Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրական Տեղաշարժի Յոյսի Նշոյլներ

Օգոստոս 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայկական կողմին համար արտաքին քաղաքականութեան մէջ գլխաւոր ժխտական ազդակներն են ռուս-թրքական մերձեցումն ու Ուքրանիոյ պատերազմը. երկուքն ալ առնչուած են մեր ռազմավարական դաշնակիցին:

Պատմութեան ընթացքին ռուս-թրքական մերձեցումը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է մեր վրայ: Այդպէս եղաւ Լենին-Աթաթուրք մերձեցման ժամանակ, որուն իբրեւ հետեւանք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կորսնցուց իր անկախութիւնը: Այժմ եւս նոյնպիսի ժխտական կացութեան մէջ կը գտնուինք Փութին-Էրտողան մերձեցման եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան պատճառով:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կիրարկած Արեւմուտքէն անկախ քաղաքականութիւնը Քրեմլինի մէջ ՕԹԱՆ-ն պառակտելու ախորժակ ստեղծեց: Այդ երազը չքացաւ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ 12-13 յուլիսին գումարուած խորհրդաժողովի լոյսին տակ:

Էրտողան յայտարարեց, որ Ուքրանիան արժանի է ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, 8 յուլիսին ստորագրուած յուշագիրին հիմամբ սկսաւ Ուքրանիոյ մէջ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու սարքերու արտադրութեան, եւ ուքրանացի ծայրայեղ ազգայնականներու «Ազով» գումարտակի հրամանատարները ուքրանական հակայարձակումի կացութեան մէջ ու մեծ շուքով Թուրքիա այցելող Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի օդանաւով վերադարձուց Ուքրանիա` Վիլնիուսի վեհաժողովի նախօրեակին ցուցադրաբար խախտելով այդ հարցին առնչուած Մոսկուայի հետ իր համաձայնութիւնը:

Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմաց Թուրքիոյ նախագահը առաջադրեց Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գաղափարը, որ շանթաժի տեսք ունենալուն համար շուտով մերժուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ: Փոխարէնը` համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Շուէտը աջակցի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու ջանքերուն, ներառեալ` Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ մաքսային միութեան արդիականացման եւ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ջնջման:

Աւելի՛ն. ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ Էրտողան Շուէտի վարչապետին եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ հանդիպումի ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան արձանագրութիւնը վաւերացման համար ներկայացնելու թրքական խորհրդարանին, իսկ 13 յուլիսին` հիւսիսատլանտեան դաշինքի վեհաժողովի աւարտէն ետք ալ յայտարարեց, որ ռուս խաղաղապահ ուժերը 2025 թուականին Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան հիմամբ պէտք է հեռանան «Ազրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանէն», տողատակի յուշելով, որ այդ ժամկէտի աւարտէն ետք ռուսական ուժերը պիտի նկատուին բռնագրաւող ուժեր:

Թուրքիոյ նախագահը իր վերոնշեալ համաձայնութեամբ ու յայտարարութեամբ աջակցեցաւ Մոսկուայի համար այդքան մերժելի ու սպառնալիք եղող ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ` Հարաւային Կովկասէն դուրս մղման Արեւմուտքի նպատակին:

Բնականաբար այդ բոլորը հիասթափեցուցին Քրեմլինը, որ վստահաբար սկսաւ առաւել լաւ գիտակցիլ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ անփութութիւնը թոյլատրելի չէ: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով անուղղակի կերպով հերքելով Էրտողանի` Փութինի հետ օգոստոսին հանդիպումի մասին յայտարարութիւնը` նշեց, որ այդ հանդիպումին որոշակի թուականներ գոյութիւն չունին, եւ հաւանական է, որ հաղորդակցութիւններ տեղի ունենան, իմա` հեռաձայնային զրոյց, եւ ոչ թէ աւելի արդիւնաւէտ ու գործնական եղող ու լուսանկարուելու առիթ ստեղծող դէմ առ դէմ հանդիպում: Քրեմլինը այդպիսով իր դժգոհութիւնը յայտնեց թրքական կողմին:

Վերոնշեալ զարգացումները պէտք չէր Մոսկուայի համար անակնկալ մը ըլլային: Հակառակ ռուսական կողմին զիջումներուն ու խայծերուն` Թուրքիան ի վերջոյ կը շարունակէ մնալ ՕԹԱՆ-ի անդամ ու հաւատարիմ` անոր նպատակներուն: Աւելի՛ն. անոնց կողքին ունի նաեւ իր սեփական` փանթուրանական նպատակները, որոնք եւս ռուսական կողմին նկատմամբ թշնամական են: Էրտողանի շրջդարձը, սակայն, կրնայ նաեւ առնչուած ըլլալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան:

Մայիս 28-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը այն յոյս ստեղծած էր, որ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները վերաջերմացնելու եւ դարձեալ ամրապնդելու օրակարգի տէր Քեմալ Քըլըչտարօղլուի յաղթանակին պարագային, ռուս-թրքական սիրավէպը պիտի խանգարուի, սակայն ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց Փութինի բարեկամ Էրտողանը: Այժմ, սակայն, կը թուի, թէ Էրտողան կը կատարէ այն, ինչ որ Քըլըչտարօղլուն խոստացած էր:

