«Ազդակ» օրաթերթը վերի խորագրով խմբագրական մը հրատարակած էր վերջերս եւ նշելէ ետք, թէ քանի որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան կողմէ անվերապահ կը դատապարտուի Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան կեանքին սպառնացող շրջափակումը, եւ շեշտակի կը պահանջուի Լաչինի միջանցքին մէջ ազատ շրջագայութիւնը, ապա ուրեմն տրամաբանական եւ հաւանական լուծումի մը համար կ՛առաջարկէ դիւանագիտական արշաւի մը սկսիլ` միջազգային սեղանին դնելով «ճանաչում` յանուն փրկութեան» օրակարգ մը…
Սակայն խմբագրականը չի յստակացներ` ո՞ր տարբերակին ճանաչում: Անկախութեա՞ն, Հայաստանի միացումի՞ն, թէ՞ Ազրպէյճանի կազմին մէջ բացարձակ ինքնավարութեան: Այս վերջին տարբերակը, եթէ ոչ` նոյն բառերով, բայց գէթ թիրախային ձգտումով մօտաւոր պատկերացումն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որուն հետապնդածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` Ազրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ներքին ազատութեան ու կեանքի անվտանգութեան ապահովումը միջազգային երաշխիքով…
Այս կամ այն տարբերակի առաջարկէն անկախ` ցաւալին այն է, որ ազգովին մատնուած ենք այնպիսի կացութեան, երբ գրեթէ անկարելի դարձած է թերթով, համացանցով թէ հեռարձակուող տեղեկատուութեան միջոցներով ներազգային ճակատի վրայ հանրային կարծիք ձեւաւորելը կամ մշակելը: Վերջին տարիներուն կը դիտուի արդէն, որ յառաջագունէ մերժուած է հայ կեանքի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ` անոր ուղեգիծը կամ ընտրանքը հարցականի տակ դնելու եւ նոր ուղի առաջարկելու որեւէ փորձ… Ա՛լ ուր կը մնայ յուսալ, որ հանրային կարծիքը պարտաւորեցնող է, որ` այդ կարծիքի ճնշումին տակ ղեկավարութիւնը կը ստիպուի… պլա, պլա, պլա եւ այլն, եւ այլն: Խմբագրականները եւ յօդուածները կարդացողներ կը գտնուին անշուշտ, մտովի կողմնակից կամ ընդդէմ կ՛ըլլան գրուածին եւ` այսքան, եթէ անշուշտ կարդացողը գրողին հակակրողը չէ եւ յօդուածը չի կարդար սխալներ գտնելու եւ զայն պախարակելու միտումով:
Այնպէս որ, մամուլի հրատարակութիւնները կամ վերլուծումներու համացանցային համազարկը մտամարզանքի սեռին կը պատկանին եւ դժբախտաբար ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին ղեկավար տարրին վրայ: Այդպէս եղած է անցնող քսանհինգ տարիներուն: Անկէ առաջ ալ Խորհրդային Հայաստանի մէջ այդպէս էր արդէն, որուն վարակը փոխանցուած է նաեւ սփիւռքին:
Վերադառնալով խմբագրականին եւ ենթադրելով, որ առաջարկուածը Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու մասին է, անոր (առաջարկին) դիմաց անմիջական հարցադրումը հետեւեալն է. խոհեմութի՞ւն է երեսուն տարի փորձուածն ու ձախողածը կրկին փորձել: Դիւանագիտական մեր հմտութի՞ւնը աւելի խորացած է արդեօք, մեր կարողականութի՞ւնը բազմապատկուած է արդեօք, թէ՞ ձեռք ձգած ենք զինական ու տնտեսական այնպիսի հզօրութիւն, որուն հետ հաշուի պիտի նստին մեր դաշնակիցներն ու թշնամիները: Այս տողերը ստորագրողը առաջին օրէն իր տարակարծութիւնը բարձրաձայնած է Արցախի անկախութեան գաղափարին, որ ժխտումն իսկ է Լեռնային Ղարաբաղի հայաստանապատկանութեան պատմական, իրողական ու իրաւական փաստերուն: Նոյնիսկ Ստալինի