Որո՞նք Են Մեր Ազգային-Հոգեւոր Հիմնական Արժէքները
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Յաճախ կ՛արծարծուի այս հարցը, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնան` մեր տեսլականը, խորհրդանիշերը եւ համոզումները, որոնք մեր Զարթօնքէն ասդին կազմաւորուած ու բիւրեղացած ըլլալ կը թուէին, ու կ՛ակնկալէինք, որ ստացած ըլլային համազգային բնոյթ: Անոնց հարցականի տակ դրուիլը այսօր մեզի կը ստիպէ վերադառնալ մեր հիմնական արժէքներուն, վերստին հասկնալ զանոնք եւ ի հարկին` վերաբանաձեւել ներկայ պայմաններու լոյսին տակ: Յօդուածը, որ...




