Էրտողանի շրջդարձի պատճառներէն մէկը կրնայ, նախագահական ընտրութեան իբրեւ հետեւանք, թրքական հասարակութեան պառակտումը ըլլալ, եւ Քըլըչտարօղլուի արեւմտամէտ օրակարգին զօրակցած քուէարկողներու նկատառելի համեմատութիւնը: Թուրքիոյ նախագահը այսպիսով կը փորձէ սիրաշահիլ այդ նկատառելի զանգուածը, ամրապնդել իր դիրքը եւ թրքական հասարակութեան մէջ բարձր համեմատութեամբ միասնականութիւն յառաջացնել:

Մէկ այլ պատճառ մըն ալ, թերեւս, Արեւմուտքին հետ հակադրուածութեան ու ինքնագլուխ արտաքին քաղաքականութեան կիրարկման թրքական տնտեսութեան վրայ ունեցած ժխտական ազդեցութիւնն է, հաւանաբար` ամերիկեան ոչ պաշտօնական ու լռելեայն պատժական տնօրինումներու պատճառով:

Հայկական կողմին համար ժխտական ազդեցութիւն ունեցող երկրորդ ազդակը Ուքրանիոյ հակամարտութիւնն է: Արեւմուտքը Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութեան մատնելու համար աշխատանք կը տանի Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալու` այդպիսով ռուսական բանակին երկու ճակատներու վրայ պատերազմիլ ստիպելով եւ Ուքրանիոյ մէջ անոր մարտական կարողութիւնը տկարացնելու համար: Ռուսական կողմն ալ, բնականաբար, կը զգուշանայ այդ թակարդէն: Ահա թէ ինչո՛ւ կը խուսափի Արցախի մէջ Բերձորի միջանցքի վերաբացման կամ որեւէ այլ պարագայի ուժ կիրարկելէ: Իրողութիւն մը, որ թուրք-ազրպէյճանական կողմը կը շահագործէ: Ռուսական արջին ձեռնակապ ըլլալը թուրք-ազրպէյճանական առանցքը յանդուգն ու ամբարտաւան դարձուցած է:

Ուքրանիոյ մէջ, սակայն, կացութիւնը սկսած է փոխուիլ: Ուքրանական այդքան ջատագովուած ու սպասուած հակայարձակումը, արեւմտեան ճամբարի վկայութեամբ, ակնկալուած արդիւնքը չէ տուած, իմա` ձախողած է, եւ անոր կապուած յոյսերը ի չիք դարձած են: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վկայութեամբ, ուքրանական կողմին մօտ ռումբերու պահեստները սկսած են սպառիլ, եւ Արեւմուտքին մօտ ալ մատակարարելի ռումբերու պահեստները սպառած են, ուստի Սպիտակ տան ղեկավարը ստիպուեցաւ Քիեւին վիճայարոյց տարանջատուող ռումբեր մատակարարելու «դժուար որոշումը» տալու: Այդ ռումբերը գետնի վրայ կացութենէն ոչինչ պիտի փոխեն: Զանոնք մատակարարելու որոշումը պարզապէս այլընտրանքի չգոյութենէ ծնած քայլ մըն է, եւ` ռուսական կողմին իր զինանոցին մէջ գտնուող ու մինչ այդ արգիլուած եղած նոյնպիսի զէնքերը օգտագործելու «արտօնագիր» մը:

Արդէն արեւմտեան ճամբարը կը խօսի օգոստոսին ռուսական հակայարձակումի մը հաւանականութեան մասին: Յառաջիկայ ձմրան երկու կողմերն ալ հաւանաբար սպառած պիտի ըլլան, եւ ընթացք պիտի առնեն առնուազն զինադադարի հաստատման բանակցութիւններ: Զինադադարի հաստատումէն ետք թրքական կողմին հետ գժտուած ռուսական արջը պիտի դադրի կաշկանդուած ըլլալէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի ազատ ու ինքնավստահ պիտի գործէ: Ահա թէ ինչո՛ւ Պաքու կը շտապէ Երեւանի հետ «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը շուտով կնքելու:

Ազրպէյճանի աճապարանքին դիմաց մեզի կը մնայ ականջ տալ օրին Արեւմտեան Գերմանիոյ վարչապետ Քոնրատ Ատենաուէրի հետեւեալ խրատին. «Իսկոյնի դարաշրջանի մը մէջ թերեւս պէտք է սորվինք հնադարեան ճշմարտութիւնը, թէ համբերութիւնը եւս ունի իր յաղթանակները»:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Բանակցութիւններ. Որո՞նք Են Նպատակն Ու Տեսլականը

Յաջորդը

«Այս Վարուելակերպը Հայրենի Իշխանութիւններուն Կողմէ Ձախող Քայլ Մըն Է, Իսկ Հայրենիքս Սուրբ Է» Կը Յայտնէ Արենի Մարկոսեան

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?