ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Շաբաթավերջին` 11 օգոստոսի ուշ երեկոյեան, լիբանանահայ սրտակից անձ մը տեսանիւթ մը ղրկեց իմ հայրենի Քեսապէն:
«Օ,՜ Աստուածամօր Վերափոխման տօնն է արդէ՜ն» (ես ինծի): Յիշեցի, որ նոյն օրը առաւօտուն ուրիշ սիրելի անձ մը ինծի ըսած էր «Շնֆուր Զէտէյիդ» (Շնորհաւոր Զատիկդ) եւ ուշադրութիւնս հրաւիրած` մեր տնեցիներուն կողմէ կրկնուող մաղթանքին, բայց սովորաբար անիկա կ՛արտայայտուէր ոչ թէ Տիրամօր Վերափոխման, այլ Ս. Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով: «Այսօր Ս. Զատիկի (Պասեքի) եւ Ս. Յարութեան տօնը չէ, այնուհանդերձ, Քեսապի մեր բարբառով զիրար այսպէս կը շնորհաւորենք ժողովրդականութիւն ունեցող տաղաւար տօներուն», նշեց զրուցակիցս:
Լուսահոգի պատուելի Սեւակն ալ (Թրաշեան) պատմած էր, որ իրենք Մարաշի բարբառով ալ այդպէս կ՛ըսէին, կամ առնուազն հայրենակցական միութեան օրացոյցերուն վրան այս բառերը կը գրէին (Ս. Ծննդեան առիթով) արդէն իրենց բարբառը կորսնցուցած ու մեծ մասամբ թրքախօս, ապա արեւմտահայախօս դարձած մարաշահայերը:

Տեսագրութիւնը զիս տարաւ իմ ծննդավայրս, եւ կրկին անգամ միացայ այդտեղ մնացած հոգւոյս հետ: Հոգիս այդտեղ ձգած էի, մեր տան բակը, այդտեղ արդէն մօտ տասը տարի է կը զբօսնէր, Քեսապի հին թաղերուն մէջ կը շրջագայէր զմրուխտն զգենած մեր լեռներու լանջերուն, անոնց գագաթներէն վար կը խոյանար դէպի շափիւղայով անվերջ մկրտուող մեր ծովը, թեւերը կը դիպչէին ջուրին մակերեսին եւ կը հանգչէր գերի դարձած եւ սահմանին թրքական կողմը մնացած աւազին վրայ: Ազա՜տ էր հոգիս, սահման ու պատուար չէր ճանչնար, այդտեղ` մե՛ր ծովափին պիտի վայելէր արդար արեգակին շողը ու ջերմանար իմ հոգիս, պիտի իջնէր ջուրը եւ աղի խանձարուրը պիտի քակէր ու ջուրի եզրին` լեռներէն հոսող ու ջուրի յատակէն բխած քաղցր աղբիւրի ջուրէն պիտի խմէր ու արբենար: «Այս աղբիւրը ժամանակին այնքա՜ն ուժեղ կը ժայթքէր,- կը պատմէր մեծ հայրիկս-, որ կը շրջէր հօրս ձկնորսութեան վանդակը»:

Սաւառնող հոգիս որքան ալ մեծազօր ըլլայ, ի վերջոյ կը համեստանայ, Քեսապի անծայրածիր մեր երկինքէն կ՛իջնէ ու կը միանայ պաստառիս վրայ տեսագրութեան մէջ աւանի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցիէն ընթացք առնող ուխտերթին: Այդտեղ կ՛երեւին ծանօթ դէմքեր, նեղ, բայց լայնածիր շաւիղներ, հնամաշ, բայց միշտ հիւրընկալ տուներ:

Նախքան երթին մեկնարկը, լայն ոստումներ առի հակառակ ուղղութեամբ` դէպի եկեղեցւոյ խորանը, եւ արագընթաց քայլափոխիս հետ միասին ժամացոյցիս սլաքներն ալ շրջեցան հակառակ ուղղութեամբ ու վերադարձան մանկութեանս օրերը:
Պատանի Վահանը Խորանին Վրայ

