ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Այս է խորագիրը «Ռաշա Թուտէյ»-ի առաջնորդող յօդուածին, որ ազգայնական նկատուող ռուս պատմաբան Եւկենի Նորին (Evgeny Norin) նախ գրած է 13 օգոստոս 2022-ին, որ 8 օգոստոս 2023-ին վերստին կը հրատարակուի (1)՝ դէպքին 15 ամեակին առթիւ, որ կը բացայայտէ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսական բանակին «խեղճ» վիճակը: Պէտք է նկատել զուգահեռները Խրիմի, Տոնպասի եւ Արցախի հետ եւ այս մասին ռուսական տեսութիւնը: Ստորեւ` անգլերէնէ թարգմանութիւնը.
«2008-ին ռուսական բանակը իրականացուց 21-րդ դարու իր առաջին մեծ արտաքին գործողութիւնը։ Ահա թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ.
«Ռուսական բանակին մարտական ստորաբաժանումները, գործածելով հին սովետական հրասայլեր, որոնք անընդհատ կը խանգարուէին, անցան լեռնաշղթաներէ: Անոնց առաքելութիւնն էր փրկել թշնամիին կողմէ շրջապատուած (ռուս*) խաղաղապահներու փոքր խումբը եւ վերջ տալ կովկասեան լեռներու խորքին մէջ գտնուող փոքրիկ քաղաքին ռմբակոծումին:

«Ռուսական զօրքերը ոչ մէկ արդիական զէնք կը կրէին. անոնք նոյնիսկ չունէին համապատասխան ռազմական հաղորդակցութիւն, սակայն բարձր ոգեւորութեան շնորհիւ՝ միայն հինգ օրէն թշնամիին ստիպեցին յանձնուելու: Ընդհանուր առմամբ, այս է 2008-ի Հարաւային Օսեթիոյ պատերազմը՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումին պատճառով յառաջացած բազմաթիւ տարածքային հակամարտութիւններէն մէկը:
«Մոսկուայի համար այս հակամարտութիւնը առանձնայատուկ իմաստ ունէր. ոչ միայն կը յատկանշուէր Ռուսիոյ Արեւմուտքին դէմ այժմու ճակատումին սկիզբը, այլ նաեւ պատճառ դարձաւ ռուսական բանակին լայնածաւալ արդիականացումին:
«Հարաւային Օսեթիոյ հարցին ծագումը:
«Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ աւելի քան 30 տարի առաջ՝ բացայայտելով բազմաթիւ եռացող հակամարտութիւններ, որոնք նախապէս պարտադիր քունի մէջ էին պետական ճնշիչ միջոցներով: ԽՍՀՄ-ի փլուզումով այս խորապէս արմատացած հակամարտութիւններէն շատերը նորէն ի յայտ եկան, եւ անոնց յաջորդեցին բազմաթիւ նոր վէճեր: Անոնցմէ միայն քանի մը հատը յաջողութեամբ լուծուեցան վերջին 30 տարիներուն ընթացքին (արդեօք որո՞նք են անոնք*): Ճնշող մեծամասնութիւնը կը մնայ «սառած» եւ որեւէ պահուն կրնայ բռնկիլ՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով:
«Այդ հակամարտողներէն մէկը օսերն էին՝ ժողովուրդ մը, որ կ՚ապրի Մեծ Կովկասի լեռնաշղթայի երկու կողմերուն : Անոնք Ռուսիոյ Դաշնութեան Հիւսիսային Օսեթիոյ Հանրապետութեան բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն, թէեւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ կայ նաեւ զգալի համայնք մը, որ խիտ բնակեցուած շրջան է, բաժնուած՝ իր հիւսիսային մասէն: 19-րդ դարուն Հիւսիսային Կովկասի տարածքները, նաեւ՝ ապագայ վրացական պետութեան տարածքները, ներառուած էին Ռուսական կայսրութեան մէջ։ Այն ժամանակ վրացական հաւաքական պետականութիւնը սաղմնային վիճակի մէջ էր, եւ Ռուսական կայսրութիւնը, ինչպէս՝ որեւէ կայսրութիւն, չէր հանդուրժեր նոյնիսկ անջատողական գաղափարը։