կողմէ Արցախը երբ կը կցուէր Ազրպէյճանին, այդ վճիռը կ՛արդարացուէր անով, որ տնտեսապէս տկար Հայաստանէն բեռ մը պակսեցնելու համար է… Երեսուն տարի «անկախութեան» համար սպառելու փոխարէն` միջազգային ատեաններուն եւ բանակցողներուն հետեւողական ու անզիջող եթէ ներկայացուէին Արցախի հայապատկանութեան փաստերը, թերեւս քանի մը քայլ աւելի առաջ գացած կ՛ըլլայինք, քան ուր որ ենք հիմա: Նկատի ունեցա՞ծ ենք նաեւ այն, թէ տարածաշրջանի երկիրներուն համար որքա՛ն ընդունելի պիտի ըլլար միջազգային իրաւունքի տէր հայկական երկու պետութեանց գոյացումը: Առաջին նախագահը` ԼՏՊ եւ անոր համախոհները փոխանակ յոխորտանքով ափսոսալու, որ միջազգային հանրութենէն ատենին ձեռք ձգուածը մերժելնուս պատճառով այսօրուան աղէտին մէջ գտնուեցանք, նախ պատասխան թող տան, որ երբ պարտուած պապա Ալիեւը զինադադար կ՛աղերսէր, ինչո՞ւ ինք` ԼՏՊ, յաղթական դիրքէ ոչինչ ստանալով, ընդունեց բանակցութիւններու սկսիլը, եւ երկրորդ, աւելի վերջ, բանակցութեանց մէջ իր գովերգած համաձայնութիւնը եթէ ստորագրուէր, ո՞վ կ՛ապահովցնէ, որ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի նեցուկով հզօրացած Ազրպէյճանն ու անոր զինակից Թուրքիան պատերազմ պիտի չշղթայազերծէին Հայաստանի դէմ: Ո՞վ պիտի արգիլէր, ո՞վ պիտի պաշտպանէր Հայաստանը: Հարցումներ, որոնք պատասխան չունին…
Վերադառնանք այսօրուան պայմաններուն: Ո՞րն է առաջնայինը: Մարտահրաւէրները այնքան շատ են ու անյետաձգելի, եւ նորանոր զարգացումները` այնքան հրամայական, որ մարդ կը շուարի, թէ ո՞ր մէկը պէտք է դասուի իբրեւ առաջնային խնդիր:
Ահա՛ այսօրուան մեր պատկերը.
Յաղթականի ու Արցախի անկախութիւնը պահանջողի դիրքէն ինկանք անփառունակ պարտեալի եւ յանուն մարդասիրութեան ճամբու մը բացումը աղերսողի վիճակին: Եւ գիտենք, որ աղերսողը պարտաւոր է գոհանալ անով, որ կը տրուի իրեն: Ներկայ պայմանները ոչ մէկ հիմք կ՛ընձեռեն, որ կարելի դարձնէ անկախութեան պահանջը:
Ներկայ կացութեան մէջ եւ ամէն բանէ առաջ հրամայական է ազգովին յստակացնել ու որոշել, թէ իբրեւ ազգ ու պետութիւն` ի՛նչ կ՛ուզենք, ինչի՛ կը ձգտինք: Ըստ գրողիս դատումին, հիմա յստակ չէ, թէ ինչի՞ կը ձգտի իշխանութիւնը: Յստակ չէ նաեւ ընդդիմութեան պատկերացումը ապագայի ընելիքի մասին` բացի առաջին օրերէն բարձրաձայնած իշխանափոխութեան պահանջէն: Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն կը շարունակեն զիրար ամբաստանել, աղէտին յանցաւորութիւնը մէկը միւսին վրայ բեռցնել, մինչ մարտահրաւէրները օրըստօրէ կը բարդանան: Վարչապետը հրշէջ սպասարկութեան պէս հոս-հոն կը վազվզէ, բայց ծայր առած կրակը ոչ միայն չի մարիր, այլ անզսպելի հրդեհի վերածուած` կը տարածուի…
Ներկայի ամէնէն հիմնականն ու առաջնայինը ներքին, ներազգային ամրութիւնն է, Հայաստանէն սփիւռք պարտութեան պատճառած ընկճուածութեան թօթափումը եւ ոչ թէ` պարտութեան շարունակութիւնը: Պարտութենէն ետք վերականգնումի ճիգը եւ ոչ թէ` պարտութեան պայմաններուն յարմարիլը: Այս ըսուածները բաղձանքի տեսակէն կը կարծուին, բայց այդպէս չէ:
Կը թուի, թէ ներքին ամրութեան համար ներշնչող ու ներշնչուող ղեկավար մը չունինք, որ ձեռնամուխ ըլլար ներազգային համերաշխութեան գետինը պատրաստելու այնքան անյետաձգելի գործին:



