պատմութեան ընթացքին ռուս-թրքական մերձեցումը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է մեր վրայ: Այդպէս եղաւ Լենին-Աթաթուրք մերձեցման ժամանակ, որուն իբրեւ հետեւանք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կորսնցուց իր անկախութիւնը: Այժմ եւս նոյնպիսի ժխտական կացութեան մէջ կը գտնուինք Փութին-Էրտողան մերձեցման եւ Ուքրանիոյ...

Սթափելու Ժամանակը

Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Բանակցութիւններ. Որո՞նք Են Նպատակն Ու Տեսլականը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաքուէն օրէնքով նախատեսուած վեց շաբաթներու փոխարէն երեք շաբաթէն յաջողեցաւ աւելի քան 58.000 ստորագրութիւն ապահովել: Հայաստանի քաղաքացիներու ստուար թիւ մը կը մերժէ Արցախը բացի Հայաստանէն տարբեր երկրի մը մաս ընդունիլ: Նոյն թիւը կը մերժէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը ժխտելը կամ կասկածի ենթարկելը: Այժմ հայաքուէի օրինագիծը պէտք է արձանագրուի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ եւ քննուի: Ինչպէ՛ս պիտի վարուի Ազգային ժողովը...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Աթաթուրքի Մասին «Տիզնի»-ի Վիճայարոյց Շարժապատկերը Սաստիկ Զայրացուցած Է Թէ՛ Հայերը, Թէ՛ Թուրքերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Ի՜նչ բացառիկ ապաշնորհ մարդ պէտք է ըլլայ «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութեան ղեկավարը` հանդէս գալու համար շարժապատկերի այնպիսի  նախագիծով մը, որ սաստիկ զայրացնէր  թէ՛ հայերը,  թէ՛ թուրքերը: Այդ պաշտօնեան  պէտք է հեռացուի աշխատանքէն` ընկերութեան գանձարանին, ինչպէս նաեւ հեղինակութեան վնաս պատճառելուն համար: «Տիզնի փլաս» հոսքային ծառայութիւնը նախատեսած էր պատրաստել վեց մասերէ բաղկացած հաղորդաշար, որ կը  պատմէ  Թուրքիոյ...

Դաշնակցական   Մամուլը

«Ճանաչում` Յանուն Փրկութեան»

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ «Ազդակ» օրաթերթը վերի խորագրով խմբագրական մը հրատարակած էր վերջերս եւ նշելէ ետք, թէ քանի որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան կողմէ անվերապահ կը դատապարտուի Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան կեանքին սպառնացող  շրջափակումը, եւ շեշտակի կը պահանջուի Լաչինի միջանցքին մէջ ազատ շրջագայութիւնը, ապա ուրեմն տրամաբանական եւ հաւանական լուծումի մը համար կ՛առաջարկէ դիւանագիտական արշաւի մը սկսիլ` միջազգային սեղանին դնելով...

Ազգային Գործիչ Բժիշկ Համօ-Համազասպ Օհանջանեան

Ազգային Գործիչ Բժիշկ Համօ-Համազասպ Օհանջանեան

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Համօ Օհանջանեան Բժիշկ Համօ Օհանջանեան (ծննդեան անունը` Համազասպ) ծնած է 10 փետրուար 1873-ին, Ջաւախքի Ախալքալաք քաղաքը: Կուսակցական անունը եղած է Մհերեան: Ծնողքը Կարինէն գաղթած են, եղած են մեծահարուստ: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի հայկական ծխական դպրոցին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական գիշերօթիկ դպրոցին մէջ, ուր արժանացած է ոսկեայ մետալի: 1892-1894 բժշկութիւն ուսանած է Մոսկուայի...

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Ա.  «Հայերէնի Ուսուցիչը Ի Սկզբանէ Պէտք Է Վարձատրուի Ըստ Արժանւոյն, Որպէսզի Խայծ Ունենայ Այդ Գործին Մէջ Մնալու, Շարունակելու»  Կը Հաստատէ Յակոբ Չոլաքեան

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Ա. «Հայերէնի Ուսուցիչը Ի Սկզբանէ Պէտք Է Վարձատրուի Ըստ Արժանւոյն, Որպէսզի Խայծ Ունենայ Այդ Գործին Մէջ Մնալու, Շարունակելու» Կը Հաստատէ Յակոբ Չոլաքեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սոյն տարուան մարտի 18-ին տեղի ունեցաւ Յակոբ Չոլաքեանի մեծարման եւ պարգեւատրութեան երեկոն: Նախօրօք ըսի, ներեցէք, նորէն կրկնեմ. պարոն Չոլաքեանին նման անձնաւորութեան մը կարելի չէ մեծարել, այլ մե՛նք կը մեծարուինք անոր գիտութեամբ, եւ կարելի չէ՛ պարգեւատրել, այլ մե՛նք կը պարգեւատրուինք անոր տարած աշխատանքին պտուղներով: Իր նմաններուն (ցաւօք սակաւաթիւ են) շնորհիւ մենք այսօր որբ չենք, դեռ ունինք...