«Ամէն ինչ փոխուեցաւ Ռուսիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք (1917-էն 1923): Իբրեւ նորաստեղծ Խորհրդային Միութեան մաս՝ Վրաստանը գոյութիւն ունէր միջուկի մը շուրջ կարկտան՝ երեք ինքնավար շրջաններ (Աբխազիա, Աճարիա եւ Հարաւային Օսեթիա) եւ բազմաթիւ այլ տարածքներ (առանց յատուկ կարգավիճակի), որոնք բնակեցուած էին հայերով եւ ազրպէյճանցիներով»: Խիստ յատկանշական է, որ հեղինակը ցատկած է Վրաստանի 1918-ի անկախութեան վրայէն*: «Հարաւային Օսեթիոյ Ինքնավար Մարզը լճացած նահանգ էր՝ հանգիստ եւ անվրդով, ուր վրացիներն ու օսերը կ՚ապրէին միասին: Այս շրջանը փոքր էր՝ շուրջ 50-ով 50 քմ տարածքով եւ 50 հազարէ նուազ բնակչութեամբ, որոնց մեծ մասը կ՚ապրի շրջանին միակ քաղաքին՝ Ցխինվալիի մէջ։
«Դժբախտաբար, երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, Զվիատ Կամսախուրտիա անունով անձ մը դարձաւ անոր առաջին նախագահը: Ան ամբողջովին կլանուած էր ազգայնական գաղափարներով։ Միաժամանակ Օսեթիոյ մէջ մեծ թափ ստացաւ ազգային ինքնավարութեան շարժումը։ Կամսախուրտիան օսերուն «աղբ» կոչած էր եւ փորձած՝ պատժիչ արշաւախումբ ղրկել տարածաշրջան: Անոր ծրագրերը, սակայն, ձախողեցան, քանի որ ո՛չ վրացի ազգայնականները, ո՛չ ալ տեղական զինեալները կռիւի իրական փորձ ունէին: 90-ականներուն սկիզբը կարճատեւ եւ անիմաստ, բայց արիւնալի պատերազմը աւարտեցաւ բանակցութիւններով։ Հարաւային Օսեթիան ինքզինք անկախ հանրապետութիւն հռչակեց: Վրաստանը չճանչցաւ զայն, սակայն հակամարտութիւնը սառեցուեցաւ, եւ երկու կողմերուն համաձայնութեամբ տարածաշրջանին մէջ տեղակայուեցաւ ռուսական խաղաղապահ գումարտակ մը։
«Յաջորդող 15 տարիները հանդարտ էին: Հարաւային Օսեթիան, ի վերջոյ, լեռներու խորքին մէջ պահուած փոքր շրջան է: Ան կապ կը պահէր իր քոյր հանրապետութեան՝ Հիւսիսային Օսեթիոյ հետ միակ ճամբով, որ դէպի հիւսիս կը տանէր Ռոքի (3730 մեթր*) փապուղիով: Հանրապետութիւնը չունէր որեւէ բնական հարստութիւն, եւ աշխարհի մեծ տէրութիւնները անով չէին հետաքրքրուած։
«Վրաստանին վերագրաւելու փորձը.
«Սակայն 2000-ականներու սկիզբը երիտասարդ եւ փառամոլ Միխայիլ Սահակաշվիլին դարձաւ Վրաստանի երրորդ նախագահը՝ սկսելով զանգուածային բարեփոխումներ, փոխելով երկրին հայեացքը դէպի Արեւմուտք եւ, ամէնէն աւելի՝ Ամերիկա: Թէեւ Սահակաշվիլին յաջողեցաւ որոշ չափով խթանել տնտեսութիւնը, այն աստիճան, որ Վրաստանը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ արեւմտականացումի յաջող օրինակ մը: Ան նաեւ այլ նպատակներ ունէր, որոնք կը ներառէին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը: Խորհրդային Միութեան փլուզումը եւ յաջորդող շարք մը տեղական քաղաքացիական բախումները, նախկին Վրացական ԽՍՀ-էն քանի մը տարածքներ դուրս բերած էին: Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան անկախութիւն հռչակած էին եւ առաւել, Թիֆլիսը կորսնցուց Աճարիան, որ կարեւոր շրջան մըն է երկրին հարաւ արեւմտեան անկիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Փանքիսի կիրճը եւ Քոտորի հովիտը:
«Սահակաշվիլին սկսաւ բարեփոխել բանակը, որպէսզի անջատուած նահանգները վերադարձնէ: Վրացական զօրքերը մարզուեցան Միացեալ Նահանգներուն (ՄՆ) եւ անոր ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն կողմէ։ Նախագահը հաւատարիմ մնաց իր արեւմտականացումի քաղաքականութեան՝ նաեւ, բանակի պարագային։ Վրաստանը իր ռազմական պիւտճէն բարձրացուց 9,5 տոկոսի, որ չափազանց բարձր է եւ կը բնորոշէ երկրի մը պատերազմական վիճակը:
«Հետաքրքրականը այն է, որ ՄՆ-ը այդ ամէնը կարեւոր կամ անհրաժեշտ չէր համարէր, թէեւ գոհ էր Վրաստանը իր թեւին տակ առնելուն համար: Աւելին՝ այդ Սահակաշվիլիի անձնական ծրագիրն էր։ Ան կ՚ուզէր պատմութեան մէջ մտնել իբրեւ մէկը, որ վերամիացուց Վրաստանը։ Ան իր ելոյթներուն մէջ կը սիրէր նշել անցեալի նուաճումները եւ հերոսները՝ միջնադարէն: Բացի այդ, վրացի գաղթականներուն խնդիրը իրական էր: 1990-ականներուն բռնկած կատաղի զինեալ ընդհարումները շատերուն վտարած էին իրենց տուներէն, եւ անոնք այլեւս հնարաւորութիւն չունէին վերադառնալու։
«Աճարիան ոչ մէկ դիմադրութիւն ցուցաբերեց եւ խաղաղ ձեւով վերամիացաւ Վրաստանին։ Այդ օրինակին հետեւեցան Փանքիսի Կիրճը եւ Քոտորի հովիտը: Սակայն, Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան, դիմադրեցին: Երկուքն ալ ինքնահռչակ հանրապետութիւններ էին, որոնք յայտարարած էին իրենց անկախութիւնը Վրաստանէն եւ ունէին սեփական զինուած ուժեր։ Ռուսիան կ՚աջակցէր երկու հանրապետութիւններուն՝ տրամադրելով ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական օգնութիւն: Վրաստանի եւ հանրապետութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու փորձը ձախողեցաւ, քանի որ 1990-ականներուն երկու կողմերուն կողմէ կատարուած բռնութիւնները մեծ խոչընդոտ էին:
«Ուստի Միխայիլ Սահակաշվիլին որոշեց, որ ժամանակն է ռազմական գործողութեան։

«Զուիցերիական ժամացոյցի (նման*) ծրագիր:
«Հաւատաք թէ ոչ, կողմերուն հովանաւոր պետութիւններէն ոչ մէկը պատերազմ կ՚ուզեր՝ ո՛չ Ռուսիան, ոչ ալ ՄՆ-ը: Շնորհիւ Ուիքիլիքսի WikiLeaks բացայայտած փաստաթղթերուն մենք գիտենք, որ ամերիկացի դիւանագէտները Սահակաշվիլիի կողմէ հնարաւոր ռազմական քայլի մը վերաբերեալ Մոսկուայի մտահոգութիւնները անմտութիւն կը համարէին: Որոշ փորձագէտներ նոյնիսկ կը կարծեն, որ ՄՆ-ը Սահակաշվիլիի յաւակնոտ ծրագիրներուն վերաբերեալ պարզապէս իր պաշտօնական դիրքորոշումը երբեք չէ ճշդած, մինչ նախագահը հաւանաբար սխալ մեկնաբանած էր Ուաշինկթընէն եկող մանր-մունր երկիմաստ նշանները՝ իբրեւ աջակցութեան նշան եւ կանաչ լոյս իր ծրագիրներուն:
«Մեծ խնդիրը այն էր, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը մշտապէս տեղակայուած էին Հարաւային Օսեթիոյ մէջ, եւ որ՝ Մոսկուան պիտի չհանդուրժեր յարձակումը:
«Սահակաշվիլիին համար անհնար կը թուէր պարզապէս յառաջանալ՝ մարտահրաւէր նետելով Մոսկուային, սակայն ան «տեսակ» մը ծրագիր ունէր:
«Գիտնալով, որ Հարաւային Օսեթիան եւ Ռուսիան կապող միակ ճամբան կ՚անցնէր գլխաւոր կովկասեան լեռնաշղթայով, որ անկարելի կը դարձնէ զօրքին արագ մատակարարումը, Սահակաշվիլին իր գրաւը դրաւ այդ ճամբուն միակ փապուղին՝ Ռոքին փակելուն վրայ, այդպիսով կտրելով Ռուսիոյ հետ կապը եւ խաղաղապահ ուժերուն ստիպել յանձնուիլ։
«Հարաւային Օսեթիան յատկանշական ռազմական ուժ չունէր: Ինչ զօրք որ ունէր, կը ղեկավարէր ռուս փորձառու գնդապետ Անաթոլի Պարանքեւիչը։ Սակայն կռուողներուն մեծ մասը, չունէր ռազմական պատրաստութիւն կամ փորձ եւ չունէր համապատասխան զինամթերք, չըսելու համար հրետանի կամ զրահապատներ: Հանրապետութիւնը մեծապէս յենած էր Ռուսիոյ վրայ։
«2008-ի ամռան սկզբէն ի վեր կողմերը մերթ ընդ մերթ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Վրաստանի սահմանին իրարու վրայ կը կրակէին։ Մայրաքաղաք Ցխինվալին շատ մօտ է սահմանին, հազիւ քանի մը հարիւր մեթր կը բաժնէ մօտակայ վրացական գիւղէն: Հանրապետութիւնը սկսաւ հեռացնել կիներն ու երեխաները։
«Օգոստոս 7-ի գիշերը Ցխինվալին ռմբակոծուեցաւ: Ըստ երեւոյթին, վրացի հետախոյզները լաւ չեն աշխատած, քանի որ օսական ուժերուն մարտիկները գրեթէ վնաս չկրեցին։ Գաղթականներու հոսք սկսաւ Ցխինվալիէն: Ռուսերը շրջափակուած էին իրենց զօրանոցին մէջ եւ կը կրակէին: Անոնք կրցան միայն վրացական հրասայլ մը ոչնչացնել: 10 խաղաղապահներ զոհուեցան իսկ, մնացեալը ապաստանեցաւ նկուղին մէջ:
«Ռուսական պատասխանը
«Օգոստոս 8-ին վրացական ծրագիրը խափանուեցաւ: Երկու ստորաբաժանումներ փորձեցին տարբեր կողմերէ մտնել Ցխինվալի, սակայն կրակոցներու տակ՝ զգալի կորուստներ կրեցին։ Օս ուժերու հրամանատար, գնդապետ Պրանքեւիչը անձամբ մէկ հրասայլ պայթեցուց ականանետով, որուն անձնակազմը տակաւին կը համարուի անյայտ կորած՝ անոնց զինամթերքը պայթած է եւ անձնակազմը մոխրի վերածուած։ Պրանքեւիչի զինուորները այրեցին քանի մը կառքեր եւս։ Այն ժամանակ ռուս զինուորները հիւսիսէն արագօրէն կը հասնէին։ Քանի մը ամիս առաջ յստակ էր, որ Սահակաշվիլին յարձակելու կը պատրաստուի, իսկ Հարաւային Օսեթիան արդէն մարտական խումբեր պատրաստած էր։ Վրացիները առաջին օրը չկրցան գրաւել Ցխինվալը, եւ այժմ քաոսային ու կատաղի փողոցային մարտեր տեղի կ՚ունենային:
«Ջղային պոռթկումներն ու անկարողութիւնը մարդոց կը սպաննեն աւելի արագ, քան կանխամտածուած ոճիրը: Վրացի զինուորները պարզապէս կը կրակէին ամէն կողմ։ Շէնքի մը մէջ տեղի ունեցած է զաւեշտալի դէպք մը: Վրացիները իրենց կրակոցներով քանդեր են տան մը դուրը, ներս ներխուժած են եւ ապշած են տարեց զոյգ մը տեսնելով։ “Ի՞նչ կ՚ընէք այստեղ” հարցուցած է սպան. «Մենք այստեղ կ՚ապրինք»,- եղած է պատասխանը։
«Միեւնոյն ատեն ռուսական օդանաւերը սկսան ռմբակոծել Ցխինվալի մէջ մտած վրացական զօրքերը։ Վրացիները չեն յաջողած հասնիլ Ռոքի փապուղին, կամ քանդել Կուֆթա կամուրջը, որ անոնք փորձեցին՝ թշնամի ուժերուն ճամբան կտրելու համար։ Հիւսիս տանող ճամբան լեցուած էր գաղթականներով, իսկ ռուս զինուորները կ՚ուղղուէին հակառակ ուղղութեամբ։
«2008-ին ռուսական բանակը վատ վիճակի մէջ էր: Ճամբան զգալի թիւով փոխադրակառքեր խանգարուեցան եւ ձորը գլտորուեցան, որպէսզի ճամբան չգոցեն:
Հաղորդակցութեան միջոցները ահաւոր էին եւ սպաները յաճախ իրենց սովորական բջիջային հեռաձայնները կը գործածէին: Սակայն բարոյականը զարմանալիօրէն բարձր էր: Զօրքերը անմիջապէս մարտերու մէջ մտան ազդու կերպով: Սակայն, տակաւին քաոսային վիճակը զգալի էր:
«Ընդհանուր առմամբ, ռուսերը կրցան թափը շահիլ առաջին երկու օրուան ընթացքին։ Քանի մը գումարտակներ մտան Հարաւային Օսեթիա՝ ազատեցին խաղաղապահներուն, իսկ վրացական զօրքերը զգալի կորուստներ ունեցան։ Ռուսական բանակը սկիզբը շատ բան ցոյց չտուաւ, սակայն վրացական հրետանիին դիմադրեց, մինչ փապուղիէն նոր գումարտակներ կը ժամանէին։ Ռուսերը քանի մը օդանաւ կորսնցուցին, սակայն յաղթահարեցին վրացական օդուժը եւ հակաօդային պաշտպանութիւնը եւ Սեւ ծովուն մէջ ոչնչացուցին քանի մը հրթիռային յածանաւ։
Հալածիչները սահմանին մօտ եւ ետեւի վրացական թիրախները ռմբակոծեցին, սակայն երբեմն անոնք սխալեցան եւ զինեալներու կողքին խաղաղ բնակիչներ ալ ռմբակոծեցին:
«Վրացական բանակը խորտակեցաւ օգոստոս 10-էն ետք: Օրինակ, 4-րդ կիսաբաժինին մէջ դասալքութեան համար պատժուեցան 2000 անձնակազմ, որ քանի մը անգամ աւելի էր, քան սպաննուածներուն եւ վիրաւորներուն թիւը: Ռուսերը պարզապէս զինաթափեցին եւ ազատ արձակեցին երկրին արեւմուտքը արգելափակուած վրացական մեծ ուժը։ Այս բոլորը, երբ ռուսական ուժերը տակաւին վրացականէն թիւով շատ նուազ էին։
«Օգոստոս 11-ին Սահակաշվիլին այցելած է Կորի քաղաքի մօտակայքի ճակատը։ Այնտեղ ան յանկարծ փորձած է փախչիլ՝ վախնալով օդային յարձակումէ, երբ հալածիչի ձայն լսած է։ Անոր թիկնապահները զինք գետին կը բերեն, սակայն լրատուամիջոցները կը յաջողին նկարել Վրաստանի ղեկավարին վախէն այլայլած դէմքը։ Շուտով ան այդ կերպարին աւելցուց՝ ուղիղ եթերի ժամանակ ծամելով իր փողկապը…
«Մինչ, Արևմուտքը բողոքեց Ռուսիոյ կողմէ «ուժի անհամեմատ կիրարկման» դէմ, որուն պատճառով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հանդիպում ունեցաւ այն ժամանակուայ (Ռուսիոյ*) նախագահ Տիմիդրի Մետվետեւի հետ՝ զինադադարի շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար: Ռազմական գործողութիւնները դադրեցան նոյնքան արագ, որքան բռնկած էին։ Ռուսական բանակը թալանեց վրացական ռազմակայաններ՝ տուն տանելով կամ ոչնչացնելով 65 հրասայլ, 3700 փոքր զինատեսակ եւ բազմաթիւ այլ զինուորական սարքեր։
«Փոքր պատերազմին մեծ հետեւանքները:
«Պատերազմը աւարտեցաւ։ Կռիւները խլեցին աւելի քան 60 ռուս եւ 180 վրացի զինուորներու, 37 օս զինեալներու եւ աւելի քան 300 օս եւ 200 վրացի խաղաղ բնակիչներու կեանքը։ Ընդամէնը 50 հազար բնակչութիւն ունեցող Օսեթիոյ համար հարուածը յատկապէս ծանր էր։
«Ռուսիան շուտով ճանչցաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութիւններուն անկախութիւնը։ Այսօր անոնք փոքր եւ աղքատ երկիրներ են, որոնք կը վայելեն Ռուսիոյ պաշտպանութիւնը:
«Հարաւային Օսեթիոյ պատերազմը կարեւոր հանգրուան էր Մոսկուայի համար: Այդ բացայայտեց ռուսական բանակին բազմաթիւ խնդիրները, որ բաւարար էր բանակին բարելաւման ծրագիր մշակելու համար: Վրաստանի վրայ յաղթանակը ոչ թէ բանակին մարտունակութեան, այլ անձնակազմին անձնական որակին շնորհիւ էր։ Յաջորդող քանի մը տարիներուն Մոսկուան լայնածիր բարեփոխումներ կատարեց:
«Քաղաքական գործիչները, սակայն, փոքր այլ տեսակէտ ունէին։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ռուսիան առաջին անգամ իր մկանները ցոյց տուաւ համաշխարհային ասպարէզին մէջ։ Երկրին մէջ ընդհանուր վերաբերմունքը հետևեալն էր. Արեւմուտքը օգտագործած էր իրեն ծառայող պետութիւնը՝ ստուգելու համար, թէ Ռուսիան ինչպէ՞ս պիտի հակադարձէ իր շահերուն ոտնահարումին: Այս առաջին պարագան էր, երբ Մոսկուան աշխուժօրէն պայքարեցաւ Արեւմուտքին ոտնձգութեան դէմ: Լարուածութիւնը միայն աճեցաւ յաջորդող տարիներուն ընթացքին:
«Հնգօրեայ պատերազմին հիմնական դասը այն է, որ պատեհապաշտութիւնը ու անփութութիւնը կրնան աւելի շատ վնաս հասցնել, քան դաւեր նիւթելը: Անձի մը փառասիրութեան անիմաստ հետապնդումը հարիւրաւոր կեանգեր խլեց: Այդ մահերէն կարելի էր խուսափիլ, եթէ քաղաքական գործիչները ճիշդ ժամանակին քիչ մը զսպուածութիւն եւ իմաստութիւն դրսեւորէին»:
Եզրակացութիւններ եւ պատգամ (տես նաեւ (2)):
Ա.- Խորհրդային Միութիւնը ճնշած է եւ արդար չէ եղած ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ:
Բ.- 1918-ի Կովկասի անկախութիւնները նկատի չեն առնուիր, այլ` ցարական Ռուսական կայսրութեան կարգավիճակը: Անուղղակիօրէն` ռուսական յեղափոխութիւնն ու խորհրդային վարչակարգը «ապօրինի՞» կը նկատուին:
Գ.- Անուղղակիօրէն` բոլոր «եռացող» հակամարտութիւնները պէտք է լուծում գտնեն անկախանալով եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան մաս կազմելով:
Դ.- Նշում կը կատարուի Վրաստանի մէջ հայերով բնակուած առանց կարգավիճակի շրջանին (Ջաւախքին) մասին:
Ե.- Մոսկուան պիտի չհանդուրժէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն դէմ որեւէ ոտնձգութիւն կամ յարձակում:
Զ.- Արդեօք Արցախի համար նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի համաձայնութեան Ազրպէյճանի կողմէ ամէնօրեայ խախտումը եւ Արցախի շրջափակումը, ռուս խաղաղապահներուն ներկայութեան, նաեւ Ռուսիոյ դէմ ոտնձգութիւն չէ՞:
Է.- Ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ Արեւմուտքին վստահողները չարաչար կը սխալին եւ միայն հողեր կը կորսնցնեն:
10 օգոստոս 2023
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ
Իմ կողմէս վրիպում եղած է «Եզրակացութիւն» բաժինին մէջ յօդուածին վերջաւորութեան, ստորեւ սրբագրութիւնը.
Ե. Մոսկուան պիտի չի հանդուրժէ Ռուսական խաղաղապահ ուժերուն վրայ որեւէ ոտնձգութիւն կամ յարձակում:
Զ. Արդեօք Արցախի համար նոյեմբեր 9-ի երակողմանի համաձայնութեան Ազրպէյճանի կողմէ ամէնօրեայ խախտումը եւ Արցախի շրջափակումը ռուս խաղաղապահներուն ներկայութեան, նաեւ Ռուսիոյ դէմ ոտնձգութիւն չէ՞:
Է. Ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ Արեւմուտքին վստահողները չարաչար կը սխալին, եւ միայն հողեր կը կորսնցնեն: