Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռքդ Վա՛ր ՀՄԸՄ-էն

Օգոստոս 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Ընկերային ցանցերուն մէջ անունս մի՛ փնտռէք, պարզապէս այդտեղ չկամ: Սկիզբէն մերժած եմ գտնուիլ վայրի մը մէջ, ուր մարդիկ կրնան գործել կեղծ անուններով, իրենց արտայայտութիւնները կրնան շարադրել անստոյգ կամ անստուգելի տեղեկութիւններ տարածելով, ի վիճակի են` առանց պատասխանատուութիւն կրելու, բարձրաձայն խօսիլ ուրիշներու արժանապատուութիւնը վիրաւորելով, երբեմն ճիշդ ու ճշմարիտ տեղեկութիւններու, բայց նաեւ հասարակ բամբասանքներու, մինչեւ իսկ միտումնաւոր կէս իրականութիւններու կամ բացարձակ սուտերու վրայ հիմնուելով. մարդ ի վիճակի չէ հակակշռելու. մինչեւ որ նետուած սուտին հակազդեցութիւնը իրականանայ, ճշմարտութիւնը ներկայացուի, սուտը արդէն իր անվերադարձ աւերը գործած է: Այսօր մեր հայրենիքի տխուր վիճակը հետեւանքն է այս նորարար միջոցներու տարիներու ընթացքին անհակակշռելի ու անթափանց, կրկնեմ, անպատասխանատու չափազանցեալ գործածութեան:

Վերջին օրերուն բարեմիտ ընկերներ զիս տեղեակ պահեցին այս ձեւի երեւոյթի մը, որուն քննադատութեան առարկան ՀՄԸՄ-ն է` ակնարկելով այս բացառիկ պատանեկան ու երիտասարդական միութեան ներկայիս ընթացքի մէջ եղող Համահայկական 8-րդ խաղերուն անոր մասնակցութեան, քանի անոնք կազմակերպուած են Հայաստանի ներկայ անմխիթար կացութեան պատասխանատու ՀՀ անարժան իշխանութիւններուն կողմէ: Արդարեւ, մարդ չի կրնար պնդել, որ ներկայ իշխանութիւնները ազգային շահերը պաշտպանողի դեր խաղացած ըլլան իրենց աւելի քան հնգամեայ գործունէութեան ընթացքին. հակառակին փաստերը կը վխտան եւ օրէ օր կ՛աւելնան. ազգային ուղղութիւն որդեգրած մարդն այլեւս չի կրնար չընդունիլ այս դժբախտ իրականութիւնը: Բայց ի՞նչ կապ ունին այդ իշխանութիւնները համահայկական խաղերուն հետ: Անոնք կը մերժե՛ն համահայկականութիւնը: Անոնք կը միտին հայութիւնը հաւաքականութենէ վերածել մասնիկներու` անհատներո՛ւ:

Այս խաղերուն ՀՄԸՄ-ի ներկայութիւնը քննադատողները անխուսափելիօրէն կը բաժնուին երկու խումբի: Առաջինը` զիս հետաքրքրող խումբը, սրտցաւ ՀՄԸՄ-ականներն են, որոնք կ՛ուզեն իրենց հայեցողութեան համահունչ դիրքի վրայ տեսնել իրենց միութիւնը: Անկախ իրենց տեսակէտի իրաւացիութենէն կամ ոչ, իրենց կարծիքի հրապարակային արտայայտութիւնը որեւէ օգուտ չի կրնար բերել իրենց միութեան, ոչ ալ` իրենց դատին: Պարզ է բոլորին համար, որ իրենց հիմնադրութենէն ի վեր համահայկական խաղերը իշխանութիւններու կողմէ չեն կազմակերպուիր, այլ` Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին կողմէ, ներկայ դրութեամբ` քառամեակը անգամ մը. ներկայ կոմիտէն կը գործէ, առանց ընդմիջումի, 2011-էն ի վեր:

Երկրորդ խումբը կը կազմուի անոնցմէ, որոնք խորքին մէջ չունին տեսակէտ, անտարբեր են, սակայն նուիրուած են ուրիշներու կողմէ տարածուող վատառողջ նպատակներ հետապնդող գաղափարներու տարածման: Անոնք իրենց գրառումներով կը միտին պարզապէս անհամաձայնութիւններ սերմանելու ՀՄԸՄ-ի նման կազմակերպ կառոյցներու տկարացման` անոնց մէջ աստիճանաբար ցանելով պառակտումի հունտերը: Այս ձեւով է, որ երբեմնի կուռ կազմակերպութիւններ կարճ ժամանակի մէջ նետուեցան ներքին անվերջ պայքարներու յորձանուտին մէջ:

Հարկաւ ՀՄԸՄ-ի նման ուժեղ կառոյց մը ապակայունացնելը բաւական դժուար գործ է, ատիկա կը վկայէ միութեան աւելի քան հարիւր տարիներու կեանքը: Հիմնուելով Պոլսոյ մէջ, այո՛, Պոլսոյ մէջ, 1918-ին, ան շուտով արմատ նետեց նորանկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ. Պոլիսը մեզի համար Թուրքիա չէր, այլ` արեւմտահայութեան մշակութային մայրաքաղաքը: Հետագային, զարգանալով եւ ուռճանալով արեւմտեան սփիւռքի տարածքին, ՀՄԸՄ-ը ամուր պահեց անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան վերածնունդի հաւատքը: Հետեւաբար ՀՄԸՄ-ն ու ՀՄԸՄ-ականը հայրենասիրական դասերու կարիքը չունին: Կը բաւէ շաբաթ կամ կիրակի օր մը այցելել միութեան ակումբ մը, ներկայ ըլլալ անոր աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկներէն որեւէ մէկուն` համոզուելու համար, որ այդ տղաքը դուրսէն ազգային յաւելեալ դաստիարակութեան պէտք չունին. անոնք հիմա կը գոռան` «Ձեռքդ վա՛ր առ ՀՄԸՄ-էն, կ՛այրի՛»:

Վերջին երեսնամեակին այդ տղաքը սորված են զանազանել իշխանութեան եւ հայրենիքի միջեւ ակներեւ, սկզբունքօրէն հիմնական տարբերութիւնը. ամէնէն պարզը` առաջինը միայն այսօրն է, երկրորդը` մշտնջենականը. առաջինը ժամանակաւորն է, երկրորդը` յաւիտենականը, առաջինը կրնայ քուկդ ըլլալ, բայց նաեւ` ուրիշինը, երկրորդը միշտ քուկդ է, առաջինը կը տարուբերի բարիքի ու չարիքի միջեւ, երկրորդը հայրենիք է ու մա՛յր, սիրտ ու միտք:

Այս տարբերութիւնը երեւաց նաեւ երեսուն տարիներ առաջ, երբ ուրիշ իշխանաւոր մը փորձեց յանձնել Արցախը. բարեբախտաբար իր գործակիցները արթուն ըլլալով` զինք հեռացուցին իշխանութենէն, եւ ամէն ինչ սկսաւ ընթանալ դէպի առաջ ու վեր: Այս անգամ գործակիցները օտարնե՛րը եղան` շահախնդիրները եւ նոյնիսկ` թշնամիները. անոնք մօտեցան «դաւով, հրապոյրով» եւ տիրեցին երկրին: Մեր երկիրը մերը չէ հիմա, ուրիշինն է. պաշտօնապէս զայն ուրիշինը դարձնելու վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնուին: Այդ պատճառով ալ համահայկական խաղերը կրնան մեզ քնացնել, բայց նաեւ` արթնցնել համատարած թմբիրէն. իսկ ՀՄԸՄ-ը մի՛շտ արթուն եղած է: 1918-ը միայն թուական չէ, ան խորհրդանի՛շ ալ է: Համե՛րգն ալ նոյնն է. կրնայ քնացնել ու հաճոյաբոյր ըլլալ, կրնայ նաեւ զգաստացնել ու մղել դէպի փրկութիւն: ՀՄԸՄ-ի համերգը «Յառա՛ջ, նահատակ»-ն է: Ասիկա իր ճակատին վրայ գրուած է, բայց նաեւ սիրտերու եւ ուղեղներու մէջ է:

ՀՄԸՄ-ը բարձր է ու կը բարձրացնէ. հիմա՛ եւ վաղը, ընդմի՛շտ:

Աթէնք, 09 օգոստոս 2023

Նախորդը

«Կը Սպասենք, Որ ՄԱԿ-ը Արցախի Ապաշրջափակման Գծով Իր Զօրակցութիւնը Գործնապէս Շարունակէ» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագիրի 103-Ամեակ. Սեւրը` Հայ Դատի Հիմնաքար

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?