Բազմալեզու Անձեր (Polyglots) Իսկապէս Զարմանալի Են

Բազմալեզու Անձեր (Polyglots) Իսկապէս Զարմանալի Են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մինչ կը հանդիպինք գրչակներու, որոնք նոյնիսկ իրենց մայրենիին պատշաճ չեն տիրապետած, գոյութիւն ունին այնպիսիներ, որոնք բազմալեզու են: Անոնք  պարզապէս հիացումի եւ գնահատանքի արժանի են: «Տէյ Թրանսլէյշընպլոկ»-ը կը նշէ ամէնէն նշանաւորներէն ոմանք:  Ն. Դուք չէք կրնար չտպաւորուիլ, երբ կը հանդիպիք անձի մը, որ կրնայ խօսիլ քանի մը լեզուներ: Արդէն տպաւորիչ է, երբ մարդը կրնայ խօսիլ երկու կամ երեք լեզու,...

Ոտնակոխ Տունը

Կրկնակի Յոբելենական Ծիրանը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Հայֆիլմ»  արուեստանոցը (studio) հիմնադրուած է 16 ապրիլ 1923-ին, Համօ Բեկնազարեանի (1892-1965) ջանքերուն շնորհիւ (1, 2): Այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը (9-16 յուլիս) կը համընկնի անոր հարիւրամեակին: Կը համընկնի նաեւ նոյնինքն «Ոսկէ ծիրան»-ի 20-ամեակին: Համավարակի  եւ պատերազմի ծանր աղէտներուն պատճառով նախորդ երեք փառատօները տեղի ունեցած էին անաղմուկ: Կարելի էր ենթադրել, որ կրկնակի յոբելենական ձեռնարկը այս տարի ունենար արտակարգ...

Գաղափարի Մարտիկ` Նահատակ  Սարգիս Զէյթլեանի  Կիսանդրիի Բացում Այնճարի Մէջ

Այս Կիսանդրին Փոթորիկ Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Հրաւէրն Է Նոր Փոթորիկներու*

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակով գօտեպնդուելու եկած սիրելի՛ մուսալեռցիներ եւ հայրենակիցներ, Առաջին հերթին` շնորհակալութիւն «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ ընկ. Յակոբ Ճամպազեանին` ընկ. Զէյթլեանի կիսանդրիի հաստատման եւ բացման այս հանդիսութեան համար, հանդիսութիւն, որ բազմակողմանի նշանակութիւն ունի: Կը պատկանիմ բախտաւորներու այն սերունդին, որ վայելած է ընկ. Ս. Զէյթլեանի եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը, լսած է զայն, աշխատած է անոր հովանիին տակ ու...

Գաղափարի Մարտիկ` Նահատակ  Սարգիս Զէյթլեանի  Կիսանդրիի Բացում Այնճարի Մէջ

Սարգիս Զէյթլեան Իր Տարած Սուրբ Պայքարին Ընթացքին Իբրեւ Միակ Աւետարան Գործածեց ՀՅԴ-ի Կանոնագիրը Եւ Յաղթանակեց*

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Տեղի կ՛ունենայ Մուսա Լեռէն տարագրուած Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացումը: Կիսանդրին, բեղուն ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած հայորդիի մը յիշատակը յաւերժացնելու նիւթեղէն վկաներէն մէկը ըլլալէ անդին, իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ ունի նաեւ հասնող սերունդներուն ուղղուած դաստիարակչական առաքելութիւն. հարուստ կենսագրութիւններու ներկայացումը խորունկ ազդեցութիւն կը գործէ թարմ ուղեղներու վրայ: Ի՞նչ պատահեցաւ Սարգիս Զէյթլեանին... Այդ օրերուն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կ՛ապրէր իր բազմաթիւ փուլերէն մէկը: Ան...

Գաղափարի Մարտիկ` Նահատակ  Սարգիս Զէյթլեանի  Կիսանդրիի Բացում Այնճարի Մէջ

Սարգիս Զէյթլեան Հայութեան Եւ Հայ Դատին Ծառայեց Նոյնիսկ Իր Կեանքին Գնով*

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Գոյութիւն ունի դաշնակցական աւանդութիւն մը` կուսակցական հասարակական կամ մարտական գործիչներուն վերաբերող: Կենդանութեան, որքան ալ մեծ ըլլայ վաստակը, չենք խօսիր կուսակցական մարդուն արժանիքներուն մասին, մանաւանդ չենք գովաբաներ անոր կատարածը: Բարոյական եւ գործնական մեծ իմաստ կայ պահուած այս վերաբերումին տակ: Դաշնակցականը կամաւոր զինուոր է, որ երդումով յանձն առած է «բոլոր միջոցներով» ծառայելու իր ազգին եւ հայրենիքին: Երբ ան իր հնարաւորութիւններուն...