Յուշերս զիս տարին եկեղեցւոյ շապիկ հագուելու առաջին օրս, մեր եկեղեցական ծէսերն ու իմ կապս անոնց հետ:
Այդ օրերուն ամէն կիրակի եկեղեցի կ՛երթայի «շապիկ հագուելու». ատիկա նորութիւն մը չէր ընտանիքիս համար, մեծ հայրս իմ այդ արարքս բնորոշելով` այսպէս կը պատմէր արտերկրէն եկած ազգականի մը. «Եկեղեցւոյ դուռը ինքը կը բանայ, ինքը կը փակէ»: Առիթ ալ չտուին մեծերը, որպէսզի սրբագրեմ իրենց սխալը. «Սերոբ պապուկը` ժամկոչը, առտու շատ կանուխ բացած կ՛ըլլար դուռը, ոչ թէ ե՜ս»: Բայց կարծիքս հարցնող ալ չեղաւ այս յոյժ կարեւոր տեղեկութեան մասին:

Է՜հ, Սերոբ պապուկ, եթէ կիրակի օր մը եկած չըլլայիր «Սահակեան» սրահ` կիրակնօրեայ դպրոցէն երկու «մոմ բռնող» ուզելու, ես ալ ջուր խմելէն վերադարձած ատենս կողքէդ չանցնէի, այս յօդուածը բոլորովին ուրիշ տեսք պիտի ստանար: Այդ օրը քու կողմէդ ինծի տրուած շապիկը տասնեակ տարիներ ետք միայն պիտի հանէի` պատերազմի ու գաղթականութեան պատճառով:
Տիրամօր Վերափոխման տօնի Ս. պատարագները տարբեր էին Քեսապի մէջ, նոյնիսկ Ծաղկազարդի պատարագներէն ալ աւելի ճոխ կ՛ըլլային: Առաջնորդ սրբազան հայրը կու գար Հալէպէն (իմ ատենօք Շահան սրբազանն էր), եկեղեցին կը լեցուէր Սուրիոյ տարբեր կողմերէն, մանաւանդ Հալէպէն եկած հաւատացեալներով: Այս մէկը կը նեղացնէր զիս, եկուր ալ եկեղեցւոյ մէջ ծանօթ դէմք մը գտիր, ինչպէս սովորութիւն էր այլապէս: Եկեղեցին այնքան խուռներամ կ՛ըլլար, որ «Հաւատամք»-ին ատեն հազիւ թէ կրնայինք խնկարկել` առանց մէկու մը հագուստը այրելու, ծուռ-ծուռ նայուածքներուն հանդիպելու, այդ օրերուն ունէի այն զգացումը` կարծես Ս. պատարագը կը կատարուէր միայն որպէսզի ես բուրվառ ընէի (երբ արդէն քիչ մը մեծցած էի եւ մոմ բռներէն պաշտօնի «բարձրացում» ստացած):
Այս տօնական օրուան Ս. պատարագին երկրորդ անպատեհութիւնը նորէն կապուած էր բուրվառին հետ: Հոն զետեղուող խունկին քանակը անհսկելի չէր այդ օր, մեր ուզածին չափ եւ ուզած ատեն չէինք կրնար աւելցնել, այլապէս պատարագիչ սրբազան հայրը կը բարկանար, որովհետեւ խունկին անվերջանալի քուլաները իսկապէս նեղացուցիչ կը դառնային, թէեւ ատիկա մեզի համար տարբեր «ծիսակատարութիւն» էր: Մեր այդ ընթացքին կառչած էինք, թէեւ ամէն կիրակի ալ նոյնանման բողոքներ եւ նկատողութիւններ կը լսէինք հաւատացեալներէն ու երգեցողութիւն կատարող դպրաց դասէն ալ. «Կը խեղդուինք, անհնար է երգել»: Բայց իրենք ի՜նչ գիտէին, մենք եթէ խունկը մեր ուզած չափով չլեցնէինք բուրվառին մէջ, իրենց ամբողջ երգեցողութիւնը յօդս կը ցնդէր (ըստ իս եւ խորանին ծառայող մնացած ընկերներուս), մեր խունկի դգալիկներով մենք թափ կու տայինք երգեցողութեան: Սակայն բարձրաշնորհ Շահան սրբազանին ներկայութեան ո՞վ կը համարձակէր այդպիսի բան թոյլ տար ինքն իրեն, անոր մէկ նայուածքէն գետնին կը գամուէինք արդէն: Մէկ անգամ միայն ես ու ինծի հետ խնկարկող (զոյգ բուրվառ) ընկերս փորձեցինք գաղտագողի խունկ աւելցնել արծարծուող կրակին վրան, չմանրամասնեմ, բայց լաւ կը յիշեմ, որ ատիկա շատ ուսանելի դաս մը եղաւ մեզի համար, որ այնուհետեւ խորանին վրան երբեք ինքնագլուխ որոշումներ չտայինք, մնացածը` ընթերցողին երեւակայութեան:
Ինծի համար Վերափոխման Աստուածածնայ տօնին առիթով օրհնուած խաղողը տուն տանելու չափ կարեւոր եւ յատկանշական էր նշխար մը տանիլն ու զայն սէգ ճակատով մեծ հօրս յանձնելը: Այդ օրերուն հաւատացեալները շատ մեծաթիւ կ՛ըլլային, եւ նշխարը, ի տարբերութիւն սովորական կիրակիներուն, միայն մէկ հատ չէր ըլլար, ժամկոչը քանի մը հատ կը պատրաստէր, իսկ սկիհին մէջ հազիւ թէ կը տեղաւորուէին բոլորը, ուստի, ի մեծ ուրախութիւն ինծի, քանի մը հատ ալ դուրս կը մնար ու Ս. հաղորդութեան փոխարէն` մասին հետ սկուտեղին մէջ կը մնային: Ատիկա աներկբայ մեր` դպիրներուս բաժինն էր, ես ալ անշուշտ կարծես շքանշան մը ստացած ըլլայի, երբ առնէի նշխարը ու մեծ հպարտութեամբ երկարէի մեծ հօրս, որ միշտ մաս կը բերէր տուն կամ խանութ ու բոլորին կը բաժնէր:
Այդ օր խաղողին ճիռն ու ողկոյզը կ՛օրհնուէին, եւ արդէն հալալ է ուտելը: Յատուկ շուքով օրհնուած խաղողը կը բաժնուէր ժողովուրդին, որ իր առաջին խաղողի հատիկը իսկոյն կը տանէր բերանը արդէն եկեղեցւոյ բակին մէջ: Բայց եւ այնպէս, մինչ այդ ես շատ աւելի կանուխ կերած կ՛ըլլայի, դեռ երբ ազոխ էր, մեծ հայրիկս` պապուկս, չէր կրնար ամբողջ օրը եւ ամէն տեղ հետեւիլ ու հսկել զիս, ոչ ալ` այդ պարտականութիւնը ստանձնած մայրս եւ հօրաքոյրներս: Քեսապ ամէն տեղ որթատունկ կար, ամէն տեղ` փորձութիւն, խանութն ալ կը ծախէինք խաղող, ուստի «սխալմամբ» քանի մը հատիկ կը գլորէի բերանս, կամ ամէնէն մեծ ու հիւթեղ հատիկներով ողկոյզ մը «սխալմամբ» կը լուացուէր ու հատիկ առ հատիկ, իբր թէ առանց անդրադառնալու, կը ճաշակուէր:
Քեսապի Հանգստապատառը