Երուսաղէմի Հայկական Պարտէզը Կ՛օտարացուի – Բ. –    Յորդոր` Երուսաղէմի Կարգ Մը Մեր Կղերիկոսներուն

Սլաք. «Ճամբէքդ Ինչո՞ւ Են Փակուած, Արցա՜խ»

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի գետնուղիի (Metro) Բարեկամութեան կայարանէն դէպի «Կասեան - Յ. Յակոբեան» դուրս գալու ճամբուս վրայ, գետնանցումին վերջը, անշուք ու փոքրիկ խանութ մը կայ: Այդտեղ (իմ ենթադրութեամբս` արցախցի) կին մը ժինգիալով հաց կը թխէ: - Այս անգամ կեցիր այլեւս, ա՛ռ մէկ հատ (ես ինծի): Թէեւ կապանցի գործընկերուհիս (Կապանի ժինգիալով հացն ալ նշանաւոր է) ըսած էր, թէ այստեղ (Երեւան) բոլոր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Լիզպոնի Հինգ Ողջակէզներու Սխրանքի 40-Ամեակի Ոգեկոչում Սուրիոյ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամները ոգեկոչեցին Լիզպոնի հինգ ողջակէզներուն սխրագործութեան յիշատակին 40-ամեակը: Անոնք այցելեցին Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ զետեղուած Լիզպոնի հինգին յուշակոթողը, ծաղիկներ զետեղեցին այնտեղ եւ լուսարձակի տակ առին հինգ հերոսներուն յանդուգն քայլն ու յանուն Հայ դատի միջազգային ճանաչման եւ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման աշխարհին ուղղած անոնց ուղերձը: Բերիոյ Հայոց Թեմի...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Սեւրի Դաշնագիրը Քաղաքական Կամո՞ւրջ, Թէ՞ Փոշիացած Փաստաթուղթ (10 Օգոստոս 1920)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հարկ է խոստովանիլ, որ մեր սերունդը տարօրինակ հոգեվիճակի մը դէմ յանդիման կը գտնուի վերջին տարիներուն: Փաստօրէն, հրապարակագիրը, որուն յանձնառութիւնն է եղած ամէն առիթի լոյսին բերել պատմաքաղաքական թէ իրաւական արժէք ունեցող ճշմարտութիւններ, ջրդեղել ազգային պարունակը, յոյսով եւ գիտակցութեամբ զինել նորահաս սերունդը, ահա, այս օրերուն, կը դիմագրաւէ հայ կեանքը պատուհասող նորօրեայ մարտահրաւէրներ: Ըսինք` մեր սերունդը, շեշտադրելու համար իրողութիւն մը անսեթեւեթ,...

Սեւրի Դաշնագիրի 103-Ամեակ.  Սեւրը` Հայ Դատի Հիմնաքար

Սեւրի Դաշնագիրի 103-Ամեակ. Սեւրը` Հայ Դատի Հիմնաքար

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը Ա. Համաշխարհային պատերազմէն պարտուած դուրս եկած Օսմանեան կայսրութեան եւ յաղթական Դաշնակից պետութիւններուն` Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Պելճիքայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Փորթուգալի եւ Ռումանիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ 102 տարի առաջ, 10 օգոստոս 1920-ին, Փարիզի մօտակայ Սեւրի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան: Դաշնագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային, քաղաքական եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան...

Ձեռքդ Վա՛ր ՀՄԸՄ-էն

Ձեռքդ Վա՛ր ՀՄԸՄ-էն

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ընկերային ցանցերուն մէջ անունս մի՛ փնտռէք, պարզապէս այդտեղ չկամ: Սկիզբէն մերժած եմ գտնուիլ վայրի մը մէջ, ուր մարդիկ կրնան գործել կեղծ անուններով, իրենց արտայայտութիւնները կրնան շարադրել անստոյգ կամ անստուգելի տեղեկութիւններ տարածելով, ի վիճակի են` առանց պատասխանատուութիւն կրելու, բարձրաձայն խօսիլ ուրիշներու արժանապատուութիւնը վիրաւորելով, երբեմն ճիշդ ու ճշմարիտ տեղեկութիւններու, բայց նաեւ հասարակ բամբասանքներու, մինչեւ իսկ միտումնաւոր կէս...

Page 245 of 1111 1 … 244 245 246 … 1,111

Արխիւներ