Աստուածածինի օրերուն (Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին ժողովրդային անունը) ինձմէ մեծ ակնկալիքներ ունէր մեծ հայրիկս, մանաւանդ` քիչ մը հասակ նետելէս ետք, պէտք էր երթայի խանութ ու օգնէի անոր, որովհետեւ, չես գիտեր` ինչո՛ւ, ամբողջ ամառ Քեսապի մէջ անցուցած կամ առնուազն այդ քանի մը օրը Քեսապ այցելած հալէպահայերը պէտք էր Աստուածածնայ կիրակին գնէին եգիպտացորենի ոսլան, աւելի լայն տարածութիւն ունեցող անունով` Քեսապի նիշան եւ հանգստապատառը: Իսկ վերջինս, եթէ մեր` հայերուս է, հապա ինչո՞ւ անունը թրքական է` լոխում: Հայերէն անուանումը շա՜տ երկար է, այնքան երկար, որ մինչեւ մարդը արտաբերէ զայն, հանգիստի ժամանակը կ՛աւարտի, այդուհանդերձ, անուշ կը հնչէ` Քեսապի հանգստապատառ: Երկուքի պարագային, միայն եթէ իմանային…
Մենք Շատցանք
Ս. Կոյսին երկինք փոխադրուելուն տօնին նախորդող եւ յաջորդող օրերուն որքա՛ն զօրաւոր ու հզօր կը զգայինք հայերս մենք զմեզ, աչքերդ ո՜ւր սեւեռէիր` հայեր էին, անծայրածիր հայութիւն: Ասիկա կը յիշեցնէր տարիներ առաջ, երբ ուխտագնացութեամբ Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղը կ՛այցելէինք, այդտեղ մնացած քանի մը տասնեակ հայերէն տարեց մը` Փանոս անունով (ափսո՜ս, մականունը չեմ յիշեր), թաց աչքերով ըսաւ. «Ի՜նչ լաւ ըրիք եկաք, այսօր շատցանք մենք այստեղ»: Այս խօսքերը ըսելէն քանի մը վայրկեան առաջ եկեղեցւոյ մէջ ընդհատեց մեր երգեցողութիւնը եւ` «Ամէ՜ն, հայր սուրբ», «Որդիդ սուրբ»-էն ոգեւորուած, «Հոգիդ սուրբ»-ը ինքը երգեց, այս անգամ` արցունքով ողողուած աչքերով. «Երկա՜ր տարիներէ ի վեր շարական երգելու հնարաւորութիւնը չէի ունեցած», ըսաւ, հոգեւոր հովիւ չունէին այդ ժամանակ: Տարիներ ետք, 2014-ի դէպքերուն, երբ իմ համագիւղացիներէս ոմանք (վերոյիշեալ Սերոբ պապուկը ներառեալ), Մուսա Լերան նոյն գիւղին մէջ ապաստանեցան, մէկ ուրիշ մուսալեռցի տարեց մը` նորէն Փանոս անունով (Չափարեան), ինչպէս դիտեցի տեսանիւթի մը մէջ, համանման խօսքեր արտասանեց:
Անընկճելի Ամրոցը
Կիրակի երեկոյեան Քեսապի Ներքի գիւղին մէջ` Նըրգը գիէղը, մատաղը կը զենուէր, որպէսզի յաջորդ օրը Ս. պատարագէն ետք օրհնուի եւ բաշխուի ուխտաւոր հաւատացեալներուն: Իսկ ուշ երեկոյեան խնճոյքի պահուն նախորդ տարիներու խաղողին պարգեւած գինիով հարբելու ժամանակն էր` փոխաբերական իմաստով:

Քեսապի ծաղիկ` սօսի ծառին տակ, կը հնչէր զուռնան, կ՛որոտար թմբուկը, ու կը ֆռռար շուրջպարը: Մեր ոտքերը գետնին ամէն անգամ զարնելով, կարծես մեր մայր հողը կը հրաւիրէինք զարթնելու, մեր հայրենիքի հոգին` բոլորիս մէջ կեանք առնելու: Ձեռք-ձեռքի եւ ձեռք-սրտի (1) տուած, ամրոցի մը կը վերածուէինք: Այս բերդը կարելի չէ նուաճել ու գրաւել, այնքան ատեն որ հայուն ձեռքը եղբօր սրտին է:
Ես Դուն Եմ, Իսկ Դուն` Ե՜ս
Այսօր հեռու եմ քեզմէ,
Ու կը մտածեմ կսկիծով,
Արդեօ՞ք պիտի գայ այն օրը,
Երբ պիտի տեսնեմ ես նորէն,
Ասմազունը երկինքիդ,
Քաղցր ծաւին քու ծովիդ,
Շէկ շողերը արեւիդ,
Կաթնաթոյրը քու լուսնիդ,
Երբ պիտ խմեմ սկիհով,
Գինին մեղեսիկ խաղողիդ:
Եւ յագեցած գինիէն,
Արդէն յոգնած պարելէն,
Նորէն փռուիմ քու հողիդ:
1.- Քեսապցին շուրջպար պարած ժամանակ, ձախ ձեռքով կը բռնէ իր ձախ կողմը պարողին աջ ձեռքը ու կը դնէ սրտին, մինչ իր ձեռքը աջ կողմը պարողին սրտին կ՛ըլլայ` ձեռք-սրտի